Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փիղերուն Գաղտնի Կարողութիւնը

Մայիս 14, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Պատուհանը բաց, աչքերդ դէպի երկինք ուղղէ եւ ամպերը ուսումնասիրէ: Դուն որքան կեդրոնանաս, ականջ դնես, պիտի չլսես տեղափոխուելու ընթացքին անոնց յառաջացուցած ձայնը: Սակայն փիղերը ունին այս արտակարգ կարողութիւնը:

pigh-1_51416

Ամպերուն Մէջ Ձայնե՞ր

Իրականութեան մէջ շատ ճիշդ չէ խօսիլ «ձայնի» մասին ամպերուն շարժումին պարագային: Այս «ձայները» շատ ցած եւ թաւ թրթռացումներ են (ինֆրասաունտ, ենթաձայն), որոնք մարդկային ականջը չի կրնար «լսել»: Կարգ մը ծովային անասուններ, ինչպէս կէտերը, կրնան նման թրթռացումներ յառաջացնել իրարու հետ հաղորդակցելու համար: Մինչեւ հիմա մենք գիտէինք, թէ փիղերն ալ այս միջոցը կը գործածեն իրենց ամէնօրեայ կեանքիս մէջ, սակայն չէինք գիտեր, թէ այս կարողութիւնը որքան էական էր իրենց կեանքին մէջ…

Երկինքին Մտիկ Ընել… Ջուր Գտնելու Համար

pigh-2_51416

Այս գիտակցութեան խորքը եղած հարցում մը, որ միշտ մասնագէտներուն միտքը զբաղեցուցած է: Ինչպէ՞ս փիղերը կրնան ուղղուիլ դէպի անձրեւոտ շրջաններ եւ այս ձեւով ջուր գտնել Ափրիկէի տարածքին:

Այս հանելուկը լուծելու համար խումբ մը մասնագէտներ փորձ մը կատարած են խումբ մը փիղերու հետ: Անոնք զետեղած են պզտիկ բեռնակառք մը, որ հովահարի մը շնորհիւ յառաջացուցած է հեռուէն եկող անձրեւի ձայն: Մարդ արարածը չի կրնար լսել այս ձայները. սակայն մասնագէտները անդրադարձած են, թէ փիղերը անմիջապէս փոխած են իրենց վարուելակերպը: Անոնք դարձած են դէպի բեռնակառքը եւ ուշադրութեամբ մտիկ ըրած են` այս ձեւով փաստելով, թէ անոնք կրնան այս ինֆրասաունտ թրթռացումները ընկալելու: Հետեւաբար, ըստ այս ուսումնասիրութեան, այս կարողութեան շնորհիւ է, որ փիղերը գիտեն ո՛ւր երթալ ջուր գտնելու համար: Անոնք կը զգան անձրեւոտ օդի, եւ հետեւաբար ամպերուն շարժումներէն յառաջացած թրթռացումները եւ կ՛ուղղուին դէպի հոն, ուր պիտի անձրեւէ… Անշուշտ իրենց ծարաւը յագեցնելու համար, սակայն նաեւ` աւելի կանաչ եւ կակուղ խոտ գտնելու համար:

 

Գիտէի՞ր, Թէ…

kideyir-1_51416

850-650 միլիոն տարիներ առաջ երկրագունդը գրեթէ ամբողջովին ծածկուած էր սառոյցով եւ ձիւնով: Այդ ժամանակաշրջանը երբեմն կը կոչուի ձիւնէ գնդակ երկրագունդը:

 

kideyir-2_51416

Անուշ ջուրի ձուկերը ջուր չեն խմեր: Անոնք իրենց պէտք եղած ջուրը կ՛առնեն իրենց մորթին ընդմէջէն:

 

kideyir-3_51416

Աշխարհի ամէնէն մեծ տաշուած ադամանդը Կոլտըն Ճիւպիլին է: Անոր գոյնը դեղին-սրճագոյն է: Խնձորի մը չափը ունեցող այս ադամանդը կը կշռէ 545,67 քարաթ: Քարաթ միաւորը կը գործածուի թանկարժէք քարերը չափելու համար: 1 քարաթ=0,2 կրամ:

 

kideyir-4_51416

Ակաթա Քրիսթիի ոստիկանական պատմութիւններէն աշխարհի մէջ մինչեւ հիմա ծախուած է աւելի քան 2,5 միլիառ գիրք: Այս ձեւով Ակաթա Քրիսթի կը դառնայ աշխարհի ամէնէն շատ կարդացուած հեղինակը:

 

kideyir-5_51416

Մեր աջ թոքը քիչ մը աւելի մեծ է, քան ձախ թոքը:

 

kideyir-6_51416

Աշխարհի ամէնէն մեծ քրէփը դարձնելու համար պէտք եղած է գործածել բեռնաբարձ մեքենայ մը: Ան պատրաստուած է Ռոշտէյլի մէջ, Անգլիա, 1994 թուականին: Անոր մեծութիւնը կը հասնէր 15,01 մեթրի:

 

kideyir-7_51416

Ամերիկացի կռփամարտիկ Մոհամատ Ալի եղած է առաջին մարզիկը, որ երեք անգամ արժանացած է ծանր կշիռներու աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին:

 

kideyir-8_51416

Երկրագունդէն մենք միշտ կը տեսնենք լուսինին մէկ երեսը:

 

kideyir-9_51416

Հնդկաստանի մէջ Թաժ Մահալի կառուցումը վերջ գտած է 1653 թուականին: Հոն կը գտնուի Մումթազ Մահալի գերեզմանը: Ան մոնկոլ կայսր Շահ Ժահանի կինն էր:

 

Ինչո՞ւ Օճառը
Մեր Աչքերը Կ՛այրէ

odjar_51416

Օճառը շինուած է իւղերէ եւ քիմիական նիւթերէ, որոնք աչքերը կը գրգռեն եւ կ՛այրեն: Պաշտպանուելու համար եւ աչքերը այս նիւթէն մաքրելու համար արցունքները առատօրէն կը հոսին:

– Մանուկներու յատուկ մազերու հեղուկ օճառները շինուած են բնական բուսական նիւթերէ. ասոր պատճառով անոնք աչքերը չեն գրգռեր:

 

Ինչո՞ւ Ցամաքի Կրիաները
Դանդաղօրէն Կը Քալեն

grya_51416

Կրիաներուն պատեանը շատ ծանր է. անիկա անասունին կռնակին վրայ անոր ամբողջ մարմնին ծանրութեան աւելի քան կէս ծանրութիւնը կը դնէ: Առաւել, անոնց ոտքերը շատ կարճ են: Այս բոլորը արգելք կ՛ըլլան, որ կրիան արագօրէն յառաջանայ:

– Եթէ դուն փորձես 6 ջուրի շիշերով լեցուն սնտուկ մը շալկել (ծանրութիւն մը, որ կը համապատասխանէ քու ծանրութեանդ կէսին), դուն ալ կրիայի նման դանդաղօրէն պիտի յառաջանաս:

Առաւել, անոնց ոտքերը կ՛ըլլան, որ կրիան արագօրէն յառաջանայ:

 

Ինչո՞ւ Կատուները
Պեխեր Ունին

gadou_51416

Կատուներուն պեխերը շատ զգայուն են: Անոնք կը զգան օդի նուազագոյն շարժումը: Կատուներու պեխերը անոնց կարելիութիւնը կու տան զգալու եթէ բան մը շարժի իրենց մօտ (օրինակի համար` որս մը կամ վտանգ մը) կամ օդը իրենց նպաստաւոր պիտի ըլլայ մեծ ոստումի մը ընթացքին: Ասիկա շատ գործնական է անասունի մը համար, որ գիշերը կը պտտի:

 

Ինչո՞ւ Տարիքոտ Անձերը
Կնճիռներ Ունին

gndjir_51416

Երբ մենք կը ծերանանք, մեր մորթն ալ կը ծերանայ: Անիկա աւելի չոր եւ նուազ առաձգական կը դառնայ: Դէմքին վրայ պզտիկ ծալքեր կը յայտնուին. ասոնք կնճիռներն են:

– Փորձէ խնձոր մը քանի մը օր սառնարանէն դուրս պահել: Դուն զայն «ճմռթկուած» պիտի գտնես, տարիքոտ անձերուն մորթին նման, որովհետեւ անոր պարունակած ջուրը շոգիացած է:

 

Ինչո՞ւ Ծովուն Մակերեսը
Կը Բարձրանայ Եւ Կ՛իջնէ

dzov_51416

Յատկապէս` լուսինին պատճառով: Երբ ան կը նայի դէպի ովկիանոսները, ան զանոնք կը քաշէ մագնիսի մը նման: Երբ ծովը ափերէն կը հեռանայ, կ՛ըսեն, թէ ան «կ՛իջնէ» (տեղատուութիւն): Իսկ երբ ան ափին կը մօտենայ, կ՛ըսեն, թէ ան «կը բարձրանայ»: Այս շարժումը ծովուն մակընթացութիւնն է:

 

Ինչո՞ւ Ծիծեռնակները
Գարնան Կը Վերադառնան

dzidzernag_51416

Ծիծեռնակները գաղթող թռչուններ են: Անոնք մեր երկիրը կը լքեն աշնան, երբ ցուրտը կու գայ  եւ ուտելիք գտնելը կը դժուարանայ:

Անոնք ձմեռը կ՛անցընեն տաք երկիրներու մէջ եւ գարնան կը վերադառնան մեր շրջանները, ուր կլիման աւելի մեղմ է եւ ուր անոնք կրնան դարձեալ ուտելիք գտնել:

 

Ինչո՞ւ Չեմ Յիշեր Մանկութիւնս

mangoutioun_51416

Իրականութեան մէջ մենք բազմաթիւ յուշեր ունինք մեր մանկութենէն: Մենք չենք անդրադառնար, բայց մեր ապրածը կը տպուի մեր ուղեղին մէջ: Անոնք ճշգրիտ յուշը չեն, այլ` տպաւորութիւններ կամ զգացումներ. օրինակի համար, եթէ յատուկ հոտ մը կը սիրենք, յաճախ որովհետեւ երբ մենք երեխայ էինք, մենք հաճոյքով ծանօթացած էինք անոր:

 

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1 - 80` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1 – 80` գտնելու համար պահուած պատկերը
Կրնա՞ս գտնել ժամացոյցին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ժամացոյցին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սեւ ներկէ մէկ կէտ պարունակող բաժինները յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Սեւ ներկէ մէկ կէտ պարունակող բաժինները յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել գիրերը դնելով իրենց համապատասխանող տեղերը:
Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել գիրերը դնելով իրենց համապատասխանող տեղերը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (14 Մայիս 1966)

Յաջորդը

Տարածք Ինչի՞ Դիմաց, Բնաջնջմա՞ն

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?