Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամութի Մը Կմախքը Գտնուած Է Դաշտի Մը Մէջ

Նոյեմբեր 7, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

mammouth-1_110715

Մամութի գրեթէ լման կմախք մը գտնուած է Լայմա Թաունշիփի մէջ, Միշիկըն (Միացեալ Նահանգներ): Ան մինչեւ այսօր գտնուած այս նախապատմական հսկայ փիղերու ամէնէն ամբողջական կմախքն է:

Իրենց դաշտին մէջ կազի խողովակներ դնելու համար փոս մը փորելու ընթացքին, երկու երկրագործներ այս արտասովոր երեւոյթին հանդիպած են: Անոնք գտած են աւելի քան 60 սմ երկար, շատ լաւ պահուած, մամութի ոսկոր մը: Տասնհինգ հնագէտներէ կազմուած խմբակ մը գացած է հետախուզելու այդ շրջանը: Մասնագէտները գտած են գանկը, կոնքը, երկու փղոսկրները, երկու ուսոսկրները, բազմաթիւ ողներ եւ անասունին կողերը: Ան ցարդ գտնուած մամութի ամէնէն ամբողջական կմախքներէն մէկն է:

***

mammouth-2_110715

Մամութները նախապատմական անասուններ են, անոնք փիղին հեռաւոր զարմիկներն են: Անոնք ունէին կոր փղոսկրներ, որոնց երկայնքը կրնար հասնիլ 3 մեթր, եւ հաստ բուրդի խաւ մը կամ մուշտակ: Բրդոտ մամութի տեսակը ոչխարներու նման բուրդ ունէր: Անոնց հասակը կը հասնէր մօտաւորապէս 4 մեթրի եւ չափահաս տարիքին կը կշռէին 6-էն 8 թոն:

Անոնք անհետացած են 12.000-էն 15.000 տարիներ առաջ` կլիմայական փոփոխութեան մը պատճառով: Ամերիկեան դաշտին մէջ գտնուած մամութը որսացած էին մարդիկ զայն ուտելու համար եւ ապա զայն թաղած էին գետնին մէջ զայն պահելու համար 11.00-էն 15.000 տարիներ առաջ: Այն շրջանը, ուր կմախքը գտնուած է, հարուստ է նախապատմական բրածոներով: Մօտաւորապէս երեսուն մամութի կմախքներ արդէն գտնուած են հոն:

 

Հարցարան

Հոյամողէզներու Օրերուն

harts-1---Ankylosaurus

1) Ինչո՞ւ կը գործածէր Անքիլոսարուս հոյամողէզը իր գունդով օժտուած պոչը:
ա- Ծառեր մաքլցելու  համար, բ-իր թշնամիներուն դէմ կռուելու համար, գ-Ձուկ որսալու համար, դ-Փոսեր փորելու համար:

harts-2---Protoceratop

2) Արդի ո՞ր ցամաքամասին կամ վայրին վրայ կը շրջէր փրօթօսէրաթոփը:
ա- Աւստրալիա, Բ-Անթարքթիքա, գ- Ասիա, դ-Լուսինին վրայ:

3) Երբ հոյամողէզները կ՛իշխէին աշխարհին, երկնքին մէջ թռչող թռչուններ չկային:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

harts-3---Tyrannosaurus-rex

4) Մեծ ճերմակ շնաձուկը շատ աւելի զօրաւոր խածուածք ունի քան թիրանոսորուս րէքսը ունէր:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

harts-4---Megalodon

5) Ո՞ր անասունին նախապատմական հսկայ զարմիկ մըն էր մէկալոտոնը:
ա-Շնաձուկին, բ-մարդակապիկին, գ-կովուն, դ-փէնկուէնին:

harts-5---Alamosaurus

6) Ալամոսորուսը ունէր մօտաւորապէս փիղի մը չափը:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

7) Հոյամողէզներ կաշիի նմանող կեղեւ մը ունեցող հաւկիթներ կ՛ածէին: Որքա՞ն է տրամաչափը ցարդ գտնուած հոյամողէզի ամէնէն մեծ բրածոյ հաւկիթին:
ա-15 սմ, բ-40,6 սմ, գ-66 սմ, դ-127 սմ:

harts-6---Pterodactyl

8) Եթէ կարենայիր նախապատմական ժամանակաշրջաններ ճամբորդել, ո՞ւր եւ ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի տեսնէին փթէրոտաքթիլը:
ա-Ովկիանոսին մէջ կը լողայ, բ-օդին մէջ կը թռչի, գ-գետնին մէջ փոսի մը մէջ, դ-նախապատմական մարդիկ կ՛որսայ:

harts-7---Troodon

9) Ինչո՞ւ գիտնականները կը մտածեն, թէ թրուտոնը շատ խելացի էր:
ա- Շարժապատկերներուն մէջ շատ խելացի կ՛երեւի, բ-քարերուն վրայ փորագրուած հետքեր ձգած է, գ-շատ արագ կրնայ վազել, դ-իր մարմնին համեմատ մեծ ուղեղ մը ունի:

harts-8---Argentinosaurus

10) Հաւանաբար, որ Արժանթինոսորուսը երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունեցած ամէնէն մեծ անասունը եղած է: Այս հսկան ո՞ւր կ՛ապրէր:
ա-Քանատա, բ-Հարաւային Ամերիկա, գ-Չինաստան, դ-Հիւսիսային բեւեռ:

11) Բազմաթիւ հոյամողէզներ փետուրներ ունէին:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Արդի Փիղը

pigh_110715

Այժմ ափրիկեան փիղը աշխարհի ցամաքի վրայի ամէնէն մեծ անասունն է:

–  Ան կրնայ ապրիլ մինչեւ 70 տարի:
–  Ան կրնայ կշռել 6350 քիլօ:
–  Անոր հասակը 4 մեթրի կը հասնի:
–  Ան օրական կ՛ուտէ մօտաւորապէս 136 քիլօ ուտելիք:
–  Անոր մորթը 3,8 սմ հաստութիւն ունի:
–  Անոր սիրտը կը կշռէ 21 քիլօ:
–  Իսկ ուղեղը` 5,4 քիլօ:
–  Անոր ականջներէն իւրաքանչիւրը կը կշռէ 45 քիլօ:
–  Իսկ իւրաքանչիւր փղոսկր` 45 քիլօ:
–  Անոր կնճիթը ունի 100.000 մկաններ:

 

260 Միլիոն Տարիներ Առաջ…

million_110715

… Հոյամողէզները կ՛իշխէին երկրագունդին:

Երկրագունդին բոլոր ցամաքամասերը իրարու միացած էին, եւ կը կազմէին միակ մեծ ցամաքամաս մը, որ ճանչցուած է Փանժէա անունով: Անոր ներսի շրջանները տաք եւ չոր էին: Այս օդը շատ կը սիրէին սողունները, որոնք սկսան հասակով մեծնալ:

Առաջին հոյամողէզը, որ ագեվազէ մը քիչ մը աւելի մեծ բուսակեր անասուն մըն էր, երեւցաւ 240 միլիոն տարիներ առաջ, ըստ բրածոներու ուսումնասիրութեան: Հոյամողէզները աճեցան, զարգացան եւ բազմաթիւ տեսակներ յառաջացան:

Երբ Փանժէան սկսաւ կտրտուիլ մօտաւորապէս 220 միլիոն տարիներ առաջ, հոյամողէզները ցրուեցան երկրագունդի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ: Անոնք երկրագունդին վրայ իշխեցին մօտաւորապէս 150 միլիոն տարիներ:

 

 Հետաքրքրական

winnie_110715

Մեր բոլորին ծանօթ է Ուինի արջուկը: Այս պատմութիւններու կերպարը 1926-էն ի վեր մանուկներուն երազել կու տայ իր արկածախնդրութիւններով:

Սակայն գիտէի՞ք, թէ այս արջուկը իսկապէս գոյութիւն ունեցած է:

Ուինի արջուկին եւ անոր արկածախնդրութիւններուն հեղինակը, Ալեն Ալեքսանտր Միլն այս կերպարին անունը դրած է ներշնչուելով այն արջէն, որուն ինք սովորութիւն ունէր այցելելու իր տղուն հետ Լոնտոնի կենդանաբանական պարտէզին մէջ:

Այս արջը ծագումով Քանատայէն էր եւ անոր անունն էր «Ուինի փէկ»: Այս անունը անոր տուած էր անասունը ընտելացնող անասնաբոյժը Հէրի Քոլպըին. այս քանատական քաղաքը անոր ծննդավայրն էր:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրերու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրերու նմանող երկու կերպարները:
Կէտերը իրարու միացուր` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերները, ապա իւրաքանչիւր կերպարի վերադարձուր անոր ոտքերը:
Կէտերը իրարու միացուր` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերները, ապա իւրաքանչիւր կերպարի վերադարձուր անոր ոտքերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

 

1 – բ: 2 – գ: 3 – Սխալ: Թռչունները յայտնուեցան 150 միլիոն տարիներ առաջ, հոյամողէզներուն անհետացումէն մօտաւորապէս 80 միլիոն տարիներ ետք: 4 – Սխալ: Թիրանոսորուս րէքսին խածուածքը մեծ ճերմակ շնաձուկին խածուածքէն երկու անգամ աւելի զօրաւոր էր: 5 – ա: 6 – Սխալ: Ալմոսորուսը մօտաւորապէս 21 մեթր երկայնք ունէր, այսինքն` մօտաւորապէս 3 անգամ փիղին մեծութիւնը: 7 – գ: 8 – բ- 9 – դ: 10 – բ- 11 – Ճիշդ: Փետուրներով թռչունները յառաջացած են փետուրներով հոյամողէզներէն:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Նոյեմբեր 1965)

Յաջորդը

Ամենափոքր 3 Տարածութեամբ (3 Տի.) Քամերան Ուղեղի Վիրահատութեան Նորարութիւն Կը Բերէ

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?