Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Գիտէիր, որ երբ ձիւնեմարդ մը կը շինես. դուն ալ քու կարգիդ արուեստագէտ մը կը դառնաս:
Ձիւնէ կամ սառոյցէ արձանները «վաղանցուկ» արուեստի գործեր են: Ժամանակի ընթացքին եւ տաքութեան ազդեցութեան տակ այս արուեստի գործերը կը հալին եւ կ՛անհետանան. քանի մը ժամէն կամ… քանի մը շաբաթէն: Այս ձեւով է, որ անոնք կը տարբերին, օրինակի համար, փայտէ արձաններէն: Որքան արձան մը մեծ ըլլայ, անիկա շատ աւելի մեծ թիւով մարդոց կը կարօտի զայն քանդակելու համար. շատ արագ, ձիւնը հալելէն առաջ:
Սակայն այս արուեստը ուրիշ արուեստներէ կը տարբերի. ամէն մարդ կրնայ այս քանդակագործութեան աշխատանքին լծուիլ: Պէտք է պարզապէս տրամադրութեան տակ ունենալ մեծ կոյտ մը ձիւն եւ երեւակայութիւն:
Այս ձեւով, օրինակի համար, Միացեալ Նահանգներու Մինըութայի շրջանէն երեք եղբայրներ` Օսթըն, Քոննըր, եւ Թրեւըր Պարց, սովորութիւն դարձուցած են ամէն տարի հսկայ ձիւնէ արձան մը շինելու իրենց ծնողքին տան առջեւ: Դէպի Ֆլորիտա ճամբորդութենէ մը ետք, ուր անոնք ծանօթացած են տարբեր տեսակի ձուկերուն, անոնք կ՛որոշեն ձուկի ձիւնէ արձան մը շինել: Այս ձեւով է, որ 2010 թուականին կը ծնի հաճելի սովորութիւն մը: Երեք եղբայրները որոշած են միշտ ներշնչուիլ ծովային անասուններու աշխարհէն: Յունուար 2014-ին 95 ժամ աշխատանքէ ետք, անոնց տան առջեւ կը ծնի աւելի քան 3 մեթր մեծութեամբ ճերմակ շանաձուկ մը: Այս տարի 21 տարեկան Օսթըն, 20 տարեկան Թրեւըր եւ 17 տարեկան Քոննըր, մօտաւորապէս 400 ժամ աշխատանքէ ետք, վերջացուցին այս տարուան իրենց քանդակը` աւելի քան 5 մեթր մեծութեամբ ընգղայ մը:
***
Հաւանաբար դուն արդէն շինած ես ձիւնեմարդ մը, եւ եւ քեզի համար ասիկա դիւրին կը թուի… Սակայն սառոյցէ քանդակներուն պարագային, հարցը ամբողջովին կը տարբերի: Սառոյցի մեծ կոյտերու վրայ քանդակելու համար արուեստագէտները պէտք ունին լաւ գործիքներու` փայտէ կտրելիք մեքենայ, սառոյցը քանդակելու յատուկ մկրատ…
***
Երբ մենք կը խօսինք ձիւնի եւ սառոյցի մասին, մենք անմիջապէս կը մտածենք հիւսիսային բեւեռին մասին եւ ոչ… Ճափոնի մասին: Սակայն հոն ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ ամբողջովին այս արուեստին յատկացուած մեծ փառատօն մը: Փետրուար ամսուն Սափփորօ քաղաքը կը ծածկուի սառոյցէ եւ ձիւնէ քանդակներով, Սափփորօ Եուքի Մաթցուրիի «ձիւնի փառատօնին» ընթացքին: Այս ձիւնի մեծ տօնը ծնած է 1950 թուականին, երբ երկու ուսանողներ քաղաքի հանրային պարտէզներէն մէկուն մէջ քանի մը ձիւնէ արձաններ շինած են:
Սառոյցներով եւ լոյսի խաղերով զարդարուած նման փառատօներ տեղի կ՛ունենան նաեւ աշխարհի բազմաթիւ վայրերու մէջ: Անոնցմէ ամէնէն հռչակաւորներէն է նաեւ Չինաստանի Հարալին քաղաքի ձիւնէ եւ սառոյցէ քանդակներու փառատօնը:
Խոհագիր
Համեմով Կարկանդակը
Պէտք ունիս – 300 կրամ ալիւրի, 250 կրամ մեղրի, 2 նարինջի, 1/2 գաւաթ կաթի, 1/2 գաւաթ ջուրի, 1 1/2 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըրի, 1 ապուրի դգալ 4 տարբեր համեմներու խառնուրդի (կասիա, մեխակի գամ, մշկընկոյզ…):
Պատրաստութիւն
1.- Փուռը վառէ 150 աստիճան տաքութեան վրայ: Նարինջները լուա եւ տաշէ անոնց կեղեւը:
2.- Մեղմ կրակի վրայ հալեցուր մեղրը եւ զայն պարպէ խորունկ ամանի մը մէջ: Զայն խառնէ կաթին եւ ջուրին հետ:
3.- Աւելցուր ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը, համեմները եւ նարինջի կեղեւի տաշուքը. դարձեալ խառնէ:
4.- Քէյքի քառանկիւն կաղապարի մը վրայ կարագ քսէ եւ քիչ մը ալիւր սրսկէ: Մէջը պարպէ ալիւրը եւ զայն փուռին մէջ եփէ 1 ժամ:
Համեմներով Խմորէ Տունիկները
Համեմներով խմորէ պատրաստուած այս տունիկները Կաղանդի սովորութիւններէն մէկն է: Ուտուելիք առաջին այս տունիկները շինուեցան Գերմանիոյ մէջ: Կրիմ եղբայրներու պատմութիւններէն մէկը` «Հանսըլ եւ Կրեթըլ» զանոմք նշանաւոր դարձուցին: Պատմութեան մէջ կը ներկայացուէր համեմներով խմորէ շինուած տուն մը, որ կը կոչուէր «Վհուկին տունը»: Այս խմորին մէջ գործածուած գլխաւոր համեմը կոճապղպեղն (ճինճըր) է. այս պատճառով է, որ այս տունիկները կոչուած են «Ճինճըր պրետ հաուս»:
Կոճապղպեղով պատրաստուած այս խմորեղէնները սկսած են տարածուիլ Եւրոպայի մէջ 11-րդ դարէն սկսեալ: Միջին Արեւելքէն վերադարձող խաչակիրները իրենց հետ բերին համեմի բազմաթիւ տեսակներ, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ կոճապղպեղը:
Ինչո՞ւ Փշածառերը
Փուշեր Ունին
Փշածառերուն (քաքթիւս) փուշերը բարակ եւ սուր տերեւներու տեսակներ են, որոնք շատ յարմար են շատ չոր կլիմայի մը: Անոնք կը բուսնին եւ կը պահեն իրենց շրջապատի ջուրը: Ասոր կողքին, այս փուշերը հեռու կը պահեն բոլոր այն անասունները, որոնք պիտի ուզեն փշածառը համտեսել:
Գիտէի՞ր, թէ կարգ մը փշածառերու հասակը կրնայ հասնիլ մինչեւ 19 մեթրի:
Ինչո՞ւ Մենք Աստղերը
Կը Տեսնենք Միայն Գիշերը
Աստղերը կը փայլին նոյնիսկ օրուան ընթացքին. սակայն որովհետեւ անոնց լոյսը նուազ զօրաւոր է քան արեւին լոյսը, մենք զանոնք չենք տեսներ: Գիշերը երբ արեւը չկայ, անոնց լոյսը աւելի դիւրութեամբ կը տեսնուի:
Ժամանց


