Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞վ Կ՛որոշէ Նոպէլեան Մրցանակ Ստացողները

Հոկտեմբեր 24, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ամէն տարի, նոյն ժամանակաշրջանին, կը խօսուի Նոպէլեան մրցանակներուն մասին: Ինչպէ՞ս կարելի է ստանալ Նոպէլեան մրցանակ մը: Ո՞վ կ՛որոշէ:

Ուժանակը հնարողը

nobel-1_10-24-15nobel-2_10-24-15

 

 

 

 

 

 

Նոպէլեան առաջին մրցանակը տրուած է 1901 թուականին: Ուժանակը (տինամիթ) հնարող շուէտացի Ալֆրետ Նոպէլի նախաձեռնութեամբ է, որ հիմնուած են այս վարձատրութիւնները: Երբ ան մահացած է, ան իր ամբողջ դրամը տուած է` հիմնելու մրցանակ մը, որ կը վարձատրէ իրենց մարզին մէջ կարեւոր աշխատանք մը կատարած անձերը կամ կազմակերպութիւնները:

Ո՞վ կ՛որոշէ

nobel-3_10-24-15

Այդ թուականէն ի վեր Նոպէլեան մրցանակը կը տրուի ամէն տարի, հոկտեմբեր ամսուն սկիզբը: Ընդամէնը գոյութիւն ունին վեց մրցանակներ` բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, բժշկութեան, գրականութեան, խաղաղութեան եւ տնտեսութեան մրցանակներ: Մասնագէտներու դատակազմ մըն է, որ կը հաւաքուի որոշելու համար իւրաքանչիւր մարզի մրցանակաւորները: Դատակազմի բոլոր անդամները շուէտացիներ են: Թեկնածուները կու գան աշխարհի չորս կողմերէն: Մասնակցելու համար պէտք է, որ մէկը այդ անձին անունը առաջարկէ:

Մետալ մը եւ 1 միլիոն եւրօ

nobel-4_10-24-15

Մրցանակաւորները կը ստանան մետալ մը եւ 1 միլիոն եւրօ: Այս դրամը ընդհանրապէս կը գործածուի հետազօտութիւններու կամ բարեսիրական աշխատանքներու համար: Մրցանակները կը բաժնուին 10 դեկտեմբերին, Ալֆրետ Նոպէլի մահուան թուականին: Այս մրցանակներուն ամէնէն նշանաւորը խաղաղութեան մրցանակն է, որ 2014 թուականին տրուեցաւ յատկապէս փոքրիկ աղջիկներու դաստիարակչութեամբ զբաղող երիտասարդ Մալալայի:

 

 Ի՞Նչ Է ՔՕՓ 21-ը

cop-1_10-24-15

Աշխարհի երկիրներու ներկայացուցիչները Փարիզի մէջ պիտի հաւաքուին 31 նոյեմբերէն 11 դեկտեմբեր` խօսելու համար կլիմայի ջերմացման մասին: Այս մեծ խորհրդաժողովը կոչուած է ՔՕՓ 21:

ՔՕՓ 21

cop-2_10-24-15

Ամէն տարի մասնագէտներ եւ տարբեր երկիրներու ղեկավարներ կը հաւաքուին խօսելու համար կլիմայի եւ մոլորակին օդին ջերմանալուն հետ կապուած հարցերուն մասին:

Առաջին խորհրդաժողովը տեղի ունեցած է Պերլինի մէջ, Գերմանիա, 1995-ին: Այս տարի Ֆրանսան է, որ պիտի հիւրընկալէ այս ժողովը, 30 նոյեմբերէն 11 դեկտեմբեր: Ասիկա պիտի ըլլայ կլիմային յատկացուած 31-րդ խորհրդաժողովը: Այս պատճառով է, որ ան 21 թիւը կը պարունակէ իր անուան մէջ: Մինչ երեք գիրերը` ՔՕՓ, եկած են անգլերէն «Քոնֆըրընս օֆ տը Փարթիզ» նախադասութենէն:

Ո՞վ Կը Մասնակցի

cop-3_10-24-15

Բոլոր այն պետութիւնները, որոնք Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մօտ ընդունած են կլիմայի ջերմացման դէմ պայքարիլ: Այս 195 երկիրներէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ գիտնականներ, կլիմայի մասնագէտներ, կազմակերպութիւններ եւ քաղաքացիներ կը մասնակցին ժողովներուն: Ընդամէնը 40 հազար հոգի ներկայ պիտի ըլլայ Պուրժէի մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողովը:

Ի՞նչ Են Թիրախները

Խորհրդաժողովին նպատակն է լուծումներ գտնել մեր մոլորակին ջերմաստիճանի բարձրացումը միայն 2 աստիճան սելսիուսի վրայ պահելու համար մինչեւ 2100 թուականը: Միջոցներէն մէկն է ջերմանոցի ազդեցութիւն ունեցող կազերու արտադրութիւնը նուազեցնել: Մթնոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող այս կազերը կարելիութիւնը կու տան երկրագունդին վրայ ջերմաստիճանը միջին հաշուոյ 15 աստիճան սելսիուսի վրայ պահելու: Առանց անոնց` երկրագունդին ջերմաստիճանը – 18 աստիճան սելսիուս պիտի ըլլայ: Սակայն հարց մը կրնայ ստեղծուիլ: Եթէ շատ է այս կազերուն քանակը, ջերմաստիճանը կը բարձրանայ: Արդ, մարդ արարածը այս կազերէն մեծ քանակով կ՛արտանետէ (գործարաններ, ինքնաշարժներ, երկրագործութիւն…), եւ ասիկա կը բարձրացնէ մոլորակին ընդհանուր ջերմաստիճանը: Եթէ մարդիկ չաշխատին այս հարցի լուծման համար, մոլորակին ջերմաստիճանը 4 աստիճան սելսիուս պիտի բարձրանայ մինչեւ 2100 թուականը: Ասիկա կրնայ մեծ վնասներ հասցնել երկրագունդին:

ՔՕՓ 21-ին մասնակցող երկիրները պէտք է համաձայնին այս կազերու արտադրութիւնը սահմանափակել:

 

Ինչո՞ւ Մենք Տաքութիւն Կ՛ունենանք,
Երբ Հիւանդանանք

intchou-1_10-24-15

Երբ մանրէ մը մեր մարմնին մէջ կը մտնէ, մեր մարմինը կը հակազդէ: Ան ինքզինք պաշտպանող բջիջներ կ՛արտադրէ. այս գործողութիւնը քիչ մը տաքութիւն կը յառաջացնէ: Մարմինը կը բարձրացնէ նաեւ իր ջերմաստիճանը, որովհետեւ տաքութիւնը կը տկարացնէ մանրէները: Մենք տաքութիւն կ՛ունենանք:

Ինչո՞ւ Օդերը Աւելի Կարճ Են
Ձմրան

Երկրագունդը կը դառնայ արեւուն շուրջ. նոյն ժամանակ ան քիչ մը շեղակի է: Ձմրան հիւսիսային կիսագունդը արեւէն աւելի հեռու կը գտնուի: Հետեւաբար անիկա աւելի կարճ ժամանակ լուսաւոր կը մնայ. օրերը աւելի կարճ կ՛ըլլան: Ամրան հակառակը կը պատահի:

Ինչո՞ւ Չենք Կրնար Ապրիլ
Ուրիշ Մոլորակներու Վրայ

intchou-2_10-24-15

Որովհետեւ ուրիշ մոլորակներու մթնոլորտին մէջ շնչելու համար օդ չկայ, կամ քալելու համար գետին չկայ: Լուսնթագի կամ Երեւակի նման կարգ մը մոլորակներ կազի գունդեր են: Իսկ ուրիշ մոլորակներու վրայ, ինչպէս` Արուսեակին վրայ, ջերմաստիճանը 20 անգամ աւելի տաք է, քան` երկրագունդին վրայ. կրնայ ըլլալ, որ ուրիշ շատ մը հեռաւոր մոլորակներ բնակելի ըլլան, սակայն մենք տակաւին զանոնք չենք գտած:

Ինչո՞ւ Կ՛անձրեւէ

Ամպերը կազմուած են ջուրի մանր կաթիլներէ, որոնք կախուած կը մնան երկնքին մէջ: Երբ օդը շատ կը ցրտէ, այս կաթիլները կը ծանրանան եւ կ՛իյնան: Կ՛անձրեւէ:

Ինչո՞ւ Մենք Օճառով Կը Լուացուինք

intchou-3_10-24-15

Երբ մենք օճառը մեր մորթին կը քսենք, ան իրարու ամբողջացնող երկու դերեր կը կատարէ: Նախ ան աղտոտութիւններուն կը կառչի եւ զանոնք մեր մարմինէն «կը քակէ»: Եւ ապա, ան զանոնք իրեն հետ կը տանի, երբ մենք մորթը ջուրով կը ցօղուենք:

Ինչո՞ւ Կատուները Ջուրէն Կը Վախնան

Մասնագէտները կ՛ենթադրեն, թէ կատուներուն նախահայրերը կ՛ապրէին անապատներուն մէջ, ուր շատ քիչ ջուր կար: Եւ որովհետեւ անոնք «միայն» քանի մը հազարաւոր տարիներէ, որ սկսած են ապրիլ ջուրի մօտ, անոնք տակաւին ջուրին չեն վարժուած եւ, հետեւաբար, տակաւին ջուրէն կը վախնան:

 Ինչո՞ւ Պանանները Ուղիղ Չեն

intchou-5_10-24-15

Պանանները դէպի վար չեն բուսնիր, այլ` դէպի վեր: Աճելով` անոնք կը ծանրանան, եւ անոնց ծանրութիւնը զանոնք դէպի գետին կը ծռէ. հետեւաբար անոնք կը ծռին: Այս կլոր ձեւը անոնց առաւելութիւնը կու տայ իրարու վրայ չճզմուելու:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գտնուող տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գտնուող տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել ակնոցներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ակնոցներուն հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Հոկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Աստուածաշունչը Եւ Հայութիւնը. Աստուածաշունչը` Որպէս Ճշմարտութիւն Եւ Ուղեցոյց

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?