Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Սիմիենի լեռնային գիւղի մը մէջ ծնած Ժեթու կը բժշկէ ամէն ինչէ հեռու գտնուող այդ շրջաններու բնակիչները:
Ժեթու մեծցած է Եթովպիոյ հիւսիսը, Քէյիթ գիւղին մէջ, մեծ քաղաքներէն, ճամբաներէն եւ հիւանդանոցներէն հեռու: Բժիշկ մը տեսնելու համար պէտք է քալել երեք օր, մինչեւ` Տեպարքի փոքրիկ քաղաքը, ուր գոյութիւն ունի դարմանատուն մը:
Հետեւաբար փոքրիկ Ժեթու կը սկսի երազել հիւանդապահ դառնալու մասին: Եւ որովհետեւ ան շատ լաւ աշակերտ մըն է, անոր ամբողջ ընտանիքը, ազգականները` մօտիկ եւ հեռու, անոր փափաքը կ՛իրականացնեն եւ անոր ուսման համար դրամը կը հայթայթեն: Չորս տարի Կոնտարի համալսարանին մէջ ուսումէ ետք, անոր երազը կ՛իրականանայ. ան հիւանդապահ կը դառնայ քաղաքին հիւանդանոցին մէջ:
Քանի մը տարի ետք «Սիմիեն մաունթընզ մոպայլ մետիքըլ սըրվիսըզ» կազմակերպութիւնը անոր կ՛առաջարկէ շրջուն հիւանդապահի մը պաշտօնը` իր մանկութեան գիւղին մէջ հաստատուած: Ան կ՛ընդունուի եւ այս ձեւով կը դառնայ շրջանին 28 գիւղերուն բժշկական հարցերով զբաղող անձը: Ան գիւղերը կը պտտի` բնակիչներուն հանդիպելու, առողջապահական հարցերուն մասին զանոնք լուսաբանելու եւ դարմանելու համար: Իսկ երբ հարկ կ՛ըլլայ, ան հիւանդները երբեմն հիւանդանոց կը ղրկէ: Բազմաթիւ հիւանդութիւններէ կարելի է խուսափիլ եւ առողջապահական պարզ միջոցներով, կամ` եթէ հիւանդութիւնները կանուխ բացայայտուին:
Սակայն որովհետեւ ան միակ անձն է 30 հազար բնակիչներու համար, ան երբեմն ինքզինքը յուսահատ կը զգայ, որովհետեւ գործը դժուար է այդ լեռներուն մէջ: Սակայն երբ մարդիկ կու գան իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու իրենց ամբողջ սրտով, ան կը հաւատայ, որ իր գործը պէտք է շարունակէ:
* * *
Շաբաթավերջը իր տունը անցընելէ ետք, երկուշաբթի առտու Ժեթու ուրախ կ՛ուղղուի դէպի առաջին գիւղը: Ան տուն պիտի վերադառնայ ուրբաթ գիշեր:
Ջորիին վրայ երկու ժամ ճամբայ կտրելէ ետք, երբեմն աւելի քան 4000 մեթր բարձրանալով, ան իր վրանը կը դնէ գիւղին մէջ: Գիւղացիները կը հաւաքուին զայն լսելու համար: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ առողջապահական գիտելիքներ ընթացիկ հիւանդութիւններու ախտանշաններ եւ դարմանուելու խրատներ:
Ժեթու բժիշկի դեր կը կատարէ. ան մտիկ կ՛ընէ իրեն խորհուրդին դիմած հիւանդները, կը թելադրէ պարզ դարմաններ, անոնց արեան ճնշումը կը ստուգէ եւ դեղեր կը գրէ:
Քէյիթ գիւղին մէջ նոր դարմանատուն մը նոր բժիշկ մը պիտի ընդունի 2016 տարուան սկիզբը: Մինչ այդ Ժեթու հոն կը զետեղէ դեղերը:
Չափահասները քննելէ ետք, Ժեթու կ՛անցնի բոլոր դպրոցներէն, ուր ան աշակերտներուն կը բացատրէ ձեռքերը լուալու եւ ակռաները խոզանակելու կարեւորութիւնը:
Թիւեր
Ի՞նչ Լեզու Կը Խօսիք
Ներկայիս աշխարհի տարածքին աւելի քան 7000 խօսուող լեզուներ գոյութիւն ունին: Կարգ մը անձեր կը խօսին քանի մը տարբեր լեզուներ, սակայն իւրաքանչիւրը ունի իր «առաջին» լեզուն, որ կը սորվի, երբ մանուկ է:
Ահա իբրեւ առաջին լեզու խօսուած առաջին 10 լեզուներու ցանկը.
29,6 առ հարիւր` չինարէն
14,5 առ հարիւր` սպաներէն
11,7 առ հարիւր` անգլերէն
9 առ հարիւր` հնդկերէն
8,3 առ հարիւր` արաբերէն
7 առ հարիւր` փորթուգալերէն
6,7 առ հարիւր պենկալերէն
5,8 առ հարիւր` ռուսերէն
4,3 առ հարիւր` ճափոներէն
2,9 առ հարիւր` ժավայերէն
ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…
Մինչեւ 2100 թուականը աշխարհի լեզուներուն կէսը կրնայ կորսուիլ: Լեզու մը կը մեռնի մօտաւորապէս ամէն 14 օրը անգամ մը:
Գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 50 պաշտօնական լեզուներ, որոնք կը խօսուին միայն մէկ անձի կողմէ:
Ըստ ուսումնասիրութեան մը, նկատուած է, թէ կիներ եւ այրեր օրական գրեթէ նոյն թիւով բառեր կ՛արտասանեն` 16 հազար բառ:
Ճի՞շդ Թէ Սխալ
Վայրի Բնութեան Մէջ
1) Անթարքթիքայի մէջ գործօն հրաբուխներ գոյութիւն չունին:…………………… Ճ/Ս
2) Մեզի ծանօթ ամէնէն խորունկ քարայրը կը գտնուի Արեւելեան Եւրոպայի մէջ:…………………… Ճ/Ս
3) Իսլանտայի մէջ մարդիկ երբեմն կը տեսնեն բեւեռային արջեր, որոնք բնութեան մէջ կը պտտին:…………………… Ճ/Ս
4) Աշխարհի ամէնէն մեծ պամպու եղէգի բոյսը կը գտնուի Ճափոնի մէջ:…………………… Ճ/Ս
5) Հաւկիթ ածող ստնաւորները կը գտնուին միայն Աւստրալիոյ մէջ:…………………… Ճ/Ս
6) Լեռները կը ծածկեն Չիլիի գրեթէ կէս տարածքը: …………………… Ճ/Ս
7) Հնդկաստանը միակ երկիրն է, ուր կրնաս գտնել թէ՛ առիւծներ, թէ՛ ալ վագրեր:…………………… Ճ/Ս
8) Ռուսիոյ մէջ գոյութիւն ունի ճահիճ մը, որ Զուիցերիայէն աւելի ընդարձակ է:…………………… Ճ/Ս
9) Հարաւային Ափրիկէի մէջ է, որ գոյութիւն ունին ամէնէն մեծ թիւով հրաբուխներ:…………………… Ճ/Ս
10) Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէնէն ցած վայրը կը գտնուի Քալիֆորնիոյ անապատին Տեթ Վելիի մէջ:…………………… Ճ/Ս
11) Բոյսերու աւելի քան 6000 տեսակներ գոյութիւն ունին Ամազոնի անտառի իւրաքանչիւր 100 հեկտարի մէջ, Փերու:…………………… Ճ/Ս
12) Աշխարհի ամէնէն բարձր ջերմաստիճանը արձանագրուած է Ափրիկէի մէջ:…………………… Ճ/Ս
13) Նեղոս գետը ունի երկու ճիւղ` Կապոյտ Նեղոսը եւ Վարդագոյն Նեղոսը:…………………… Ճ/Ս
14) Կալափակոս կղզիներուն մէջ կ՛ապրին աշխարհի ամէնէն փոքրիկ կրիայի տեսակները:…………………… Ճ/Ս
15) Շուէտի տարածքին մօտաւորապէս 70 առ հարիւրը ծածկուած է ծառերով:…………………… Ճ/Ս
16) Մոնկոլիա Ասիոյ ամէնէն ցուրտ երկիրներէն մէկն է:………………….. Ճ/Ս
17) Պոցուանա աշխարհի ամէնէն մեծ ադամանդ արտադրող երկիրներէն մէկն է:…………………… Ճ/Ս
18) Աշխարհի ամէնէն աղի ջուրի վայրը կը գտնուի Եւրոպայի մէջ:…………………… Ճ/Ս
19) Զատիկ կղզիի հսկայական քարէ արձանները այցելելու համար պէտք է Անգլիա երթալ:…………………… Ճ/Ս
20) Անտեան լեռներէն բաժին մը կը կազմէ Արժանթինի եւ Չիլիի միջեւ սահմանը:………………Ճ/Ս
Պատասխանները Վերջաւորութեան
Ժամանց



Պատասխանները
1) Սխալ: Անթարքթիքայի մէջ Էրէպիւս լեռը աշխարհի ամէնէն հարաւը գտնուող գործօն հրաբուխն է: 2) Ճիշդ: Հետախոյզ մը այդ քարայրին մէջ իջնելը նկարագրած է «շրջուած` Էվերեսթի գագաթ մը մագլցելու նման»: 3) Ճիշդ: Տակաւին բեւեռային արջերը երբեմն կ՛այցելեն Իսլանտա, սակայն` նուազ քան 50 տարիներ առաջ: 4) Սխալ: Աշխարհի ամէնէն մեծ պամպուի բոյսը կը գտնուի Չինաստանի մէջ: 5) Ճիշդ: Միայն երկու տեսակ ստնաւորներ հաւկիթ կ՛ածեն եւ անոնք կ՛ապրին Աւստրալիոյ մէջ: 6) Սխալ: Չիլի հովիտներով երկիր մըն է եւ լեռները կը ծածկեն անոր տարածքին 80 առ հարիւրը: 7) Ճիշդ: Այս երկու կատուազգիները կորսուելու վտանգի մէջ կը գտնուին եւ անոնք պահպանուած անասուններ են Հնդկաստանի մէջ: 8) Ճիշդ: Ռուսիոյ մէջ Վասիուկան ճահիճը Զուիցերիայէն 20 անգամ աւելի ընդարձակ է: 9) Սխալ: Աւստրալիոյ հիւսիսը գտնուող Ինտոնեզիոյ մէջ է, որ կը գտնուին ամէնէն մեծ թիւով հրաբուխներ: 10) Ճիշդ: Տեթ Վելին կը գտնուի ծովու մակերեսէն 86 մեթր ցած: 11) Ճիշդ: Փերու կ՛ուզէ այս տեսակները պահպանել եւ անոնց համար յատուկ արգելոցներ նշանակած է: 12) Սխալ: Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ Տեթ Վելիի մէջ է, որ արձանագրուած է ամէնէն տաք ջերմաստիճանը` 56,7 աստիճան: 13) Սխալ: Այդ ճիւղերը կը կոչուին` Կապոյտ Նեղոս եւ Ճերմակ Նեղոս: 14) Սխալ: Կալափակոս կղզիներուն մէջ կարելի է գտնել աշխարհի ամէնէն մեծ կրիաներու տեսակները. ամէնէն փոքր կրիաներու տեսակները կը գտնուի Հարաւային Ափրիկէի մէջ: 15) Ճիշդ: Շուէտը Եւրոպայի ամէնէն շատ անտառներ ունեցող երկիրներէն մէկն է: 16) Ճիշդ: Մոնկոլիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ արձանագրուած է մինչեւ – 58 աստիճան ցուրտ: 17) Ճիշդ: Ափրիկէի հարաւը գտնուող Պոցուանա սքանչելի բնութեամբ եւ կենդանական հարուստ աշխարհով օժտուած երկիր մըն է: 18) Սխալ: Անթարքթիքայի մէջ Տոն Խուան լճակը ամէնէն աղին է: 19) Սխալ: Զատիկ կղզին Փոլինեզեան կղզի մըն է, որ կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսին մէջ եւ Չիլիի պատկանող տարածք է: 20) Ճիշդ: Երկու տարբեր կլիմաներու պատճառով Անտեան լեռները բաժնուած են Արժանթինի եւ Չիլիի միջեւ` Չոր Անտեր եւ Թաց Անտեր: