Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Քաութերա Փարակուէյի Ասոնսիոն մայրաքաղաքի աղքատ թաղամասերէն մէկն է: Հոն քսանհինգ հազար բնակիչներ կ՛ապրին Փարակուէյի մայրաքաղաքին ամէնէն մեծ աղբանոցներէն մէկուն մօտ: Բնակիչները իրենց ապրուստը կը շահին աղբերը քրքրելով եւ ծախելով վերամշակուելիք մնացորդները: Անոնց զաւակներուն ապագան շատ փայլուն չ՛երեւիր:
Այս միջավայրին մէջ է, որ կ՛աշխատի Ֆաւիօ Չաւեզ` այդ աղքատ աշխատաւորներուն` կանչերոսներուն հետ: Չաւեզ կենսոլորտի մասնագէտ ճարտարագէտ է, սակայն նոյն ատեն` երաժշտութեան մեծ սիրահար երաժիշտ: Այս պատճառով է, որ բնակիչները Չաւեզէն կը խնդրեն իրենց զաւակներուն երաժշտութիւն սորվեցնել:
Չաւեզ մեծ խանդավառութեամբ կը սկսի այս ծրագրի իրականացման: Սակայն շատ շուտ ան արգելքներու կը հանդիպի: Ան բաւարար երաժշտական գործիքներ չունէր բոլոր մանուկներուն համար: Կը պատահէր նաեւ, որ խանդավառութեան ազդեցութեան տակ մանուկները կիթառ մը կոտրեն կամ ջութակ մը ճեղքեն:
Երաժշտասէր ճարտարագէտը կ՛որոշէ օգտագործել իր տրամադրութեան տակ առատօրէն գտնուած միակ միջոցը` աղբերը: Կանչերոսներէն մէկուն օգնութեամբ, Նիքոլաս Կոմեզի հետ, որ արհեստով ատաղձագործ է, ան կը սկսի երաժշտական գործիքներ շինել աղբերուն մէջ թափուած առարկաներ վերամշակելով: Ներկի տուփ մը, պատառաքաղ մը եւ փայտի կտոր մը ջութակի կը վերածուին, պահածոյի տուփեր` կիթառի, քամոց մետաղեայ պնակ, երկաթէ խողովակներ, պարաններ, կաթսաներ, բանալիներ… Կարելի է ամէն ինչ օգտագործել:
Այս ձեւով կը ծնի «Լանտֆիլ հարմոնիք» նուագախումբը: Չաւեզի համար այս նուագախումբին նպատակը միջազգային մակարդակով երաժիշտներ պատրաստելը չէ: Այս նուագախումբին միջոցով Չաւեզ կ՛ուզէ այս մանուկներուն փաստել, թէ գոյութիւն ունի իրենց ճանչցած թշուառ կեանքէն տարբեր ապրելակերպ մը, տարբեր կեանքի արժէքներ:
Վաւերագրական ժապաւէնի մը շնորհիւ, ամբողջ աշխարհը ծանօթացաւ այս վերամշակուած առարկաներով նուագախումբին: 2012 թուականէն ի վեր, 40 փոքրիկ երաժիշտներէ կազմուած նուագախումբը կը հրաւիրուի աշխարհի չորս կողմերը` նուագահանդէսներ տալու: Անոնց ներկայացուցած եղանակներու ցանկը կ՛ընդգրկէ դասական կտորներ, ինչպէս` Մոզարդ, Պեթհովեն, Վիվալտի, ինչպէս նաեւ արդի կտորներ, օրինակ Մէթալլիքայի երգերը, Փարակուէյի աւանդական եղանակներ: Սակայն անոնք միշտ իրենց վերամշակուած առարկաներէն շինուած երաժշտական գործիքները կը գործածեն իրենց բոլոր նուագահանդէսներուն:
Այս նուագահանդէսներուն հասոյթը կը տրամադրուի նուագախումբին անդամներուն ընկերային ծրագիրներու համար: Այս ձեւով, թաղամասէն հարիւր յիսուն մանուկներ կրնան երաժշտանոցի դասերուն հետեւիլ, ուրիշներ համալսարան յաճախել. կարելի եղած է նոյնիսկ քանի մը ընտանիքներու նոր բնակարաններ ապահովել:
Սուլոցներու Լեզուն
Գիտէի՞ք, որ Քանարեան կղզիներու` Լա Կոմերա կղզիին խորունկ հեղեղատներուն միջեւ իրարու հետ հաղորդակցելու համար այդ շրջանի բնակիչները ստեղծած են միայն սուլոցներով կազմուած լեզու մը: «Սուլոց կղզիի» էլ սիլպօ լեզուն կազմուած է զոյգ մը ձայնաւորներէ եւ չորս բաղաձայններէ, սակայն կրնայ կազմել աւելի քան 4000 բառ:
Այս «լեզուն» ինքնին ամբողջական լեզու մը չէ. կարելի է զայն յարմարցնել որեւէ լեզուի, ինչպէս է պարագան Լա Կոմերա կղզիին բնակիչներուն, որոնց իսկական լեզուն սպաներէնն է: Կղզին շատ փոքր է, 367,7 քառ. քմ: Սակայն հոն բնակիչները միշտ դժուարութիւն ունեցած են արագօրէն իրարու հետ հաղորդակցելու` լեռներով շրջապատուած ըլլալնուն պատճառով: Մինչ սուլոցները արագօրէն կրնան արձակուիլ գագաթներէն եւ հովիտներուն վրայէն:
Լա Կոմերա կղզին շարունակած է աճիլ միւս քաղաքներուն նման, եւ այդ լեզուն այլեւս ահրաժեշտ չէ իրարու հետ հաղորդակցելու համար: Սակայն անիկա տակաւին կը գործածուի համայնքին մէջ ընկերային զանազան լուրեր տարածելու համար, ինչպէս` հարսնիքներ, թաղումներ…
1990-ական թուականներուն այս լեզուն գրեթէ ամբողջովին կորսուելու վտանգին տակ կը գտնուէր, սակայն այժմ ան աշակերտներուն կը դասաւանդուի դպրոցներուն մէջ, որովհետեւ անիկա մաս կը կազմէ անոնց մշակոյթին եւ այս ձեւով կրնայ կենդանի մնալ:
Ինչո՞ւ Արիւնը Կարմիր Է
Երբ մենք կը շնչենք, մենք թթուածին կը կլլենք, եւ երբ թթուածինը արեան մէջ կ՛անցնի, զայն «կը բռնեն» երկաթ պարունակող փոքրիկ բջիջներ: Երբ այս բջիջները օդի թթուածինին հետ շփման մէջ կը մտնեն, անոնք կարմիր գոյն մը կը ստանան` այս ձեւով արեան տալով անոր կարմիր գոյնը:
Ինչո՞ւ Մենք Մեզ Կը Տեսնենք
Հայելիի Մը Մէջ
Հայելին ապակիէ մեծ տախտակ մըն է, որուն վրայ կը փակցուի մետաղի շատ բարաւ խաւ մը: Անոր մակերեսը շատ հարթ եւ ողորկ է, հետեւաբար ան կարելիութիւնը կու տայ պատկերներուն ցոլանալու` հարազատ նկար մը տալով:
Գոյութիւն ունին նաեւ հայելիներ, որոնք տափակ չեն. անոնք մեր կերպարանքին տձեւ պատկեր մը կու տան` շատ մեծ, շատ պզտիկ, շատ նիհար կամ շատ գէր:
Ինչո՞ւ Կը Յօրանջենք
Մենք կը յօրանջենք, երբ կը ձանձրանանք, յոգնած ըլլանք կամ` անօթի: Երբ մենք կը յօրանջենք, մենք մեծ քանակութեամբ թթուածին ներս կը քաշենք եւ զայն ուղեղին կը ղրկենք: Անոր փոխարէն` ուղեղը մեզի քանի մը վայրկեանի համար ուժանիւթ կը հայթայթէ:
Ինչո՞ւ Ուռեցք Մը Կը Յայտնուի,
Երբ Մենք Տեղ Մը Զարնուինք
Օրինակի համար, երբ մենք մեր գլուխը կը զարնենք, մեր մորթին տակի արիւնի մանր երակները կը պայթին, եւ քիչ մը արիւն անոնցմէ դուրս կ՛ելլէ. պզտիկ ուռեցք մը կը յայտնուի:
Որպէսզի այդ ուռեցքը շատ չմեծնայ, անոր վրայ սառոյցի կտոր դիր. պաղը անմիջապէս կը կեցնէ արիւնահոսութիւնը:
Ինչո՞ւ Պէտք Է
Բանջարեղէն Ուտել
Բանջարեղէնները մեզի կը հայթայթեն մեր մարմինը առողջ պահելու անհրաժեշտ նիւթեր: Անոնք կը պարունակեն, օրինակի համար, Սէ. կենսանիւթ, որ մեզի ուժ կու տայ ամբողջ օրուան համար: Առաւել, անոնք մեծ քանակով ջուր կը պարունակեն, եւ ասիկա շատ կարեւոր է մեր մարմնին համար:
Ինչո՞ւ Մենք Երբեմն Անհանգիստ
Կը Զգանք Ինքնաշարժին Մէջ
Երբ մենք ինքնաշարժով կը ճամբորդենք, մեր ուղեղը ինքզինք կորսուած կը զգայ: Մեր աչքերը իրեն ցոյց կու տան բան մը («կը շարժինք»), մինչ մեր մարմինը ուրիշ բան մը կ՛ըսէ («ո՛չ, չենք շարժիր»): Արդիւնք. մեր ուղեղը լաւ հակազդեցութիւն մը չի կրնար ունենալ, մենք անհանգիստ կը զգանք:
Ժամանց


