Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Ժամացոյցները

April 16, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Շքեղ ժամագործութեան աշխարհը մեզ միշտ ապշեցուցած է ո՛չ միայն իր արհեստագիտական նուաճումներով, այլ նաեւ` իր գիներով: Իսկ գիտէի՞ք, թէ պատմութեան ամէնէն սուղ երեք ժամացոյցները կիներու ժամացոյցներ են: Մարդիկ հարիւր հազար, նոյնիսկ միլիոն տոլարներ կը վճարեն այդ «պարզ» ժամացոյցներէն մէկուն համար: Ահա՛ պատմութեան ամէնէն սուղ երեք ժամացոյցները:

1.- Կրաֆֆ տայմոնտզի «հալիւսինէյշընը»

graff-diamonds_41616

«Հալիւսինէյշըն» անուանուած այս ժամացոյցը ժողովուրդին ներկայացուած է 2014 թուականին, Պէյզըլուըրզի ձեռնարկին ընթացքին: Այս ժամացոյցին վրայ կարելի է հաշուել 110 քարաթ ադամանդ: Կրաֆֆ Տայմոնտզ ադամանդի մասնագէտ հաստատութեան` այս ժամացոյցին վրայի ադամանդները շատ հազուագիւտ քարեր են. այս պատճառով է, որ անոր գինը մօտաւորապէս 55 միլիոն տոլար է: Անշուշտ, ամէն մարդի չի կրնար նման առարկայ մը նուիրել, մանաւանդ որ անկէ չկայ ուրիշ օրինակ:

2.- Կրաֆֆ Տայմոնտզի «Ֆասինէյշընը»

jamatsouyts-2_41616

Դարձեալ Պէյզըուըրտզի ձեռնարկին ներկայացուած է, սակայն 2015 թուականին, Կրաֆֆ Տայմոնտի հաստատութեան կողմէ ստեղծուած «ֆասինէյշըն» ժամացոյց: Այս ժամացոյցն ալ միաժամանակ գոհարեղէն մըն է, եւ անոր վրայ կարելի է գտնել 153 քարաթ ադամանդներ, որոնց արժէքը կը հասնի 40 միլիոն տոլարի: Ըստ հաստատութեան հիմնադիր եւ տնօրէն Լորընս Կրաֆֆի, իրենց հաստատութիւնը ճանչցուած է յարգի քարերուն վրայ տարած իրենց բծախնդիր աշխատանքով եւ վարպետութեամբ եւ ասոր արդիւնքը` այդ ժամացոյցներն ու գոհարեղէնները, մեծարանքի նշան մըն են:

3.- Շոփար հաստատութեան 201 քարաթները

jamatsouyts-3_41616

Աշխարհի ամէնէն սուղ ժամացոյցներու ամպիոնին երրորդ կարգին վրայ կը գտնուի «Շոփար» հաստատութեան գոհարեղէններէն մէկը, «201 քարաթ»-ը: Ինչպէս անունը արդէն կը նշէ, այս ժամացոյցին վրայ կը գտնուի 201 քարաթ ադամանդ: Այս ժամացոյցը ծախու դրուած  25 միլիոն տոլարի: Բազմաթիւ ադամանդներ իւրայատուկ ձեւով հաստատուած են ժամացոյցին վրայ, եւ անոնց վրայ երեք ուրիշ անդամանդներ կ՛առնեն սրտի ձեւ:

Իսկ դո՞ւք. պիտի փափաքէի՞ք Կաղանդ Պապայէն նման նուէր մը ուզելու:

 

 Գիտէի՞ր, Թէ…

Ի՞նչ ուժանիւթ գործածուած է աշխատցնելու համար առաջին ինքնաշարժը:

kideyir-1_41616

Ջուրի շոգին: 1770 թուականին հնարուած մեր ինքնաշարժի նախահայրը կը բանէր շնորհիւ եռացած ջուրով լեցուն մեծ կաթսայի մը: Անիւներով օժտուած այս հսկայ կաթսան կը յառաջանար շնորհիւ արտադրուած շոգիին. մեքենան թէ՛ ծանր էր, թէ՛ ալ դանդաղ, եւ պէտք էր ջուրի անոր շտեմարանը լեցնել ամէն քառորդ ժամը անգամ մը:

 

Ո՞ր երկրին մէջ կը գտնուի աշխարհի ամէնէն բարձր աշտարակը:

kideyir-2_41616

Տուպայի մէջ: Տուպայի «Պուրժ խալիֆան» մարդուն կողմէ կառուցուած ամէնէն բարձր շինութիւնն է 2008 թուականէն ի վեր: Անոր բարձրութիւնը կը հասնի 828 մեթրի: Անիկա բաղկացած է 160 յարկերէ, ուր կը գտնուին բնակարաններ, գրասենեակներ եւ շքեղ պանդոկ մը: Անիկա կրնայ ընդունիլ մինչեւ 35 հազար անձեր եւ օժտուած է 57 վերելակներով, որուն ամէնէն արագը կը բանի ժամական 40 քմ արագութեամբ:

 

Ես աշխարհի ամէնէն փոքրիկ թռչունն եմ: Ո՞վ եմ ես:

kideyir-3_41616

Մեղրահաւը: Ան ունի 6 սմ մեծութիւն եւ կը կշռէ 2 կրամ: Սակայն, հակառակ ասոր, ան մեծ հնարքներ կրնայ կատարել թռիչքի ատեն, ինչպէս դէպի ետեւ կամ օդին մէջ նոյն տեղը կենալ ծաղիկներով մեղրահիւթէն սնանելու համար: Անշուշտ անոր կը պատկանի նաեւ աշխարհի ամէնէն փոքր հաւկիթներու մրցանիշը, անոր հաւկիթը ունի 9 մմ մեծութիւն եւ կը կշռէ, 0,4 կրամ: Սակայն, որովհետեւ անոր ոտքերը շատ տկար եւ պզտիկ են, ան չի կրնար գետնին վրայ ցատկռտել:

 

Մարդ արարածը առաւելագոյնը որքա՞ն կրցած է իջնել գետնին խորը:

12,2 քմ: Մարդ արարածը տակաւին չէ կրցած իջնել աւելի քան 12,2 քմ երկրագունդին խորքը:  Նոյնիսկ եթէ այս խորութիւնը բաւական է, ան չի ներկայացներ նոյնիսկ երկրագունդին առաջին կեղեւին հաստութեան կէսը: Պէտք է տակաւին բաւական սպասել` կարենալ մօտենալու համար մեր մոլորակին կեդրոնին, որուն հեռաւորութիւնը Երկրի մակերեսէն 6000 քմ է:

 

Կրաֆֆ Փինքը աշխարհի ամէնէն սուղ առարկան է` քիլոյով կշռուած: Ի՞նչ է ան:

kideyir-4_41616

Վարդագոյն ադամանդ մը: Կրաֆֆ փինքը 24,78 քարաթ վարդագոյն ադամանդ մըն է, որ հաշուըւած է զմրուխտի մը նման: Այս յարգի քարը դարձած է, քիլոկրամով տաշուած, ամէնէն սուղ առարկան, երբ ան գնուած է 46 միլիոն տոլարի, Ժընեւի մէջ, աճուրդի մը ընթացքին:

 

Ալլընի Նկարները
Անասուններու Հետ

allan-2_41616

 

 

 

 

 

 

 

 

 

allan-5_41616

allan-7_41616

 

 

 

 

 

 

 

allan-6_41616allan-8_4161629 տարեկան իրլանտացի Ալլըն Տիքսոն շատ կը սիրէ ճամբորդել: Ան սովորութիւն ունի այս իր ճամբորդութիւններէն իբրեւ յիշատակ պահելու իր ճամբուն վրայ հանդիպած անասուններու հետ առած «սելֆի» նկարներ:

Պիտի ըսէք` շատ դիւրին է «սելֆի» մը նկարել կը բաւէ գլուխը քիչ մը հակել, ժպտալ եւ հեռաձայնին նկարելու կոճակը սեղմել: Քլի՛ք, քլա՛ք, դուք կը ստանաք գեղեցիկ ինքնանկար մը: Սակայն նման բան մը անասունի մը ընկերակցութեամբ փորձելը ամբողջովին ուրիշ հարց է:

Ալլըն կը բացատրէ, թէ անասունի մը հետ նկար մը առնելը կրնայ 5 վայրկեանէն մինչեւ, երբեմն 3 ժամ տեւել: Ամէն ինչ կախեալ է անձին հանդէպ, անասունին ունեցած վստահութենէն: Ան միշտ զգուշօրէն եւ հանդարտ կը վարուի անասուններուն հետ` անոնց չգրգռելու համար: Ան նոյնիսկ երբեմն հետը պզտիկ ուտելիքներ կը տանի անասուններուն տալու համար: Վերջապէս ան անշարժ կը մնայ, երբեմն` գետինը ցեխերուն մէջ երկնցած, սպասելով, որ անասունը իրեն մօտենայ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել դուռին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել դուռին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել տաբատին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել տաբատին հասցնող ճամբան
Կրնա՞ս գտնել շրջանակին մէջի գլխարկին համապատասխանող գլխարկը:
Կրնա՞ս գտնել շրջանակին մէջի գլխարկին համապատասխանող գլխարկը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արժանի՞ Ենք Մեր Հերոսներին

RelatedPosts

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն
Մանկապատանեկան

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն

October 10, 2026
Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է

September 26, 2026
500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ
Մանկապատանեկան

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.