Ներքին Կեանք
Երթեւեկի Կանոնաւորումը
25 Հազար Հեռաձայնային Նոր Գիծեր
Քաղաքացիութեան Խնդիրը
Ներքին գործոց նախարարին, Պէյրութ քաղաքի մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդին եւ ինքնաշարժ ներածողներու ընկերակցութեան նախաձեռնութեան շնորհիւ կազմուեցաւ մայրաքաղաքի երթեւեկի կազմակերպումը ուսումնասիրելու կոչուած թեքնիք յանձնախումբ:
Այս յանձնախումբին մաս կը կազմեն երկու ճարտարագէտներ` Հասան Այատ եւ Ատիպ Քանաֆանի, որ երթեւեկի մարզին մէջ Էմ. Էս. եւ Պի. Էս. վկայականները ունին:
Պէյրութի մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդը յանձնախումբին տրամադրութեան տակ դրաւ իր կեդրոնատեղին, գրասենեակները եւ վարչական անհրաժեշտ պաշտօնէութիւնը: Յանձնախումբին ծախսերը առժամաբար ստանձնած է Ինքնաշարժ ներածողներու ընկերակցութիւնը:
25 Հազար Հեռաձայնային Նոր Գիծերու
Հաստատումը
Վարչապետ Հիւսէյն ՈՒէյնի Փարիզ մեկնելէ առաջ, երեքշաբթի, տեսակցութիւն մը ունեցաւ փոսթ-հեռագրական նախարար Անթուան Սեհնաուիի հետ` հեռաձայնային 25 հազար նոր գիծերու Պէյրութի մէջ հաստատման խնդրին շուրջ, որ քննութեան պիտի ենթարկուի նախարարաց խորհուրդի նիստին:
Հեռաձայնի վարչութեան ընդհանուր տնօրէնը` Անթուան Շեմալի յայտարարեց, թէ վերջնական որեւէ որոշում չէ տրուած տակաւին 25 հազար նոր գիծերու հաստատման ծրագրի գործադրութեան եղանակին շուրջ: Ա. Շեմալի յայտարարեց, որ հեռաձայնի վարչութիւնը քննելու վրայ է զանազան կարելիութիւններ` ընտրելու համար ամէնէն խնայողականը եւ այն, որ թեքնիք առաւելագոյն երաշխիքները կը ներկայացնէ:
Տուրք Չվճարող Ընկերութիւնները
Պիտի Հետապնդուին
Ելմտական նախարարութեան քննիչ յանձնախումը հետապնդումի ձեռնարկեց ելմտական, առեւտրական եւ ճարտարարուեստական բազմաթիւ կարեւոր ընկերութիւններու դէմ, որոնք փորձած են եկամուտի տուրք չվճարել:
Ելմտական նախարար Օսման Տանա հրահանգած է քննութիւն բանալ` ճշդելու համար պատասխանատուութիւնը պաշտօնեաներուն, որոնց թերացման պատճառով պետութիւնը 40 միլիոն լ. ոսկիի կորուստ մը ունեցած է:
Այս քննութիւնը մասնաւորաբար պիտի ճշդէ, թէ եղածը թերացո՞ւմ է, թէ՞ աւելի ծանր` խնդրոյ առարկայ պաշտօնեաները կաշառքով աչք գոցած են ընկերութիւններու ապօրինութեանց վրայ:
Քաղաքացիութեան Խնդիրը
Ներքին գործոց նախարար Թաքիէտտին Սոլհ որոշեց յառաջիկայ ամսուան առաջին օրերէն սկսեալ զբաղիլ քաղաքացիութեան խնդիրներով, որոնք երեք տարիէ ի վեր կը մնան դիւանատուներու մէջ:
Նախարարը պատկան սպասարկութիւններէն պահանջեց ցանկը բոլոր այդ խնդրագիրներուն, զորս պիտի քննէ Էթա-Սիվիլի ու մարդահամարի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէնին հետ:
Թ. Սոլհ մինչեւ իսկ ստորագրեց այն խնդրագիրները, որոնք կը լրացնեն պահանջուած պայմանները: Եւ սակայն ներքին գործոց նախարարը ըսաւ, թէ իր ստորագրութիւնը ընդունելի պիտի ըլլայ այն պարագային միայն, երբ խորհրդարանը վաւերացնէ հպատակութեան վերաբերեալ նոր օրինագիծը:
Կ՛ենթադրուի, թէ այս օրինագիծը խորհրդարանին կողմէ պիտի վաւերացուի ապրիլի սկիզբը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Սապրի Համատէ առջի օր օդանաւով մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր պիտի մնայ տասը օր, պաշտօնական այցելութեամբ:
ԱԼԷՅԻ երեսփոխան Մունիր Ապու Ֆատել պահանջեց, որ պետութիւնը 500 հազար լ. ոսկի յատկացնէ «Մամուլի տան», որ շինուելու վրայ է ներկայիս:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Ուէյնի առջի օր ընդունեց Պէյրութի Եգիպտոսի դեսպան Ապտիւլ Համիտ Ղալեպը, որ լուսաբանութիւններ ուզած է այն տեսակցութեան մասին, որ անցեալ ուրբաթ ունեցան Ապտիւլ Համիտ, Ֆիլիփ Թոգլա եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ: