Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդկային Մարմինը Եւ Ձմեռը

Յունուար 16, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

tsemer-01_011616

Ձմեռը մենք կը մսինք եւ պէտք է պաշտպանուինք: Սակայն մեր մարմինը ինչպէ՞ս կը բանի այս եղանակին տոկալու համար, եւ մենք ի՞նչ նախազգուշութիւններ պէտք է առնենք:

Մեր մարմինը շատ իւրայատուկ է: Անկախ ցուրտէն կամ տաքէն` մեր մարմինը միշտ նոյն ջերմաստիճանը կը պահէ: Սակայն ուշադրութի՛ւն. ասիկա չի նշանակեր, որ մենք կրնանք ամէն ինչի տոկալ: Ցուրտը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ:

– Նախ Եւ Առաջ` Մորթը

Մեր մարմնին տաքութիւնը 37 աստիճան է: Երբ օդը կը ցրտէ, ան պէտք է տաքութիւն արտադրէ այս ջերմաստիճանը պահելու համար, ինչպէս երբ մենք տան մէջ վառարանը կը վառենք: Սակայն մեր մարմինը ինչպէ՞ս կը բանի: Ան տաքութիւն կը հասցնէ այն տեղը, որ պէտք է. մեր մորթն է, որ ցուրտին հետ շփման մէջ է, հետեւաբար անիկա կը գտնուի առաջին կարգին վրայ: Դուն ցուրտը կը զգա՞ս, եւ յանկարծ մորթիդ վրայի մազերը կը կանգնի՞ն: Այդ մազերը մորթին վրայ կը կանգնին եւ իրարու միջեւ կը կազմեն օդի պզտիկ բարձիկներ, որոնք մեզ ցուրտէն քիչ մը կը պաշտպանեն:

Սակայն ասիկա չի բաւեր: Մենք կը սկսինք դողդղալու: Մեր մորթին անմիջապէս տակը գտնուող մկանները կը կծկուին եւ քիչ մը տաքութիւն կ՛արտադրեն զայն տաքցնելու համար:

Եւ երբ մորթին բջիջները ցուրտը կը զգան, անոնք ահազանգի նշան կը ղրկեն ուղեղին մէկ յատուկ բաժինին` հիփորալամիւսին:

– Ուղեղը Ղեկը Կը Ստանձնէ

Երբ մեր ուղեղը կը ստանայ վտանգի ազդանշանը, ան արիւնի երակներուն կը հրահանգէ կծկուիլ` մարմնին ներքին ջերմութիւնը պահելու համար: Մեր գործարանները` սիրտը, թոքերը, երիկամները ցուրտէն չեն տառապիր: Այս գործողութեան պատճառով արիւնը նուազ կը շրջի մորթին մակարդակին վրայ. դուն բնաւ նշմարա՞ծ ես, թէ ինչպէ՛ս այս պարագաներուն մեր ձեռքերը կը սպիտակին. ասիկա ցոյց կու տայ, որ ուղեղնիս լաւ աշխատած է:

– Շաքար` Լաւ Տաքնալու Համար

 

Մեր լեարդին մէջ մենք շաքար կ՛ամբարենք: Երբ օդը կը ցրտէ, ուղեղը լեարդին կը հրահանգէ արիւնին շաքար ղրկել կլիւքոզի ձեւին տակ: Եւ ասիկա է, որ բջիջներուն կարելիութիւնը կու տայ արտադրելու ուժանիւթ… եւ հետեւաբար` ջերմութիւն:

– Պէտք Է Պաշտպանուիլ

 

tsemer-02_011616

Ճիշդ է, որ մեր մարմինը սքանչելի մեքենայ մըն է, որ մեզ ցուրտէն կը պահպանէ, սակայն մենք պէտք է նաեւ ուշադիր ըլլանք:

Մեր մարմինը շատ լաւ կը բանի, սակայն անոր ծայրամասերը շատ զգայուն են ցուրտին հանդէպ: Ցուրտ օդին մեր ձեռքերը, ոտքերը, գլուխը շատ շուտ կը պաղին: Անոնք մեր մարմնին այն բաժիններն են, որոնք չեն պաշտպանուած մեր մարմնին միւս բաժիններուն մէջ ամբարուած իւղին միջոցով: Հետեւաբար անոնք ցուրտէն ամէնէն աւելի կ՛ազդուին: Կը պատահի, որ սաստիկ ցուրտի պարագային մեր մատները կամ ականջները սառին, եթէ մենք զանոնք չպաշտպանենք:

Սակայն ասոր կողքին կայ նաեւ ուրիշ պարագայ մը: Մեր ամբողջ մարմինը կրնայ հայփոթերմիա վիճակի մէջ գտնուիլ, եթէ մենք չկարենանք անոր ջերմաստիճանը 35 աստիճանէն բարձր պահել: Մենք կը զգանք, որ մեր մատները կ՛ընդարմանան, մենք չենք կրնար մեր շարժումները համակարգել, չենք կրնար լաւ մտածել: Այս պարագային պէտք է անձը անմիջապէս տաքցնել ծածկոցներով եւ տաք ըմպելիներով:

– Պէտք Է Ուշադիր Ըլլալ

Ցուրտէն չտառապելու համար պէտք է քանի մը նախազգուշութիւններ առնել եւ կարգ մը հնարքներ գիտնալ:

Անշուշտ ցուրտ օդին պաշտպանուելու համար պէտք է հաստ եւ տաք հագուստներ հագուիլ: Սակայն գիտէի՞ր, թէ նախընտրելի է, օրինակի համար, քանի մը թեթեւ հագուստներ հագուիլ` մէկ հատ հաստ փուլովըրի մը փոխարէն:

tsemer-03_011616

Երբ ցուրտ օդին դուրս պիտի ելլես, խորհուրդ կը տրուի հագնիլ երեք խաւ: Երբ մենք իրարու վրայ քանի մը հագուստներ կը հագուինք, այս հագուստներուն միջեւ կը գտնուին օդի բազմաթիւ խաւեր, որոնք մեր մարմնին տաքութիւնը կը պահեն: Անշուշտ դուրս ելլելու ժամանակ պէտք չէ մոռնալ վերարկուները, անորաքները…

Մեր ոտքերը, մեր ձեռքերը եւ գլուխը մեր մարմինէն բնականօրէն ամէնէն նուազ պաշտպանուած բաժիններն են. հետեւաբար կարելի է ունենալ նաեւ բուրդէ գլխարկ, ձեռնոցներ, բուրդէ գուլպաներ…

* Հետաքրքրական

Այս տողերը կարդալու ժամանակ հաւանաբար մտածես, թէ շատ ցուրտ շրջաններու մէջ ապրող ժողովուրդները ինչպէ՞ս կրնան ապրիլ այդպիսի ծանր պայմաններու մէջ: Պարզապէս անոնք շատ լաւ յարմարած են իրենց միջավայրին: Օրինակի համար, եթէ մենք մօտէն ուսումնասիրենք բեւեռային շրջաններու մէջ բնակող ինուիթները, պիտի նշմարենք, թէ անոնց դէմքը աւելի կլոր է եւ աւելի տափակ, քիթերնին` աւելի փոքր: Անոնց ձեռքերն ալ աւելի փոքր են մեր ձեռքերէն… Ցուրտը կը յարձակի մեր մարմնի ծայրամասերուն վրայ. բարակ երկար մատները շատ աւելի դիւրութեամբ կը սառին, քան` կարճ մատները:

 

Կաղանդ Պապային Նուէրները
Վերջապէս Կը Ստանայ… 78 Տարեկանին

gaghant-baba-02_011616

Անգլիոյ մէջ, հին տան մը կրակարանը քանդելու ժամանակ, տան մէջ աշխատող գործաւորներէն մէկը կը գտնէ 1943 թուականին փոքրիկ Տէյվիտ Հէյլոքի` Կաղանդ պապային գրած նամակը: Ան հոն մոռցուած էր աւելի քան 70 տարիներէ ի վեր:

gaghant-baba-01_011616gaghant-baba-3_011616Իր ցանկին վրայ փոքրիկ Տէյվիտ շատ բաներ չէր խնդրած, պարզապէս բաներ, զորս ինք պէտք ունէր. պզտիկ թմբուկ մը, կաւիճի տուփ մը, պզտիկ զինուորներ եւ հնդիկներ, մուճակներ, մետաքսէ վզկապ մը եւ տուփ մը մատիտ:

Այս նամակին ընթերցումէն զգացուած` գործաւորը կ՛որոշէ գտնել անոր հեղինակը եւ վերջապէս անոր նուիրել ցանկին բոլոր նուէրները:

Արդէն 78 տարեկան Տէյվիտ Հէյլոք շատ յուզուած էր այս ազնիւ վերաբերումէն:

Հակառակ ասոր` ան սպասեց Կաղանդի օրը իր նուէրները բանալու համար:

 

Գիտէի՞ր, Թէ…

kideir-te-1_011616

– Ֆիլիփփիններու մէջ գոյութիւն ունի պանանի քեչափ: Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին լոլիկի պակաս կար. հետեւաբար մարդիկ լոլիկը փոխարինեցին պանանով: Այս պանանի քեչափը պատրաստուած է ճզմուած պանանով, շաքարով, քացախով եւ համեմներով:

– Մեր մարմնին մէջ ամէնէն զօրաւոր մկանը լեզուն է:

– Բուերը միակ թռչնազգիներն են, որոնք կրնան կապոյտ գոյնը տեսնել:

– Դլփինները մէկ աչքերնին բաց կը քնանան:

– Միացեալ Նահանգներու Նեպրասքա նահանգին մէջ արգիլուած է եկեղեցիին մէջ ձգռտալ (կազեր արտաքսել բերնէն) կամ փռնգտալ:

– Բեւեռային արջերը ձախլիկ են:

– Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ գոյութիւն ունին վեց պաշտօնական լեզուներ` անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, չինարէն, ռուսերէն եւ սպաներէն:

– Այն ամիսները, որոնք կիրակի օր մը կը սկսին, միշտ «ուրբաթ 13» մը ունին:

– Լէոնարտօ տա Վինչի կրնար մէկ ձեռքով գրել եւ միաժամանակ միւս ձեռքով գծել:

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ձեռնոցներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ձեռնոցներուն հասցնող ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր 1 - 80` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1 – 80` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` թիւերուն համապատասխանող տեղերը գտնելով:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` թիւերուն համապատասխանող տեղերը գտնելով:
Կրնա՞ս գտնել ձիւնեմարդուն համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել ձիւնեմարդուն համապատասխանող շուքը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Յունուար 1966)

Յաջորդը

Վայրկեան

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?