Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մեր ծնած վայրկեանէն իսկ մենք կը սորվինք գործածել մեր այս հզօր մեքենան, մեր մարմինը: Քալել, լողալ, խօսիլ, մտածել, քնանալ… Ասոնք բացառիկ կարողութիւններ են, որոնք կարելի կը դառնան շնորհիւ մեր սրտին եւ ուղեղին նման գործարաններուն:
Սիրտը` Գործարաններու Թագաւորը
Սիրտը մկան մըն է: Ան է, որ ամէնէն շատը կ՛աշխատի: Գիշեր-ցերեկ կը բանի արիւնը մարմնին մէջ դարձնելու համար: Երբ ան դադրի բանելէ, մարդ արարածը չի կրնար ապրիլ:
Առաջին կարգի մեքենայ մը
– Ան շատ ճարպիկ է: Ան ինքնավար մկան մըն է, որ մինակը կը բանի` առանց մեր ուշադրութեան:
– Ան գիտէ պատշաճիլ: Երբ մենք աւելի ուժ կը սպառենք, ան աւելի արագ կը տրոփէ աւելի արիւն հայթայթելու համար, եւ ան կը դանդաղի, երբ մենք կը քնանանք:
– Ան հզօր է: Ան արիւն կը քաշէ եւ կը մղէ մէկ վայրկեանին մէջ 70 անգամ: Մէկ օրուան ընթացքին ան կը բաբախէ 100 հազար անգամ: Եւ մինչեւ 3 միլիառ անգամ` ամբողջ կեանքի մը ընթացքին:
– Ան դիմացկուն է: Ան անդադար գիշեր-ցերեկ կը բանի արդէն մեր կեանքի առաջին շաբաթներէն մեր մօր փորին մէջ, եւ երբեմն` մինչեւ 100 տարեկան:
– Մեր սիրտը ունի տանձի մը ձեւը եւ Կրէյփֆրութի մը չափը: Միւս մկաններուն նման, որքան մենք զայն աշխատցնենք, այնքան ան կը մեծնայ:
– Ինչո՞ւ սիրտը պէտք է անպայման արիւնը դարձնէ մեր մարմնին մէջ: Արիւնը կեանքն է: Անիկա կը փոխադրէ թթուածինը եւ ուտելիքի մասնիկները, զորս մարմինը պէտք ունի կենդանի մնալու համար: Անոր ճերմակ գնդիկները մեզի հիւանդութիւններէն կը պաշտպանեն, իսկ փլաքեթները մեր մարմնին կ՛օգնեն բուժուելու, երբ անիկա կը վիրաւորուի:
– Առանց սրտի կամ տկար սրտով մը ապրիլը անկարելի է: Դեղեր գոյութիւն ունին, սակայն երբեմն պէտք է վիրաբուժութեան դիմել, հիւանդ սիրտը ուրիշ սրտով մը փոխարինելու համար: 1967 թուականին, հարաւափրիկեցի բժիշկ մը` Քրիսթիան Պեռնարտ յաջողեցաւ հիւանդ սրտով մարդու մը սիրտը փոխարինել մահացած անձի մը սրտով:
– Երբ մենք զօրաւոր յուզում մը կ՛ապրինք, մեր սիրտը աւելի արագ կը տրոփէ: Հետեւաբար երկար ժամանակ մարդիկ մտածած են, որ սիրտը «կը շինէր» մեր զգացումները: Սակայն մենք այժմ գիտենք, որ սիրտը ոչինչ «կը շինէ»: Ամէն ինչ տեղի կ՛ունենայ մեր ուղեղին մէջ: Ճիշդ է, որ սիրտը զգացումներ «չի շիներ», սակայն ան էական է կեանքին համար: Հետեւաբար մարդիկ կը շարունակեն զայն կապել մեր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր տարրին, զգացում մը, որ մեզի իսկապէս կենդանի զգալ կու տայ սէրը:
Ուղեղը Եւ Յիշողութիւնը
Ուղեղը մեր մարմնին «խմբավարն» է: Մեր 5 զգայարանքներուն եւ մեր փորձառութեան շնորհիւ` տեսակաւոր տեղեկութիւններ կը հասնին մինչեւ մեր ուղեղը: Ան է, որ զտում կը կատարէ այս նոր տեղեկութիւններուն հետ վարուելու համար: Ան զանոնք կը վերածէ շարժումի, գիտութեան եւ յիշողութեան:
Եթէ մեր ուղեղը համակարգիչ մը ըլլար, ան պիտի ունենար 2000 համակարգիչի տեղեկութիւններ ամբարելու կարողութիւնը, մեր ուղեղը կազմուած է աստղի ձեւ ունեցող 90 միլիառ բջիջներէ: Իւրաքանչիւր նոր գիտելիքի մը պարագային բջիջներուն միջեւ նոր կապեր կը հաստատուին: Ճիշդ է, որ կարգ մը անձեր ուրիշներէ աւելի լաւ յիշողութիւն մը ունին, սակայն կարելի է յիշողութիւնը զարգացնել զայն մարզելով:
Գիտէի՞ր, Թէ…
– Այո՛, յիշողութիւնը կը գտնուի ուղեղին մէջ, սակայն` ուղեղին տարբեր շրջաններուն մէջ: Ամէն ինչ կախեալ է տեղեկութեան տեսակէն: Ուղեղին մէջի ձիաձուկի ձեւ ունեցող բաժինն է, որ շատ կարեւոր դեր կը կատարէ յիշողութեան հոլովոյթին մէջ:
– Մեր ուղեղը 45 երկվայրկեանէն կը վերլուծէ եւ առաջքը կ՛առնէ նոր տեղեկութեան մը պարագային:
– 7 տարբեր տեղեկութիւններ կարելի է միտքը պահել քանի մը երկվայրկեանի ընթացքին, կարճ յիշողութեան մէջ:
Անհաւատալի՛, Բայց Իրաւ…
– Կոթով ակնոցները առաջին անգամ գործածուած են 13-րդ դարուն:
– Աշխարհի ամէնէն երկար տեւած թենիսի մրցումը տեղի ունեցած է 2010 թուականին, Ճոն Իզների եւ Նիքոլա Մահուի միջեւ, Ուիմպըլտընի մրցաշարքին ընթացքին: Մրցումը տեւած է 11 ժամ եւ 5 վայրկեան:
– Պարզ մատիտով մը կրնաս գծել 56 քմ երկարութեամբ գիծ մը:
– «Արթամէն ու լը կրան սիրուս» ֆրանսերէն վէպը (1649-1653), աշխարհի ամէնէն երկար վէպն է: Անոր առաջին տպագրութիւնը կը պարունակէր 13 հազար էջ:
– Շանաձուկերը գոյութիւն ունէին հոյամողէզներէն առաջ: Առաջին շանաձուկերը յայտնուած են մօտաւորապէս 450 միլիոն տարիներ առաջ, հոյամողէզներէն առնուազն 200 միլիոն տարիներ առաջ:
– Տաք ջուրը աւելի ծանր է, քան` պաղ ջուրը: Ամէն ինչ քիչ մը աւելի կը ծանրանայ, երբ կը տաքնայ, որովհետեւ ան աւելի ուժանիւթ կը պարունակէ:
Ինչի՞ Կը Ծառայէ Քնանալը
Քունը մեր մարմինին ամէնէն լաւ դաշնակիցներէն մէկն է, որովհետեւ գիշերը մեր մարմինը կը շարունակէ աշխատիլ:
– Քունի առաջին հանգրուանը խորունկ եւ դանդաղ է: Ասիկա կը նպաստէ մարմնին «նորոգութեան»: Օրինակի համար, ֆիզիքական ճիգէ մը ետք խորունկ քունը աւելի երկար կ՛ըլլայ: Այս քունի փուլին մորթը բջիջները կը վերանորոգէ, մարմինը իր աղտերը կը հաւաքէ, յիշողութիւնը կ՛ամրացուի եւ… մարմինդ առիթէն կ՛օգտուի աճելու համար: Եթէ մանուկ մը լաւ չի քնանար, ան նուազ լաւ կը մեծնայ:
– Ապա կը հասնի փարատոքսալ քունը: Աչքերդ գոց են, սակայն անոնք արագօրէն կը շարժին կոպերուն տակ: Այս քունի շրջանին է, որ դուն շատ կ՛երազես: Ուղեղդ շատ գործօն է, գրեթէ ինչպէս երբ արթուն ես: Բժիշկները տակաւին կը փորձեն հասկնալ, թէ ինչի՛ կը ծառայեն երազները: Սակայն մենք գիտենք, թէ փարատոքսալ քունը կը նպաստէ ստեղծագործութեան:
– Առաջին հերթին լաւ քուն մը կը նուազեցնէ հիւանդութիւններու վտանգը: Անիկա կարողութիւն կու տայ նաեւ աւելի լաւ սորվելու, աւելի կարող ըլլալու եւ … լաւ տրամադրութիւն ունենալու:
Կարճ Լուրեր
– Իտալացի հացագործներ պատրաստած են 122 մեթր երկարութեամբ նիւթելայով հացիկ մը: Նոր մրցանիշ մը արձանագրուած է:
– Միացեալ Նահանգներու նոյն հիւանդանոցին մէջ աշխատող երկու հիւանդապահուհիներ նկատած էին, որ իրենք իրարու շատ կը նմանէին… Ծագումով քորէացի, անոնցմէ իւրաքանչիւրը որդեգրուած էր փոքր տարիքէն: Արեան քննութիւններ ընելէ ետք երկու ընկերուհիները կը բացայայտեն, որ իրենք քոյրեր են:
– Ճափոնի մէջ ֆուճիսաուա քաղաքը պիտի փորձէ օգտագործման դնել մարդամեքենայ թաքսիներ, որոնք առանց վարորդի կը քշուին: Անոնք պիտի օգնեն տարիքոտ անձերու` իրենց գնումները կատարելու: Սկիզբի շրջանին ինքնաշարժին մէջ մէկը պիտի գտնուի ինքնաշարժը վարելու համար, եթէ հարց մը ծագի…
– 19 տարեկան նորվեկիացի Ալեքսանտրա Անտրըսըն աշխարհի ամէնէն երիտասարդ միլիառատէրն է` ըստ «Ֆորպզ» թերթին, որ ամէն տարի կը հրապարակէ աշխարհի ամէնէն հարուստ անձերու ցանկը: 19 տարեկան Ալեքսանտրա իր 1,5 միլիառ տոլար հարստութիւնը ժառանգած է իր հօրմէն, որ այս հարստութիւնը հաւաքած է ծխախոտի ճարտարարուեստին մէջ աշխատելով:
Ժամանց


