Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թայթանիք»-ին Երկրորդ Ճամորդութիւնը

Ապրիլ 2, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Աւստրալիացի միլիառատէր մը կ՛ուզէ շինել տալ «Թայթանիք» նաւէն նոր օրինակ մը: Այս նոր «Թայթանիք»-ին առաջին ճամբորդութիւնը կը նախատեսուի 2018 թուականին: Պիտի ուզէի՞ր մաս կազմել այս արկածախնդրութեան:

titanic-1_40216

15 ապրիլ 1912-ին աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր նաւը` «Թայթանիք»-ը ընկղմեցաւ Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ, սառցալերան մը զարնուելէ ետք: Այն նաւը, որ սկզբունքով անկարելի էր, որ ընկղմէր, այլեւս իր օրերը կ՛անցընէ ովկիանոսին խորերը:

***

Այս անհաւատալի պատմութիւնը գրաւած է յատկապէս աւստրալիացի միլիառատէր մը` Քլայւ Փալմըր: 2012 թուականին արդէն ան կ՛առաջարկէ «Թայթանիք»-ին նոյնանման նաւու մը շինութեան ծրագիրը: Այս նաւուն կառուցման ծախսերը պիտի հասնին 500 միլիոն տոլարի: Սակայն բազմաթիւ բարդութիւններ կը յառաջանան եւ իրենց հետ կ՛անհետացնեն նաեւ ծրագիրը:

titanic-2_40216

Սակայն Քլայւ Փալմըր իր գաղափարէն չի հրաժարիր: Փետրուար ամսուն ան կը յայտարարէ, թէ «Թայթանիք 2-րդ» նաւուն շինութիւնը պիտի իրականանայ: Այս հսկայական աշխատանքը յանձնուած է «Պլու սթար լայն» անգլիական ընկերութեան: Նաւուն տարբեր կտորները պիտի կազմուին Չինաստանի մէջ: Ծրագրին պատասխանատուները կը հաստատեն, որ այս նոր նաւը իսկական «Թայթանիք»-ին կրկնօրինակը պիտի ըլլայ: Անիկա պիտի ունենայ 53 մեթր բարձրութիւն, 269 մեթր երկայնք եւ երեք յարկ` սենեակներուն յատկացուած:

«Թայթանիք 2-րդ»-ը պիտի հետեւի տարհանման ամէնէն արդի միջոցներուն. ան օժտուած պիտի ըլլայ նաեւ նաւարկումի տարբեր դրութիւններով, թուային ռատարներով եւ 21 դարու բոլոր արհեստագիտութիւններով: Մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի յատկապէս նաւուն մարմնին յղացումին:

Միակ անծանօթ մանրամասնութիւնը կը մնայ ճամբորդութեան տոմսին գինը: Ըստ կարգ մը շշուկներու, առաջին կարգի տոմսին գինը կրնայ հասնիլ մինչեւ 850 հազար տոլարի: Ճամբորդները սկսած են արդէն իրենց անունները արձանագրել բացումին առաջին ճամբորդութեան համար, որ տեղի պիտի ունենայ 2018 թուականին, Չինաստանի Ժիանկու քաղաքէն մինչեւ Տուպայ:

 

Իսկ Օդերուն Մէջ…

concorde_40216

Ձեզի ծանօթ է Քոնքորտը: Այս օդանաւը կրնար թռչիլ ձայնի արագութենէն երկու անգամ աւելի արագ: Ան ճամբորդներով իր առաջին թռիչքը կատարած է 21 յունուար 1976-ին:

1960-ական թուականներուն Ֆրանսա եւ Անգլիա իրենց ուժերը միացուցին շինելու համար առաջին օդանաւը, որուն արագութիւնը կ՛անցնէր օդի արագութեան (մէկ երկվայրկեանի մէջ 340 մեթր): Առաջին փորձերը կատարուեցան 1969 թուականին: Անոնք բազմաթիւ տարիներ տեւեցին:

Ճամբորդներով առաջին թռիչքը վերջապէս տեղի ունեցաւ 21 յունուար 1976-ին, Փարիզ եւ Նիւ Եորք. այդ տարածութիւնը կտրեց երեքուկէս ժամէն: Անոր թռիչքի առաւելագոյն արագութիւնը կրնար հասնիլ ժամական 2518,992 քմ-ի:

Սակայն այս օդանաւին ծախսերը շատ էին: Ան նաեւ շատ վառելանիւթ կը սպառէր եւ շատ յաճախորդ չունէր:

25 յուլիս 2000-ին Ֆրանսայի Ռուասի օդակայանէն թռիչք առնելէ ետք Քոնքորտը կը ջախջախուի: Այս արկածը վերջ կը դնէ Քոնքորտի թռիչքներուն:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

anhavadali_40216

– Նորվեկիոյ մէջ «Տենս տենս ռեվոլուշըն» վիտէօ խաղը ընդունուած է իբրեւ պաշտօնական մարզաձեւ մը:

– Մեր մարմնին մորթէն իւրաքանչիւր 6,5 քառակուսի սանթիմեթր մակերես կը պարունակէ մօտաւորապէս 32 միլոն մանրէ:

– Ընձուղտները ձայնային լարեր չունին:

– Ջուրի մակարդակին վրայ երեք անգամ աւելի թթուածին կայ, քան Էվերեսթի գագաթին:

– Միացեալ Նահանգներու Ճորճիա նահանգի Քուրթմեն քաղաքին մէջ նաւերուն արգիլուած է ճամբան կտրել:

– Ուքրանիոյ մէջ սարդերը եւ անոնց ոստայնները բախտաբեր կը նկատուին. հետեւաբար յաճախ արհեստական ոստայններ կը գործածուին իբրեւ  Կաղանդի զարդարանք:

– Մեզի ծանօթ ամէնէն տաք աստղը մեր արեւէն 50 անգամ աւելի տաք է: Անոր տաքութիւնը կը հասնի 299.982 աստիճանի:

– Աւստրալիոյ տաք անապատին մէջ ագեվազները իրենց թեւերը կը լզեն զովանալու համար:

– Աշխարհի ամէնէն նուազ հնչիւններ ունեցող այբուբենը կը պարունակէ 12 գիր, իսկ ամէնէն շատը` 74 գիր:

– Ինքնաշարժը կազմուած է միջին հաշուով 30 հազար կտորներէ:

– Իսլանտան եւ Ֆարօ կղզիները աշխարհի միակ կղզիներն են, ուր մժեղ չկայ:

– Աշխարհի հրավառութեան ամէնէն մեծ ներկայացումը տեղի ունեցաւ Տուպայի մէջ, ուր գործածուեցաւ 479.651 միաւոր:

– Մենք կրնանք հանդիպիլ կանաչ թռչուններու, սողուններու, ձուկերու եւ միջատներու… Սակայն գոյութիւն չունին կանաչ ստնաւորներ:

– Ըստ ուսումնասիրութիւններու, տաք տուրմը աւելի համեղ կը թուի նարնջագոյն գաւաթի մը մէջ:

– Երբ մենք 1.089×9 բազմապատկենք, պիտի ստանանք ճիշդ հակառակը` 9.081:

 

 Դերասան Կատուներ

gadouner_40216

Մոսկուայի Կատուներու թատրոնը ներկայացում մըն է, որուն մասնակցող բոլոր դերասանները կատուներ են: Այս իւրայատուկ թատրոնը ստեղծողը` Եուրի Քուքլաչեւ, այս խումբը կը ղեկավարէ իր երկու որդիներուն` Տմիթրիի եւ Վլատիմիրի հետ: Երեքը միասին կատուները կը մարզեն անոնց ծնունդէն, որպէսզի անոնք կարենան լարախաղեր կատարել  հանդիսատեսներով լեցուն սրահի մը մէջ:

Ամէնէն Երկար Իշխած
Թագաւորը

takavor_40216

Սոփուզա 2-րդ Սուազիլանտի թագաւոր դարձած է, երբ տակաւին քանի մը ամսու էր, 1899 թուականին: Սակայն անոր մեծ մայրն էր, որ կ՛իշխէր, մինչեւ որ Սոփուզա 21 տարեկան եղած է, 1921-ին:

Այս թագաւորին իշխանութիւնը տեւած է մինչեւ անոր մահը, 1982 թուական, այսինքն` 82 տարի եւ 9 ամիս: Սոփուզա 2-րդ ամուսնացած է 70 կիներու հետ, ունեցած է 210 զաւակ եւ 1950 թոռնիկ:

Կարմիր Ծով Մը

garmir-dzov_40216

Այս տպաւորիչ կարմիր ծովը կը գտնուի Լիաօհ գետին կողքին, Չինաստանի Փանճին քաղաքին մօտ: Այս ծովուն կարմիր գոյնը կը յառաջանայ անոր յատակին արատօրէն բուսնող ծովային եղէգի տեսակէ մը:

Այս վայրի ծովային խոտը կը սկսի բուսնիլ ապրիլի եւ մայիսի միջեւ, եւ անիկա կանաչ կը մնայ ամբողջ ամրան ընթացքին: Աշնան այս խոտերը կը ստանան վառ կարմիր գոյն մը, որ կը յառաջացնէ այդ ընդարձակ կարմիր գոյնով ծովը:

Ժատով Փայենկի Մեծ Իրագործումը

jadav-payeng_40216

Գիտէի՞ր, թէ Ժատով Փայենկ մինակը տնկած է 550 հեկտար տարածքով ամբողջ անտառ մը:

Անոր արկածախնդրութիւնը սկսած է 1979 թուականին, Պրահմափութր գետի մէջտեղը աւազէ տարածքի մը վրայ, երբ այս հնդիկ պատանին 16 տարեկան էր:

Ժատով կը տեսնէ, թէ գետինը ծածկուած է սատկած օձերով: Անոնք սատկած էին տաքութեան պատճառով, որովհետեւ ոչ մէկ ծառ գտած էին անոր շուքին ապաստանելու համար:

Հետեւաբար Ժատով կը լքէ ամէն ինչ եւ կը սկսի մինակը հոն ապրիլ ու օրէ օր նոր ծառեր տնկել: Այժմ անոր անտառին տարածքը կը հասնի 550 հեկտար, որ հաւասար է 75 ֆութպոլի դաշտերու: Հոն կարելի է նոյնիսկ անասուններու հանդիպիլ:

Խօսող Փիղը

pigh_40216

Հարաւային Քորէայի Էվըրլանտ կենդանաբանական պարտէզին աստղը Քոշիք կոչուած փիղն է: Ան շատ իւրայատուկ է, որովհետեւ… խօսիլ սորված է:

25 տարեկան ասիական այս փիղը սորված է արտասանել 5 բառ` «լաւ», «պառկած», «բարեւ», «նստած» եւ «ոչ»: Ասիկա մեծ գաղտնիք մըն է գիտնականներու համար, որովհետեւ փիղերը չեն կրնար իրենց շրթունքները գործածել` մարդոց նման հնչիւններ արձակելու համար:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ իւրաքանչիւր միւս նկարներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ իւրաքանչիւր միւս նկարներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել գամերուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել գամերուն հասցնող ճամբան:
Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս – Մութթահետ` 72-83. Այսօր` Ռիատի – Սաժես

Յաջորդը

Շողիկ Թորոսեան. «Երգը Հոգիները Ջերմացնող Լաւագոյն Միջոցն Է»

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?