Վազգէն Ա. Փարիզի Եւ Լոնտոնի Մէջ
Վեհափառի Հոգեշունչ Քարոզը
Փարիզի Մայր Եկեղեցիին Մէջ
Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. 31 յունուարին, շաբաթ օր, Փարիզ հասած եւ օդակայանին մէջ ընդունուած է խանդավառ ցոյցերով: Օդակայանի հիւրասրահին մէջ Փարիզի Ուսանողական աւանի հայկական տան ուսանողութեան անունով ուղերձ կարդացած է տոքթ. Զ. Մկրեան` բարի գալուստ մաղթելով վեհափառին:
Վեհափառը աւելի քան 25 ինքնաշարժներու թափօրով եւ մոթոսիքլիսթ ոստիկաններու առաջնորդութեամբ ուղղուած է Փարիզի մայր եկեղեցին եւ «Հրաշափառ»-ով մուտք գործած` եկեղեցիէն ներս եւ յետ կանոնական աղօթքի` ներկայ հաւատացեալներուն ուղղած է իր ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքը:
Ապա ինքնաշարժի նոյն թափօրով առաջնորդուած է «Քփիյոն» պանդոկը:
Յաջորդ օր` կիրակի, վեհափառը պատարագած է մայր եկեղեցիին մէջ, որ ծայրէ ծայր լեցուած էր երկիւղած բազմութեամբ:
Վեհափառը հոգեշունչ քարոզ մը խօսած է եւ շեշտած, որ Էմիջածին կը պատրաստուի արժանավայել կերպով յիշելու մեր նահատակները եւ այդ զգացումով կ՛ապրի Հայաստանի ժողովուրդը` մեծով, պզտիկով:
Մեր վաղուան թիւով պիտի տանք ամփոփումը վեհափառի քարոզին:
Վազգէն Ա. կաթողիկոս երէկ` կիրակի, մեկնած է Լոնտոն եւ պատարագած տեղւոյն Ս. Սարգիս եկեղեցիին մէջ: Վաղը վեհափառը Լոնտոնէն պիտի մեկնի Էջմիածին:
Ներքին Կեանք
Փոթորիկին Վնասները
Լիբանանի Մէջ
Շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշեր Լիբանանի մէջ պատահած փոթորիկը կարեւոր վնասներ հասցուց թէ՛ ծովեզերեայ շրջաններուն եւ թէ՛ լեռներուն վրայ:
Ծովային գործերու ղեկավարութիւնը արգիլեց ձկնորսներուն ծով ելլելը: Նաւահանգիստը ամբողջ գիշերը փակ մնաց նաւերու առջեւ: Երեք նաւեր հրահանգ ստացան ծովուն բացերը սպասելու:
Ծովային լողարանները մեծ վնասներու ենթարկուեցան: Ծովափին վրայ գտնուող բազմաթիւ նաւակներ ալիքներու կողմէ քշուեցան: Երկրին ներսերը բազմաթիւ հեռաձայնային եւ հեռագրային գիծեր կտրուեցան: Հաղորդակցութիւնները երէկ կտրուած էին Պէյրութի եւ Պիքֆայայի, Պէյթ Շեպապի, Լաքլուքի, Պհաննեսի եւ Նապաթիէի միջեւ:
Այսօր գէշ օդը պիտի շարունակուի:
Պէյրութի Քաղաքապետութեան
1965-ի Պիւտճէն 51 Միլիոն Լ. Ո.
Ներքին գործոց նախարար Թաքիէտտին Սոլհ վաւերացուց Պէյրութի քաղաքապետութեան 1965-ին պիւտճէն, որ կը բարձրանայ 51 միլիոն լ. ոսկիի, անցեալ տարուընէ 16 միլիոն աւելի:
Ներքին գործոց նախարարը պիւտճէին կցեց յուշագիր մը` փափաք յայտնելով, որ 1966-ին պիւտճէին մէջ որոշ սեղմումներ մտցուցին, յատկապէս` վարչական ծախսերուն մէջ:
Յունական Թերթ Մը
Հայկական Ջարդերուն Մասին
Անցած կիրակի օրուան (31 յունուար) իր թիւին մէջ Աթէնքի առաւօտեան մեծագոյն օրաթերթերէն «Քաթիմերինի» կը գրէ. «Աթէնքի մէջ զարմանքի եւ հեգնական արտայայտութեանց տեղի տուին Անգարայէն ստացուած այն տեղեկութիւնները, թէ թրքական մաշկութային հաստատութեանց համաժողովները, խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին համար մտադիր են իբրեւ թեկնածու առաջարկել թուրք վարչապետ Իսմեթ Ինէօնիւն:
Կարգ մը շրջանակներ հեգնանքով դիտել կու տային, որ խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին համար անտարակոյս ամէնէն յարմար թեկնածուն է Ինէօնիւ, քանի որ իր գործունէութեան բաժնին մէջ ունի հայոց ջարդերը եւ Կիպրոսի մէջ անզէն բնակչութեան անցեալ տարուան ռմբակոծումները»:
Թուրքիա Իբրեւ Հայերու
Ջարդարար Համբաւ Ունի
Պալքանեան Ժողովուրդները
Ինչո՞ւ Կ՛ատեն Թուրքերը
Միացեալ Նահանգներու մեծանուն լրագրողներէն Տրիւ Փերսըն «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին մէջ գրած է «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէջ գրած է ուշագրաւ յօդուած մը, որուն կարեւոր մասերը կու տանք ստորեւ.-
Պալքանեան ժողովուրդներուն մէջ նուազած չէ այն ատելութիւնը, զոր ունին Թուրքիոյ հանդէպ: Իսկ այդ ատելութիւնը կը սկսի 1500-էն, երբ թուրքերը արշաւեցին Պալքանեան թերակղզիին վրայ եւ բռնութեամբ իրենց լուծը պարտադրեցին հոն ապրող ժողովուրդներուն` յոյներուն, եուկոսլաւներուն, պուլկարներուն, ռումանացիներուն:
Վերջին աշխարհամարտէն ետք, երկու տարի անձամբ գտնուեցայ ատենօք թուրք իշխանութեան տակ ստրկացուած Յունաստանի եւ Եուկոսլաւիոյ զանազան վայրերուն մէջ:
Տեսայ, որ թուրքերու հանդէպ ատելութիւնը կը յարատեւէ նոյնիսկ այն պարագային, երբ Թուրքիա կը ջանայ ըլլալ լաւ դրացի` այս երկու երկիրներուն:
Նման ընթացքն իսկ Պալքանեան ժողովուրդներու յիշողութենէն չի ջնջեր այն հալածանքները, զորս կրած են թուրք տիրապետութեան շրջանին:
Կիպրոսի մէջ յոյն մեծամասնութեան կողքին կայ թուրք փոքրամասնութիւն մը, որուն հանդէպ յոյները նոյն ատելութիւնը կը տածեն:
Ճոնսընեան վաճառքի ատեն թերեւս նպաստաւոր պարագայ մը նկատուի այն խօսքը, թէ վարչապետ Ինէօնիւ դէմ եղած է յատկապէս յոյները հալածելու քաղաքականութեան: Սակայն Ինէօնիւ շուտով 80 տարեկան կ՛ըլլայ եւ յաւիտեան պիտի չապրի:
Միւս կողմէ, այս մանրամասնութիւնը որեւէ չափով չի փոխեր Թուրքիոյ չարաբաստիկ համբաւը` իբրեւ Եւրոպայի եւ Ասիոյ հայերն ու այլ քրիստոնեայ ժողովուրդները ջարդողի:
Միայն վաթսուն տարի առաջ էր, որ հարկ եղաւ անգլեւֆրանսական ուժեղ միջամտութիւն մը` կասեցնելու համար թուրքերու կողմէ գործադրուած ջարդ մը, որ արդէն իսկ խլած էր 80 հազար զոհեր:
Եւ տակաւին 1915-ին էր, որ Թուրքիա մորթեց ու մորթոտեց անթիւ ու անհամար հայեր` տղամարդ, կին ու մանուկ, վերապրողներ անապատ քշելով, որպէսզի հոն աւանդեն իրենց հոգին:
Կրնան գտնուիլ այնպիսի մարդիկ, որոնք այս բոլորին մասին ըսեն` «Հի՛ն պատմութիւն է ատիկա»:
Սակայն, տակաւին 1955-ին էր, որ ես անձամբ Պոլիսէն տեղեկագրեցի, թէ ինչպէս թուրք կառավարութիւնը, Մենտերեսի գլխաւորութեամբ, նոր արհաւիրք ու ջարդ մը սարքեց:
Ես մանրամասնօրէն պատմեցի, թէ ինչպէս այս խուժանը քար ու քանդ ըրաւ քրիստոնեաներուն խանութները, ապրանքները թալանեց կամ փողոց թափեց, աղօթավայրեր եւ եկեղեցիներ սրբապղծեց:
Այդ թուականին, ասկէ միայն տասը տարի առաջ, Պոլիսի մէջ յոյներու պատկանող 4000 խանութներ, քրիստոնեաներու բնակած 2000 տուներ, 71 յունական եկեղեցիներ եւ 70 յունական դպրոցներ կա՛մ կողոպտուեցան, կա՛մ կործանեցան եթէ ոչ լրիւ, գէթ` մասամբ: