Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեանքը` Բարձունքներուն Վրայ. Լեռներու Ժողովուրդները

Ապրիլ 30, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մենք գիտենք, թէ լեռնային շրջաններուն մէջ կեանքը դիւրին չէ` թէ՛ բնութեան, թէ՛ ալ մարդոց համար: Ծանօթանանք կարգ մը ցեղախումբերու, որոնք ստիպուած եղած են յարմարելու բարձունքներուն վրայ կեանքի դժուար պայմաններուն:

Անտեան լեռնաշղթային վրայ քեչուաս հնդիկները

 

quechuas-1_43016quechuas-2_43016Քեչուասները Հարաւային Ամերիկայի հնդիկներէն են. անոնց թիւը կը հասնի տասը միլիոնի: Անոնք կ՛ապրին Անտեան լեռնաշղթայի բոլոր երկիրներուն մէջ եւ կը խօսին քեչուաս լեզուն: Սակայն անոնք ծագումով Փերուի քաղաքներէն` քուզքոյէն են, որ կը գտնուի աւելի քան երեք հազար մեթր բարձրութեան վրայ:

quechuas-5_43016quechuas-4_43016Քեչուասները կ՛ապրին Ալթիփլանոյի լեռնաշղթային բարձրաւանդակին վրայ, 2500-4000 մեթր բարձրութեան վրայ, շատ դժուար պայմաններու տակ: Կարգ մը ընտանիքներ կ՛ապրին քարէ տուներու մէջ, որոնք ո՛չ ջուր, ո՛չ ելեկտրականութիւն, ո՛չ ալ տաքնալու միջոցներ ունին (որովհետեւ բաւարար փայտ չկայ): Ուրիշներ հաստատուած են աւելի բարձր` 4000 մեթր բարձրութեան վրայ: Անոնք կ՛ապրին ցեխէ շինուած եւ ցանկապատով շրջապատուած պզտիկ տուներու մէջ, ուր անոնք կը պահեն լամաներ եւ ալփականեր: Սնանելու համար անոնք կը մշակեն գետնախնձոր, եգիպտացորեն եւ քինոա: Լամաները եւ ալփակաները կը բուծանուին իրենց բուրդին համար, ինչպէս նաեւ` միսին համար:

Ինչպէս կը նկատուի, քեչուասները դժուար կեանք մը ունին: Անոնք հասակով փոքր են ցուրտին աւելի լաւ տոկալու համար, եւ անոնց արիւնը մեր արիւնէն աւելի կարմիր գնդիկներ կը պարունակէ, որպէսզի անոնք չտառապին բարձունքներու վրայ ապրելէ: Եթէ մենք մօտէն ուսումնասիրենք անոնց հագուստները, պիտի նշմարենք, թէ անոնք շատ հաստ կը թուին, պարզապէս որովհետեւ անոնք քանի մը խաւ հագուստ կը հագուին ցուրտին տոկալու համար: Անոնց հագուստները յաճախ գոյներով հարուստ են եւ շինուած են լամաներու եւ ալփականերու բուրդով: Եւ որովհետեւ անոնց կեանքը դժուար է, անոնք իրարու կ՛օգնեն, միասին կ՛աշխատին եւ իրարու հետ կը բաժնուին իրենց ունեցածը: Ասոր կողքին, անոնք մեծ յարգանք ունին նաեւ բնութեան հանդէպ, որ իրենց կը հայթայթէ իրենց պէտք եղածը:

***

Նեփալի շերփաները` նշանաւոր լեռ մագլցողներ

sherpas-3_43016sherpas-1_43016Այո՛, շերփաները աշխարհի չորս կողմերէն Նեփալ եկող եւ Հիմալայան մագլցիլ ուզող անձերուն այնքան լաւ ընկերակիցներ են, որ մենք կը մոռնանք, թէ անոնք միայն լաւ մագլցողներ չեն:

Քեչուասներուն նման` շերփաներն ալ կ՛ապրին 2000-4000 մեթր բարձրութեան վրայ: Անոնց կեանքն ալ շատ դժուար է:

sherpas-2_43016sherpas-4_43016Շերփաներուն գիւղերը իրարու միացած են արահետներով. անոնք քալելով կը տեղափոխուին, եւ կը գործածեն մեծ կողովներ` ապրանքները փոխադրելու համար իրենց կռնակին վրայ կամ եաքիներուն վրայ բեռցուած: Անոնք այս անասունները կը պահեն եւ կ՛օգտագործեն անոնց կաթն ու միսը` սնանելու համար: Եաքի բուրդը կը ծառայէ հագուստներ շինելու համար, իսկ անոր չորցուած աղտոտութիւնը` կրակ վառելու համար: Անոնք, որոնք կ՛ապրին նուազ բարձր շրջաններու մէջ, կը մշակեն գետնախնձոր եւ ցորեն կամ գարի` հաց պատրաստելու համար: Անոնք կը դիմաւորեն լեռը մագլցող փափաքողները եւ անոնց իբրեւ առաջնորդ կը ծառայեն լեռներուն մէջ: Այր մարդիկը այս վտանգաւոր գործը կ՛ընեն, մինչ կիները կը զբաղին մանուկներով եւ մագլցողները կ՛ընդունին: Անոնց մօտ մանուկները շատ ազատ են… Սակայն անոնք շատ շուտ պէտք է սկսին իրենց ծնողներուն օգնելու, աւելի փոքրերուն ուշադրութիւն ընելու եւ աշխատելու:

***

Աթլասի քապիլները` երկրագործներ

kabyle-2_43016kabyle-1_43016Քապիլները կ՛ըսեն, թէ իրենք լեռնականներ են, եւ անոնք շատ հպարտ են: Սակայն գոյութիւն ունի մեծ տարբերութիւն մը անոնց եւ շերփաներուն կամ քեչուասներուն միջեւ: Անոնք կ՛ապրին շրջանի մը մէջ, ուր դիւրին է երթալը անոնց հանդիպելու համար, որովհետեւ հոն կեանքը շատ դժուար չէ: Առաւել, Ալճերիոյ լեռներուն վրայ, ուր անոնք կ՛ապրին, յաճախ նուազ քան 1000 մեթր բարձրութեան վրայ, կլիման շատ խիստ չէ, ինչպէս Անտեան լեռնաշղթային վրայ կամ Հիմալայայի լանջին: Քապիլները բախտաւորութիւնը ունին ձիթենիներ եւ թզենիներ մշակելու Աթլասի զառիվայրներուն վրայ:

kabyle-3_43016

Սակայն, ինչպէս լեռներու միւս ցեղախումբերը, անոնք շատ կապուած են իրենց մշակոյթին եւ իրենց սովորութիւններուն: Անոնք կը խօսին պէրպէր լեզուն, որ չի գրուիր, եւ ասիկա դիւրին բան մը չէ: Սակայն անոնք ունին հեքիաթներ եւ բանաստեղծութիւն, որ կը սորվին զանոնք կենդանի պահելու համար. ասիկա բերանացի աւանդութիւն է: Անոնք ունին նաեւ աւանդական պարեր եւ երաժշտութիւն: Կը շինեն արծաթէ շատ գեղեցիկ զարդեղէններ, խեցեղէն անօթներ… Անոնք իսկական արուեստագէտներ են:

 

Օրական 270 Հազար
Ինքնաշարժ

inknacharjner_43016

Միջազգայնօրէն 2015 թուականին ինքնաշարժներուն արտադրութիւնը աւելցաւ 4 առ հարիւր: Մինչ ինքնաշարժին արմատները Կեդրոնական Եւրոպայէն սկսած են, այժմ Ասիան դարձած է աշխարհի ամէնէն շատ ինքնաշարժ արտադրող շրջանը:

2015 թուականին արտադրուած ինքնաշարժներէն քիչ մը նուազ քան 50 առ հարիւրը շինուած են Հնդկաստանի, Հարաւային Քորէայի, Ճափոնի եւ յատկապէս Չինաստանի մէջ, որ դարձած է աշխարհի առաջին ինքնաշարժ արտադրող երկիրը: Անոր գործարաններէն դուրս կ՛ելլէ աւելի քան   21 միլիոն ինքնաշարժ, այսինքն 25 առ հարիւր աւելի` քան Միացեալ Նահանգները, որ կ՛արտադրէ մօտաւորապէս 17 միլիոն ինքնաշարժ:

Կը նախատեսուի, որ 2016 թուականին արտադրուի մօտաւորապէս 98 միլիոն ինքնաշարժ, մինչ ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, թէ այս թիւը 100 միլիոնի սահմանին պիտի հասնի արդէն 2017 թուականին:

 

Կորսուած Գանձ Մը

san-jose_43016

Դուք վստահաբար կարդացած էք վէպեր, որոնք կը պատմեն կորսուած գանձեր փնտռող ծովահէններու կամ հետախոյզներու արկածախնդրութիւնները: Երբեմն ասիկա կը պատահի նաեւ իսկական կեանքին մէջ…

Այս ձեւով, մասնագէտներ Քոլոմպիոյ ափերուն դիմաց, ովկիանոսին խորերը գտած են Սան Խոսէ նաւուն մնացորդները: Սպանական այս նաւը, որ ծովերուն վրայ կը շրջէր երեք դար առաջ, ընկղմած է 1708 թուականին: Եւ ինչպէս ծովահէններու բոլոր պատմութիւններուն մէջ, նաւուն յատակը կը գտնուէր սքանչելի գանձ մը` աւելի քան 200 թոն ոսկի, արծաթ եւ զմրուխտ: Սակայն այս նաւը գտնելը ամէնէն բարդ հանգրուանը չէր: Այսուհետեւ, պէտք է կարենալ ցամաք հանել այդ գանձը, որ կը գտնուի աւելի քան երեք հարիւր մեթր խորութեան վրայ, հոն, ուր ո՛չ մէկ սուզորդ կրնայ հասնիլ…

 

Հետաքրքրական

Ի՞նչ Գոյն Ունին
Աստղերը

hedakrkragan-1_43016

Կարմիր, կապոյտ կամ դեղին: Այո՛, աստղերը կրնան ըլլալ կարմիր, կապոյտ կամ դեղին… Կարգ մը աստղեր նոյնիսկ քիչ մը նարնջագոյն եւ կամ ճերմակ: Ամէն ինչ կախեալ է անոնց ջերմաստիճանէն. որքան աստղ մը տաք կ՛ըլլայ, այնքան անոր գոյնը դէպի կապոյտ կը հակի: Որքան ան պաղ ըլլայ, այնքան ան կարմիր կ՛ըլլայ:

Ո՞ւր Օդը
Ամէնէն Մաքուրն Է

hedakrkragan-02_43016

Թասմանիոյ մէջ: Այս քիչ բնակուած կղզին կը գտնուի Աւստրալիոյ հարաւը: Անիկա երկրագունդին ամէնէն հարաւը գտնուող հողամասերէն մէկն է: Հեռու է բնակուած շրջաններէն, եւ հոն անդադար կը փչեն զօրաւոր հովեր, որոնք կը շարժին անոր մթնոլորտը եւ հետերնին հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու կը տանին ապականումը:

Որո՞ւ Կը Պատկանի
Անջրպետը

Բոլորի՛ն: Այս հարցը դրուեցաւ նախորդ դարու կէսերուն, երբ անջրպետի հետախուզական աշխատանքները սկսան: Այլապէս կրնա՞նք երեւակայել վէճը, որ կրնար յառաջանալ: Իւրաքանչիւր երկիր պիտի ուզէր անջրպետի իր բաժինը… յատկապէս եթէ հոն հարստութիւններ գտնուէին:

Հետեւաբար, 1967 թուականին երկիրները որոշած են, թէ ոեւէ մէկը ազատ էր հետախուզելու անջրպետը, սակայն ոչ մէկը անոր տէրն էր: Այս որոշումը ճիշդ իր ժամանակին հասաւ, որովհետեւ երկու տարի ետք, 1969-ին առաջին մարդը լուսինին վրայ կը քալէր:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել մուկին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել մուկին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Քանի՞ ձուկ կը տեսնես այս պատկերին մէջ:
Քանի՞ ձուկ կը տեսնես այս պատկերին մէջ:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (30 Ապրիլ 1966)

Յաջորդը

Սիրելի Սաթենիկ Քեչեճեանի Յիշատակին. 1928 – 2016

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?