Բեմադրութիւն «Համազգային»-ի
«Լեւոն Շանթ» Թատերախումբի
Պատմական մեծ արժէք ունեցող Աւարայրի հերոսամարտը բեմին վրայ ներկայացուած է քանի մը ձեւերով, որոնց բոլորն ալ յար եւ նման են որպէս յղացում: Դերասան Չափրաստ նոր մօտեցումով գրած է Վարդանանց հերոսամարտը պատկերող թատերախաղ մը, որ միւսներէն կը տարբերի միայն իր ձեւով, այլ` ոչ խորքով:
Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը ներկայացուց յիշեալ թատերախաղը` բեմադրութեամբ եւ մասնակցութեամբ դերասան Չափրաստի: Դժբախտաբար շրջանիս մէջ թատերասրահի չգոյութեան պատճառով խումբը իր բարոյական զոհողութեանց վրայ աւելցուց նաեւ նիւթական զոհողութիւն` երթալով մինչեւ Քոլեժ Տը Լա Սալ, ուր տեղի ունեցան երկու ներկայացումներ, մին` 14 փետրուարի կիրակի օր, իսկ երկրորդը` 25 փետրուարի հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 9:00-ին: Մենք ներկայ եղանք Բ. ներկայացումին:
Հանդէսը սկսաւ ճիշդ ժամանակին: Ներկայ էր կոկիկ հասարակութիւն մը, ի մէջ այլոց` Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէնուհի Աննա Ճէյքըպսըն եւ իր բոլոր պաշտօնակիցները, մեծ թիւով, որոնք հեռաւոր Ժիպէյլէն եկած էին հաղորդուելու առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին պատմական կեանքին:
Բեմը զարդարուած էր բաւական կոկիկ, այլ համեստ տեքորներով, որոնք շատ արագ կերպով փոխուեցան շնորհիւ Առաքել Միքայէլեանի ճարտարութեան:
Խաղարկութիւնը ընթացաւ արագ, սահուն, առանց նուազագոյն թերացումի, ինչ որ նպաստեց ընդհանուր տպաւորութեան: Կ՛ուզենք յիշել մեր ուշադրութիւնը գրաւող կարգ մը դերակատարներու անունները` որպէս գնահատանքի փոքրիկ արտայայտութիւն, առանց մտնելու անոնց խաղարկութեան ձեւին ու բնոյթին մանրամասնութիւններուն մէջ:
Գալուստ Ճանսըզեան` Յազկերտ, Բիւզանդ Արզումանեան` Վարդան, Յարութիւն Գաբրիէլեան` Ղեւոնդ Երէց, Յակոբ Մոմճեան` Վզրուկ, Արմէն Խանճիհանեան` Արծրունեաց իշխան, Վասակ Սիւնիի դերը մարմնաւորող Գէորգ Փալանճեան պէտք էր ըլլար աւելի հեղինակաւոր եւ տիրական: Չափրաստ ստանձնած էր մովպետաց մովպետի եւ Եղիշէ Պատմիչի զոյգ դերերը: Այս վերջին դերով կը պատմուէր Վարդանանց ճակատամարտին եւ անոր դրդապատճառներուն ամփոփ պատմութիւնը, մասնաւորապէս` զետեղուած յուշաբեմի մը վրայ: Տարազները եթէ քիչ մը ճոխ ըլլային, անշուշտ աւելի աչքառու պիտի ըլլար, սակայն ճշդենք, որ կատարեալ տարազներու պատրաստութիւնը մեծ ծախսի կը կարօտի, ինչ որ խումբին «քսակ»-էն վեր գործ մը պիտի ըլլար (կը կարծենք):
Խաղարկութեան նպաստեցին 15-է աւելի փոքր դերեր ստանձնած շնորհալի երիտասարդներ ու պատանիներ, որոնք ջանացին իրենց լաւագոյնը տալ:
Կայծակ Գնդունի խղճմտօրէն կատարեց դիմայարդարումի աշխատանքը:
Գովելի է «Լեւոն Շանթ» թատերախումբի տղոց տարած աշխատանքը, որ կը ձգտի վառ պահել թատրոնի սէրը շրջանին մէջ` որպէս ազգապահպանումի միջոց ու նպատակ: Ներկաները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին ջերմ ծափերով, նոյնիսկ խաղարկութեան ընթացքին յաճախակի ծափերու ընդմիջումներով, եւ յաւարտ հանդիսութեան` շնորհաւորեցին խումբն ու դերասան Չափրաստը:
Ա. Կ.
Քարանթինայի Հրդեհը
Հրկիզուած Են 500-է Աւելի Տուներ,
Որոնց 133-ը Հայերու
———————————
662 Հայեր Կը Մնան Անպատսպար
Մեր երէկուան թիւով հաղորդած էինք, որ Քարանթինայի մէջ ցարդ անծանօթ պատճառներով ծագած հրդեհ մը հրոյ ճարակ դարձուցած էր շրջանի տախտակաշէն խրճիթներուն մեծ մասը:
Ստոյգ տեղեկութիւններու համաձայն, աւելի քան 500 տուներ հրկիզուած են այս ահաւոր աղէտէն:
Հրկիզուած տուներուն միայն թիթեղները մնացած էին մոխիրներուն վրայ` պարզելով տխուր տեսարան մը:
Ցաւալի եւ սրտայոյզ վիճակ մը ունէին աղէտեալները, որոնք անմիջական կարգադրութեամբ տեղաւորուած էին Ժենիի շէնքերուն մէջ եւ այլուր:
Քարանթինայի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի թաղ. խորհուրդի եւ մուխթարներու կողմէ պաշտօնապէս ներկայացուած ցանկին համաձայն, ոչ թէ 12, այլ 133 հայ ընտանիքներու տուներ հրկիզուած են եւ 662 հայեր կը մնան անպատսպար:
Աղէտեալ հայերը արդէն իսկ անմիջական կարգադրութեամբ տեղաւորուած են Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին եւ ազգականներու մօտ:
Լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, պետական հայ երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Մեսրոպեան վարժարանի թաղ. խորհուրդի մասնակցութեամբ, երէկ, առաջնորդարանին մէջ յատուկ ժողովներ գումարեցին եւ անհրաժեշտ կարգադրութիւններ ընելու համար որոշումներ տուին: Արդէն իսկ դիմումներ կատարուեցան պատկան իշխանութեանց` անմիջական եւ շուտափոյթ կարգադրութեամբ օգնութեան հասնելու համար աղէտեալներուն: Աշխատանքները պիտի շարունակուին նաեւ այսօր:
ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորները
Անթիլիասի Մէջ
Ծաղկեպսակներ Զարեհ Ա.ի Շիրիմին
Եւ Նահատակաց Յուշարձանին
ՀՄԸՄ-ի 16-րդ Պատգամաւորական ժողովի որոշումով, ժողովի դիւանին եւ նորընտիր Շրջանային վարչութեան անդամները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ պատգամաւոր ՀՄԸՄ-ականներ երէկ` երկուշաբթի կէսօրէ ետք Անթիլիաս երթալով` ծաղկեպսակներ դրին երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին շիրիմին վրայ ու Մեծ եղեռնի նահատակներու յուշարձան-մատուռին մէջ:
Նախապէս պատգամաւորները ընդունուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի կողմէ, վեհարանի դահլիճին մէջ: Պատգամաւորական ժողովին անունով Տիգրան Ոսկունի խօսք առնելով` վեհափառին պարզեց այցելութեան նպատակը:
Վեհափառը, պատասխանելով, շնորհակալութիւն յայտնեց Պատգամաւորական ժողովի զգացումներուն համար, դրուատեց ՀՄԸՄ-ի կատարած դերը մեր կեանքին մէջ եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց:
Այս առիթով վեհափառը ուրախութեամբ իմացուց թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հարստացած է հասութաբեր նոր կալուածով մը, որ պիտի կոչուի «Զարեհեան կալուած»: Նոյն օրն իսկ գնումի պաշտօնական ձեւակերպութիւնները կատարուած են եօթը յարկանի շէնքի մը, որ կը գտնուի Էշրեֆիէի թաղամասի մուտքին, 325 հազար լ. ոսկի արժէքով եւ տարեկան 40,000 լ. ոսկի եկամուտով:
Վեհափառը յայտնեց նաեւ, թէ սկսած է շինութիւնը այն դամբարանին, որ պիտի կոչուի երանաշնորհ Զարեհ կաթողիկոսի անունով, եւ ուր պիտի ամփոփուին բոլոր կաթողիկոսներուն աճիւնները:
Այնուհետեւ, վեհափառ հօր հետ պատգամաւորները գացին Զարեհ Ա.ի շիրիմին վրայ ծաղկեպսակ դնելու եւ յարգանքով խոնարհելու անոր խնկելի յիշատակին առջեւ:
Վեհափառին աղօթքէն ետք նոյն արարողութիւնը կատարուեցաւ Նահատակաց մատուռին մէջ:
Ապա պատգամաւորները նկարուեցան վեհափառին հետ եւ լաւագոյն տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին: