Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրահամ Կը Պաշտպանէ Մանուկներուն Իրաւունքները

Նոյեմբեր 21, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

bzdignerou-iravounk_112115

Նոյեմբերի սկիզբը Մանուկներու խաղաղութեան միջազգային մրցանակը տրուեցաւ ափրիկեցի պատանիի մը` Ապրահամ Քէյթայի: Ան կրցած  է համոզել Լիպերիոյ խորհրդարանը` որդեգրելու մանուկները պաշտպանող յատուկ օրէնք մը:

Երկուշաբթի, 9 նոյեմբերին 17 տարեկան լիպերիացի պատանի Ապրահամ Քէյթա ստացաւ Մանուկներու խաղաղութեան միջազգային մրցանակը: Ան այս վարձատրութեան արժանացաւ իր երկրին` Լիպերիոյ մանուկներու համար տարած աշխատանքներուն պատճառով: Այսուհետեւ, անոր շնորհիւ, մանուկներուն դէմ  բռնութիւն կատարող անձերը պիտի պատժուին:

Պատանին իր վարձատրութիւնը ստացաւ 2011 թուականին Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիրին` լիպերիացի Լէյմա Կուոպէի ձեռքէն: Յիշենք նաեւ, թէ անցեալին այս մրցանակին արժանացած էր փաքիստանցի Մալալա Եուսաֆզա, որ 2014 թուականին, իր կարգին ստացաւ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին: Մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Լահէյի մէջ, Հոլանտա: Պատանին յայտարարեց, թէ այդ վարձատրութիւնը իր համայնքին, իր երկրին եւ աշխարհի մանուկներուն համար յոյսի խորհրդանիշ մըն է: Ան աւելցուց նաեւ, որ երբ մանուկներուն արդարութիւն ըլլայ, ամբողջ աշխարհին արդարութիւն եղած պիտի ըլլայ:

* * *

Ապրահամ վարձատրուեցաւ, որովհետեւ կրցաւ մեծ յաջողութեամբ աշխատանքներ տանիլ խորհրդարանին մէջ, որպէսզի հոն որդեգրուի մանուկներուն իրաւունքները պահպանող օրէնք մը:

Լիպերիոյ մէջ, որ քաղաքացիական պատերազմ մը ապրած է 18 տարիներու ընթացքին, 10 բնակիչէն 8-ը շատ աղքատ է: Հոն մանուկները զոհերն են այդ պատերազմին, աղքատութեան, բռնութեան:

Քիտզրայթց կազմակերպութեան կողմէ հիմնուած Մանուկներու խաղաղութեան միջազգային մրցանակը ամէն տարի կը վարձատրէ 16 տարեկանէն փոքր պատանի մը, որ աշխատած է մանուկներու իրաւունքներուն համար:

Մրցանակակիրը կը ստանայ 100 հազար եւրօ, որ կը ներդրուի այդ անձին աշխատանքներուն կապուած տարբեր ծրագիրներու մէջ:

 

Հարցարան

Ընդհանուր Գիտելիքներ

1.- Աշխարհի ամէնէն մեծ արեւադարձային անտառը Հարաւային Ամերիկայի մէջ Ամազոնի անտառն է:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

2.- Բրինձը կը բուսնի տաք եւ խոնաւ շրջաններու մէջ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

3.- Փոքր արեւածաղիկները`
ա – Իրենց տերեւները կը գոցեն, երբ արեւը կը փայլի, բ – Դէպի արեւ կը դառնան արեւը ծագելէն մինչեւ անոր մար մտնելը, գ – Բնաւ դէպի արեւ չեն դառնար, դ – Միշտ ուղիղ կանգնած կը մնան, նոյնիսկ երբ արեւ չկայ:

4.- Կարգ մը բոյսեր միջատներ կ՛ուտեն:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

5.- Պամպու եղէգներուն մէջը պարապ է:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

6.- Բադերը իրենց աչքերը բաց կը պահեն քնանալու ընթացքին:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

 

7.- Թութակները լուռ կը մնան, երբ կը ձանձրանան:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

8.- Սիրամարգերը ո՞ւր կը նախընտրեն խաղալ:
ա – Գետնի վրայ, բ – Ծակի մը մէջ,  գ – Ծառի մը վրայ, դ – Քարայրի մը մէջ:

harts-1_112115

9.- Բուն իր մարմնին ո՞ր բաժինը չի կրնար շարժել:
ա – Գլուխը, բ – Աչքերը, գ – Ոտքերը, դ – Թեւերը:

10.- Թեւատները շատ ցածէն կը թռչին:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

11.- Չղջիկը թռչուն մըն է:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

12.- Պասքեթպոլի գնդակները աւազով լեցուած են:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

13.- Որքա՞ն է Ողիմպիական աւազանի մը մեծութիւնը:
ա – 15 մեթր, բ – 25 մեթր, գ – 50 մեթր, դ – 100 մեթր:

14.- Լոլիկները եկած են Հարաւային Ամերիկայէն:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

harts-2_112115

15.- Ի՞նչ կը կոչուի կարգ մը առիթներու սկովտիացի այր մարդոց հագած փէշը:
ա – Քիլթ, բ – Քուլթ, գ – Քոլթ, դ – Քելթ:

harts-3_112115

16.- Ի՞նչ կը կոչուին Զատիկ կղզիին վրայ գտնուող հսկայական արձանները:
ա – Ռավա Նուի,  բ – Մոայ, գ – Քեցալքոլթ, դ – Մայա:

17.- Հետախուզական առաջին ճամբորդութիւնները կատարուած են առանց քարտէսի եւ կողմնացոյցի:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

18.- Չինական Նոր տարին կը սկսի յունուար 1-ին:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

19.- Վատիկանը աշխարհի ամէնէն փոքր երկիրն է: Որքա՞ն է անոր բնակչութեան թիւը:
ա – 5-10 անձ, բ – 50-100 անձ, գ – 500- 1000 անձ, դ – 5000-10,000 անձ:

20.- Ռուսիան երկու ցամաքամասերու վրայ կը գտնուի:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

21.- Եգիպտոսի Մեծ բուրգը համապատասխան է ֆութպոլի վեց դաշտերու:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

22.- Գլխուն մազերը շատ աւելի արագ կը բուսնին, քան` մօրուքի մազերը:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

harts-4_112115

23.- Ո՞ր երկրին մէջ կ՛ապրին աշխարհի ամէնէն բարձրահասակ (միջին հաշուով) անձերը:
ա – Չինաստան, բ – Աւստրալիա, գ – Արժանթին, դ – Հոլանտա:

24.- Մեր մարմնին ոսկորներուն կէսը կը գտնուի մեր ձեռքերուն եւ ոտքերուն մէջ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

 

25.- Փիկմենները աշխարհի ամէնէն փոքրահասակ անձերն են:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Ինչո՞ւ Աքլորները
Առտուն Կը Կանչեն

aklor_112115

Աքլորը կանչեր կ՛արձակէ յայտարարելու համար, թէ ինք հաւնոցին թագաւորն է: Եւ որովհետեւ ան առտուն շատ աշխուժ կ՛ըլլայ, իրեն հետ կ՛արթնցնէ բոլոր իր շուրջինները, երբ արեւը կը ծագի: Անոր կանչերը կը շարունակուին ամբողջ օրուան ընթացքին, սակայն մենք զանոնք նուազ կը լսենք, որովհետեւ մեր շուրջը շատ աւելի աղմուկ կ՛ըլլայ:

 

Ինչո՞ւ Մժեղները
Կը Խայթեն

mjegh_112115

Մժեղներուն մօտ միայն էգ մժեղները կը խայթեն: Որպէսզի անոր հաւկիթները աճին, ան պէտք է քիչ մը արիւն խմէ: Այս պատճառով է, որ ան ունի մորթը ծակելու կարողութիւնը ունեցող ծծոց մը. մինչ արու մժեղները կը սնանին միայն ծաղիկներու նեկտարով: Մժեղները կը խայթեն թէ՛ մարդիկը, թէ՛ ալ անասունները:

 

Ինչո՞ւ Մեղուները
Թագուհի Մը Ունին

meghou_112115

Ան բոլոր մեղուներուն մայրն է: Թագուհին միակ մեղուն է, որ հաւկիթներ կ՛ածէ: Այս պատճառով անոր տրուած է թագուհիի «տիտղոսը»: Ան ծնունդ կու տայ միւս բոլոր մեղուներուն` բանուորներուն, որոնք ծաղիկներուն վրայէն բեղմնափոշին կը հաւաքեն, կամ փեթակին մէջ մեղրի պատրաստութեան աշխատանքներուն կը մասնակցին: Թագուհին կրնայ օրական միլիոնաւոր հաւկիթներ ածել:

 

Ինչո՞ւ Ընձուղտները
Երկար Վիզ Մը Ունին

entsoughd_112115

Տափաստանին մէջ խոտերը քիչ են: 20 միլիոն տարիներ առաջ, որովհետեւ արդէն բազմաթիւ անասուններ գետնի բոյսերը կ՛ուտէին, ընձուղտները սկսած են ուտել ծառերուն վրայի տերեւները, եւ անոնց վիզը սկսած է երկննալ բարձրերը գտնուող այդ ուտելիքին կարենալ հասնելու համար:

 

 Ինչո՞ւ Մենք
Կը Փռնգտանք

prnkdal_112115

Դուրս հանելու համար պզտիկ աղտոտութիւնները: Այս շարժումը անկարելի է ղեկավարել, եւ փռնգտալու ընթացքին քիթէն արձակուած օդը կրնայ երբեմն հասնիլ ժամական 200 քմ արագութեան:

 

 

Կրնա՞ս ցուլին ցոյց տալ մաթատորին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս ցուլին ցոյց տալ մաթատորին հասցնող ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր 1-110 յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-110 յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը կը համապատասխանէ անոր տակի երկու թիւերուն գումարումին:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը կը համապատասխանէ անոր տակի երկու թիւերուն գումարումի
Կրնա՞ս գտնել շունիկին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել շունիկին համապատասխանող շուքը

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանները

1 – ա, 2 – ա, 3 – բ, 4 – ա, 5 – ա, 6 – ա, 7 – բ, 8 – գ, 9 – բ, 10 – բ, 11 – բ, 12 – բ, 13 – գ, 14 – ա, 15 – ա, 16 – բ, 17 – ա, 18 – բ, 19 – գ, 20 – ա, 21 – ա, 22 – բ, 23 – դ, 24 – ա,  25 – ա:

Նախորդը

50 Տարի առաջ (21 Նոյեմբեր 1965)

Յաջորդը

Տեսակէտ. Աղբացած Առօրեայի Լուսանցքին Ա՛լ Ի՛նչ Խօսք Անկախութեան Մասին (22 Նոյեմբեր 1943)

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?