Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Ռիւկպիի Գնդիկը Հաւկթաձեւ Է

October 31, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

rugby-1_103115

Ռիւկպիի աշխարհի 8-րդ ախոյեանութիւնը սկսաւ ուրբաթ, 18 սեպտեմբերին, Անգլիոյ մէջ, Անգլիոյ եւ Ֆիճի կղզիներու խումբերուն միջեւ: Ախոյեանութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենան 47 մրցումներ` աշխարհին չորս կողմերէն եկած խումբերուն միջեւ: Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, 31 հոկտեմբերին, Նոր Զելանտայի եւ Աւստրալիոյ միջեւ:

Այս ախոյեանութեան հերոսը եղաւ ո՛չ կլոր գնդակը, այլ` հաւկթաձեւ գնդակ:

Սակայն ինչո՞ւ ռիւկպիի գնդակը հաւկթաձեւ է:

rugby-5_103115

Ըստ աւանդութեան, ռիւկպին ստեղծուած է… ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին: Դէպքը կը պատահի 1823 թուականին, անգլիական ռիւկպի քաղաքին դպրոցներէն մէկուն մէջ: Ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին պատանի Ուիլիըմ Ուէպ Էլլիս գնդակը ձեռքերուն մէջ կ՛առնէ զայն հակառակորդ խումբին ցանցին մէջ դնելու համար. ռիւկպին կը ծնի: Սակայն քանի մը տարի այս ձեւով խաղցուելէ ետք է, որ ռիւկպին կը վերածուի իրեն յատուկ օրէնքները ունեցող իսկական մարզաձեւի մը, Ուիլըմ Ուէպ Էլլիսի անունը փորագրուած է ախոյեանութեան բաժակին վրայ, որ պիտի տրուի այսօր աւարտական մրցումին յաղթող խումբին:

* * *

 

rugby-8_103115

1835 թուականին է, որ ռիւկպիի գնդակը հաւկթաձեւ կը դառնայ: Դիւրին չէ կլոր գնդակ մը ձեռքը առնել եւ զայն կուրծքին վրայ պահել: 1835 թուականին գիւղին կօշկակարը` Ուիլիըմ Հիլպըրթ, կ՛երեւակայէ պատրաստել աւելի երկար ձեւ մը ունեցող գնդակ մը: Առաջին գնդակները պատրաստուած էին խոզի միզամանով: Հետեւաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր չափ մը ունէր: 1892-ին, վերջապէս, օրինաւոր կերպով կը ճշդուի անոր չափը: Այդ ժամանակ անիկա կը կշռէր 411 կրամ, մինչ այսօր անոր ծանրութիւնը 460 կրամ է:

Հետաքրքրական Թիւեր

rugby-9_103115

2,3 միլիոն համակիրներ եկած են աշխարհի չորս կողմերէն` ներկայ գտնուելու համար մրցումներուն:

4 միլիառ հանդիսատեսներ որոնք մրցումներուն հետեւեցան պատկերասփիւռներէն:

Մրցումները տեղի ունեցան Անգլիոյ 11 տարբեր քաղաքներու, 13 տարբեր դաշտերու մէջ: Անոնցմէ 3-ը կը գտնուին մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ` Ողիմպիական դաշտը (80 հազար տեղ), Թուիքընհամ (82 հազար տեղ), Ուէմպլի (90 հազար տեղ):

Ախոյեանութեան մասնակցեցան 20 խումբեր, որոնցմէ 5-ը ամէնէն նշանաւորներն են` Նոր Զելանտայի «Օլ Պլաք»-ները, Աւստրալիոյ «Ուալապիզ»-ները, Հարաւային Ափրիկէի «Սփրինկպաք»-ները, Անգլիոյ «Վարդի 15»-ները, Ֆրանսայի «15»-ները:

 

Հարցարան

Մեծ Թիւեր

1.- Քանի քիլոմեթր երկարութեամբ գիրքերու դարաններ ունի Միացեալ Նահանգներու Լայպրերի օֆ Քոնկրես»-ը, որ աշխարհի ամէնէն մեծ գրադարաններէն մէկն է:
ա – 8 քմ, բ – 135 քմ, գ – 322 քմ, դ – 1349 քմ:

2.- Անձ մը միջին հաշուով 600 բառ կ՛արտասանէ օրական:
ա.- Ճիշդ, բ.- Սխալ:

harts-1_103115

3.- Երբ «Ափոլօ 11» անջրպետանաւը լուսինին վրայ իջաւ, անիկա տակաւին միայն 30 երկվայրկեանի համար վառելանիւթ ունէր:
ա.- Ճիշդ, բ.- Սխալ:

harts-2_103115

4.- Որքա՞ն է լայնքը աշխարհի ամէնէն մեծ ծաղիկին` ռաֆֆլեզիային, որ նեխած միսի հոտ ունի:
ա.- 12,7 սմ, բ.- 30,48 սմ, գ – 99,06 սմ, դ.- 15,24 մեթր:

5.- Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն մեծ առեւտրական կեդրոնը (մոլ): Անիկա ունի 2350 խանութներ ու կրպակներ եւ` 464515200 մեթր քառակուսի տարածք:
ա.- «Մոլ օֆ Ամերիքա», Միացեալ Նահանգներ,
բ.- «Սաութ Չայնա մոլ», Չինաստան,
գ.- «Տուպայ մոլ», Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
դ.- Սիթի Սենթըր, Լիբանան:

6.- Մօտաւորապէս քանի՞ երկրագունդեր կը բաւեն արեւուն շուրջ:
ա.- 10, բ.- 500, գ.- 1 միլիոն, դ.- 6000

harts-3_103115

7.- Քանի՞ ջերմուժ կրնայ կորսնցնել (քալորի) 68 քիլօ կշռող անձ մը մէկ ժամ սալսա պարելով:
ա.- Ոչ մէկ ջերմուժ, բ.- 396, գ.- 1500, դ.- 2400:

harts-4_103115

8.- Մօտաւորապէս քանի՞ հոգի կրնայ բաւել կապոյտ կէտին բերնին մէջ:
ա.- 1, բ.- 5, գ.- 100, դ.- 250:

9.- Այսլենտ աշխարհի ամէնէն շատ համացանց գործածող երկիրներէն մէկն է:
Ժողովուրդին քանի՞ առ հարիւրը համացանց կը գործածէ:
ա.- 25 առ հարիւրը, բ – 50 առ հարիւրը, գ.- 90 առ հարիւրը, դ.- 100 առ հարիւրը:

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Ինչո՞ւ Արեւը Դեղին Է

arev_103115

Արեւը յատկապէս դեղին եւ կապոյտ ճառագայթներ կը ղրկէ դէպի երկրագունդ: Կապոյտ ճառագայթները կը կասեցուին երկրագունդին շրջապատող օդի խաւին` մթնոլորտին կողմէ: Դեղին ճառագայթները այդ խաւէն կը թափանցեն: Այս պատճառով է, որ արեւը դեղին գոյն մը կ՛ունենայ, երբ մեր մոլորակէն անոր կը նայինք:

Ինչո՞ւ Հով Կայ

hov_103115

Որպէսզի հով ըլլայ, պէտք է որ տաք օդը եւ պաղ օդը իրարու հանդիպին: Տաք օդը միշտ կ՛երթայ դէպի հոն, ուր օդը աւելի պաղ է, եւ պաղ օդը կ՛երթայ դէպի հոն, ուր օդը աւելի տաք է, ասիկա հով կը յառաջացնէ:

Օրինակի համար, տան մէջ, երբ մենք մուտքի դուռը բանանք, դուրսի եւ ներսի օդի ջերմաստիճանի տարբերութիւնը օդի հոսանք պիտի յառաջացնէ:

Ինչո՞ւ Լոլիկը Պտուղ Մըն Է
Եւ Ոչ` Բանջարեղէն Մը

lolig_103115

Կարգ մը բոյսեր կ՛արտադրեն ծաղիկներ, որոնք իրենց կարգին պտուղ մը կու տան: Լոլիկը ատոնցմէ մէկն է: Սակայն մենք լոլիկը կ՛ուտենք բանջարեղէնի մը նման. բանջարեղէնը կը բուսնի բանջարանոցի մը մէջ, եւ մենք կ՛ուտենք անոր տերեւները (աղցան) կամ արմատը (ստեպղին, բողկ):

Ինչո՞ւ Տարուան Մէջ
12 Ամիս Կայ

amis_103115

Տարին 12 ամիսներու բաժնուած է, որովհետեւ հին ժամանակներու աստղագէտները նշմարած էին, թէ կարելի էր լման լուսինը տեսնել տարուան ընթացքին միայն 12 անգամ:

Ինչո՞ւ Մենք Քաղցրեղէններ
Կ՛ուտենք Աղի Ուտելիքէն Ետք

kaghtsereghen_103115

Մինչեւ 1800-ական թուականները աղի ուտելիքները եւ քաղցրեղէնները միասին կը դրուէին սեղանին վրայ: Ապա, Եւրոպայի մէջ, մարդիկ սովորութիւնները պարզապէս փոխեցին եւ սկսան նախ աղի ուտելիքները հրամցնել եւ ապա` քաղցրեղէնները:

Սակայն բազմաթիւ երկիրներու մէջ աղին եւ քաղցրը կը խառնուին նոյն ճաշին մէջ:

Ինչո՞ւ Առտուն, Միշտ Չենք
Յիշեր Մեր Երազները

yeraz_103115

Ամբողջ գիշերը մենք երազներ եւ մղձաւանջներ կը տեսնենք: Սակայն մենք կը յիշենք գլխաւորաբար այն երազները, որոնք տեսած ենք արթննալէ անմիջապէս առաջ, յատկապէս եթէ մենք կ՛արթննանք երազելու ընթացքին: Որովհետեւ երազները շատ շուտ կը մոռցուին. մեր ուղեղը զանոնք կը ջնջնէ 10 վայրկեան ետք:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու  պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել անուշեղէններու տոպրակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել անուշեղէններու տոպրակին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1) Դ.: 2) Սխալ, անձ մը միջին հաշուով օրական 31,500 բառ կ՛արտասանէ: 3) Ճիշդ, Նիլ Արմսթրոնկ անջրպետանաւին ղեկը անձնապէս դարձուց զայն գետին իջեցնելու համար, որովհետեւ բաւարար վառելանիւթ չէր մնացած: 4)  Գ: 5)  Բ: 6) Գ: 7) Բ: 8)  Գ: 9) Գ:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (31 Հոկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Բարեւ Ընկեր… (Գրիգոր Գժտրեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Սպասելով Ս. Ծնունդը…
Մանկապատանեկան

Սպասելով Ս. Ծնունդը…

January 3, 2026
Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է
Մանկապատանեկան

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

December 27, 2025
Կաղանդի Մթնոլորտ.  Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը»  (Տը Նաթքրաքըր)
Մանկապատանեկան

Կաղանդի Մթնոլորտ. Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը» (Տը Նաթքրաքըր)

December 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.