Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտական. Ինչո՞ւ Երկինքը Կապոյտ Է

Յուլիս 16, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

yerguink_71616

Երկինքին գոյնը արդիւնքն է բնական եւ մարդկային երեւոյթներու:

Երկինքին գոյնը կը ծնի անջրպետին մէջ արեւուն արձակած լոյսէն: Այս ճերմակ լոյսը կազմուած է ծիածանին բոլոր գոյներէն:

Լոյսը կ՛ընթանայ տարբեր երկարութիւններ ունեցող ալիքներու ձեւին տակ: Իւրաքանչիւր գոյն ունի իր ալիքին յատուկ երկարութիւնը: Այս ալիքները կը յառաջանան ուղիղ գիծով, մինչեւ որ անոնք հանդիպին արգելքի մը: Երբ անոնք երկրագունդին կը մօտենան, անոնք կը դիպչին մեր մոլորակը շրջապատող օդի խաւին` մթնոլորտին:

Այդ պահուն արեւուն ճառագայթները շփման մէջ կը մտնեն օդի մասնիկներուն` մոլեքիւլներուն, ջուրի կաթիլներուն եւ մթնոլորտը կազմող փոշիներուն հետ: Օդի մոլեքիւլները բաւարար մեծութիւնը ունին լոյսին ամէնէն փոքր ալիքները, յատկապէս մանիշակագոյնը կամ կապոյտը սփռելու: Միւս գոյները այս գոյներուն նման դիւրութեամբ չեն սփռուիր եւ, հետեւաբար, անոնք «կը ջնջուին»:

Վերջին տարրը, այս երեւոյթին պարագային, մարդկային աչքն է: Ան շատ աւելի լաւ կը տեսնէ կապոյտ գոյնը, քան` մանիշակագոյնը: Հետեւաբար, երբ մարդը երկինքին կը նայի, իր ընտրութիւնը արդէն սկիզբէն եղած է:

Իսկ Մի՞ւս Մոլորակներուն Վրայ…

Լուսինին շուրջ մթնոլորտ չկայ: Հետեւաբար անոր մակերեսին վրայ կանգնած` մենք կրնանք տեսնել սեւ երկինք մը եւ շատ աստղեր:

Հրատ մոլորակին վրայ երկինքին գոյնի բնորոշելը գիտնականներուն համար մեծ հարցեր ստեղծած է: Այդ մոլորակէն առնուած առաջին նկարները կատարուած են մարդամեքենաներու կողմէ, որոնց ճշգրտութիւնը որոշելը դժուար էր: Անոնց տուած արդիւնքը Հրատի երկինքին մարդկային աչքին նման ճշգրիտ չէր: Սակայն շնորհիւ թեքնիք յառաջդիմութիւններու` մենք այժմ գիտենք, թէ Հրատի շուրջ մթնոլորտը լեցուն է փոշիով եւ բնածխական կազով: Ասոր արդիւնքը պիտի ըլլայ բաց նարնջագոյն, կամ վարդագոյն երկինք մը: Սակայն տակաւին ո՛չ մէկ մարդ արարած գացած է այդ մոլորակին վրայ այս ենթադրութիւնը հաստատելու համար…

***

Գիտէի՞ր, Թէ…

–  Իսկ եթէ արեւուն լոյսը չհանդիպէր մթնոլորտին, ի՞նչ գոյն պիտի ունենար մեր երկինքը: Անիկա պարզապէս սեւ պիտի ըլլար, եւ մենք աստղերը պիտի տեսնէինք:

–  Նոյն ձեւով, արեւը նոյն գոյնը պիտի չունենար: Անիկա դեղին պիտի չթուէր, ինչպէս մենք զայն կը տեսնենք երկրագունդէն:

–  Անջրպետին մէջ աստղանաւորդները զայն ճերմակ կը տեսնեն: Մենք ալ լոյսը նոյն ձեւով պիտի տեսնէինք, եթէ կապոյտը չորս կողմ չսփռուէր մեր աչքին հասնելէ առաջ:

 

Խաղանք Ծովափին Վրայ

Ծովափին վրայ մենք կրնանք աւազէ գեղեցիկ դղեակներ շինել կամ ռաքեթով խաղալ: Սակայն գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունին նաեւ նոյնքան հաճելի բազմաթիւ խաղեր եւ ժամանցներ: Սակայն մի՛ մոռնար միշտ մորթդ պահպանելու համար քրեմ քսելու եւ գլխուդ գլխարկ մը դնելու:

Խեչափառներ որսանք

dsovap-1_71616

Պատրաստէ ձկնորսութեան պզտիկ ցանցդ, դոյլ մը եւ հագուէ ծովու կերպընկալէ կարճ կրկնակօշիկներդ: Հիմա պատրաստ ես պզտիկ խեչափառներ որսալու: Աչքերդ լա՛ւ բաց, որովհետեւ այդ խեչափառները կը գտնուին ո՛չ միայն ծովուն մէջ, այլ` ժայռերուն մէջ ալ: Սակայն ուշադրութիւն ըրէ՛, երբ խեչափառը ձեռքերովդ կը բռնես, անոր մէջտեղէն բռնէ, որպէսզի ան քեզ չխածնէ: Դուն կրնաս զայն դնել դոյլիդ մէջ` մօտէն ուսումնասիրելու համար: Սակայն մի՛ մոռնար ետքը զայն դարձեալ ջուրին մէջ դնելու:

Շանաձուկին եւ ձուկերուն խաղը

dsovap-2_71616

Այս խաղը կը նմանի կատուի եւ մուկերու խաղին: Սակայն ծովափին կատուն կը դառնայ շանաձուկ: Երբ շանաձուկ-խաղցողը կը դիպչի ձուկ-խաղցողի մը, ան կը դառնայ թեւատ եւ կրնայ միւս խաղցողներուն դիպչիլ միայն իր աջ կամ ձախ ձեռքով: Եւ երբ շանաձուկ-խաղցողը անոր երկրորդ անգամ մըն ալ դիպչի, ան կը դառնայ իր երկու թեւերը բոլորովին կորսնցուցած թեւատ մը: Հետեւաբար ան խաղէն դուրս կ՛ելլէ:

Գանձը փնտռենք

dsovap-3_71616

Այսօր դուն ես ծովահէնը: Երբ դուն ծովուն կը նայիս, խաղցող մը աւազին մէջ կը պահէ բազմաթիւ ծովային գանձեր, ինչպէս` խեցիներ: Երբ բոլոր առարկաները կը պահուին աւազին մէջ, դուն պէտք է գտնես այդ գանձերը: Անշուշտ ընկերդ, որ մեծ հմտութեամբ պահեց այդ գանձերը, կրնայ քեզի օգնել յատուկ նշաններով: Ապա ծովահէնը ան կ՛ըլլայ, եւ քու կարգդ կ՛ըլլայ գանձերը պահելու:

1, 2, 3 ջուրին մէջ

dsovap-4_71616

Մենք բոլորս «1, 2, 3, արեւ»-ի խաղը խաղցած ենք դպրոցի բակին մէջ: Սակայն գիտէի՞ր, թէ այս խաղը կրնաս նաեւ խաղալ ջուրին մէջ: Ալիքներուն շարժումին, ծովային թեթեւ հովին եւ ծովափին վրայ վազող փոքրիկներուն ազդեցութեան տակ դիւրին պիտի չըլլայ անշարժ մնալ: Սակայն ուշադրութի՛ւն, սահելով` ջուրին մէջ չիյնաս…

Շուքերու խաղը

dsovap-5_71616

Մեծ հովանոցին տակ նստած` շուրջիններուդ փորձէ կռահել տալ ձեռքերովդ ծովային անասուններուն ձեւերը. ծովային թռչուն, շանաձուկ, խեչափառ…

Աւազին վրայ գծենք

dsovap-6_71616

Իւրաքանչիւր խաղցող պէտք  է կռահել տայ իր շուրջիններուն ընտանիքէն անդամ մը կամ բոլորին ծանօթ անձ մը: Սակայն ուշադրութի՛ւն, թուղթ-մատիտ գործածելը արգիլուած է: Կարելի է գործածել միայն ծովափին վրայ գտնուող բնական նիւթեր` ծովափի խիճ, տարբեր խեցիներ, ջրախոտ… Միակ բացառութիւնը` կարելի է մատը կամ ճիւղի կտոր մը գործածել դէմքին շրջագիծը գծելու համար:

 

Սըրֆ Ընել Հսկայական
Ալիքներուն Վրայ…

surf-2_71616

Գիտէի՞ր, թէ արհեստավարժ սըրֆի մարզիկ Կարեթ Մըքնամարրա սահեցաւ 10 յարկանի շէնքի մը չափ բարձր ալիքի մը վրայ` արձանագրելով նոր մրցանիշ մը:

***

Կարգ մը հսկայական ալիքներ կրնան սուրացող ինքնաշարժէ մը աւելի արագ յառաջանալ եւ կրնան ունենալ բաւարար ուժ` մեծ նաւ մը երկուքի բաժնելու:

***

Սակայն ինչպէ՞ս կրնայ ալիք մը հսկայ դառնալ:

surf-1_71616

Այս հսկայական ալիքի պատերը կը յառաջանան ովկիանոսին փոթորիկի շրջաններէն եւ կրնան հասնիլ մինչեւ 30 մեթր բարձրութեան: Այս հսկայական ալիքները կը յառաջանան, երբ բազմաթիւ աւելի փոքր ալիքներ իրարու կը միանան եւ կը կազմեն մէկ հսկայ ալիք:

Բոլորին ծանօթ է, որ այս հսկայական ալիքները կրնան ընկղմել ամբողջ նաւ մը: Հետեւաբար Մըքնամարրա ինչպէ՞ս կրցաւ հասնիլ այս ալիքին: Բարեկամ մը անոր հոն հասցուց ճեթ-սքիով մը` իր մեքենան արագցնելով ալիքին հետ եւ ապա Մըքնամարրա կրցաւ ցատկել ալիքին վրայ: Այս ձեւով, սըրֆի մարզիկը իր կեանքի ամէնէն սքանչելի «պտոյտը» կրցաւ կատարել:

 

Զովանանք

Ելակներով Թիրամիսու

IMG-20160714-WA0031

Այս տաք օդերուն մենք միշտ կը փնտռենք ուտելու պաղ բան մը` զովանալու համար…

Պէտք ունիս

2 ապուրի դգալ մասքարփոն պանիր, 1 ապուրի դգալ հեղուկ քրեմ, 1 ապուրի դգալ շաքար, 12 պիսքուի ա լա քուիէր (երկար քառանկիւն հաստ պիսքուի), 6 ապուրի դգալ ելակի հիւթ, 4 ապուրի դգալ խնձոր, ելակի քոմփոթ:

Պատրաստութիւն

IMG-20160714-WA0032

1.- Խորունկ ամանի մը մէջ կը պարպեմ մասքարփոնը, քրեմը եւ շաքարը եւ բոլորը միասին կը զարնեմ յատուկ գործիքով:

IMG-20160714-WA0029

2.- Պիսքուիները կը շարեմ քառակուսի կամ քառանկիւն ամանի մը մէջ եւ անոնց վրայ կը տարածեմ ելակի հիւթը:

IMG-20160714-WA0030

3.- Այս պիսքուիները կը ծածկեմ քրեմի խառնուրդով եւ ապա վրան կը քսեմ քոմփոթը:

4.- Անուշեղէնս սառնարանին մէջ կը դնեմ մէկ ժամ:

 

Ժամանց

Ուշադրութեամբ ուսումնասիրէ՛ հետեւեալ պատկերը: Միտքդ պահէ՛ բոլոր մանրամասնութիւնները: Ապա զայն ծածկէ՛ եւ փորձէ՛ ամբողջացնել անոր հետեւող գրութիւնը:

Պատկերին վրայ մենք կը տեսնենք... լողալու անիւ: - Միայն մէկ անձ դրած է...: - Ջուրին մէջ կան... սըրֆի տախտակներ: - Ոտքի սըրֆ ընող աղջիկը հագած է... գոյնի լողազգեստ: - Պատկերին մէջ գոյութիւն ունի... ծովային անասուն մը:
Պատկերին վրայ մենք կը տեսնենք… լողալու անիւ:
– Միայն մէկ անձ դրած է…:
– Ջուրին մէջ կան… սըրֆի տախտակներ:
– Ոտքի սըրֆ ընող աղջիկը հագած է… գոյնի լողազգեստ:
– Պատկերին մէջ գոյութիւն ունի… ծովային անասուն մը:

 

Կրնա՞ս օգնել լողորդին` գտնելու համար նաւակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս օգնել լողորդին` գտնելու համար նաւակին հասցնող ճամբան:

 

 

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր մանրամասնութեան տեղը պատկերին մէջ:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր մանրամասնութեան տեղը պատկերին մէջ:

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Յուլիս 1966)

Յաջորդը

Յուշատետր. Առաջինը Ես Չեմ

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?