Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Պաղ շրջաններու մէջ ապրող ժողովուրդները բաշխուած են ընդարձակ տարածութիւններու վրայ: Անոնք բոլորը նոյն ծագումը չունին, բոլորը նոյն լեզուն չեն խօսիր, նոյն ձեւով չեն ապրիր, սակայն անոնք երբեմն ունին նոյնանման սովորութիւններ: Ծանօթանանք քանի մը ժողովուրդներու:
Ինուիթները
Ո՞վ Են Անոնք
Ժամանակին անոնց կը կոչէին «էսքիմօ», սակայն ինուիթները չեն սիրեր այս բառը, որ իրենց լեզուին մաս չի կազմեր: Անոնք կ՛ապրին Ալասքայի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), Քանատայի հիւսիսը` Կրինլէնտի եւ Ռուսիոյ մէջ: Անոնց թիւը կը հասնի մօտաւորապէս 150.000-ի, եւ բաժնուած են նոյնանման սովորութիւններ ունեցող մարդկային խումբերու: 1999 թուականէն ի վեր, անոնք նոյնիսկ Նունովութ կոչուած իրենց հողաբաժինը ունին Քանատայի մէջ:
Այժմ ինուիթները կ՛ապրին փայտէ տուներու մէջ. անոնք նստակեաց դարձած են: Սակայն, քառասուն տարիներ առաջ, անոնք տակաւին թափառաշրջիկ էին, կը տեղափոխուէին եղանակներուն հետեւելով` որսալու եւ ձկնորսութիւն ընելու համար: Անոնք կ՛ապրէին, դանակով կտրուած սառոյցի կտորներով շինուած պզտիկ տուներու` իկլուներու մէջ: Անոնք տակաւին կը շինեն այդ տուները, սակայն հիմնականին մէջ հաճոյքի համար, որովհետեւ այլեւս այդ տուներուն պէտք չունին:
Որս Եւ Ձկնորսութիւն
Մինչեւ իրենց նստակեաց դառնալը, ինուիթները կ՛ապրէին յատկապէս որսալով, անշուշտ սնանելու համար, սակայն անոնք անասուններուն մորթը կը գործածէին նաեւ շինելու համար հագուստներ, ծածկոցներ… եւ նոյնիսկ նաւակներ: Իսկ ոսկորները կամ կոտոշները կը գործածուէին շինելու համար գործիքներ կամ սահնակներ: Ամէն ինչ բանի մը կը գործածուէր:
Ձմրան անոնք կ՛որսային փոկեր, կէտեր… Իսկ ամրան, անոնք կը տեղափոխուէին դէպի ցամաքին խորերը, ուր կը գտնուէին եղջերուները, կ՛որսային անուշ ջուրի ձուկեր եւ կը հաւաքէին վայրի թութեր, ուրիշ նման պզտիկ պտուղներ, խոտեր…
Ինուիթները կը շարունակեն տակաւին որսալ եւ ձկնորսութիւն ընել, սակայն ոչ հին աւանդական ձեւերով: Օրինակի համար, շուներով քաշուած սահնակներուն կողքին, անոնք յաճախ կը գործածեն նաեւ ձիւնի սքութըրներ, իսկ ձկնորսութեան ժամանակ աւանդական նիզակներուն փոխարէն անոնք կը նախընտրեն հրացաններ գործածել:
Ընտանիքը Շատ Կարեւոր Է
Ինուիթ ժողովուրդին համար ընտանիքը շատ կարեւոր է: Մանուկներուն հետ շատ լաւ կը վարուին. անոնց վրայ բնաւ չեն պոռար: Ինուիթները անոնց օրինակ կու տան. այս ձեւով է, որ անոնք կը դաստիարակեն: Անոնք վեհանձն են եւ իրենց համար ազնուութիւնը շատ կարեւոր յատկանիշ մըն է: Անոնց վրայ շատ գէշ տպաւորութիւն կը ձգէ, երբ անձ մը կը զայրանայ: Իսկ երբ ասիկա կը պատահի, ամէն մարդ կը խնդայ ջղայնացած անձին վրայ:
Ուրիշ կարեւոր որակ մը կը յատկանշէ նաեւ ինուիթները: Անոնք իրարու միշտ նեցուկ կը կանգնին: Դրացիները ընտանիքին մաս կը կազմեն: Անոնց կը հրաւիրեն, անոնց տունը կ՛երթան, անոնց կ՛օգնեն, երբ անոնք պէտք ունենան: Եւ միասին է, որ ինուիթները կը պահեն իրենց սովորութիւնները` զանոնք իրենց զաւակներուն փոխանցելու համար, նոյնիսկ եթէ անոնք կ՛ապրին տուներու մէջ, եւ մեզի նման կ՛աշխատին ամսական վարձատրութիւն առնելու համար:
***
Սամիները
Սամի ժողովուրդը կ՛ապրի Լափոնի մէջ, Նորվեկիայէն մինչեւ Ռուսիա հասնող, եւ Շուէտէն ու Ֆինլանտայէն անցնող տարածքի մը վրայ: Սամիները թափառաշրջիկներ էին, որոնք կ՛ապրէին որսորդութեամբ եւ բնութենէն վայրի պտուղներ քաղելով: Սակայն այժմ անոնք նստակեաց դարձած են եւ եղջերուներ կը պահեն` զանոնք որսալու փոխարէն: Ասիկա անոնց գլխաւոր հարստութիւնն է: Այս անասունները կը ծառայէին սահնակները քաշելու, ինչպէս նաեւ անոնց կը հայթայթեն միս, կաթ… Սամիները նոյնիսկ կը գործածեն այդ անասուններուն մորթը` կաշի շինելու համար, ոսկորները եւ եղջիւրները առարկաներ պատրաստելու համար… Ոչինչ կը կորսուի: Սամիները չեն ուզեր, որ իրենց սովորութիւնները անհետանան. անոնք կը խօսին իրենց լեզուն` սաամը, կը շինեն իրենց աւանդական առարկաները, իսկ իրենց գիւղերուն մէջ իրենց շալէներուն քով միշտ գոյութիւն ունի իրենց աւանդական մեծ վրանը` քօթթան, ուր կրակը կը վառի ուտելիքները եփելու համար:
Սամիները իսկական արուեստագէտներ են, որոնք կը շինեն հիւսուած արծաթէ գոհարեղէններ, փայտէ գոգաւոր ամաններ, ոսկորէ դանակներ… Նոյնիսկ անհրաժեշտ առարկաներ, որոնք ո՛չ միայն տոկուն են, այլ նաեւ գեղեցիկ: Սամիները իրենց այցելուները միշտ ազնուութեամբ կ՛ընդունին:
Անհաւատալի Բայց Իրաւ
– Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի սահմանին վրայ գտնուող օփերայի սրահի մը բեմը կը գտնուի քանատական գետնի վրայ, մինչ հանդիսատեսներու աթոռներուն մեծ մասը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու հողին վրայ:
– Փայլածու մոլորակին վրայ ջերմաստիճանը կրնայ մէկ օրուան մէջ 550 աստիճան նուազիլ:
– Ամէն վայրկեան, աւելի քան 2 միլիոն փնտռտուքներ կը կատարուին համացանցի «Կուկըլ» կայքի վրայ:
– 2014-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին գործածուած են 3240 ֆութպոլի գնդակներ:
– Ռիատի մէջ, Սէուտական Արաբիա, գոյութիւն ունի ծանուցումի տախտակ մը, որուն մեծութիւնը հաւասար է մօտաւորապէս ինը պասքեթպոլի դաշտերու:
– Թութանխամոնի գերեզմանին մէջ գտնուած են ձմերուկի կուտեր:
– Բեւեռային արջերը երբեմն իրարու հետ կը հաղորդակցին իրենց քիթերը իրարու քսելով:
– Աշխարհին մէջ գոյութիւն ունին պանիրի աւելի քան 1400 տեսակներ:
– Հնդկաց ովկիանոսին մէջ Մորիսիուս կղզին ունի գունաւոր աւազներով բլուրներ:
– Աւստրալիոյ մէջ գոյութիւն ունի բուի տեսակ մը, որ շունի պէս կը հաջէ:
– Միջին հաշուով, ինքնաշարժ մը կազմուած է 25.000 կտորներէ:
– Անջրպետի միջազգային կեդրոնը աւելի քան 300 ինքնաշարժի ծանրութիւնը ունի:
– Աշխարհի կաղինի պահեստին մօտաւորապէս մէկ քառորդը կը գործածուի Նիւթէլլայի պատրաստութեան համար:
– Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէն տարի ձիւնոտ ճամբաներու, կառատուներու, մայթերու եւ պողոտաներու վրայ աւելի քան 18 միլիոն թոն աղ կը սրսկուի:
Աշխարհի Ամէնէն Կարճ
Միջազգային Կամուրջը
Կ՛ըսուի, թէ Զավիքոն կղզիին վրայ գտնուող տան մը, եւ մօտակայ կղզիին վրայ գտնուող անոր պարտէզին միջեւ գոյութիւն ունի աշխարհի ամէնէն կարճ միջազգային կամուրջը: Ըստ 19-րդ դարու տեղեկութիւններու, մէկ կղզին կը գտնուի Քանատայի մէջ, իսկ միւսը Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Սակայն, կարգ մը աղբիւրներ կը նշեն, թէ երկու կղզիներն ալ կը գտնուին Քանատայի մէջ: Հակառակ ասոր, պատմութիւնը կը շարունակուի, եւ այս փոքր կամուրջին անուշիկ տեսքը կը գերազանցէ աշխարհագրական մանրամասնութեան:
9,75 մեթր երկայնք ունեցող այս կամուրջը կ՛երկարի Սէն Լորան գետին մէջ երկու կղզիներու միջեւ: Ամբողջ շրջանը ծածկուած է հարիւրաւոր կղզիներով, որոնք կը կազմեն 80,45 քիլոմեթր երկար կղզեխումբ մը: Այս կղզեխումբը կը բաժնուի Նիւ Եորքի Միացեալ Նահանգներ եւ Օնթարիոյի միջեւ, Քանատա: Այս պատճառով երկու երկիրներու միջեւ սահմանները երբեմն դժուար կը յատկանշուին ջուրերուն մէջ:
Ժամանց


