50 Տարի Առաջ (2 Մարտ 1965)
Բեմադրութիւն «Համազգային»-ի «Լեւոն Շանթ» Թատերախումբի Պատմական մեծ արժէք ունեցող Աւարայրի հերոսամարտը բեմին վրայ ներկայացուած է քանի մը ձեւերով, որոնց բոլորն ալ յար եւ նման են որպէս յղացում: Դերասան Չափրաստ նոր մօտեցումով գրած է Վարդանանց հերոսամարտը պատկերող թատերախաղ մը, որ միւսներէն կը տարբերի միայն իր ձեւով, այլ` ոչ խորքով: Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը ներկայացուց յիշեալ թատերախաղը` բեմադրութեամբ եւ մասնակցութեամբ դերասան Չափրաստի: Դժբախտաբար շրջանիս մէջ թատերասրահի չգոյութեան պատճառով խումբը իր բարոյական զոհողութեանց վրայ աւելցուց նաեւ նիւթական զոհողութիւն` երթալով մինչեւ Քոլեժ Տը Լա Սալ, ուր տեղի ունեցան երկու ներկայացումներ, մին` 14 փետրուարի կիրակի օր, իսկ երկրորդը` 25 փետրուարի հինգշաբթի երեկոյեան...
Կարդալ ԱւելինDetails