Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդեօ՞ք Գտնուած Է Մեր Արեգակնային Դրութեան 9-րդ Մոլորակը

Փետրուար 13, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

planet-9-a_021316

Ի՞նչ գիտենք այս հաւանական 9-րդ մոլորակին մասին: Անիկա երկրագունդէն տասը անգամ աւելի ծանր է, եւ` արեւէն 20 անգամ հեռու, քան` Պոսիտոն մոլորակը: Անիկա «գտնուած է» երկու ամերիկացի աստղագէտներու կողմէ, երկար եւ մանրակրկիտ հաշիւներէ ետք: Հիմա կը մնայ զայն տեսնելը` վերջնականապէս փաստելու համար, թէ անիկա գոյութիւն ունի…

Չորեքշաբթի, 20 յունուար 2016-ին, կարեւոր լուր մը ցնցեց աստղագիտութեան աշխարհը: «Ասթրոնամիքըլ ճըռնալ» թերթին մէջ հրատարակուած յօդուածի մը մէջ երկու գիտնականները կը հաստատեն, թէ իրենք ունին փաստը, թէ այդ իններորդ մոլորակը գոյութիւն ունի մեր արեգակնային դրութեան մէջ, Պոսիտոնէն եւ նոյնիսկ Պղատոնէն, որ այլեւս մոլորակ չի նկատուիր, անդին: Յիշենք, թէ այս գիտնականներէն մէկն էր, որ պատճառ դարձած էր, որ Պղատոնը իր «մոլորակի» տիտղոսը կորսնցնէ, երբ ան գտած է Պոսիտոնէն անդին գտնուող բազմաթիւ փոքրիկ «երկնային առարկաներ»: Այս նոր ուսումնասիրութիւններուն վրայ հիմնուելով` նկատուեցաւ, թէ Պղատոն մոլորակը շատ նման էր այս թզուկ, սառած երկնային մարմիններուն. հետեւաբար անիկա չէր կրնար «մոլորակ» կոչուիլ: Մինչ այս նոր թեկնածուն, որ ժամանակաւոր կերպով «Մոլորակ 9» անուանուած է, աւելի կը համապատասխանէ մոլորակի մը չափանիշներուն: Ըստ իր մեծութեան, անիկա կրնայ ըլլալ արեւուն 5-րդ ամէնէն մեծ արբանեակը, միւս կազային հսկաներէն` Լուսնթագէն, Երեւակէն, Ուրանոսէն եւ Պոսիտոնէն ետք:

* * *

«Մոլորակ 9» ուղղակիօրէն չէ ուսումնասիրուած. ան շատ հեռու է, եւ ոչ` բաւարար կերպով լուսաւոր: Ոչ մէկ աստղադիտակ կրցած է զայն տեսնել: Պէտք է ըսել, որ անիկա արեւէն 600 անգամ աւելի հեռու է, քան` երկրագունդը: Անիկա արեւուն շուրջ կը դառնայ երկրագունդէն աւելի դանդաղօրէն` 10 հազարէն 20 հազար տարի, մինչ մեր մոլորակը արեւուն շրջանը կ՛ընէ մէկ տարիէն: Այս պատճառով մենք անոր շարժիլը չենք նշմարեր. այս շարժումն է, որ մոլորակները կը զանազանէ անշարժ աստղերէն: Հետեւաբար, ինչպէս կրցած են երկու աստղագէտները յայտնաբերել անոր գոյութիւնը: Թուաբանական հաշիւներ կատարելով: Եւ անշուշտ` շատ աւելի մօտէն ուսումնասիրելով այդ շրջանին մէջ գտնուող երկնային մարմինները, որոնք, ըստ երեւոյթին, կը գտնուին մեծ աներեւոյթ մարմնի ներկայութեան ազդեցութեան տակ… Նշանաւոր իններորդ մոլորակը: Հիմա, որ գիտնականները գիտեն մօտաւորապէս ուր փնտռել զայն, կարելի պիտի ըլլայ անոր դիրքը ճշդել քանի մը տարիէն: Մինչ այդ, նոյնիսկ եթէ հաշիւները ոչ մէկ կասկած կը ձգեն, կասկածը միշտ պիտի մնայ…

planet-9-b_021316

* * *

Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ աստղագէտները կ՛ենթադրեն հսկայ մոլորակի մը ներկայութիւնը Պոսիտոնէն անդին: 20-րդ դարու սկիզբը գիտնականներ արդէն կը փնտռէին «Էքս մոլորակ»-ը: Այս փնտռտուքը յանգեցաւ Պղատոնի ուսումնասիրութեան, 1930 թուականին: Այս նոր մոլորակը գտնուելէն ետք, սակայն, կարգ մը անձեր շարունակեցին հաւատալ, թէ գոյութիւն ունէր տակաւին աւելի հեռուն գտնուող աստղ մը, որ պատասխանատու պիտի ըլլայ երկրագունդին վրայ պատահելիք բազմաթիւ աղէտներու, ինչպէս երկնաքարերու կամ ասուպներու անձրեւներուն: 1976 թուականին երեւակայական պատմութիւններու հեղինակ մը այս մոլորակը անուանած է «Նիպիրու», որ բաբելոնեան աւանդութենէն առնուած անուն մըն է: Սակայն ոչ մէկ գիտական փաստ բերուած է այս տարօրինակ տեսութիւնը հաստատելու համար:

Ամէն պարագայի, եթէ այս «Մոլորակ 9»-ը իսկապէս գոյութիւն ունի, եւ անիկա վերջապէս պիտի նշմարուի աստղադիտակի մը միջոցով, վստահաբար անիկա «Նիպիրու» պիտի չկոչուի: Մեր արեգակնային դրութեան միւս պաշտօնական մոլորակներուն նման (բացի երկրագունդէն), հաւանաբար անիկա ստանայ հռոմէական աստուածութեան մը անունը:

 

 Հարցարան

Անջրպետին Մէջ

astronaute_021316

Ահա քանի մը գիտելիքներ` անջրպետին մէջ թռիչք կատարող աստղանաւորդներուն մասին:

1.- Ինչի խաւով մը ծածկուած է աստղանաւորդներուն սաղաւարտին ապակեայ մասը, որ աստղանաւորդը կը պաշտպանէ արեւուն ճառագայթներէն:
ա.- Քրիփթոնայթ, բ – ոսկի, գ – թիթանիոմ, դ – ալիւմինիոմի թերթ:

2.- Աստղանաւորդները իրենց սաղաւարտին տակէն կը հագուին իրարու հետ հաղորդակցելու յատուկ սեւ-ճերմակ գլխարկ մը: Ան քարթունի ո՞ր կերպարին անունով անուանուած է:
ա – Սնուփի, բ – Միքի Մաուս, գ – Կարֆիլտ, դ – Սքուպիտու:

3.- Ինչո՞ւ աստղանաւորդները կը հագուին երկար ներքնազգեստ մը, որ կը պարունակէ 91,5 մեթր երկար ջուրով լեցուն խողովակներ:
ա – Միշտ իրենց տրամադրութեան տակ խմելիք ջուր ունենալու համար, բ – այն պարագային, որ անջրպետանաւը ծակի եւ ջուրը հոսի, գ – որպէսզի մորթերնին չչորնայ, դ – զիրենք զով պահելու համար:

4.- Ի՞նչ կը գտնուի աստղանաւորդի մը ձեռնոցներուն մատներուն մէջ:
ա – Մագնիս, բ – տաքցնող մանր գործիք, գ – լոյսեր, դ – դարձոյց:

5.- Ի՞նչ կը գտնուի աստղանաւորդի հագուստին թեւնոցին կապուած պզտիկ տոպրակին մէջ:
ա – Աստղանաւորդին քշելու հրամանագիրը, բ – ճաշ, գ – կատարուելիք աշխատանքներու ցանկ մը, դ – կտոր մը` սաղաւարտի ապակեայ բաժինը մաքրելու համար:

6.- Աստղանաւորդները ջուր չեն կրնար խմել, երբ անոնք անջրպետին մէջ, անջրպետանաւէն դուրս են:
ա.- Ճիշդ, բ – Սխալ:

Պատասխանները Վերջաւորութեան

 

Ինչո՞ւ Խոտը Կանաչ Է

why-6_021316

Ինչպէս գրեթէ միւս բոլոր բոյսերը, խոտն ալ կանաչ է, որովհետեւ ան քլորոֆիլ կը պարունակէ:

Քլորոֆիլը բնական նիւթ մըն է, որ կանաչ գոյնը կու տայ բոյսերուն: Սակայն անիկա միայն այդ գեղեցիկ գոյնը տալու չի ծառայեր. անոր շնորհիւ` խոտը «կը բռնէ» արեւուն ճառագայթները, որոնք անոր կարելիութիւնը կու տան իրեն սնունդ տուող աւիշը շինելու:

Ինչո՞ւ Մանտարիններուն Կեղեւը
Կը Փայլփլի, Երբ Մենք Պտուղը Կեղուենք

why-7_021316

Մանտարիններուն կեղեւը կազմուած է հազարաւոր պզտիկ գրպանիկներէ, որոնց մէջ կը գտնուի անուշահոտ հեղուկ մը: Երբ մենք զայն կը սեղմենք, շատ մանր կաթիլներ կ՛արձակուին եւ կը սփռուին օդին մէջ:

Նոյն բանը կը պատահի, երբ մենք կը կեղուենք կիտրոն մը կամ նարինջ մը:

Ինչո՞ւ Զատկաճճիները
Կէտեր Ունին

 

why-3_021316

Ո՛չ, այս կէտերը մեզի չեն տեղեկացներ զատկաճճիին տարիքին մասին: Անոնք պարզապէս մեզի կարելիութիւնը կու տան զանազանելու զատկաճճիներու տարբեր տեսակներուն միջեւ: Անոնք կրնան ունենալ 2, 7, 10 կամ նոյնիսկ 22 կէտ:

Կ՛ըսեն, թէ զատկաճճիները պարտիզպաններուն բարեկամներն են, որովհետեւ անոնք կ՛ուտեն բոյսերը փճացնող միջատները:

Ինչո՞ւ Օդը Կը Պաղի, Երբ Մենք
Լերան Վրայ Կը Բարձրանանք

why-2_021316

Մեր երկրագունդը շրջապատող մթնոլորտը արեւուն տաքութիւնը կը պահէ երկրագունդին մակերեսին վրայ, առանց անոր` երկրագունդը կը սառի: Սակայն լերան բարձունքներուն վրայ այս խաւը նուազ հաստ է եւ տաքութենէն բաժին մը կը խուսափի, հետեւաբար հոն օդը աւելի ցուրտ կ՛ընէ:

Ինչո՞ւ Լեռներ
Գոյութիւն Ունին

why-1_021316

Մեր երկրագունդը ծածկող «կեղեւը» բաժնուած է խաւերու: Այս խաւերը անդադար շարժումի մէջ են: Երբ անոնք իրարու կը հանդիպին, անոնք կը ծալուին, եւ այս ձեւով կը ծնին լեռները:

 Ինչո՞ւ Սարդերը
Ոստայններ Կը Հիւսեն

why-4_021316

Սարդը իր ոստայնը կը հիւսէ ծառի մը ճիւղերուն կամ պատերու անկիւններու միջեւ: Եւ որովհետեւ ոստայնին թելերը շատ բարակ, թափանցիկ եւ կպչուն են, ան կրնայ որսալ միջատները, որոնք թելերը չեն տեսներ եւ թակարդը կ՛իյնան:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել, թէ երրորդ անձը սպակեթթիի ո՛ր կտորը կ՛ուտէ:
Կրնա՞ս գտնել, թէ երրորդ անձը սպակեթթիի ո՛ր կտորը կ՛ուտէ:

 

Կրնա՞ս գտնել նկարին մէջ պահուած տասը համպըրկըրները:
Կրնա՞ս գտնել նկարին մէջ պահուած տասը համպըրկըրները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանները

1 – բ, 2 – ա, 3 – դ, 4 – բ, 5 – գ, 6 – սխալ: Աստղանաւորդներուն հագուստին մէջ զետեղուած է ջուրի տոպրակ մը, որմէ խողովակ մը կ՛ելլէ եւ կ՛անցնի սաղաւարտին տակէն, որպէսզի աստղանաւորդը կարենայ ջուր խմել:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Փետրուար 1966)

Յաջորդը

Վարդանանց Միացեալ Պաշտամունք Սուրբ Վարդան` Առողջ Նախանձախնդիրը

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?