Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օգնութի՛ւն, Հարբուխը Կու Գայ

Յունուար 23, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

harpoukh_012316

Ցուրտին դէմ պայքարիլը կը յոգնեցնէ, եւ երբ մենք կը յոգնինք, մեր մարմինը աւելի անպաշտպան կը դառնայ: Առաւել, ձմրան մենք յաճախ կը հանդիպինք անձերու, որոնք արդէն հարբուխ են եւ անոնք կրնան մեզ վարակել` մեզի փոխանցելով հարբուխի 200 ժահրերէն մէկը: Օդին մէջ արձակուած անտեսանելի կաթիլներէն, իրարու դպնալով… մենք կրնանք նաեւ հարբուխ ըլլալ:

* * *

Երբ մենք հարբուխ կ՛ըլլանք, ժահրերը կը մտնեն մեր քիթին մէջ: Այս վարակումին դէմ պայքարելու համար քիթին ներքնակողմերը աւելի արտածորում կ՛արտադրեն, մեր քիթը կը «գոցուի», մենք կը խնչենք, գլխու ցաւ, կոկորդի ցաւ կ՛ունենանք… երբեմն նոյնիսկ մեր ջերմութիւնը կը բարձրանայ:

* * *

Չվարակուելու համար.

– Պէտք է ձեռքերը յաճախ լուալ. 6-10 անգամ. ձեռքերն են, որոնք ժահրը կը փոխանցեն:

– Պէտք է խուսափիլ մատները քիթին մէջ դնելէն եւ աչքերը շփելէ:

– Եղունգները պէտք չէ կրծել:

– Որովհետեւ ցուրտը մեզ կը յոգնեցնէ, մենք աւելի լաւ կը քնանանք ժահրին կարենալ աւելի լաւ դիմադրելու համար:

– Հաւասարակշռուած սնունդ պէտք է ստանանք, որպէսզի մեր մարմինը առողջ ըլլայ:

 

Ձմրան Եղանակի Բանջարեղէններն
Ու Պտուղները

Ձմեռը արդէն շատոնց ժամանած է եւ իրեն հետ բերած է եղանակին բանջարեղէններն ու պտուղները: Ի՞նչ պէտք է ուտել, երբ օդը ցուրտ է, եւ ինչո՞ւ:

Երբ մենք եղանակի բանջարեղէնները եւ պտուղները կ՛ուտենք, անոնք մեզի կը հայթայթեն ամէն ինչ, որ մենք պէտք ունինք առողջ կերպով ձմեռը անցընելու համար:

pantchareghen-yev-bedough-1_012316

Ձմրան եղանակի բանջարեղէններուն ցանկը երկար է` ճակընդեղ, ստեպղին, պրոքոլի, գետնախնձոր, կարոս, ծաղկակաղամբ, գետնատանձ, կարմիր կաղամբ, Պրիւքսելի կաղամբ, շոմին, պրաս, բողկ… Անոնք յաճախ հարուստ են երկաթով, փոթասիոմով եւ Սէ. կենսանիւթերով: Այո, Սէ. կենսանիւթը միայն պտուղներուն մէջ չի գտնուիր. օրինակի համար պրոքոլին շատ Սէ. կենսանիւթ կը պարունակէ:

* * *

pantchareghen-yev-bedough-2_012316pantchareghen-yev-bedough-2-a_012316fԱնանաս, քիուի, ընկոյզ, տանձ, նարինջի եւ լեմոնի տեսակները մեզի մեծ քանակով Սէ. կենսանիւթ կը հայթայթեն: Անոնք մեր ամէնէն լաւ դաշնակիցներն են յոգնութեան դէմ, եւ անոնք կը բարելաւեն մեր մարմնին դիմադրականութիւնը: Ձմրան եղանակին ուրիշ կարեւոր պտուղներէն մէկն է շագանակը: Անիկա կը պարունակէ անհրաժեշտ սնունդ` ձմեռը առողջ անցընելու համար:

* * *

pantchareghen-yev-bedough-3a_012316

Գիտէի՞ր, թէ դդումներու ընտանիքը շատ մեծ է:

Գոյութիւն ունին նոյնիսկ մեծ դդումներու եւ ջրդդումներու մրցումներ: Յաճախ երկրագործներ մրցանակներ կը շահին, քանի մը հարիւր քիլօ կշռող իրենց ջրդդումներով: Մրցանիշներ արձանագրելու կողքին, տարբեր տեսակի այս դդումները շատ լաւ են մեր մարմնին համար: Օրինակի համար, անոնք կը պարունակեն պեթաքարոթեն. սնունդ մը, որ մեր մարմինը Ա. կենսանիւթի կը վերածէ: Այս կենսանիւթը մեզի կ՛օգնէ նաեւ լաւ աճելու:

 

Ծանօ՞թ Էք Էլ Նինիոյին

el-nino_012316

Էլ Նինիօ օդերեւութաբանական երեւոյթ մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն 5-6 տարին անգամ մը, Կաղանդի շրջանին, հարաւամերիկեան ափերուն մօտ: Գիտնականները կ՛ենթադրեն, թէ այս տարի ասիկա յատկապէս զօրաւոր պիտի ըլլայ:

Էլ Նինիօ կ՛ազդէ օդին եւ ջերմաստիճանին վրայ ամբողջ մոլորակին տարածքին. սակայն ինչպէ՞ս կը կազմուի անիկա: Էլ Նինիօ քամիներու եւ ծովային հոսանքներու հետ կապուած է: Բնական օդին, հովերը արեւելքէն արեւմուտք կը փչեն Խաղաղական ովկիանոսին վրայ: Անոնք կը տաքցնեն մակերեսի ջուրերը եւ կը հրեն դէպի Ինտոնեզիոյ (Ասիա) ափերը, դէպի արեւելք: Հոն տաք ջուրը կը շոգիանայ եւ ամպեր կը կազմէ: Ասիոյ մէջ անձրեւներու եղանակը կը սկսի: Խորերը գտնուող պաղ ջուրը կը բարձրանայ  Հարաւային Ամերիկայի ափերուն մօտ` հետը բերելով չոր օդ, ձուկերուն համար ուտելիք եւ, հետեւաբար, Առատ ձուկ եւ յաջող ձկնորսութիւն:

Սակայն երբ Էլ Նինիօ կը յայտնուի, ամէն ինչ կը շրջուի հարաւամերիկեան  ափերուն անձրեւներ եւ ողողումներ տեղի կ՛ունենան: Խաղաղական ովկիանոսին կեդրոնը, հոն, ուր տաք եւ պաղ ջուրերը իրարու կը հանդիպին, տեղի կ՛ունենան փոթորիկներ, ուժեղ պտուտահողմեր…

 

Խոհագիր

Համեմներով Պիսքուի

khohakir_012316

Ձմրան տաքնալու համար մենք մեծ հաճոյքով տաք ըմպելիներ կը սպառենք, ինչպէս` տաք տուրմ: Եւ այս տաք տուրմին կողքին` ահա համեմներով պատրաստուած պզտիկ անուշեղէն մը:

Պէտք ունիս

200 կրամ ալիւրի, 2 ապուրի դգալ պէյքինկ փաուտըրի, 50 կրամ փոշի նուշի, 100 կրամ սրճագոյն շաքարի, քիչ մը վանիլի, 1 ապուրի դգալ տարբեր համեմներու խառնուրդի (Կասիա, փոշի մեխակի կամ…), 120 կրամ կարագի, 1 հաւկիթի` խմորին վրայ քսելու համար, 50 կրամ կտրտուած նուշի` զարդարելու համար:

Պատրաստութիւն

1.- Փուռը վարէ 180 աստիճանի (թէրմոսթա 6) վրայ:

2.- Մեծ խորունկ ամանի մը մէջ իրարու հետ խառնէ ալիւրը եւ պէյքինկ փաուտըրը: Աւելցուր նուշի փոշին, եւ ապա շաքարը, վանիլը եւ համեմները:

3.- Այս խառնուրդին մէջտեղը փոս մը ըրէ եւ մէջը դիր մէկ կամ երկու դգալ ջուր: Զայն խառնէ քիչ մը ալիւրով:

4.- Պաղ կարագը պզտիկ կտորներու վերածէ եւ աւելցուր խառնուրդին վրայ: Հիմա սկսէ խմորը շաղելու: Եթէ շաղելէ ետք անիկա ձեռքերուդ փակի, զայն մէկ ժամ սառնարանը դիր:

5.- Տափակ, մաքուր մակերեսի մը վրայ քիչ մը ալիւր սրսկէ. այս մակերեսին վրայ գլանով մը բաց խմորը, մինչեւ որ ան մօտաւորապէս 0.5 հաստութիւն ունենայ: Պիսքուիի կաղապարներով խմորը կտրէ:

6.- Փուռի յատուկ ափսէ մը փուռի մէջ եփելու յատուկ թուղթով մը ծածկէ (կրնաս նաեւ ափսէին վրայ քիչ մը կարագ քսել եւ քիչ մը ալիւր սրսկել):

7.- Պիսքուիները ափսէին վրայ շարէ: Անոնց վրայ հաւկիթի դեղնուց մը քսէ եւ զարդարէ նուշի պզտիկ կտորներով:

8.- Պիսքուիները մօտաւորապէս 10 վայրկեան եփէ:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

anhavadali_012316

–  Ուղտերը առանց սապատի կը ծնին:

– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, ձմրան ծնած երեխաները ընդհանրապէս աւելի շուտ կը սկսին քալելու, քան` ամառը ծնած երեխաները:

– Միջին Արեւելքի մէջ ընկերութիւնը մը կը շինէ ուղտերու յատուկ մարզանքի հագուստներ, անոնք կը հագուին վազքի մրցումներու փորձերու ընթացքին:

– Ամազոնի մեծ անտառը մօտաւորապէս Հնդկաստանի տարածքին երկու անգամն է:

– Աւելի քան 100 միլիոն տարիներ առաջ Հնդկաստանը կղզի մըն էր:

– Իր պատմութեան ընթացքին Մեքսիքա ունեցած է մէկ օրուան մէջ երեք տարբեր նախագահներ:

– Աւստրալիացի մը մրցանիշ արձանագրած է, երբ մէկ վայրկեանի մէջ թմբուկի 1553 հարուած տուած է:

– Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփենհակընի մէջ հինգ անգամ աւելի հեծիկ գոյութիւն ունի, քան ինքնաշարժ:

– Կարգ մը գորտեր կանաչ ոսկորներ ունին:

– Գիտնականները գտած են միջոց մը շաքարը վառելանիւթի վերածելու համար:

– 21000 տարիներ առաջ, սառոյցի հսկայական զանգուածներ կը ծփային Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտայի շրջանի ափերուն մօտ:

– Շնաձուկերու տեսակներուն մեծ մասը կ՛ընկղմին անուշ ջուրին մէջ:

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել գուլպային հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել գուլպային հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել պատկերը` իւրաքանչիւր տուփիկի տեղը գտնելով:
Կրնա՞ս ամբողջացնել պատկերը` իւրաքանչիւր տուփիկի տեղը գտնելով:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ձիւնեմարդերը:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ձիւնեմարդերը:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Յունուար 1966)

Յաջորդը

Երիտասարդներու Սիրոյ Բարեխօսը` Սուրբ Սարգիս Զօրավարը

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?