Մրջիւններու Աշխարհէն
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մրջիւնները աշխարհի վրայ յայտնուեցան 120 միլիոն տարիներ առաջ: Անոնք մեզմէ մէկ միլիոն անգամ աւելի փոքր են: Սակայն նոյն ատեն անոնց թիւը մեր թիւէն շատ աւելի է: Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին 1 միլիոն միլիառ մրջիւններ: Անոնց հաւաքական ընդհանուր ծանրութիւնը շատ աւելին է, քան` ամբողջ մարդկութեան ծանրութիւնը: Գոյութիւն ունին 14,095 մրջիւններու տարբեր տեսակներ: 10-ը մրջիւնէն 9-ը կը մնան...











