Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Անոնք ծնած են Ասիոյ մէջ եւ հետզհետէ նուաճած ամբողջ մոլորակը: Սակայն անոնք միշտ նոյն ձեւով չեն ընդունուած մարդոց կողմէ…
Աստուածային
Հին ժամանակներէն ի վեր արդէն, կատուն ընտանի անասուն մը եղած էր Եգիպտոսի մէջ, ուր ան երկար ատեն պատկառանքի արժանի եղած էր: Ան նոյնիսկ ունէր իր պատկերով աստուածուհի մը` Պասթէթ: Հին եգիպտական աւանդութեան մէջ Հէլիօփոլիսի մեծ կատուն, արեւու աստուածը` Րէն, կը պաշտպանէ Ափոփիս օձէն, որ կ՛ուզէ անոր բզքտել: Եգիպտացիները շատ կը գնահատեն այս անասունը` վնասակար անասունները որսալու անոր ունեցած յատկութիւններուն համար:
Վախնալիք
Միջին դարերէն սկսեալ կատուն եւ յատկապէս սեւ կատուն, Եւրոպայի մէջ սկսաւ համարուիլ իբրեւ գէշ էակ մը: Ան յաճախ կը յայտնուի վհուկներու պատմութիւններուն մէջ, յատկապէս անոր փայլող աչքերուն պատճառով: Այս վատ համբաւը պիտի ընկերակցի կատուին մինչեւ 17-րդ դար, Ամերիկան:
Բախտաբեր
Մանէքի Նեքօ թաթիկը բարձրացուցած կատուի պզտիկ արձանիկ մըն է, զոր կարելի է գտնել Ճափոնի բոլոր տուներուն մէջ: Ճափոնցիք կը հաւատան, թէ ան երջանկութիւն եւ հարստութիւն կը բերէ իր տէրերուն: Ճափոնական կղզիի խումբին մէջ կատուն լաւ անուն ունի անոր Ճափոն ժամանումէն` 6-րդ դարէն ի վեր: Անոր կղզիներէն մէկը` Թաշիրօժիմա, որ անուանուած է Կատուներու կղզին, ունի աւելի քան 150 կատու եւ միայն 70 բնակիչ:
* * *
Պատմութեան ընթացքին
Նախապատմութիւն եւ հին ժամանակներ
10,000 տարիներ առաջ Կիպրոսի կղզիին մէջ մարդ մը թաղուած է իր կատուին հետ: 5300 տարիներ առաջ Չինաստանի մէջ կը գտնուին մարդուն եւ կատուին համակեցութեան առաջին հետքերը: Կատուն, որ տակաւին վայրի է, կ՛ուտէ հունձքերուն շուրջ թափառող եւ զանոնք կրծող անասունները: Քանի մը դարեր ետք Եգիպտոսի եւ Միջին Արեւելքի մէջ մարդիկ անոր կ՛ընտելանան:
Միջին դարեր
1233 թուականին Կրէկուար Թ. պապը կը յայտարարէ, թէ այն անձը, որ սեւ կատու կը պահէ իր քով, կրակով պիտի պատժուի: Իսկ 1484 թուականին, Իննոսան 8-րդ պապին հրովարտակի մը հռչակումէն ետք, մարդիկ կը սկսին կատուներ մեռցնել ժողովրդական տօներուն ընթացքին:
Արդի ժամանակ
Արեւմտեան աշխարհի մէջ, կատուին գէշ համբաւը կը սկսի լաւանալ, երբ մարդիկ կ՛անդրադառնան, դժբախտաբար ուշ, կատուին կարեւոր դերին` հիւանդութիւններու պատճառ դարձող առնէտներուն դէմ պայքարին մէջ: Ան իբրեւ ընտանի անասուն կը յիշուի Եւրոպայի մէջ 17-րդ դարէն սկսեալ: 19-րդ դարուն կատուն ընդունուած է ագարակներուն մէջ, վաճառատուներուն, մթերանոցներուն, նաւերուն… եւ միջին դասակարգի մարդոց տուներուն մէջ:
* * *
Գիտէի՞ր, թէ…
– Ուրիշ անասուններու կողքին, եգիպտացիները կը զմռսէին նաեւ կատուները: Հնաբանները հազարաւոր կատուի մոմիաներ գտած են բազմաթիւ սուրբ վայրերու մէջ: Այս մոմիաները իբրեւ նուիրատուութիւններ կը գործածուէին. անոնք կը ծախուէին տաճարներուն առջեւ:
– Կատուն ուտուելիք անասուն մը կը համարուի Չինաստանի հարաւ-արեւելքը եւ Վիեթնամի մէջ: Փերուի մէջ ալ ան կ՛ուտուի յատուկ առիթներու, յատկապէս ամէն տարի Լիմայի հարաւը գտնուող լա Քէպրատա գիւղին մէջ տեղի ունեցող փառատօնի մը ընթացքին: Սակայն, զարմանալիօրէն, կատուի միս ուտելու սովորութիւն մը տակաւին կը շարունակուի… Զուիցերիոյ կարգ մը շրջաններու մէջ:
– Մեր մոլորակին վրայ կ՛ապրին մօտաւորապէս 600 միլիոն կատուներ:
Անհաւատալի Բայց Իրաւ
– Ամէն տարի, Անգլիոյ Թոթնզ շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենայ մրցում մը, որուն ընթացքին մրցակիցները իրենց ոտքերով նարինջներ կը հրեն իրենց վազքին ընթացքին:- 0,4 հեկտար հողի շերտի մը մէջ կրնան գոյութիւն ունենալ աւելի քան մէկ միլիոն որդեր:
– Հաւ մը որքան տարիքը կ՛առնէ, այնքան աւելի մեծ հաւկիթներ կ՛ածէ:
– Թութակները ձայնի լարեր չունին:
– Երկրագունդին բոլոր ցամաքները կրնան բաւել Խաղաղական ովկիանոսին մէջ:
– Հէլլօ Քիթթիի լման անունը Քիթթի Ուայթ է:
– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, մենք որքան երկար քնանանք, մեր երազները այնքան տարօրինակ կը դառնան:
– 0,5 քիլօ բրինձի տոպրակի մը մէջ կայ աւելի քան 29,000 բրինձի հատիկ:
– Ամէն տարի հովերը կը փչեն եւ կը տանին մօտաւորապէս 40 միլիոն թոն աւազ Ափրիկէի Սահարա անապատէն… մինչեւ հարաւային Ամերիկայի Ամազոն գետի շրջանը:
Քաղաքապետ Կատուն
15 տարիներէ ի վեր Սթապզ քաղաքապետն է Ալասքայի մէջ գտնուող եւ 800 բնակիչ ունեցող պզտիկ քաղաքի մը` Թալքիթնայի: Ասիկա արդէն մեծ իրագործութիւն է ոեւէ մէկուն համար: Սակայն հարցը աւելի տարօրինակ կը դառնայ, երբ մենք կը ծանօթանանք Սթապզի… որ կատու մըն է:
Ճիշդ է, որ Թալքիթնայի մէջ քաղաքապետի այս պաշտօնը խորհրդանշական է: Թալքիթա փոքրիկ հանդարտ քաղաք մըն է, որ կ՛ապրի զբօսաշրջիկութեան շնորհիւ, իսկ Սթապզի գլխաւոր պաշտօնը զբօսաշրջիկներուն հետաքրքրութիւնը գրաւելն է:
Ադամանդէ Մոլորակը
Կրնա՞ք երեւակայել երկրագունդէն երկու անգամ աւելի մեծ ադամանդ մը: Թէեւ դժուար է, սակայն ասիկա հեքիաթային չէ, այլ իսկապէս գոյութիւն ունի:
Ամերիկացի եւ ֆրանսացի աստղագէտներու խումբ մը գտած է մեծ մասամբ ադամանդէ կազմուած այս մոլորակը: 55 քանքրի-ի անուանուած այս ժայռոտ մոլորակը կը դառնայ երկրագունդէն մօտաւորապէս 40 լոյսի տարի հեռու գտնուող եւ պարզ աչքով տեսանելի աստղի մը շուրջ: Մասնագէտները կ՛ենթադրեն, թէ այս մոլորակին ծաւալին առնուազն մէկ երրորդը կազմուած է ադամանդէ:
Ափոլլօ 11-ի Աստղանաւորդներուն
Ամսականը
Ինչպէս բոլորս գիտենք, Ափոլլօ 11-ի աստղանաւորդները` Պազ Ալտրին, Նիլ Արմսթրոնկ եւ Մայքըլ Քոլլինզ, լուսինին վրայ իջնող առաջին անձերը եղած են: Այս դէպքը մեծ իրագործում մըն էր ամբողջ մարդկութեան համար:
Աստղանաւորդները մեծ հռչակ ստացան, արժանացան բոլորին երախտագիտութեան, եւ պատմութեան գիրքերուն մէջ մեծ բաժին մը յատկացուեցաւ անոնց: Սակայն գիտէի՞ք, թէ այս գրեթէ անկարելի պաշտօնին համար անոնց ամսականը եղած է օրական միայն 8 տոլար, որ կը համապատասխանէ այժմ 50 տոլարի:
Աւստրալիոյ Ուղտերը
Ագեվազներուն կողքին, Աւստրալիոյ մէջ ուղտը ամէնէն աւելի տարածուած անասուններէն մէկն է: 19-րդ դարու կէսերուն հազարաւոր երկու գլխաւոր տեսակներու ուղտեր բերուեցան Աւստրալիա` շինարարութեան մէջ գործածուած ապրանքներու փոխադրութեան համար:
20-րդ դարուն ինքնաշարժները այդ աշխատանքներուն համար փոխարինեցին ուղտերը: Հետեւաբար, այդ անասունները բնութեան մէջ արձակուեցան: Այժմ, Աւստրալիոյ մէջ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս մէկ միլիոն ուղտեր:
Կը Սիրե՞ս Տուրմը
Եթէ այս հարցումին պատասխանդ դրական էր, գիտցիր, թէ դուն մինակ չես: Ամէն տարի, ամբողջ աշխարհին մէջ մարդիկ կ՛ուտեն 3,7 միլիոն թոն տուրմ: Սակայն միջին հաշուով ո՞ր երկրին մէջ ան ամէնէն շատ կ՛ուտուի մէկ հոգիի կողմէ:
1.- Զուիցերիա – 5,8 քիլօ
2.- Պելճիքա – 5,7 քիլօ
3.- Գերմանիա – 4 քիլօ
4.- Անգլիա – 3,5 քիլօ
5.- Միացեալ Նահանգներ – 2,5 քիլօ
6.- Շուէտ – 2 քիլօ
7.- Ճափոն – 1,3 քիլօ
8.- Պրազիլ – 1 քիլօ
***
Հետաքրքրական: Տուրմ շինող անգլիական ընկերութիւն մը պատրաստեց աւելի քան 220 հազար տուրմի կտորներ պարունակող տուփ մը:
Ժամանց



