Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամէն երկու տարին անգամ մը, շաբաթավերջի մը ընթացքին ծաղիկներով պատրաստուած իսկական գլուխ-գործոց մը կը զարդարէ Պելճիքայի Պրիւքսէլ մայրաքաղաքին հրապարակը: Այս իրադարձութիւնը միշտ տեղի կ՛ունենայ Վերափոխման շաբաթավերջին: Հետեւաբար, եթէ այս տարի բան մը չէք ծրագրած 12-15 օգոստոսի շաբաթավերջին համար, կրնաք ուղղուիլ… դէպի Պելճիքա:
Պրիսքսէլի հրապարակի ծաղիկներու գորգը իր ներկայ ձեւին տակ պաշտօնապէս տեղի ունեցած է 1971 թուականին: Ան գործն է յարդարման մասնագէտ, ճարտարապետ Էթիէն Սթոթմասի:
Հակառակ, որ գորգին հրապարակին վրայ զետեղումը կը կատարուի մէկ օրէն, սակայն անոր աշխատանքները կը սկսին արդէն մէկ տարի առաջ: Կ՛ընտրուի նիւթ մը (մեծ դէպքերու ոգեկոչում, երկիր մը, ցամաքամաս մը…): Կը յօրինուի նոյնիսկ այդ դէպքին յատուկ երաժշտութիւն մը. ապա աշխատանքը կը յառաջանայ փուլերով. գորգի օրինակին մանրակերտը, ապա իսկական չափերով (77 մեթրով 24 մեթր) օրինակը, կ՛որոշուին ծաղիկներուն թիւը եւ անոնց գոյները:
Աւելի քան 120 կամաւորներ պիտի սկսին կազմելու այս գորգը` գործածելով մօտաւորապէս 1 միլիոն պեկոնիա ծաղիկ` ծածկելու համար 1800 քառ. մեթր… 4 ժամէն:
Պեկոնիա ծաղիկին ընտրութիւնը պատահական չէ: Այս տոկուն ծաղիկը գեղեցկութիւն եւ վառ գոյներ կը հայթայթէ գորգին: Ան ծագած է Անթիլիա կղզիներուն մէջ եւ կրնայ տոկալ օդերեւութաբանական տարբեր պայմաններու, զօրաւոր արեւ, հով, անձրեւ, ցուրտ: Պելճիքան պեկոնիա արտադրող աշխարհի առաջին երկիրներէն է:
* * *
2016-ի ծաղիկի գորգը պիտի նշէ այս դէպքին 20-րդ տարեդարձը, որ այս տարի նուիրուած է Ճափոնի:
Ֆութպոլի Աշխարհէն
Խումբ մը ընկերներ, գնդակ մը եւ բակ մը. այս պարզութեամբ ֆութպոլը դարձած է աշխարհի ամէնէն սիրուած մարզաձեւը: Ներկայիս տեղի կ՛ունենայ Եւրօ 2016-ի մրցաշարքը` եւրոպական երկիրներու ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, Ֆրանսայի մէջ, 10 յունիսէն մինչեւ 10 յուլիս: Ան ֆութպոլի սիրահարներու այս տարուան գլխաւոր իրադարձութիւնն է:
Սակայն գիտէի՞ք, թէ գոյութիւն ունին նաեւ ֆութպոլի տարբերակներ, աշխարհին շուրջ տարբեր երկիրներու մէջ:
Ցեխի ֆութպոլ Չինաստանի մէջ
Ըստ երեւոյթին, չիները կը նախընտրեն աւելի խրթին… եւ աղտոտ ֆութպոլի խաղ մը. Փեքինի Եուէթան դաշտին մէջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ ցեխի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Անոր օրէնքները քիչ մը տարբեր են պարզ ֆութպոլի խաղի օրէնքներէն. իւրաքանչիւր խումբ կազմուած է 6 մարզիկներէ. փենալթի եւ սահմաններէն դուրս գնդակի օրէնք գոյութիւն չունի… եւ անշուշտ միշտ ամէնէն լաւը թող յաղթէ:
Ինտոնեզիոյ մէջ, մարզաձե՞ւ, թէ՞ կրօնական արարողութիւն
Ռամատանը տօնելու համար երիտասարդները կը խաղան սեփաք փոլա ափի, որ ֆութպոլի խաղին զարմիկ մըն է. սակայն գնդակի մը փոխարէն անոնք կը գործածեն… կրակ առած հնդկընկոյզ մը:
Սակայն այս խաղը խաղալու համար մարզիկները հետեւած են երկար վարժութիւններու, պատրաստութիւններ, որոնք կ՛ընդգրկեն աղօթք, յատուկ սննդականոն եւ սահմանափակ քուն:
Գնդակիդ մէջէն
Քանատայի մէջ պապըլ-սաքըրը բազմաթիւ հետեւորդներ ունի: Իսկական ֆութպոլէն աւելի` այս մարզաձեւը կը նմանի էրպակերով ինքնաշարժներու մրցումի մը: Մարզիկները կը խոստովանին, որ իրենք հազիւ կը տեսնեն գնդակը եւ կը նախընտրեն զարնուիլ իրենց հակառակորդին: Ո՛չ շատ վտանգաւոր… սակայն ո՛չ շատ լուրջ մարզաձե՞ւ մը:
Թաքրոուի նինճաները
Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ այս մարզաձեւը շատ մեծ ժողովրդականութիւն ունի: Ան խառնուրդ մըն է ֆութպոլի, մարտարուեստի եւ վոլիպոլի: Արգիլուած է ձեռքերով խաղալը, սակայն ասիկա ոչ մէկ ձեւով կը նեղացնէ մարզիկները:
Հարցարան
1) Անիւը հնարելով է, որ հին եգիպտացիները կրցան դիւրութեամբ շինել բուրգերը:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
2) Միաձուլում մը տարբեր տարրերով մետաղեայ խառնուրդ մըն է: Ինչէ՞ բաղկացած է պրոնզը:
ա – Երկաթէ եւ բնածուխէ, բ – Պղինձէ եւ զինկէ, գ – Պղինձէ եւ անագէ:
3) Կալիլէօ լեհ էր:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
4) Ո՞վ հնարած է հեռաձայնը:
ա – Կրահամ Պել, բ – Անթոնիօ Մուչչի, գ – Էլիշա Կրէյ:
5) 23 յունուար 1962-ին, «Թրիիսթէ» սուզուող մեքենան հասաւ մինչեւ ընդծովեայ 10,916 մեթր խորք, Մարիաններու փոսին մէջ: Այս մրցանիշը տակաւին մինչեւ այսօր ի զօրու կը մնայ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
6) Բնածուխը աւելի ծանր է, քան կապարը:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
7) 1994 թուականին շինուած, Թէյմսի տակէն անցնող փապուղին աշխարհի ամէնէն երկար ընդծովեայ շոգեկառքի փապուղին է:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
8) Ի՞նչ քաղաքացիութիւն ունէր աշխարհահռչակ գիտնական Ալպերթ Այնշթայն:
ա – Գերմանական , բ – Զուիցերիական, գ – Ամերիկեան:
9) Նախընտրելի է ունենալ 15 քարաթ մատանի մը, քան` 24 քարաթ մատանի մը:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
10) Ինչո՞ւ պողպատէ դգալ պատառաքաղները չեն ժանգոտիր:
11) Ո՞վ հնարեց առաջին հաշուիչ մեքենան:
ա – Լէոնարտօ տա Վինչի, բ – Պլեզ Փասքալ, գ – Ուիլիըմ Շիքարտ:
12) Անջրպետին մէջ աշխարհի առաջին մարդ արարածը ռուս Եուրի Կակարին իր առաջին փորձ-թռիչքը կատարեց «Սփութնիք» անջրպետանաւուն մէջ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
13) Ինչո՞ւ նախընտրելի է, որ պզտիկ աստիճանի մը վրայ բարձրանաս հիւրասենեակիդ մէջ, եթէ կ՛ուզես աւելի տաք զգալ:
14) Քանի՞ վայրկեան կը պարունակէ 2009 տարին:
15) Ի՞նչ է Հապըլը:
ա – Անջրպետանաւ մը, բ – Աստղադիտակ մը, գ – Աստղագէտ-բնագէտ մը:
16) Ո՞ր հանքային նիւթը կը գործածուի հիւլէական ուժանիւթ արտադրելու համար:
ա – Փոթասիոմ, բ – Մակնեզիոմ, գ – Իւրանիոմ:
17) Ո՞վ է երկրաչափութեան հայրը:
ա – Եուկլիտ, բ – Փիթակոր, գ – Թալես:
18) Որքա՞ն պիտի ստանաս, եթէ բազմապատկես զառի մը վրայ գտնուող բոլոր թիւերը:
19) Կրնա՞ս գտնել միւսներէն տարբեր թիւը. 13, 7, 29, 15, 47, 3, 71, 514:
20) Անջրպետին մէջ հեռաւորութիւնները կը չափուին լոյս-տարիով: Որքա՞ն է երկրագունդ-լուսին հեռաւորութիւնը:
ա – Մէկ լոյս-երկվայրկեան, բ – Մէկ լոյս-վայրկեան, գ – Մէկ լոյս-օր:
Պատասխանները Վերջաւորութեան
Ժամանց



Պատասխանները
1) Սխալ: Միջագետքի (ներկայի Իրաք) մէջ բնակող սումերներն են, որոնք հնարած են անիւը մօտաւորապէս Ք. Ա. 3500 թուականին: Երբ եգիպտացիները իրենց բուրգերը կը շինէին, անոնք տակաւին չէին իմացած այս գիւտին մասին: 2) Պղինձ եւ անագ: Երկաթի եւ բնածուխի խառնուրդը կու տայ պողպատ, իսկ պղինձի եւ զինկի խառնուրդը` արոյր: 3) Սխալ: Այս հռչակաւոր աստղագէտը եկած է Իտալիայէն: Անոր անունը Կալիլէօ Կալիլէի է: Ան հաստատած է, որ երկրագունդը արեւուն շուրջ կը դառնայ: Ան այս հաստատումը կատարած է լեհ Կոպեռնիկոսէն աւելի քան 100 տարիներ առաջ: 4) Անթոնիօ Մուչչի: Այս գիւտը երկար ժամանակ վերագրուած է Կրահամ Պելին, որ պաշտօնապէս զայն արձանագրած է 1876-ին: Սակայն հեռաձայնի իսկական հնարիչը եղած է Մուչչի, որ իր գիւտը արձանագրած է 1871-ին, բայց վկայագիրը 1874-ին չէ երկարաձգուած: 5) Ճիշդ: Օկիւսթ Փիքար շինած է այս սուզուող մեքենան: Օկիւսթի զաւակը` Ժաք եւ ծովային տեղակալ Տոն Ուալշ կրցած են հասնիլ մինչեւ այդ խորութիւնը «Թրիսթէ»-ի միջոցով: 6) Սխալ: Կապարը շատ ծանր մետաղ մըն է: Մինչ բնածուխը շատ թեթեւ է` հակառակ իր տոկունութեան: 7) Սխալ: Ճափոնի Սէյքանի փապուղին իր 54 քմ երկարութեամբ աշխարհի ամէնէն երկար ընդծովեայ շոգեկառքի փապուղին է: Ան իրարու կը միացնէ Հոնշու եւ Հոքքայտօ կղզիները: Մինչ Թէյմսի փապուղիին երկարութիւնը «միայն» 50 քմ է: 8) Երեք քաղաքացիութիւններն ալ: Այնշթայն գերմանացի էր: 1901 թուականին ան զուիցերիական քաղաքացիութիւն ստացաւ եւ զայն պահեց մինչեւ իր մահը: Սակայն այս նոր քաղաքացիութիւնը արգելք չեղաւ, որ ան ստանայ ամերիկեան քաղաքացիութիւն, 1940 թուականին: 9) Սխալ: Քարաթը կը նշէ նիւթի մը եւ յատկապէս ոսկիին զտութիւնը: Երբ կ՛ըսենք, թէ մատանի մը 15 քարաթ կ՛արժէ, կը նշանակէ, որ մատանիին 24 կրամին մէջ կայ 15 քարաթ ոսկի: Իսկ եթէ ան 24 քարաթ է, ասիկա կը նշանակէ, որ ան զուտ ոսկի է: 10) Որովհետեւ անոնք շինուած են ինոքսէ պողպատով: Ինոքսը երկաթի եւ բնածուխի խառնուրդ մըն է, որուն վրայ կ՛աւելցուի քրոմ եւ նիկել, որոնք չեն ձգեր, որ երկաթը ժանգոտի օդին կամ ջուրին հետ շփուելով: 11) Ուիլհըմ Շիքարտ: Հաշուիչ մեքենային գիւտը կը վերագրուի Պլեզ Փասքալի, 1642 թուականին: Սակայն ան չէր գիտեր, թէ Շիքարտ նման մեքենայ մը հնարած էր 1623 թուականին: 12) Սխալ: «Սփութնիք»-ը 1957-ին անջրպետ ղրկուած առաջին արբանեակն է: Երբ Եուրի Կակարին Պայքոնուրի կեդրոնին ճամբայ 12 ապրիլ 1961-ին, ան կը գտնուէր «Վոսթոք» կոչուած անջրպետանաւի մը մէջ: 13) Որովհետեւ տաք օդը պաղ օդէն աւելի թեթեւ է. ան դէպի վեր կը բարձրանայ: Այս ձեւով, առաստաղին մօտ օդը միշտ աւելի տաք է, քան` գետնի մակարդակին վրայ: 14) 525.600: 2009-ը նահանջ տարի չէ, հետեւաբար, առանց 29 փետրուարի, ան ունի միայն 365 օր: Օրական 1440 վայրկեանով, ուրեմն մենք 2009-ին ապրեցանք 525.600 վայրկեան: 15) Անջրպետի աստղադիտակ մը եւ աստղագէտ-բնագէտ մը: Հապըլ երկրագունդին շուրջ կը դառնայ 1990 թուականէն ի վեր` անջրպետը նկարելու համար: Ան իր անունը կը պարտի այն աստղագէտ-բնագէտին, որ գտած է մեր արեգակնային դրութենէն դուրս գտնուող աստղահոյլերուն գոյութիւնը: 16) Իւրանիոմը: Իւրանիոմ 235-ը կը գործածուի իբրեւ վառելանիւթ հիւլէական կեդրոնի մը մէջ: Մասնիկներու հիւլէներուն բաժանումը կը յառաջացնէ շատ մեծ տաքութիւն, որ կը գործածուի ելեկտրականութիւն արտադրելու համար: 17) Եուկլիտ: Փիթակոր եւ Թալես յոյն գիտնականները եղած են առաջին անձերէն, որոնք երկրաչափական ապացուցանելի առաջադրութիւններ կատարած են: Սակայն յոյն թուաբանագէտ Եուկլիտ վերջնականապէս գրեց այն օրէնքները, որոնք ներկայիս մեզի ծանօթ են: 18) 720: Հաշուենք. 1 x 2= 2, 2 x 3= 6, 6 x 4= 24, 24x 5= 120 եւ վերջապէս 120×6=720 եւ անշուշտ միշտ նոյն արդիւնքը պիտի ստանաս, երբ այս թիւերը տարբեր շարքով բազմապատկես: 19) 15-ը: Ան կը բաժնուի 1-ով եւ 15-ով, ինչպէս նաեւ` 3-ով եւ 5-ով: Միւս բոլոր թիւերը կը բաժնուին միայն 1-ով եւ նոյն թիւով: Անոնք «առաջին» թիւերն են: Եւ այդ թիւերուն առաջինը… 1-ն է: 20) Մէկ լոյս-երկվայրկեան: Լոյսը կը յառաջանայ մէկ երկվայրկեանի մէջ 300 հազար քմ. մէկ լոյս-տարին կը համապատասխանէ 10 հազար միլիառ քմ-ի: Լուսինը կը գտնուի երկրագունդէն մօտաւորապէս 384 հազար քմ հեռու. քիչ մը աւելի, քան` մէկ լոյս-երկվայրկեան: