Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամէնէն Առանձին Տղուն Անակնկալը

Դեկտեմբեր 12, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

aron-anderson-121215

Սկովտիոյ մայրաքաղաք Էտիմպուրկէն 631 քմ դէպի հիւսիս, Շեթլընտի արշիպեղագոսին մէջ կը գտնուի Աութ Սքերիզ կղզին: Անիկա ունի 4 քառակուսի քմ տարածք, 70 բնակիչ եւ մէկ նախակրթարան դպրոց, որուն միակ աշակերտը 10 տարեկան Արոն Անտըրսնն է: Ան միակ մանուկն է 69 չափահասի մէջ:

Ռետտիթ համացանցի ընկերային խմբակին մաս կազմող անձերէն մէկը կը կարդայ Արոնի մասին եւ անոր պատմութիւնը կը յուզէ զինք: Հետեւաբար 30 նոյեմբերին ան համացանցին վրայ կոչ մը կ՛ուղղէ խմբակի անգլիացի եւ սկովտիացի միւս անդամներուն` պզտիկ տղուն Կաղանդի քարտ մը ղրկելու 7 դեկտեմբերէն սկսեալ, պզտիկ տղուն դէմքին վրայ մեծ ժպիտ մը գծելու համար:

minag-2_121215minag-3_121215Ան կը հեռաձայնէ նաեւ Արոնի դպրոց` տեղեկացնելու համար իր կազմակերպած «ձեռնարկին» մասին, եւ Արոնի ծնողներէն կամ ուսուցիչէն կը խնդրէ պզտիկ տղուն օգնել մօտ օրէն կղզիին փոքրիկ նամակատուփը լեցնող քարտերը բանալու:

Նուազ քան 24 ժամէն այս կոչը անցաւ Սկովտիոյ եւ Անգլիոյ սահմաններէն ալ անդին, կտրեց ովկիանոսները եւ հասաւ նոյնիսկ մինչեւ Միացեալ Նահանգներ:

Այս նախաձեռնութիւնը առնողը կը յուսայ նաեւ, որ այս փոքրիկ դէպքը քիչ մը ուրախութիւն բերէ կղզիին միւս բնակիչներուն ալ: Աութ Սքերիզ կղզին դժուար տարի մը ապրեցաւ կեանքի դժուար պայմաններու պատճառով: Տնտեսական պատճառներով Արոնի դպրոցի երկրորդական բաժինը արդէն փակուած էր 2013 թուականին, եւ երբ Արոն նախակրթարանը աւարտէ, ան պիտի ստիպուի հետեւելու իր նախկին դասընկերներուն, որոնք ստիպուած կը յաճախեն նաւով երկուքուկէս ժամ հեռու գտնուող ամէնէն «մօտիկ» Լըրուիք քաղաքի երկրորդական վարժարանը: Մինչ այդ Արոն նախակրթարանի իր վերջին տարին կղզիին դպրոցին մէջ կ՛անցընէ մինակը:

Արոն կ՛ուզէ ապագային իր հօր նման ձկնորս դառնալ: Մինչ այդ ան իր շաբաթավերջերը կ՛անցընէ հեծիկով հետախուզելով կղզին, իսկ ամառները` լողալով: Ան կը խոստովանի, որ երբեմն դպրոցը մինակ ըլլալը տարօրինակ կը թուի, սակայն ան կը սիրէ իր կղզին:

 

Ձեռային Աշխատանք

Կաղանդի Պատրաստութիւն

Ահա քանի մը պզտիկ ձեռայիններ, որոնք կրնաս շինել եւ տունը զարդարել այս տօնական օրերուն:

ա.- Կաղանդ պապա

xmas-1a_121215

Այս ձեռայինին համար պէտք ունիս պաղպաղակի ցպիկներու: Անոնցմէ վեցը ճերմակ ներկէ, իսկ երկուքը` կարմիր: Վարդագոյն խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ Կաղանդ պապային կլորակ գլուխը: Կարմիր խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ Կաղանդ պապային եռանկիւն գլխարկը: Կարմիր երկու փայտիկները փակցուր գլխարկին երկու կողմերը, եւ մէկ ճերմակ ցպիկ` անոնց տակը: Մնացած ցպիկները` փակցուր Կաղանդ պապային դէմքին վարի մասին վրայ: Ներկ-մատիտներով աւելցուր Կաղանդ պապային աչքերը, քիթը եւ վարդագոյն այտերը:

բ.- Ձիւնեմարդը

xmas-2a_121215

Խաւաքարտէ կամ կերպընկալէ երկու ճերմակ պնակներ իրարու փակցուր: Սրճագոյն խաւաքարտի վրայ գծէ եւ կտրէ ճիւղի նման թեւերը: Զանոնք փակցուր ձիւնեմարդուն մարմնին վրայ: Աւելցուր ձիւնեմարդին աչքերը, ստեպղին քիթը, կոճակները եւ պզտիկ ժապաւէն մը` վիզին վրայ:

գ.- Հրեշտակները

xmas-3a_121215

xmas-4a_121215

Այս ձեռայինին համար պէտք ունիս քափքէյքսի թուղթէ տարբեր գոյներով պզտիկ կաղապարներու: Նախ` լման կլոր կաղապար մը երկուքի ծալէ եւ դարձեալ ծալէ: Ուրիշ կաղապար մը տափակցուր եւ անոր վրայէն երկու եռանկիւն կտրէ հրեշտակին թեւերուն համար: Զանոնք փակցուր հրեշտակին մարմնին ետեւէն: Վարդագոյն խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ հրեշտակին գլուխը: Վրան գծէ աչքերը, քիթը եւ բերանը: Ծխամորճ մաքրելիք թելի պզտիկ կտորի մը օղակի ձեւ տուր եւ զայն փակցուր գլխուն վրայ: Գլուխը փակցուր հրեշտակին մարմնին վրայ:

դ.- Եղջերուն

xmas-5a_121215

xmas-6a_121215xmas-7a_121215xmas-8a_121215xmas-9a_121215xmas-10a_121215

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Այս աշխատանքին համար պէտք պիտի ունենաս պաղպաղակի ցպիկներու: Նախ` երեք ցպիկներ եռանկիւնի ձեւով փակցուր ինչպէս նշուած է պատկերին մէջ: Ապա ուրիշ ցպիկի մը երկու ծայրերը կտրէ: Զանոնք փակցուր եռանկիւնի վերի անկիւնները, ինչպէս նշուած է պատկերին մէջ: Ցպիկները սրճագոյն ներկէ:

Վերի ցպիկին շուրջ պզտիկ ժապաւէնի կտոր մը փակցուր: Ապա փակցուր ձեռայինի յատուկ երկու աչքեր եւ պզտիկ կարմիր բամպակէ գունդ մը քիթին տեղը:

ե.- Կաղանդի ծառը

xmas-11a_121215

xmas-12a_121215xmas-13a_121215xmas-14a_121215xmas-15a_121215Այս ձեռայինին համար ալ պէտք ունիս պաղպաղակի ցպիկներու սակայն` լայն տեսակը: Երեք կանաչ ցպիկներ եռանկիւնի ձեւով իրարու փակցուր: Դեղին խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ աստղ մը, զայն փակցուր եռանկիւնին գագաթը: Սրճագոյն խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ ծառին կոճղը եւ զայն փակցուր ծառին վարի բաժինին ետեւէն: Եռանկիւնին վրայ փակցուր տարբեր չափի գոյնզգոյն կոճակներ:

 

Քանի՞ Դրոշմաթուղթ Պէտք
Կայ Կաղանդի Քարտ Մը
Հրատ Մոլորակ Ղրկելու Համար

tebi-hrad_121215

Այս հարցումը ուղղեց 5 տարեկան Օլիվըր Հիտինզ Անգլիական թագաւորական նամակատունին: Օլիվըր կ՛երազէ աստղանաւորդ դառնալ, եւ ան յաճախ շատ գործնական հարցումներ կը հարցնէ:

Սկիզբը նման արտասովոր խնդրանքի մը առջեւ թագաւորական նամակատունը շուարած վիճակի մէջ գտնուեցաւ: Ապա պատասխանատուները որոշեցին ուղղակիօրէն մասնագէտներուն կարծիքը առնել: Անոնք կապի մէջ մտան Ֆլորիտայի մէջ Քէյփ Քանավերալի մօտ գտնուող «Քենետի» անջրպետային կեդրոնին հետ` որոշելու համար նամակի մը փոխադրութեան գինը ՆԱՍԱ-ի հետախուզական ճամբորդութիւններէն ծիրէն ներս:

ՆԱՍԱ-ն կը բացատրէ, որ այդ դրոշմաթուղթին գինը որոշելու համար նախ պէտք է նկատի առնել Կարմիր մոլորակը երկրագունդէն բաժնող 567 միլիոն քիլոմեթրերը: Քիւրիոզիթի մարդամեքենան դէպի Հրատ ուղարկելու վերջին ճամբորդութեան ծախսը եղած էր 700 միլիոն տոլար: Նկատի ունենալով անջրպետանաւին ծանրութիւնը` 100 կրամ կշռող առարկայ մը դէպի Հրատ ղրկելը պիտի կարօտի 18 հազար տոլարի:

Այս տեղեկութիւններուն հիմամբ, թագաւորական նամակատունը իր հաշիւները կը կատարէ եւ կ՛եզրակացնէ, որ եթէ կ՛ուզենք Հրատ մոլորակին վրայ բնակող անձի մը պարզ գինով նամակ մը ղրկել, անիկա պիտի արժէ 11,602 փաունտ եւ 25 փենս (այսինքն` մօտաւորապէս 17 հազար տոլար), որ կը համապատասխանէ 18416 դրոշմաթուղթի:

Լուսաբանուելէ ետք Օլիվիէր շնորհակալութիւն կը յայտնէ թագաւորական նամակատունին, սակայն, ըստ իրեն, դէպի Հրատ նամակ մը ղրկելը շատ սուղ է:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս օգնել Ռուտոլֆին` գտնելու համար իր նուէրին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս օգնել Ռուտոլֆին` գտնելու համար իր նուէրին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու եղջերուները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու եղջերուները:
Կրնա՞ս թիւերը զետեղել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:
Կրնա՞ս թիւերը զետեղել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Դեկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Ժան Պօղոսեանի «Երկու Կրակներու Միջեւ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսը Բացաւ Իր Դռները

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?