Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մանուկներուն Ձայնը»

Մարտ 12, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Տելհիի մէջ, Հնդկաստան, փողոցը լքուած մանուկները իրենց անձնական թերթը կը պատրաստեն եւ զայն կը բաժնեն աւելի քան տասը տարիներէ ի վեր:

tert-001_31716

Հնդկաստանի մէջ միլիոնաւոր մանուկներ կ՛ապրին փողոցը կամ շատ աղքատիկ արուարձաններու մէջ: Հնդիկ պզտիկներուն առնուազն 30 առ հարիւրը աղքատ կը նկատուի:

2003 թուականին փողոցը լքուած շուրջ քսան պատանիներ կ՛որոշեն իրենց ձայնը լսելի դարձնել եւ խօսիլ իրենց կեանքի պայմաններուն մասին: Այս նպատակով անոնք հաւաքուած են եւ ստեղծած թերթ մը` «Պալաքնամա», որ կը նշանակէ «Մանուկներու ձայնը»:

tert-002_31716tert-003_31716Այս փոքր թղթակիցները 12-էն 17 տարեկան են: Անոնք կ՛որոշեն աղքատութեան անխուսափելի ուղիէն դուրս ելլել ուսման միջոցով: Անոնք յատուկ դասերու կը հետեւին եւ շատ ուշադիր աշակերտներ են, հակառակ իրենց դպրոցական ծրագիրներուն մէջ ունեցած ուշացումին: Անոնք կ՛երազեն ապագային դառնալ փաստաբան, լրագրող, բժիշկ… Անոնք զիրար կը մղեն աշխատելու եւ կը պաշտպանեն իրենց ուսման իրաւունքը:

tert-004_31716

Իրենց յօդուածներուն մէջ անոնք կը պատմեն իրենց առօրեային մասին, խրատներ կու տան փողոցը կարենալ ապրելու առնչութեամբ, կը խօսին հերոսական արարքներու մասին, մանուկներուն յաջողութիւններուն մասին. սակայն նոյն ատեն ահազանգ կը հնչեցնեն` խօսելով մանուկներու անհետացումներուն մասին, թմրեցուցիչներուն ազդեցութիւններուն, բռնութեան մասին…

tert-005_31716tert-006_31716Երկու ամիսը անգամ մը մեծ խանդավառութիւն կը տիրէ այս փոքր թղթակիցներուն եւ թերթին հերոսներուն խմբակին մէջ. «Պալաքնամա»-ն լոյս կը տեսնէ: Հնդկերէնով թերթէն կը տպուի 4000 օրինակ, որ ձրիօրէն կը բաժնուի խմբագիրներու խումբին կողմէ Տելհիի եւ անոր արուարձաններուն մէջ, եւ անգլերէնով կը կարդացուի ամբողջ աշխարհին մէջ: Փողոցը ապրողները անհամբեր կը սպասեն կարդալու համար յատկապէս առաջին էջին գլխաւոր յօդուածը:

 

 Անհաւատալի Բայց Իրաւ

–  Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունեցող կինը շալկած վազելու աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին, մասնակցողները պէտք էր 60 երկվայրկեանէն իրենց կիները շալկած վազեն 254 մեթր երկարութիւն մը:

–  Քալիֆորնիոյ մէջ, Միացեալ Նահանգներ, արգիլուած է նարինջ ուտել լոգարանին մէջ:

–  Աշխարհի ամէնէն երկար մազեր ունեցող անձի տիտղոսը կը պատկանի չին կնոջ մը` 5,6 մեթր երկարութիւն ունեցող մազերով:

–  Աշխարհի «մոնոփոլի»-ի ամէնէն երկար խաղը տեւեց 70 օր:

–  Զերոն միակ թիւն է, զոր կարելի չէ գրել հռոմէական թուանշաններով:

–  23 անձերով լեցուն սենեակի մը մէջ 50 առ հարիւրի հաւանականութիւն կայ, որ 2 անձերուն տարեդարձը նոյն օրը ըլլայ:

–  Աշխարհի ամէնէն մեծ Զատիկի հաւկիթը կը գտնուի Ալպէրթայի մէջ, Քանատա: Ան շինուած է մօտաւորապէս 3500 ալիւմինիոմի կտորներէ եւ կը կշռէ 2268 քիլօ:

–  Ամէն օր 50-70 հազար միտքեր կ՛անցնին մեր ուղեղէն:

–  Բժիշկներ 3տի. տպելու մեքենայ մը գործածեցին հիւանդի մը համար կերպընկալէ գանկ շինելու համար:

–  Աշխարհի լեզուներէն 2300-ը կը խօսուին Ասիոյ մէջ:

 

Որքա՞Ն Կը Կշռէ Ամպ Մը

amb_31716

1 միլիոն թոն: Ասիկա ամէնէն մեծ ամպերուն ծանրութիւնն է: Այս մեծ ամպերը, քիւմիոլոնիմպիւսները կրնան քանի մը քիլոմեթրերու վրայ անձրեւի կաթիլներ պարունակել:

Նոյնիսկ եթէ ամպերը ժամերով երեւելի մնան, ջուրի կաթիլները միայն քանի մը վայրկեան կը մնան անոնց մէջ. անոնք կա՛մ իբրեւ անձրեւ կը թափին, եւ կամ օդին մէջ կը շոգիանան` անմիջապէս փոխարինուելով ուրիշ կաթիլներով:

 

Ի՞նչը Կ՛արժէ 12 Ոչխար, Մէկ
Հագուստ Եւ 450 Քիլօ Պանիր

gagatch1_31716

Կակաչ մը: Այս ծաղիկին սիրահար մը 1633 թուականին այսքան կը վճարէր այդ ծաղիկին, աւելի ճիշդը` անոր սոխը գնելու համար: Այդ սոխի նման բաժինն է, որ կարելիութիւնը կու տայ ծաղիկին վերածնելու ամէն տարի: Այդ ժամանակաշրջանին ամէն մարդ կը հիանար կակաչներով, ան նորոյթ դարձած ծաղիկն էր, որ հարստութեան եւ շքեղութեան նշան էր:

Հետեւաբար, անիկա շատ սուղ գինով կը ծախուէր, երբեմն նոյնիսկ կը փոխարինուէր տունով մը կամ հողաշերտով մը:

 

Ո՞ր Երկրի Ժամուն Կը Հետեւի
Անջրպետի Միջազգային Կեդրոնը

antcherbed_31716

Որովհետեւ այս կեդրոնը կը դառնայ երկրագունդին շուրջ, ան միշտ ժամ կը փոխէ: Հետեւաբար, աստղանաւորդները համաձայնած են գործածել Անգլիոյ ժամը: Սակայն անոնք անպայման անգլիական կշռոյթով չեն ապրիր, որովհետեւ պէտք է մէկը միշտ արթուն մնայ:

 

Ո՞ւր Աւելի Ցուրտ Կ՛ընէ,
Քան Հիւսիսային Բեւեռը

pever_31716

Հարաւային բեւեռ, Անթարքթիքի ցամաքամասին վրայ: Այս հողամասը անդադար սառած է եւ ծածկուած մինչեւ 4 քմ հաստութեամբ սառի խաւով մը: Ան մեր մոլորակին ամէնէն ցուրտ վայրն է: Հոն ջերմաստիճանը կը նուազի մինչեւ – 70 աստիճան:

 

 Ռոպինսոն Քրուզօ Իսկապէս
Գոյութիւն Ունեցա՞ծ Է

robinson_31716

Անգլիացի գրագէտ Տանիէլ Տուքոյի գիրքին հերոսը գոյութիւն չէ ունեցած, սակայն անոր պատմութիւնը իրական դէպքէ մը առնուած է: Այդ արկածախնդրութիւնը ապրած է սկովտիացի նաւաստի մը` Ալեքսանտր Սէլքըրք, որ 18-րդ դարուն չորսուկէս տարի մինակը ապրած է լքեալ կղզիի մը վրայ:

Այս նոյն ճակատագիրը ապրած են ուրիշ դժբախտ նաւաստիներ ալ, ինչպէս` սպանացի նաւապետ Փետրօ Սէրրանօ, որ ովկիանոսին մէջտեղը բռնուած մնացած է ութ տարի:

 

Ո՞ր Ուղղութեամբ Կը Նային
Աչքերդ Երբ Կը Քնանաս

knanal_31716

Ամէն ինչ կախեալ է վայրկեանէն: Երբ դուն կը պառկիս եւ կը փորձես քնանալ, աչքերդ մեղմօրէն կը շարժին: Փա՛ֆ, դուն կը քնանաս: Անոնք կ՛անշարժանան եւ դէպի վեր կը նային… մինչեւ որ սկսիս երազել:

Այդ վայրկեանին աչքերդ կը սկսին «պարել» կոպերուդ տակ, շատ արագ շարժումներ կը կատարեն ձախէն աջ, մինչ ամբողջ մարմինդ անշարժացած է:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շունիկները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շունիկները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ինը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ինը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած տասը ոսկորները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած տասը ոսկորները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր կլորակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակ գտնուող երկու թիւերուն գումարումին: Այս ձեւով` 8+5=13:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր կլորակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակ գտնուող երկու թիւերուն գումարումին: Այս ձեւով` 8+5=13:

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յարութիւն Մանճեան Անկեղծ Մարդ Հզօր Միտք Ու Կամք

Յաջորդը

Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?