Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էվօ, Պոլիվիացի Պզտիկ Հովիւը

October 10, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

evo-1_10-10-15

Էվօ 8 տարեկան է: Ան կ՛ապրի Պոլիվիոյ բարձր լեռներուն վրայ, Հարաւային Ամերիկա: Անոր ծնողները անասուններ կը պահուին, իսկ Էվօ անոնց կ՛օգնէ դպրոցէն ետք:

Էվօ, իր ծնողները եւ իր ութ քոյրեր եւ եղբայրները կ՛ապրին լերան գագաթին, պզտիկ գիւղի մը մէջ, 3500 մեթր բարձրութեան վրայ: Անոնք ունին 13 լամա, 70 ոչխար, 6 էշ եւ 2 ցուլ… Այս բոլոր անասուններով զբաղիլը երկար աշխատանքի կը կարօտի:

evo-2_10-10-15

Ամբողջ օրը դպրոցը անցընելէ եւ ապա մէկ ժամ քալելէ ետք, Էվօ վերջապէս կը հասնի տուն: Դպրոցէն ետք, ինչպէս նաեւ` արձակուրդներուն, Էվօ իր ծնողներուն կ՛օգնէ անասուններով զբաղելով: Ան անոնց կը բերէ խմելու ջուր, ուտելիք, զանոնք լեռ կը բարձրացնէ արածելու եւ անոնց կը հսկէ: Ջերմաստիճանը երբեմն մեզմէ, սակայն կրնայ նաեւ շատ ցուրտ ընել:

evo-3_10-10-15

Երբեմն Էվոյին ծնողները ոչխար մը կը ծախեն: Այդ դրամով անոնք կը գնեն ուտելիք, պտուղներ… որովհետեւ հոն պտղատու ծառեր գոյութիւն չունին: Այդ բարձրութեան վրայ բոյսերը լաւ չեն աճիր: Հետեւաբար Էվոյի ծնողները հիւղակ մը շինած են իրենց պարտէզը ցուրտէն պահպանելու համար: Էվօ շատ հոգ կը տանի այդ պարտէզին. ան հատիկները կը ցանէ, բոյսերը կը ջրէ… իրենք համով բանջարեղէններ պիտի կարենան ուտել:

evo-4_10-10-15

Իրիկունը ամբողջ ընտանիքը կը հաւաքուի ընթրիքի սեղանին շուրջ: Այսօրուան ճաշացուցակին վրայ կան` գետնախնձորի ապուր, քինոա եւ միս:

 

Դպրոցական Օրը Լաւ Սկսելու Համար

Քանի մը շաբաթէ ի վեր մենք դարձեալ դպրոցին ճամբան բռնած ենք: Սակայն տակաւին մենք դժուարութիւններ կ՛ունենանք լաւ արթննալու եւ օրերնիս աշխուժ սկսելու համար: Ահա վեց քայլեր` դպրոցական օրերը լաւ կերպով սկսելու համար:

1.- Լաւ արթննալ:

tbrots-1_10-10-15

Դժուար է այդքան կանուխ արթննալ առտուն: Մարզանքի քանի մը շարժումներ` եւ մենք պատրաստ ենք մեր օրը սկսելու:

2.- «Սուփըր» նախաճաշ մը:

tbrots-2_10-10-15

Կարենալ կեդրոնանալու համար ամէնէն լաւ միջոցը ամբողջական նախաճաշ մը ընելն է: Եթէ դուն անօթի չես, հետդ հացահատիկով պատրաստուած չոր խմորեղէնի կտոր մը առ եւ պտուղի հիւթ մը` առաջին զբօսանքին համար:

3.- Ժամանակին պատրաստ ըլլալու համար:

tbrots-3_10-10-15

Լուացուիլ, հագուիլ, նախաճաշել, պայուսակ պատրաստել… Այս բոլորը առտուն ընելու ժամանակ պիտի չունենանք: Հետեւաբար նախընտրելի է նախորդ երեկոյեան պատրաստել պայուսակը եւ յաջորդ օրուան հագուելիքները:

4.- Դպրոցէն ետք հանգստանալ:

tbrots-4_10-10-15

Դպրոցէն վերադարձին մենք կրնանք ուտել եւ քիչ մը խաղալ` մեր դասերը սերտելու համար աշխուժ ըլլալու նպատակով:

5.- Պաստառին առջեւ սահմանափակ ժամանակ:

tbrots-5_10-10-15

Պատկերասփիւռի, համակարգիչի, թապլեթներու պաստառներուն լոյսը կը ջղայնացնէ: Այս պատճառով լաւ է, որ մենք ոչ մէկ պաստառի նայինք դպրոց երթալէ առաջ… կամ` քնանալէ առաջ: Մասնագէտները դրած են շաբթական պաստառի առջեւ անցընելու ժամանակամիջոցին օրէնքները: 7 տարեկանին` առաւելագոյնը 7 ժամ, 8 տարեկանին` առաւելագոյնը 8 ժամ, 9 տարեկանին` առաւելագոյնը 9 ժամ:

6.- Քնանալ:

tbrots-6_10-10-15

Վերջին ոսկիէ օրէնքը. ամէն գիշեր մօտաւորապէս 10 ժամ քնանալ: Քունի ընթացքին մենք կ՛աճինք: Ուղեղը մեր յիշողութեան մէջ կ՛արձանագրէ օրուան ընթացքին մեր սորված գիտելիքները:

 

Հարցարան

Գիտութեան Մասին

hartsaran_10-10-15

1) Այս նիւթերէն ո՞ր մէկը ամէնէն լաւը կը լուծուի ջուրին մէջ:
ա – Աղը, բ – Շաքարը, գ – Աւազը:

2) Անուշահոտերուն մէջ քարիւղ կայ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

3) Ինչպէ՞ս կարելի է հաւկիթ մը ծփացնել ջուրին մակերեսին վրայ:
ա – Սկիզբէն զայն եփելով, բ – ջուրին մէջ աղ աւելցնելով, գ – Անոր կեղեւը ծակելով:

4) Ծովուն ջուրը կը սառի 0 աստիճանին:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

5) Լոյսը միշտ նոյն արագութեամբ կը թափանցէ, երբ ան կ՛անցնի ջուրին, գաւաթին կամ օդին մէջէն:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

6) Արաբական թուանշանները… հնդկական են:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

7) Ի՞նչ կը պատահի, երբ ապակիէ անօթ մը կը դնես մոմի մը վրայ:
ա – Անիկա կը սեւնայ, բ – Անիկա կ՛այրի, գ – մոմը անմիջապէս կը մարի:

8) Հեղուկ ջուրը շատ աւելի մեծ տեղ կը գրաւէ, քան` սառած ջուրը:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

9) Ջուրը կ՛եռայ 100 աստիճան սելսիուսի վրայ, որ կը համապատասխանէ 212 աստիճան ֆարենհայթի:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

10) Մեր շնչած օդը կազմուած է 78 առ հարիւր թթուածինէ:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

11) Ռիխթըրի աստիճանը ունի 1 – 10 աստիճան:
ա – Ճիշդ, բ – Սխալ:

12) Առաջին անգամ ո՞ւր գտնուած է քարիւղը:
ա – Թայթուսվիլ` Միացեալ Նահանգներ, բ – Ռիատ` Սէուտական Արաբիա, գ – Հիւսիսային ծովուն մէջ:

13) 79 ինչ հասակ ունեցող անգլիացի մը հասակաւո՞ր է:

14) Ինչո՞ւ երբ մենք մարած կրակի կայծերուն վրայ կը փչենք, անոնք չեն մարիր:

15) Արքթիքը հիւսիսային բեւեռի շրջանն է: Ուրկէ՞ եկած է այս բառը:
ա – Անիկա յունարէն «հիւսիս» կը նշանակէ, բ – Անիկա յունարէն «արջ» կը նշանակէ, գ – Ան յունարէն «ցուրտ» բառին հոմանիշ մըն է:

Պատասխանները Վերջաւորութեան

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս ցոյց տալ այս մեղուին փեթակ վերադառնալու ճամբան:
Կրնա՞ս ցոյց տալ այս մեղուին փեթակ վերադառնալու ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր 1 - 119` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1 – 119` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակի երկու թիւերուն գումարումով: Օրինակի համար 5+2=7:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակի երկու թիւերուն գումարումով: Օրինակի համար 5+2=7:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շուները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շուները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1) Շաքարը: Աւազը չի հալիր ջուրին մէջ: 2) Ճիշդ: Սակայն` անուղղակիօրէն: Ան քարիւղէն յառաջացած նիւթ մըն է` էթանոլը, որ կը գործածուի անուշահոտերու պատրաստութեան մէջ: 3) Ջուրին մէջ աղ աւելցնելով: Հաւկիթը ջուրէն աւելի խիտ է, ձեւով մը` աւելի ծանր: Երբ մենք ջուրին մէջ աղ կ՛աւելցնենք, ջուրին խտութիւնը կ՛աւելնայ եւ կ՛անցնի հաւկիթի խտութենէն. հաւկիթը կը ծփայ: 4) Սխալ: Ջինջ ջուրը կը սառի 0 սելսիուս աստիճանի վրայ, մինչ ծովուն ջուրը սառի կը վերածուի -1,9 սելսիուս աստիճանի վրայ: Ծովու ջուրին մէջի աղը արգելք կ՛ըլլայ, որ ան արագ հաստատուն դառնայ: 5) Սխալ: Ան ամէնէն արագ կերպով կը թափանցէ օդին մէջէն: Ան կը յառաջանայ մէկ երկվայրկեանի մէջ մօտաւորապէս 300 հազար քմ արագութեամբ: Ջուրին մէջ ան կը յառաջանայ մէկ երկվայրկեանի մէջ 225 հազար քմ արագութեամբ, իսկ ապակիին մէջ ան «կը դանդաղի» եւ անոր արագութիւնը կ՛իջնէ մէկ երկվայրկեանի մէջ 200 հազար քմ-ի: 6) Ճիշդ… եւ սխալ: 4-րդ դարուն, առաջին անգամ հնդիկները նշաններ երեւակայեցին 1 – 9 թուանշաններուն համար: 4 դարեր ետք արաբները այս նշանները կ՛արձանագրեն իրենց գրութիւններուն մէջ: Այս թուանշաններն են, որ մենք այսօր կը գործածենք: 7) Կը սեւնայ: Բոցը պիտի սեւցնէ անօթը, կամաց-կամաց մարելէ առաջ: Կրակը թթուածինի պէտք ունի այրելու համար: Երբ ան սպառէ անօթին մէջ գոյութիւն ունեցող ամբողջ թթուածինը, հետեւաբար պիտի մարի: 8) Սխալ: Մինչ գրեթէ բոլոր նիւթերը կը կծկուին պաղին ազդեցութեան տակ, ջուրը կ՛ընդլայնի սառելու ընթացքին եւ, հետեւաբար, կը գրաւէ աւելի մեծ ծաւալ մը: Եթէ դուն սառնարանին սառոյցի բաժինին մէջ շիշ մը ջուր մոռնաս, ան կը պայթի: 9) Ճիշդ: 0 աստիճան սելսիուս= 32 աստիճան ֆարենհայթ: Ջերմաստիճան մը սելսիուս աստիճանէն ֆարենհայթ աստիճանի վերածելու համար պէտք է զայն 1.8 – բազմապատկել եւ ապա 32 աւելցնել: 10) Սխալ: Օդը կազմուած է 78 առ հարիւր ազօթով, 21 առ հարիւր թթուածինով եւ քանի մը հազուագիւտ կազերէ, ինչպէս` արկոնը, նէօնը, հելիոմը – ջուրի շոգիէ եւ բնածխային կազ: 11) Սխալ: Ռիխթերի աստիճանը սահման չունի. այս աստիճանը կը չափէ երկրաշարժի մը զօրութիւնը, այսինքն` երկրաշարժի պատճառով արտադրուած ուժանիւթը: Ամէնէն բարձր արձանագրուած աստիճանը 9,5 էր: Այս երկրաշարժը պատահած է Չիլիի մէջ, 1960 թուականին: 12) Թայթսվիլի մէջ: Փենսիլվանիոյ մէջ է, որ 1859 թուականին Էտուին Տրէյք առաջին անգամ կրցած է քարիւղ արտահանել: 13) Այո: Որովհետեւ անոր հասակը կը հասնի մօտաւորապէս 2 մեթրի: 1 ինչ հաւասար է մօտաւորապէս 2,5 սանթիմեթրի: 14) Որովհետեւ մեր շունչը այդ կայծերուն վրայ թթուածին պարունակող օդ կը փչէ: Այս թթուածինն է, որ կրակը կը վերակենդանացնէ, որովհետեւ այս կազն է, որ կարելիութիւնը կու տայ փայտին այրելու: 15) Ան յունարէն «արջ» կը նշանակէ. Մեծ արջի եւ Փոքր արջի համաստեղութիւնները կը գտնուին երկնքին մէջ հիւսիսային բեւեռին կողմը: Ասիկա ծնունդ տուած է Արքթիք բառին:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (10 Հոկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Արտաշէս Յարութիւնեան (1873-1915). Նահատակ Հայ Գրողներուն Գեղապաշտ Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Սպասելով Ս. Ծնունդը…
Մանկապատանեկան

Սպասելով Ս. Ծնունդը…

January 3, 2026
Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է
Մանկապատանեկան

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

December 27, 2025
Կաղանդի Մթնոլորտ.  Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը»  (Տը Նաթքրաքըր)
Մանկապատանեկան

Կաղանդի Մթնոլորտ. Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը» (Տը Նաթքրաքըր)

December 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.