Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թռչուններու Գաղթը

Մարտ 5, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

trtchoun-1_030516

Ամէն տարի մենք երկնքին մէջ կը տեսնենք միլիոնաւոր թռչուններ, որոնք կը բռնեն գաղթի ճամբան: Հետեւինք այս մեծ արկածախնդիրներու հետքերուն:

Թռչուններու գաղթ: Դուն վստահաբար լսած ես այս երեւոյթին մասին, սակայն ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ գաղթել: Պարզապէս` տեղէ տեղ տեղափոխուիլ: Եւ մենք գիտենք, թէ թռչունները որքան կը շարժին: Գիտէի՞ք, որ երկու թռչունի վրայ մէկ թռչուն գաղթող թռչուն է: Այս ձեւով երկնքին մէջ ճամբորդողներուն թիւը շատ մեծ է: Եթէ մենք կանոնաւոր կերպով երկինքը դիտենք, հաւանաբար բախտը կ՛ունենանք տեսնելու մեր թռչող բարեկամները, որոնք կը տեղափոխուին փոքրիկ կամ մեծ խումբերով, գեղեցիկ տեսարան մը պարզելով: Աշնան, հոկտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներուն միջեւ, գաղթող թռչունները իրենց տաքուկ բոյնը կը լքեն եւ դարձեալ տուն կը վերադառնան գարնան, մարտ եւ մայիս ամիսներու միջեւ:

* * *

Սակայն ինչո՞ւ անոնք կը գաղթեն: Այս թռչունները կը տեղափոխուին պարզապէս ապրիլ շարունակելու համար: Ամրան վերջաւորութեան, երբ արեւը նուազ կ՛երեւի եւ ջերմաստիճանը կը սկսի իջնել, անոնք կ՛ուղղուին դէպի տաք շրջաններ: Այս թռչունները յատկապէս մսկոտ չեն. անոնց փետուրները զանոնք ցուրտէն բաւականաչափ կը պաշտպանեն: Սակայն մեր ճամբորդները կը փնտռեն լոյսը, յիշենք, որ ցուրտ շրջաններուն մէջ օրերը աւելի կարճ են: Յատկապէս պէտք ունին ուտելիքի: Երբ ձմեռը կը մօտենայ, որդերը, խոնջայլները, հատիկները, զորս թռչունները կը սիրեն ուտել, դժուար կը գտնուին:

* * *

Դէպի Հարաւ

Իրենց մեծ ճամբորդութիւնը սկսելէ առաջ թռչունները իսկական որկրամոլներ կը դառնան: Ձմեռնային քունի մտնող արջերուն նման, անոնք ալ կը սկսին լափել իրենց շուրջ գտնուող ամէն ինչ: Իրենց այս երկար ճամբորդութեան ընթացքին թռչունները կրնան կորսնցնել մինչեւ իրենց ծանրութեան կէսը: Հետեւաբար անոնք պէտք ունին ճարպի պահեստներու: Երբ բաւարար պահեստ կ՛ապահովեն, անոնք կը խմբուին եւ դէպի տաք երկիրներ կ՛ուղղուին:

trtchoun-2_030516trtchoun-3_030516ftrtchoun-4_030516fԱնշուշտ գաղթող թռչունները այս երկար ճամբորդութիւնը մէկ անգամէն չեն ըներ, անոնք դադարի վայրերէ կ՛անցնին: Այդ վայրերուն մէջ թռչունները քիչ մը կը հանգչին եւ կ՛ուտեն: Իւրաքանչիւր տեսակ ունի իրեն յատուկ ձեւը` վերջնակէտին հասնելու համար: Կան «ծոյլեր», որոնք յաճախ կը կենան հանգչելու համար: Կան աւելի աշխուժները, ինչպէս` ծիծեռնակները, որոնք կրնան աւելի քան 1500 քմ կտրել մէկ անգամէն: Սակայն ամէնէն լաւ «մարզիկը» ճերմակ փորիկով վայրի ծիծեռնակն է, որ կրնայ հինգ երկար ամիսներ թռչիլ` առանց ոտքը գետին դնելու: Գաղթող թռչուն մը կրնայ քանի մը տասնեակ քիլոմեթրներէն մինչեւ հազարաւոր քիլոմեթրեր: Հեռաւորութեան ախոյեաններէն է «տիկին ծիծեռնակը» տարեկան իր 10 հազար քիլոմեթրերով: Սակայն մեր շրջաններուն մէջ մեծ ախոյեանը արքթիք շրջաններու թռչունն է, որ կը կտրէ…  35 հազար քիլոմեթր: Ամէնէն արագը ջրակտցարի տեսակ մըն է, որ կրնայ երեք օրէն կտրել 7000 քմ, մօտաւորապէս` ժամական 100 քմ արագութեամբ:

Վերադարձ Դէպի Տուն

trtchoun-6_030516trtchoun-5_030516.f

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Գարնան, արձակուրդներու աւարտը կը հնչէ, եւ թռչուններուն համար վերադառնալու ժամանակ է: Կարգ մը թռչուններ, ինչպէս տորդիկը, անհամբեր են վերադառնալու համար. անոնք իրենց «պայուսակները» կը պատրաստեն եւ ճամբայ կ՛ելլեն փետրուար ամսու վերջաւորութեան: Մինչ վայրի ծիծեռնակը մայիսէն առաջ չ՛երեւիր: Կարգ մը թռչուններ կը վերադառնան նոյն վայրերը` իրենց բոյները շինելու համար: Անոնք շատ լաւ տեղ որոշիչ յիշողութիւն ունին եւ իրենց բնակութեան նախկին վայրը կրնան գտնել արեւին եւ աստղերուն շնորհիւ:

 

Թիւեր

Եղանակները Անջրպետին Մէջ

Արդէն մարտ ամիսն է, եւ գարունը արագօրէն կը մօտենայ: Մեր մոլորակին վրայ իւրաքանչիւր եղանակ կը տեւէ մօտաւորապէս 90 օր:

Սակայն երեւակայեցէք, որ ամառը տեւէր տարիներ եւ ոչ` ամիսներ: Մեր արեգակնային դրութեան միւս մոլորակներուն մեծ մասը ունի աւելի երկար տեւող եղանակներ` ըստ իրենց թաւալումին, արեւէն հեռաւորութեան եւ իրենց առանցքին վրայ իրենց հակումէն:

Ահա թէ մօտաւորապէս որքա՛ն կը տեւեն եղանակները տարբեր մոլորակներուն վրայ:

– Փայլածու` Օ, փայլածուի վրայ եղանակի փոփոխութիւն գոյութիւն չունի:
– Արուսեակ` 55-58 օր:
– Երկրագունդ` 90  օր:
– Հրատ` 7 ամիս:
– Լուսընթաք` 3 տարի:
– Երեւակ` 8 տարի:
– Ուրանոս` 21 տարի:
– Պոսիտոն` 41 տարի:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

–  Լեկոյի վեց քարերու զանազան միացումներով կրնաս ստանալ 915.103.765 տարբեր ձեւեր:

aylazan-1_030516

–  Ուտելու մրցումի մը ընթացքին մարդ մը կրցաւ ուտել 72 քափ քէյքեր` 6 վայրկեանէն:

–  Ռուսիոյ մէջ գոյութիւն ունի կատուի տեսակ մը, որ կը հաջէ:

–  Իտալիոյ Էրաքլէա շրջանի ծովափներէն մէկուն վրայ արգիլուած է աւազէ դղեակներ շինել:

–  Ուտելիքի կարգ մը մասնագէտներու գործն է համտեսել կատուներու եւ շուներու ուտելիքներ, ընտանի անասուններու ուտելիք պատրաստող ընկերութիւններուն համար:

aylazan-2_030516

–  Թայլանտի Պանքոք մայրաքաղաքին մէջ գոյութիւն ունի երկրին ազգային անասունին` փիղի ձեւով 32 յարկանի երկնաքեր մը:

–  Ալպաներէնին մէջ գոյութիւն ունին 27 տարբեր բառեր` պեխերու տարբեր ձեւերը նշելու համար:

–  Աշխարհի վրայ ոչ մէկ երկրի դրօշակը վարդագոյն գոյնը կը պարունակէ:

–  Արուսեակ մոլորակին վրայ երկինքը նարնջագոյն-կարմիր գոյն ունի:

aylazan-3_030516

–  Կապիկները կը խնդան, երբ զանոնք կը խտղտացնեն:

–  Մեր ուղեղէն ղրկուած հրահանգները ջիղերուն մէջէն կը յառաջանան ժամական 322 քմ արագութեամբ:

aylazan-4_030516

– Ամսթերտամի մէջ, Հոլանտա, գոյութիւն ունի 15 մեթր երկարութիւն ունեցող վայքինկներու նաւ մը, որուն շինութեան համար գործածուած են պաղպաղակի միլիոնաւոր ցպիկներ եւ աւելի քան մէկ թոն խէժ:

–  Կատուի մը ոսկորներուն մօտաւորապէս 10 առ հարիւրը կը գտնուի անոր պոչին մէջ:

– Ծովու մակարդակին վրայ երեք անգամ աւելի թթուածին կայ, քան` Էվերեսթի գագաթին վրայ:

–  Քանատայի մէջ, երբ մրցում մը կը շահիս, պէտք է թուաբանական հարցումի մը պատասխանես վարձատրութիւնդ ստանալէ առաջ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել կօշիկներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել կօշիկներուն հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած եօթը ակռայի դեղի տուփերը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած եօթը ակռայի դեղի տուփերը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Մարտ 1966)

Յաջորդը

Արա Սարգիսեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?