Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Կարմիր տարազը հագնելով եւ թաւ ձայնով «հօ, հօ, հօ» ըսելով մենք անպայման լաւ Կաղանդ պապայի դերը չենք կրնար կատարել: Այս մտածումէն մեկնելով, 1993 թուականէն ի վեր, Պրազիլի Կաղանդ պապաներու դպրոցը յատուկ դասեր կու տայ տօներուն կատարեալ ձեւով ներկայացնելու համար փոքրիկներուն նախասիրած անձնաւորութիւնը:
Հոն ամէն տարի, քանի մը տասնեակ «աշակերտներ» կը հետեւին չորս օր տեւող բազմաթիւ դասերու. երգի դաս, փոքրիկներու հետ վերաբերում, մարզանք, մօրուքի եւ տարազի խնամք… Դիւրին չէ բեւեռային այդ հագուստը կրելը, յատկապէս Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ, ուր կը գտնուի դպրոցը: Այս դասերուն շնորհիւ, «աշակերտները» կրնան փայլուն կերպով խաղալ Կաղանդ պապային դերը: Կաղանդ պապաներու այս դպրոցը հիմնած են թատրոնի երկու դերասաններ, որոնք փոքրերու յատուկ իրենց ներկայացումներուն մէջ լաւ Կաղանդ պապայի դերը խաղցող անձերու բացակայութիւնը կը զգային:
Կաղանդ պապայի այս դասերուն կը հետեւին գլխաւորաբար տարիքոտ մարդիկ… որոնց մեծ մասը արդէն ճերմակ մօրուք ունի: Անոնք հանգստեան կոչուած կամ գործ փնտռող անձեր են: 2015 տարուան աշակերտները իրենց վկայականը ստացան 10 նոյեմբերին: Սակայն անոնց համար վարժութիւնները տակաւին կը շարունակուին մինչեւ 25 դեկտեմբեր:
Կաղանդի Սեղանին Վրայ
… Տուրմէ Կաղանդի ծառեր եւ համեմներով կարկանդակ:
Ա) Տուրմէ Կաղանդի Ծառ
ՊԷտք ունիս – 500 կրամ նուշի, 300 կրամ սեւ տուրմի, չոր պտուղներու, ըստ ճաշակի, չամիչի, քաղցրացուած նարինջի կեղեւի…
Պատրաստութիւն
1.- Նուշերը փուռի յատուկ ափսէի մը մէջ շարէ եւ զանոնք փուռին մէջ դիր (140 աստիճան), որ կարմրին մօտաւորապէս 15 վայրկեան: Ապա նուշերը կտրտէ զանոնք դնելով փայտէ տախտակի մը վրայ եւ զարնելով խմոր բանալիք տախտակէ գլանով:
2.- Տուրմը հալեցուր:
3.- Խորունկ ամանի մը մէջ հալած տուրմը խառնէ նուշին եւ չոր պտուղներուն հետ:
4.- Այս խմորը մեծ տախտակի մը վրայ պարպէ: Տարբեր չափերով` մեծէն պզտիկ, տասնեակ մը աստղեր շինէ:
5.- Սպասէ, որ տուրմը կարծրանայ: Աստղերը վրայ վրայի զետեղէ` զանոնք հալած տուրմով փակցնելով:
6.- Ծառին վրայ քիչ մը փոշի շաքար սրսկէ ձիւնի տպաւորութիւն տալու համար:
Ծառը պատրաստ է համտեսելու:
Կարգ մը աշխատանքներու համար մի վարանիր չափահասի մը օգնութիւնը խնդրելու (երբ կրակին վրայ կ՛աշխատիս կամ պէտք է դանակ գործածես…):
Կաղանդ Պապաներուն Վազքը
Կաղանդ պապաներու ամէնէն մեծ վազքը տեղի ունեցած է Մատրիտի մէջ 2014 թուականին: Այս վազքին մասնակցած են Կաղանդ պապա հագած 5173 վազողներ:
Կաղանդ Պապային
Ֆութպոլի Խումբը
Գիտէի՞ր, թէ Լափոնիի Կաղանդ պապան ունի իր անձնական ֆութպոլի խումբը: Ան կը կոչուի Էֆ Սէ Սանթա Քլոզ, եւ անոր կեդրոնը կը գտնուի Ռովանիեմի քաղաքին մէջ:
Սանթա Քլոզ Քաղաքին Մէջ
Երեւակայեցէք վայր մը, ուր ամբողջ տարուան ընթացքին Կաղանդ է… Այս վայրը գոյութիւն ունի: Անիկա կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա նահանգին մէջ: Անիկա Սանթա Քլոզ քաղաքն է:
Սանթա Քլոզ քաղաքին մէջ Կաղանդի տօնը կը շարունակուի ամբողջ տարուան ընթացքին: Կաղանդի լոյսերը վառած կը մնան տասներկու ամիսներուն ընթացքին: Ամէն կողմէ կը լսուին Կաղանդի երգեր: Փողոցներուն անունները Կաղանդի բառապաշարէն առնուած են: Նոյնիսկ խանութները կը կրեն Կաղանդի վերաբերեալ անուններ` «Սանթա Քլոզ հարտուէր», «Հոլիտէյ ֆուտզ», «Սանթա՛զ քանտի քասըլ»…
Տուգանք Կաղանդի «Չափազանցուած»
Զարդարանքներու Համար
Ֆլորիտայի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, Հայեթ ընտանիքը ամէն տարի, մէկ ամսուան ընթացքին, իր տունը կը զարդարէ 240 հազար լամբերով, եւ հարիւրաւոր Կաղանդի զարդարանքներով: Կաղանդի այս տեսարանը կը հմայէ միշտ աւելի մեծ այցելուներու բազմութիւն մը` աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր:
Հակառակ ասոր, քաղաքապետարանը դատ բացած է Հայեթ ընտանիքին դէմ, որպէսզի ան հանէ այս լուսաւոր զարդարանքները, որոնք մեծ խճողումներ կը յառաջացնեն ճամբաներուն վրայ, եւ ոստիկանութիւնը մեծ ծախսերու կը կարօտի երթեւեկը կարգաւորելու համար:
Այս պայքարը կը տեւէ տարիներէ ի վեր, Հայեթ ընտանիքը կը հաստատէ, թէ ինք իրաւունք ունի իր ուզածը ընելու իր կալուածին վրայ: Քաղաքապետարանը կը սպառնայ օրական 250 հազար տոլարի տուգանք մը գրել ընտանիքին եւ գոցել անոնց տունը հասցնող ճամբաները:
Ժամանց



