«Մանուկներուն Ձայնը»
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Տելհիի մէջ, Հնդկաստան, փողոցը լքուած մանուկները իրենց անձնական թերթը կը պատրաստեն եւ զայն կը բաժնեն աւելի քան տասը տարիներէ ի վեր: Հնդկաստանի մէջ միլիոնաւոր մանուկներ կ՛ապրին փողոցը կամ շատ աղքատիկ արուարձաններու մէջ: Հնդիկ պզտիկներուն առնուազն 30 առ հարիւրը աղքատ կը նկատուի: 2003 թուականին փողոցը լքուած շուրջ քսան պատանիներ կ՛որոշեն իրենց ձայնը լսելի դարձնել եւ խօսիլ իրենց...



















