Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սումոյի Դպրոցը

Նոյեմբեր 14, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

sumo-1_111415

Սումօն իշխող մարզանքն է Ճափոնի մէջ: Հայաթօ, Թօանոսուքէ եւ իրենց ընկերները կ՛երազեն սումոյի մարզիկ դառնալ: Սակայն աշխատանքը դիւրին չէ:

Սումօն Ճափոնի մէջ հնարուած գօտեմարտի տեսակ մըն է: Յաղթելու համար, պէտք է հակառակորդը շրջանակէն դուրս հրել, կամ շրջանակին մէջ գետին ձգել զայն: Մարզիկին ծանրութիւնը կարեւոր է կարենալ հակառակորդին յարձակումներուն դիմադրելու համար: Չափահաս սումօթօրիները կը կշռեն 130-էն 150 քիլոկրամ:

Թոքիոյի մէջ 13 տարեկան ընկերներ, Հայաթօ եւ Թօանոսուքէ ամէն ինչ լքած են երթալու մայրաքաղաքէն 300 քմ հեռու Նու քաղաքին մէջ գտնուող գիշերօթիկ դպրոցը` յուսալով, որ օր մը սումոյի ախոյեան դառնան, Թօանոսուքէի մեծ հօր նման:

***

Սումօն շատ հին մարզաձեւ մըն է: Ան բազմաթիւ արարողութիւններ ունի: Մարզիկները իրենց զիստերուն կը զարնեն` գէշ ոգիները հեռացնելու համար, եւ գետնին վրայ աղ կը սրսկեն` զայն մաքրելու համար: Փորձէն ետք աշակերտները զիրար կ՛ողջունեն իրենց գլուխն ու մարմինը ծռելով` հակառակորդին հանդէպ իբրեւ յարգանք:

Սումօն բիրտ մարզաձեւ մը չէ, ան մարտարուեստ (մարշըլ արթ) մըն է, որ մեծ կեդրոնացումի կը կարօտի: Սակայն նոյնիսկ եթէ զարկերը արգիլուած են, կը պատահի, որ տղաքը յաճախ թեթեւօրէն վիրաւորուին իրարու վրայ յարձակումի կամ ուժգին գետին իյնալու պարագային:

***

sumo-3_111415

Տղաքը 13 – 16 տարեկան են, բոլորը երկրորդական դպրոց կը յաճախեն: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛երազէ ապագային արհեստավարժ սումօ դառնալ եւ մտնել խումբի մը` «հէյայի» մը մէջ: Խումբին կարենալ մաս կազմելու համար պէտք է նուազագոյնը 16 տարեկան ըլլալ: Հետեւաբար, տղաքը դպրոց կ՛երթան եւ կը մարզուին: Գիշերօթիկ դպրոցին մէջ օրէնքերը շատ խիստ են: անոնք առտուն կ՛արթննան ժամը 6:00-ին, իրենց սենեակը կը կոկեն եւ կը մաքրեն, նախաճաշ կ՛ընեն, կը քալեն մինչեւ դպրոց, ուր դասերը կը վերջանան կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին: Ապա անոնք կը մարզուին մինչեւ ժամը 8:00: Վերջապէս, իրիկունը, ընթրիքէն եւ դասերը վերաքաղ ընելէ ետք ժամանակն է քնանալու` ժամը 11:00-ին:

***

sumo-2_111415

Իւրաքանչիւր ճաշէ առաջ գիշերօթիկ դպրոցի աշակերտները իրենց քայլերգը կ՛երգեն: Անոնք պէտք է շատ ուտեն, որպէսզի գիրնան: «Հէյայի» մը մէջ ընդունուելու համար նուազագոյնը 75 քիլօ պէտք է կշռել: Հայաթօ արդէն 65 քիլօ է: Ան տակաւին քիչ մը ճիգ ընելու պէտք ունի: Ան խումբին մէջ ամէնէն արագն է, եւ կրցած է 10 քիլօ ծանրանալ 7 ամիսնէն:

Հայաթօ եւ Թօանոսուքէ իրենց դասարանին մէջ միակ աշակերտներն են, որոնք սումոյի գիշերօթիկ դպրոցը կը մնան: Անոնք միւսներուն նման նոյն դասերուն կը հետեւին երկուշաբթիէն մինչեւ շաբաթ օր: Սակայն միշտ դիւրին դէ ծնողքէն հեռու ըլլալը, նոյնիսկ եթէ գիշերօթիկնոցի ընկերները իրենց երկրորդ ընտանիքը դարձած են…

***

sumo-4_111415

Արհեստավարժ սումօթօրիները ամէն երկու ամիսը անգամ մը ազգային մրցաշարքերու կը մասնակցին: Դասաւորումին ամէնէն բարձր կարգը իւրայատուկ է. ան Եօքոզունա տիտղոսն է: Երբ մարզիկ մը այդ տիտղոսին արժանանայ, ան այլեւս չի կրնար աւելի ցած մակարդակի իջնել: Երբ այլեւս ան չի յաղթեր, Եօքոզունան անձամբ կը քաշուի խաղերէն:

Ճափոնի մէջ սումոյի ախոյեանները մեծ աստղեր են: Ամէն մարդ անոնցմով կը հիանայ եւ անոնց խաւաքարտէ դիմանկարներուն հետ կը նկարուի:

 

Մեր Երկու Ականջները
Նոյն Ձեւով Չեն Լսեր

agantch_111415

Մեր ուղեղը երկուքի կը բաժնէ ձայներուն վերլուծումը: Ուղեղին աջ կողմը կը վերլուծէ եղանակները, իսկ ձախ կողմը կը զբաղի խօսակցութեամբ: Ասիկա կը պատահի, որովհետեւ մեր ականջները նոյն ձեւով չեն լսեր ձայները:

Ըստ Արիզոնայի եւ Քալիֆորնիոյ համալսարաններուն մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, մեր աջ ականջը աւելի զգայուն է եղանակին հանդէպ, մինչ ձախ կողմի ականջը աւելի լաւ կ՛ըմբռնէ խօսքերէ յառաջացած ձայները:

 

Մեր Անհաւատալի
Մարմինը

mer-marmine_111415

Մեր մարմինը անհաւատալի եւ սքանչելի մեքենայ մըն է, որ մեզի կու տայ դաշտին վրայ վազելու արագութիւն եւ քննութիւններուն փայլուն նիշեր ստանալու համար խելք: Ահա քանի մը հետաքրքրական տեղեկութիւններ անոր մասին:

–  Օրուան ընթացքին մենք մեր աչքերը կը թարթենք մօտաւորապէս 17.000 անգամ:

–  Օրական մեր բերանը կ՛արտադրէ 1 – 2 լիթր լորձունք (4 – 8,5 գաւաթ):

–  Մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին մեր սիրտը պիտի տրոփէ մօտաւորապէս 2,5 միլիառ անգամ:

–  Մեր մարմինին ոսկորներէն 26 առ հարիւրը կը գտնուի մեր ձեռքին եւ դաստակին մէջ:

–  Մեր եղունգները յատակէն մինչեւ մատին ծայրը կը բուսնին 6 ամիսէն:

–  Մեր մեծ եւ պզտիկ աղիքներուն երկարութիւնը 8 մեթրի կը հասնի:

–  Մեր արիւնը երակներուն մէջ կը շրջի գրեթէ ժամական 5 – 6 քմ արագութեամբ:

–  Մենք ամէն տարի կը կորսնցնենք 4 քիլօ մորթի բջիջներ:

–  Մենք քալելու համար պէտք ունինք 200 մկաններու:

 

Ինչո՞ւ Մեր Աչքերը Կը Գոցենք
Երբ Կը Քնանանք

knanank_111415

Երբ կը քնանանք, մեր ամբողջ մարմինը հանգիստի վիճակի մէջ կ՛ըլլայ. ուղեղը դանդաղօրէն կ՛աշխատի եւ մկանները կը թուլնան: Կոպերուն մկաններն ալ կը թուլնան եւ կ՛իջնեն. աչքը բնականօրէն կը գոցուի, եւ այս ձեւով արգելք կ՛ըլլայ, որ լոյսը եւ փոշին մէջը թափանցեն:

 

Ինչո՞ւ Մենք Պնակի Մէջէն
Կ՛ուտենք

bnag_111415

Մինչեւ միջին դարերը մարդիկ իրենց ճաշը կ՛ուտէին փայտէ տախտակի մը վրայ դրուած հացի մը մէջէն, որ կը ծծէր միսին եւ բանջարեղէններուն հիւթերը եւ թացանը: Սակայն այդ հեղուկները միշտ սեղանին վրայ կը կաթէին: Կանոնաւոր կերպով պնակներու գործածութիւնը սկսաւ 16-րդ դարէն եւ կարելիութիւն տուաւ կերակուրը աւելի մաքուր ու կոկիկ կերպով ուտելու:

 

Ինչո՞ւ Ոսկորներ Ունինք

vosgor_111415

Չափահասի մը կմախքը կազմուած է 206 ոսկորներէ, որոնք անոր կարողութիւնը կու տան ոտքի կանգնելու: Կմախքն է նաեւ, որ կը շալկէ մկանները եւ կը պաշտպանէ գործարանները: Բազմաթիւ անասուններ, ինչպէս խխունջները, որդերը կամ ծովամայրերը կմախք չունին. հետեւաբար անոնք չեն կրնար ոտքի կանգնիլ եւ կը սողան:

 

Ինչո՞ւ Աղը Կը Ծարաւցնէ

agh_111415

Երբ մենք շատ աղի կերակուր կ՛ուտենք, այս աղը կը հաւաքուի արիւնին մէջ: Մարմինը այս աղէն կը ձերբազատի մէզին միջոցով, սակայն այս մէզը արտադրելու համար, ան մեծ քանակութեամբ ջուր կը գործածէ: Ուղեղը մեզի կը հրահանգէ ջուր խմել վերակազմելու համար մեր մարմնին լաւ բանելուն համար հարկ եղած ջուրին քանակը:

 

Ինչո՞ւ Անօթի Չենք Զգար,
Երբ Հիւանդանանք

hivant_111415

Երբ մենք հիւանդանանք, մեր մարմինը իր ամբողջ ուժը կը գործածէ մանրէներուն յաղթահարելու համար: Հետեւաբար, ան կը խուսափի ուրիշ աւելորդ ճիգ թափելէ:

Նկատի առնելով, որ մարսողութիւնը ուժի պէտք ունի ուտելիքները փոխակերպելու համար, մեր ուղեղը մեր ստամոքսին լուր կը ղրկէ «Անօթի չեմ»:

 

Ժամանց

 

jam-1_111415
Կրնա՞ս գտնել թենիսի գնդակին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող վեց զոյգ քառակուսիները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող վեց զոյգ քառակուսիները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ կորսուած ութը թենիսի գնդակները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ կորսուած ութը թենիսի գնդակները:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (14 Նոյեմբեր 1965)

Յաջորդը

Ղանթարոզ Գիւղ Եւ Եկեղեաց Գաւառ

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?