Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Որո՞ւ Կը Պատկանի Հիւսիսային Բեւեռը

Յունիս 18, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝  ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

pever-1_61816

4 օգոստոս 2015-ին Ռուսիա պաշտօնապէս պահանջ մը ներկայացուցած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան` Արքթիքի շրջանէն 1,2 միլիոն քառ. քիլոմեթր կցելու իր հողերուն: Այս ձեւով անոր սահմանները պիտի հասնին մինչեւ հիւսիսային բեւեռ: Բազմաթիւ երկիրներ կ՛ուզեն ձեռք դնել այս հողերուն վրայ…

Հիւսիսային բեւեռի մէջ միայն սառոյց չկայ… Արքթիքի ջուրերուն խորերը պահուած են շատ մեծ հարստութիւններ:

2,84 միլիոն քառ. քիլոմեթր ծածկող այս ջուրերուն մէջ կը գտնուին բնական կազի եւ քարիւղի շատ մեծ պահեստներ: Եւ որովհետեւ ընդհանուր կլիմային տաքնալուն պատճառով սառցակոյտերը սկսած են հալիլ, այս հարստութիւններուն հասնիլը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ:

pever-2_61816

Բազմաթիւ երկիրներ պիտի ուզէին օգտուիլ այս հարստութիւններէն: Գլխաւորաբար 5 երկիրներ հետաքրքրուած են. անոնք բեւեռային արջերուն եւ սառցակոյտերուն դրացիներն են` Դանիա, Ռուսիա, Նորվեկիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա:

 

Յաճախ այս երկիրները ՄԱԿ-ի մօտ պահանջ կը ներկայացնեն, որպէսզի կազմակերպութիւնը ընդունի Արքթիքէն բաժիններ միացնելու իրենց սահմաններուն:

Այս պահանջներէն վերջինը կատարած է Ռուսիա անցեալ օգոստոսին` պահանջելով Արքթիքէն 1,2 միլիոն քառ. քիլոմեթր տարածութիւն կցել` ներառեալ հիւսիսային բեւեռը:

ՄԱԿ-ը բազմաթիւ անգամներ մերժած է: Այս պարագային, Ռուսիա իր պահանջին վրայ աւելցուցած է գիտական պատճառաբանութիւններ: Ան կը համարէ, որ Արքթիքի հողերը շարունակութիւնն են եւրասիական բարձրաւանդակին, ուր ան կը գտնուի եւ, հետեւաբար, այդ հողերը իր իրաւունքն են:

* * *

1982 թուականէն ի վեր Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը օրէնքներ դրած է ծովային տարածութիւններու իրաւունքներուն վերաբերեալ: Պետութիւնները իրաւունք ունին օգտագործելու ծովուն հարստութիւնները իրենց ափերէն մինչեւ 370 քմ: Ասիկա տնտեսական յատուկ գօտին է:

Պետութիւնները կրնան պահանջ ներկայացնել իրենց յատուկ այս գօտին ընդլայնելու համար: Բացի Միացեալ Նահանգներէն, որ ծովու իրաւունքներու համաձայնութիւնը չէ ընդունած:

 

Անջրպետին Մէջ Մշակուած
Հազարով Աղցան

antcherbedin-metch_61816

Անցեալ ամառ Անջրպետի միջազգային կեդրոնի աստղանաւորդներուն ճաշացուցակը նորութիւն մը կը պարունակէր: Երեք աստղանաւորդներ առիթը ունեցան ուտելու թարմ հազարի տերեւներ: Այս աղցանը միւս աղցաններու նման չէր:

Անիկա ցանուած եւ մշակուած էր անջրպետին մէջ: 33 օրուան ընթացքին անիկա բուսած եւ աճած է վերջապէս ուտուելու պատրաստ ըլլալէ առաջ:

Անջրպետային կեդրոնին մէջ օդի ճնշում գոյութիւն չունի. հետեւաբար անկարելի է ջուր սրսկել բոյսերուն վրայ: Առանց ճնշումի` ջուրը չի հոսիր, այլ կը վերածուի ծփացող կոյտի մը…

Ամերիկեան անջրպետի գործակալութիւնը` Նասան հնարած է յատուկ տուփեր այս հազարները աճեցնելու համար: Երկու տարի առաջ առաջին հունձք մը դէպի երկիր վերադարձուեցաւ, որպէսզի քննութեան ենթարկուի: Գիտնականները պէտք էր վստահ ըլլային, թէ կարելի էր այս հազարները ուտել` առանց որեւէ վտանգի:

Անջրպետին մէջ մշակուած այս հազարը շատ կարեւոր ձեռքբերում մըն է անջրպետի նուաճումին աշխատանքներուն մէջ: Մարդ արարածը միշտ աւելի երկար ճամբորդութիւններ կը նախատեսէ: Հետեւաբար այդքան հեռաւոր տեղեր երթալու համար մարդը պէտք է կարող ըլլայ իր անձնական ուտելիքը շինելու:

 

Կարելի Է Դպչիլ
Արուեստի Գործերուն

Prado_61816

Փրատոն Սպանիոյ գեղարուեստական գործերու ամէնէն մեծ թանգարանն է: Անիկա կը գտնուի մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ:

Սովորաբար թանգարանին պաշտօնեաներուն գործն է արգիլել այցելուներուն` գործերուն դպչիլ: Սակայն յունուար ամիսէն սկսեալ թանգարանը իր յայտագիրին մէջ ընդգրկած է «Փրատոն շօշափեցէք»: Այս ցուցադրութիւնը ուղղուած է կոյրերուն կամ տկար տեսողութիւն ունեցող անձերուն: Այցելուները կրնան իրենց ձեռքերով դպչիլ գեղանկարներուն եւ զանոնք շօշափել:

Այս ցուցադրուած վեց գեղանկարները Տիէկօ Վելազքեզի կամ Ֆրանսիսքօ Կոյայի նման նշանաւոր արուեստագէտներու գործերու ընդօրինակութիւններն են, որոնք կատարուած են թանգարանին կողմէ աւելի ցցուն բաժիններով:

Այս ձեւով կոյրերն ու տկար տեսողութիւն ունեցող անձերը գործերը շօշափելով կրնան գաղափար ունենալ եւ մտովի պատկերացնել այդ գեղանկարները:

 

Ճէյտ` Հիւսիսային Բեւեռ
Հասնող Ամէնէն Փոքր Անձը

jade_61816

Ան իր առաջին եռամարտի մրցաշարքին մասնակցած է 6 տարեկանին… Ճէյտ Համեսթըր կը սիրէ մարտահրաւէրները: Այս 14 տարեկան աւստրալիացի աղջիկը որոշած է դառնալ հիւսիսային եւ հարաւային բեւեռներ հասնող եւ Կրինլանտը կտրող տարիքով ամէնէն փոքր անձը:

Ան յաջողած է իր երազին առաջին փուլը իրականացնել: Ապրիլի վերջաւորութեան ան վերջապէս հասած է հիւսիսային բեւեռ 12 օրէն` կտրելով մօտաւորապէս 150 քմ տարածութիւն: Կլիմային տաքնալուն պատճառով սառոյցը շատ բարակցած էր: Այս երեւոյթը խանգարեց անոր յայտագիրը: Ճէյտ մտադրած էր այս արշաւը կատարել 21 օրէն. սակայն ան ստիպուած` իր ընթացքը արագացուց:

Ան բնաւ չյանձնուեցաւ մինչեւ -25 աստիճանի հասնող ջերմաստիճանին, պզտիկ խումբի մը ընկերակցութեամբ, Ճէյտ շարունակեց իր արշաւը` իր սահնակը քաշելով ամէն առտու 8:45-էն սկսեալ, մօտաւորապէս 9 ժամ, երբեմն օրական մինչեւ 16 քմ կտրելով:

* * *

jade-2_61816

Իր այս երազը իրականացնելու համար երկար ժամանակ մարզուեցաւ: Անոր ծնողները նեցուկ կանգնեցան, եւ հայրը անոր ընկերացաւ իր արշաւին ընթացքին:

Մարզուելու շրջանը դժուար եղաւ, ծանր, սակայն Ճէյտ մեծ հաճոյքով զայն կատարեց: Կը պատահէր, որ երբեմն ան մարզուելու տրամադրութեան մէջ չըլլար, սակայն ան ինքզինքին կը ստիպէր իր յայտագիրը յարգելու:

jade-4_61816

Ճէյտ չէր երեւակայեր, որ նոյնիսկ մինչեւ մեկնարկին վայրը հասնիլը այդքան դժուար պիտի ըլլար: Սակայն ան պզտիկ խաղալիքէ բեւեռային արջուկ մը գնած էր եւ զայն կապած` իր սահնակին: Դժուար վայրկեաններուն անոր ներկայութիւնը դարձեալ ժպիտը կը վերադարձնէր աղջկան դէմքին վրայ:

* * *

Ճէյտ իսկական քաջագործութիւն մը իրագործեց: Սակայն ի՞նչ էր անոր տպաւորութիւնը, երբ ան հասաւ իր երազուած վայրը: Ճէյտ կը խոստովանի, որ իր սպասածին նման չէր, կարծէք` ճերմակ Հրատ մոլորակ մը, տարօրինակ: Հոն բան մը չկայ, եւ բախտը կը շարունակուի սահիլ ծովու սառոյցին պատճառով. ան կարծէք կէտ մըն է սառոյցի տափակ կտորի մը վրայ: Ասիկա տարօրինակ էր… սակայն` սքանչելի:

Իր այս արկածախնդրութեամբ Ճէյտ կ՛ուզէ պատգամ մը ուղղել աշխարհի շուրջ երիտասարդ աղջիկներուն` անոնց հասկցնելու աւելի շարժուն ըլլալու անհրաժեշտութիւնը եւ իրենց երազները հետապնդելու:

Վերջապէս, Ճէյտ կը խոստովանի նաեւ, որ այս մեծ արկածախնդրութեան մէջ ամէնէն դժուարը պիտի ըլլայ դարձեալ դպրոց ուղղուիլ եւ անշարժ մնալ գրասեղանին ետեւ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ոստիկանները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ոստիկանները:
Կէտերը իրարու միացուր 1-44 եւ ապա 45-68` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-44 եւ ապա 45-68` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս օգնել աշակերտին` գտնելու համար դպրոցի ճամբան:
Կրնա՞ս օգնել աշակերտին` գտնելու համար դպրոցի ճամբան:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (18 Յունիս 1966)

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Այսքան Ուշ

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?