Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ասիական այս երկրին մէջ դպրոցական ճնշումը ահաւոր է: 10 տարեկան Մին-Ժա ամէն գիշեր կ՛աշխատի մինչեւ ժամը 11:00…
11 տարեկան Մին-Ժա շատ պիտի ուզէր իր ընկերներուն հետ խաղալ իր պարտականութիւնները վերջացնելէ ետք: Սակայն իրեն համար, ինչպէս` ուրիշ բազմաթիւ հարաւքորէացի աշակերտներուն, դպրոցը կը շարունակուի դպրոցէն ետք, նոյնիսկ շաբաթավերջին:
Այս ձեւով ան շաբթուան ընթացքին կը հետեւի 17 ժամ լրացուցիչ դասերու` հակուոններուն, անձնական հաստատութիւններուն մէջ: Մին-Ժա շատ լաւ պէտք է ըլլայ բոլոր նիւթերուն մէջ, որովհետեւ 18 տարեկանին անքննութիւն մը պիտի անցընէ համալսարան մտնելու համար, իսկ հոն մրցակցութիւնը շատ զօրաւոր է: Հետեւաբար գիշերային այս դասերը անխուսափելի են… նոյնիսկ` առաջին դասարանին համար:
Մին-Ժայի ծնողները ստիպուած եղած են փոխադրուելու Սէուլ մայրաքաղաքի ամէնէն լաւ հակուոններէն մէկուն մօտ ըլլալու համար: «Հակուոնները շատ աւելի պարտականութիւններ կու տան, քան դպրոցը» կը գանգատի Մին-Ժա, որ յաճախ յոգնած է: Հակուոններուն մէջ հարաւքորէացի աշակերտները երբեմն կը սորվին նոյնիսկ իրենց դասարանի ծրագիրները սկիզբէն: Սակայն ասիկա արգիլուած է 2014 թուականէն սկսեալ: Այս «փոքրիկ դպրոցներուն» մէջ, աշակերտները կ՛աշխատին բոլոր նիւթերուն վրայ, տասնեակ մը աշակերտներէ կազմուած դասարաններու մէջ: Դասերուն միջեւ աշակերտները իրաւունք ունին պզտիկ դադարի մը, որուն ընթացքին անոնք իրարու հետ կը զբաղին: Այս ձեւով դպրոցական երկար օր մը անցընելէ ետք, հարաւքորէացի այս աշակերտները վերջապէս քնանալու կ՛երթան իրիկուան ժամը 11:00-ին: Մին-Ժա, որ շատ կը սիրէ թէյք-ուանտուն, կը փորձէ առաւելագոյնը օգտուիլ իր փորձերէն, որովհետեւ յաջորդ տարի, երբ ինք 6-րդ անցնի, դպրոցական աշխատանքները պիտի շատնան, եւ ինք ստիպուած պիտի ըլլայ մարզանքը ձգելու:
Օրուան ընթացքին, անգլերէնի պահերուն, Մին-Ժա երբեմն կը քնանայ, որովհետեւ ան արդէն անգլերէնի ամբողջ ծրագիրը սորված է գիշերային դասերուն ընթացքին. ան արդէն գիտէ յաջորդ երկու տարիներու ծրագիրները: Մին-Ժա արդէն գիտէ` ի՛նչ կ՛ուզէ ըլլալ ապագային. ո՛չ օդաչու, ո՛չ բժիշկ, ո՛չ հրշէջ, այլ «ազատ անձ մը` առանց պարտականութիւններու»:
Այս անձնական դասերու խենդութիւնը շատ սուղ կը վճարեն ծնողները, եւ անոնք ոչ մէկ սահման ունին: Այս ճնշումը նուազեցնելու համար Սէուլի քաղաքապետարանը արգիլած է այս հաստատութիւններուն իրիկուան ժամը 10:00-էն ետք բաց մնալ:
Ո՞Վ Հնարած Է Վերելակը
Արդի վերելակը հնարած է ամերիկացի Էլիշա Օթիս, 1852 թուականին շուրջ:
Վերելակներ Եւ Երկնաքերներ
1857 թուականին Նիւ Եորքի մէջ առաջին շէնք մը կ՛օժտուի Օթիսի կողմէ շինուած վերելակով մը: Այս գիւտին շնորհիւ` միշտ աւելի բարձր շէնքեր պիտի շինուին Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
Զգայացունց Ներկայացում Մը
Այդ ժամանակաշրջանին բազմաթիւ գիտաշխատողներ արդէն ստեղծած են վերելակներ: Սակայն մարդիկ կը վախնան եւ կը մտածեն, թէ անոնք վտանգաւոր են: Օթիս իր գիւտը կը ներկայացնէ 1854-ին, Նիւ Եորքի մէջ: Ան կ՛ելլէ տափարակ մակերեսի մը վրայ, որ դէպի վեր կը քաշուի հաստ չուաններու միջոցով: Ապա ան իր օգնականներէն կը պահանջէ, որ չուանները կացինով կտրեն: Այդ վայրկեանին անակնկալը մեծ է. վերելակը քանի մը սանթիմեթր միայն կ՛իջնէ, եւ ապա կ՛անշարժանայ: Օթիս հնարած է արգելակի դրութիւն մը, որ վերելակը շատ ապահով կը պահէ:
Հարցարան
Աշխարհին Շուրջ
1) Պուտտա միլիոնաւոր հետեւորդներու կողմէ կը պաշտուի աշխարհի տարածքին: Գիտես, թէ ի՛նչ կը նշանակէ անոր անունը:
ա – Արթունը, բ – Քնացողը, գ – Քնաշրջիկը:
2) Ճափոնի մէջ, Սենթ Վալնթայնի տօնին առթիւ, միայն աղջիկները նուէր մը կու տան իրենց սիրահարներուն:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
3) Եթէ Նոր տարին Անգլիոյ մէջ կ՛անցընես, ընկերդ ի՞նչ պէտք է ընէ քեզի բախտաբեր տարուան մը համար իբրեւ մաղթանք:
ա – Ուիսքիի շիշ մը նուիրել, բ – Տան սեմը անցնիլ աղով, դահեկանով մը եւ ածուխով, գ – քեզի համար երգ մը երգել մղամուրճէ թագի մը տակ:
4) Միջին դարերու արուեստի գործերուն մէջ առիւծը միշտ դիմացէն ներկայացուած է:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
5) Մինչեւ 15-րդ դար մարդիկ նկարչութիւնները հաւկիթով կ՛ընէին:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
6) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն շատ խօսուած լեզուն:
ա – Արաբերէնը, բ – Չինարէնը, գ – անգլերէնը:
7) Սըրֆը հնարուած է աստրալիացիներուն կողմէ, 20-րդ դարուն:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
8) Փինկ-փոնկը չինացի կայսր Փոնկ-Փինկի նախասիրած խաղն էր:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
9) Ո՞վ հնարած է Մոնոփոլին:
ա – Հողեր ծախող ֆրանսացի մը, բ – Անգործ ամերիկացի մը, գ – Միլիառատէր ռուս մը:
10) Եթէ 1834 թուականին ծնած ըլլայիր, դուն պիտի կարենայիր Կաղանդ պապային նամակիդ վրայ դրոշմաթուղթ մը դնել:
11) Մոցարթ մեծ ջութակահար մըն էր:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
12) Պեթհովեն տակաւին երիտասարդ էր, երբ խուլցաւ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:
13) Աշխարհի հին եօթը հրաշալիքներէն մէկը տակաւին կանգուն է: Ո՞ւր կը գտնուի ան:
ա- Յունաստանի մէջ, բ – Իրաքի մէջ, գ , Եգիպտոսի մէջ:
14) Ֆութպոլ խաղացող մարզիկի իր կեանքին ընթացքին ան նշանակած է 1281 կոլ եւ արձանագրած` մրցանիշներ: Ո՞վ է ան:
ա – Զինէտտին Զիտան, բ – Տիէկօ Մարատոնա, գ – Փելէ:
15) Ո՞վ հնարած է գիրը:
ա – Սումերցիները, բ – Եգիպտացիները, գ – Փիւնիկեցիները:
Պատասխանները վերջաւորութեան
Ժամանց




Պատասխաններ
1) Արթունը: Հոգեկան երկար փնտռտուքէ եւ կեդրոնացումի մեծ աշխատանքէ ետք, Պուտտա ապրեցաւ զարթնում, որ իրեն կարելիութիւնը տուաւ իրականութիւնը տեսնելու: 2) Ճիշդ, 14 փետրուարին ճափոնցի աղջիկները տուրմ կը նուիրեն իրենց սիրահարներուն: Անոնք պէտք է սպասեն մինչեւ 14 մարտ, իրենց կարգին, իրենց սիրահարէն նուէր ստանալու համար: 3) Դրան սեմը անցնիլ աղով, դրամով եւ ածուխով: Այս երեք նուէրները կը խորհրդանշեն` ուտելիք, հարստութիւն եւ ջերմութիւն, հանգիստ տարի մը անցնելու համար: 4) Սխալ: Անասուններու թագաւորը, որ կը խորհրդանշէ ուժ եւ հզօրութիւն, միշտ կողմնակի ներկայացուած է, ինչպէս` միջին դարերուն բոլոր լաւ սեպուող անասունները: Դիմացէն ներկայացուող անասունները գէշ կը սեպուին: 5) Ճիշդ: Նախապատմական շրջաններէն գոյներու փոշիները կը խառնուէին հաւկիթով: 15-րդ դարուն վան Այք եղբայրները կը մտածեն յատուկ իւղ մը գործածել հաւկիթի փոխարէն. իւղաներկը կը ծնի: 6) Չինարէնը: Չինարէն խօսողներուն թիւը կը հասնի 1,3 միլիառի: Երկրորդ դիրքի վրայ կը գտնուի անգլերէնը, որ կը խօսուի` Անգլիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի մէջ: Արաբերէնը կը գտնուի 8-րդ դիրքի վրայ: 8) Սխալ: Փոնկ-Փինկ բնաւ գոյութիւն չէ ունեցած, իսկ փինկ-փոնկը ծնած է Անգլիոյ մէջ, 19-րդ դարուն: Անոր անունը չինական ծագում չունի: Անիկա պարզապէս կը յիշեցնէ սեղանին վրայ գնդակէն յառաջացած ձայնը: 9) Անգործ ամերիկացի մը` Չարլզ Տարրով: 80 տարիներու ընթացքին այս խաղը թարգմանուած է 26 լեզուներու, եւ խաղէն ծախուած է աւելի քան 250 միլիառ օրինակ: 10) Ոչ: Որովհտեւ դրոշմաթուղթերը տակաւին գոյութիւն չունէին: Սակայն վեց տարի ետք ասիկա կարելի պիտի ըլլար… Անգլիոյ մէջ Աշխարհի առաջին դրոշմաթուղթը` ուան-փենի-պլաքը տպուեցաւ 1840-ին: 11) Ճիշդ: Ըստ իր ժամանակաշրջանի մարդոց, Ուոլֆկանկ Ամատէոս Մոցարթ ոչ միայն հանճարեղ դաշնակահար մըն էր, այլ նաեւ` հանճարեղ ջութակահար: 12) Ճիշդ: Ան տակաւին 30 տարեկան չէր եղած, երբ խուլութեան առաջին նշանները կը յայտնուին: 48 տարեկանի շուրջ ան ամբողջովին խուլ կը դառնայ, սակայն կը շարունակէ երաժշտութիւն յօրինել մինչեւ իր մահը, 26 մարտ 1827-ին, 56 տարեկանին: 13) Եգիպտոսի մէջ: Ան Կիզէի Մեծ բուրգն է: Հին Աշխարհի եօթը հրաշալիքները ընտրուած են հին յոյներուն կողմէ: 14) Փելէ: Այս պրազիլցի ֆութպոլ խաղացող մարզիկը 3 անգամ շահած է ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը իր խումբին հետ,- 1958-ին, 1962-ին եւ 1970-ին: 15) Սումերցիները, Միջագետքի մէջ ապրող այս ժողովուրդը գամերու նմանող գիրեր` սեպագրերը հնարեց Ք. Ա. մօտաւորապէս 3300 թուականին: Քիչ ետք եգիպտացիները հնարեցին մեհենագիրները, իսկ փիւնիկեցիները հնարեցին առաջին այբուբենը: