Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ըստ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ ներկայացուած շատ լուրջ ուսումնասիրութեան մը` «Ուըրլտ հափինես ռիփորթ»-ի, աշխարհի ամէնէն երջանիկ երկիրը կը գտնուի Եւրոպայի մէջ, եւ հոն օդը շատ տաք չ՛ըներ: Կրնա՞ք կռահել, որ երկիրն է ան:
Երբ մենք կը մտածենք «երջանկութեան երկրին» մասին, ընդհանրապէս կ՛երեւակայենք ճերմակ աւազով ծովափներ, արմաւենիներ եւ փիրուզագոյն ծով մը: Սակայն ասիկա ճիշդ չէ, ըստ աշխարհի երջանկութեան 2016-ի տեղեկագիրին, որ հրապարակած է ՄԱԿ-ը: Ըստ այս ուսումնասիրութեան, ուրախ ապրելու համար նախընտրելի է ապրիլ… Դանիոյ մէջ:
Ասիկա մեծ անակնկալ մը չէ: Սկանտինաւեան այս երկիրը արդէն ցուցակին գլուխը կը գտնուէր 2013 եւ 2014 թուականներուն: 2015 թուականին անոր անցած է Զուիցերիան, որ այս տարի դարձեալ 2-րդ կարգի վրայ կը գտնուի: Այս երկու երկիրներուն կը հետեւին, կարգով, Իսլանտան, Նորվեկիան, Ֆինլանտան, Քանատան, Հոլանտան, Նոր Զելանտան, Աւստրալիան եւ Շուէտը: Այս առաջին 10 երջանիկ երկիրներու ցանկը կազմուած է գլխաւորաբար հիւսիսի երկիրներու կողմէ, բացի անշուշտ` հեռաւոր Ովկիանիոյ երկու երկիրները:
Միացեալ Նահանգները շատ հեռու չեն. անոնք երկու կարգ կը յառաջանան անցեալ տարուան բաղդատմամբ եւ կը գտնուին 13-րդ դիրքի վրայ:
Այս երջանիկ երկիրներու ցանկին միւս ծայրը կը գտնուին` Սուրիան, Թոկոն, Աֆղանիստանը, Պենինը, Ռուանտան, Կինէան, Լիպերիան եւ Թանզանիան: Իսկ ցանկին 157-րդ եւ վերջին երկիրն է Պուրունտի:
***
Սակայն ի՞նչ է երջանկութիւնը…
Այս ցանկը իբրեւ չափանիշ չունէր մարդոց երջանկութեան հասկացողութիւնը: Անիկա կը հիմնուի առարկայական տուեալներու վրայ: Բազմաթիւ չափանիշներ նկատի կ՛առնուին. բնակիչներուն միջին եկամուտը, կեանքի տեւողութիւնը, ընկերային օգնութիւնները, անձնական ընտրութիւններ կատարելու ազատութիւնը, վեհանձնութիւնը եւ փտածութեան բացակայութիւնը:
Այս ուսումնասիրութիւնը բաղդատած է նաեւ 2005-2007-ի եւ 2013-2015 տարիներու արդիւնքները: Շատ մեծ անակնկալ մը չէ, որ ցանկին մէջ ամէնէն մեծ անկում արձանագրող երկիրը եղած է Յունաստանը, որ այսուհետեւ կը գտնուի 99-րդ դիրքի վրայ: Ասոր գլխաւոր պատճառը վերջին տարիներուն երկրին ապրած ծանր տնտեսական տագնապն է, որուն վրայ աւելցած է գաղթականներու ժամանումը: Աշխարհին մէջ այս երկու ժամանակաշրջաններուն միջեւ 55 երկիրներ ապրած են երջանկութեան յառաջընթաց, եւ 45` յետընթաց:
Իսկ գիտէի՞ք, թէ ըստ ուրիշ ուսումնասիրութեան մը, «Դպրոցական տարիքի երեխաներու վարքը առողջութեան տեսակէտէն», Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Ալպանիոյ եւ Հոլանտայի մէջ ապրող երեխաները ո՛չ միայն ամէնէն առողջներն են, այլ նաեւ` ամէնէն երջանիկները:
Անհաւատալի Բայց Իրաւ

– Ֆլորիտայի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, խումբ մը խոհարարներ եփած եւ պատրաստած են 57 քիլօ կշռող աշխարհի ամէնէն մեծ հոթ տոկը: Այս իրագործումը կարօտած է 3 ժամուան աշխատանքի:

– Ամէն տարի աւելի քան 10 հազար լապտերներ, որոնց հասակը կը հասնի երբեմն մինչեւ 140 սմ-ի, գիշերը կ՛արձակուին դէպի երկինք Թայլանտի մէջ կայացող լապտերներու փառատօնին ընթացքին: 700 տարիներէ ի վեր, Հիւսիսային Թայլանտի լաննա ցեղախումբը Եի Փէնկի տօնը կը նշէ լոյսերու այս փառատօնով: Լապտերները կը խորհրդանշեն մտահոգութիւնները եւ հարցերը, որոնք կը հեռանան, հետեւաբար լաւ բախտ բերելով: 2014 թուականին օդանաւային ընկերութիւնները 112 թռիչքներ ջնջեցին` լապտերներուն չդպչելու համար:

– Չինաստանի միաու ցեղախումբին կիները իրենց գլխուն վրայ կը կրեն կոտոշանման մազի յարդարում, որ շինուած է իրենց պապերուն մազերով:

– Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզիի Մարկէյթ Սիթի քաղաքին մէջ գտնուող Լուսի տը Էլէֆընթ արձանը շինուած է 1881 թուականին: Ան Հիւսիսային Ամերիկայի առաջին անասունի ձեւ ունեցող կառոյցը եղած է: Այցելուները կրնան պտտիլ անոր մէջ, ուր կլոր ձեւով աստիճան մը կը հասցնէ մինչեւ կառոյցին գագաթը:

– Թօպակոյի մէջ այծերու մրցումի սովորութիւնը սկսաւ 80 տարիներ առաջ: Այս մրցումին մասնակցելու համար, այծերը կը հետեւին երկու ամսուան փորձերու, որոնց կարգին կայ նաեւ լողալը:
Մարդէն Աւելի Հզօր
Մեքենա՞յ Մը

Առաջին անգամ ըլլալով համակարգիչ մը կրցած է յաղթել մարդ արարածի մը չինական շատ հին դիւանագիտական խաղին` կոյի խաղի մը ընթացքին:
Մարտ ամսուն աշխարհի ամէնէն լաւ կոյ խաղցողը` քորէացի Լի Սետոլ կոյի խաղ մը խաղցաւ Ալֆակոյի դէմ, որ Կուկըլի կողմէ շինուած համակարգիչ մըն է: Լի պարտուեցաւ: Մինչեւ հիմա այս դիւանագիտական խաղին մէջ մարդ արարածը մեքենայէն աւելի լաւ էր:
Սակայն ինչո՞ւ այս իրադարձութիւնը կարեւոր է: Այժմ մարդիկ միշտ շատ աւելի լաւ կրնան ծրագրաւորել մեքենաները, որոնց միջոցով համակարգիչները կը լուծեն մարդոց կողմէ բնականաբար կատարուած գործողութիւններ: Ասիկա կը կոչուի` «Արհեստական խելացիութիւն»:
Ասիկա ըսել չէ, որ մեքենան պիտի առնէ մարդուն տեղը. սակայն այս փորձառութիւնը կը բացայայտէ արհեստագիտական այլ յառաջդիմութիւնները, որոնք կարելի է պատշաճեցնել փոխադրական միջոցներուն, բժշկութեան մարզին մէջ… մարդոց կ՛իյնայ ընտրել ինչպէս լաւ գործածել այս գիտութիւնը:
Հարցարան
Աշխարհի Շուրջ

1) Ի՞նչ գոյնով ներկուած է Սան Ֆրանսիսքոյի Կոլտըն Կէյթ կամուրջը:
ա.- Ոսկեգոյն, բ – Դեղին, գ – Կարմիր:
2) Փիոնկեանկ Հիւսիսային Քորէայի մայրաքաղաքն է:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
3) 230 միլիոն տարիներ առաջ աշխարհը կազմուած էր Թանժէ կոչուած մէկ ցամաքամասէ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
4) Արեւմտեան աշխարհին մէջ ճերմակը ամուսնութեան գոյն է, իսկ սեւը` սուգի: Իսկ Հնդկաստանի մէ՞ջ:
5) Ո՞ւր կը գտնուի նշանաւոր Պերմուտայի եռանկիւնը:
6) Ո՞րն է Չինաստանի պաշտօնական լեզուն:

7) Ո՞ր երաժշտական տեսակներով ճանչցուած է ամերիկեան Նիւ Օրլինզ քաղաքը, Լուիզիանայի մէջ:
8) Ո՞ր երկրին մէջ կը խօսուի էսփերանթօ լեզուն:
9) Ո՞ր երկրին կը պատկանին Կալափակոս կղզիները:
10) Տոմինիքեան Հանրապետութիւնը կը գտնուի կղզիի մը վրայ, ուր կը գտնուի նաեւ ուրիշ երկիր մը: Ո՞րն է այդ երկիրը:
11) Ո՞վ հասած է առաջին անգամ Հիւսիսային բեւեռ:
ա.- Ռոպըրթ Փերի, բ – Ֆրետերիք Քուք, գ – Ճէյմս Քուք:
12) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն չոր անապատը:
ա.- Սահարայի անապատը, բ.- Աթաքամայի անապատը, գ.- Արիզոնայի անապատը:
Պատասխանները վերջաւորութեան
Ժամանց



Պատասխաններ
1) Կարմիր: Այս գոյնը բաւական տեսանելի է յաճախ մշուշով շրջապատուած այս կամուրջին համար: Ան շինուած է 1937 թուականին եւ երկար ատեն մնացած է աշխարհի ամէնէն մեծ կախուած կամուրջը` իր 1970 մեթր երկայնքով. մինչեւ 1964 թուականը: 2) Ճիշդ: Քորէայի Ժողովրդական Հանրապետութեան, կամ Հիւսիսային Քորէայի մայրաքաղաքը Փիոնկեանկն է: Մինչ Սէուլ մայրաքաղաքն է Հարաւային Քորէայի` Քորէայի Հանրապետութեան: 3) Սխալ: Այդ ցամաքամասը կը կոչուէր Փանժէ: Անիկա սկսած է բաժնուիլ 100 միլիոն տարիներ առաջ` կամաց-կամաց ծնունդ տալով ներկայի ցամաքամասերուն: Թանժէ Մարոքի քաղաքներէն մէկուն անունն է: 4) Հնդկաստանի մէջ կարմիրը ամուսնութեան գոյնն է, իսկ ճերմակը` սուգի: Ճերմակը սուգի գոյնն է նաեւ Չինաստանի եւ Ճափոնի մէջ: 5) Անտլանեան ովկիանոսին մէջ, Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա քաղաքի գիծին, Փորթօ Ռիքոյի կղզիին… եւ Պերմուտայի կղզեխումբին միջեւ: Այս շրջանին մէջ մեծ թիւով օդանաւներ եւ նաւեր խորհրդաւոր կերպով անհետացած են: 6) Մանտարինը: Սակայն Հոնկ Քոնկի մէջ պաշտօնական լեզուն քանթոնէ լեզուն կամ անգլերէնն է: Մաքաոյի մէջ փորթուգալերէնը եւ քանթոնէ լեզուն… Չինաստանի մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ ինքնավար շրջաններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր պաշտօնական լեզուն: 7) Ճազը եւ պլուզը: Այս երկու երաժշտական ոճերը յայտնուեցան 20-րդ դարու սկիզբը, երկրին մէջ ապրող սեւամորթ հանրութեան մէջ: 8) Ոչ մէկ յատուկ երկրի մէջ: Այս լեզուն ստեղծուած է լեհ լեզուագէտ Զամեն Հոֆի կողմէ, 1887-ին: Ան կ՛երազէր ստեղծել միջազգային լեզու մը, որ պիտի խօսուէր բոլոր երկիրներուն մէջ: 9) Էքուատորի: Այս կղզիները կը գտնուին Էքուատորի ափերէն 900 քմ հեռու: Անոնք բնական բացառիկ պահպանուած շրջան մըն են, ուր կ՛ապրին ուրիշ ոչ մէկ տեղ գտնուող տեսակներ, ինչպէս, օրինակի համար, հսկայ կրիաները: 10) Հայիթի: Այս երկու երկիրները կը գտնուին Հիսփանիսլա կղզիին վրայ, քարայիպեան ծովուն մէջ: Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ բնակիչները կը խօսին սպաներէն, մինչ Հայիթիի մէջ` ֆրանսերէն: 11) Ռոպըրթ Փերի: Պաշտօնապէս, եւ ըստ ամերիկեան Քոնկրեսի, ան եղաւ առաջին անձը, որ հասաւ Հիւսիսային բեւեռ, 6 ապրիլ 1909-ին: Սակայն Ֆրետերիք Քուք կը հերքէ այս հաստատումը. ան կը հաստատէ, որ բեւեռ հասած է 21 ապրիլ… 1908-ին: 12) Աթաքամայի անապատը: Ասիկա չիլիական այն անապատն է, որ նուազագոյնը կ՛անձրեւէ, տարեկան միջին հաշուով` 1 միլլիմեթր:


