Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ

Փետրուար 17, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգ. Բուժարանի
Խնամակալութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հայ Ազգային բուժարանի խնամակալութեան կազմակերպած թէյասեղանը, ի պատիւ լիբանանահայ թերթերու խմբագիրներուն եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 13 փետրուար 1965, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ամերիկեան համալսարանի Ալիւմնայ քլապին մէջ, նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ արքեպիսկոպոսի:

Ներկայ էին բուժարանին բժշկական յանձնախումբերու անդամ յարգելի բժիշկներ, Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի անդամուհիներ եւ մամուլի խմբագիրներ ու թղթակիցներ:

Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին կողմէ բաժակ մը թէյի հիւրասիրութենէն ետք, «Բուժարանի օր»-ուան հանգանակութեան եւ բուժարանը հետաքրքրող այլ կարեւոր հարցերու շուրջ տեղի ունեցաւ տեղեկատուութիւն եւ խորհրդակցութիւն:

Խնամակալութեան ատենապետ տոքթ. Գ. Թապուրեան կարդաց ընդարձակ տեղեկագիր մը` ներկայացնելով բուժարանին կատարած մեծ գործը, ներկայի ունեցած կարգ մը դժուարութիւնները եւ առաջադրուած ծրագիրները:

«Ազգային բուժարանը,- ըսաւ տոքթ. Թապուրեան,- սփիւռքի հայկական մեծագոյն բժշկական հաստատութիւնն է: Տարիներով եղած է հայ հիւծախտաւորին յոյսի միակ ապաւէնը: Հազարաւոր հիւանդներ հոն գտած են բժշկական առաջնակարգ խնամք, մարդկային ջերմ վերաբերում, հայկական մտերմիկ մթնոլորտ, գուրգուրանք եւ մխիթարութիւն: Հազարաւորներ հոն վերագտած են իրենց խորտակուած առողջութիւնը եւ վերադարձած` իրենց ընտանեկան պարտականութիւններուն եւ գործունեայ կեանքին»:

Որպէսզի ազգօգուտ եւ մարդասիրական այս գնահատելի գործը առաւել օգտակարութեամբ շարունակուի, պէտք է առաջքը առնել կարգ մը դժուարութիւններու, որոնք կը կազմեն խնամակալութեան գլխաւոր մտահոգութիւնները:

Իբրեւ անյետաձգելի պահանջ` տոքթ. Թապուրեան ներկայացուց անձնակազմի կնճռոտ հարցը: Հիւանդապահուհիներու եւ աշխատաւորներու անհրաժեշտ կարիքը ունի բուժարանը:

Այս առթիւ յարգելի տոքթորը կոչ ըրաւ հայ հիւանդապահուհիներուն, «որոնց մէջ, վստահ ենք,- ըսաւ- չեն պակսիր անձնուէր հոգիներ, որոնք ուզեն մասնակցիլ եղբայրները եւ քոյրերը բուժելու մեծ գործին (նոյնիսկ ժամանակաւոր կերպով):

Ազգային բուժարանը դժուարութիւններ ունի նաեւ հայ բժիշկներ գտնելու, որոնք յօժարին բուժարանին մէջ բնակելու:

«Ազգային բուժարանի երկրորդ մտահոգութիւնը,- յայտնեց տոքթ. Թապուրեան, հիւանդներու թիւին աստիճանական նուազումն է»:

«Շնորհիւ վիրաբուժութեան յառաջդիմութեան, հիւծախտը կորսնցուցած է իր թափը: Ինքնին այս շատ ուրախալի երեւոյթ է»: Եւ սակայն «փորձութիւնը ցոյց տուած է, որ եթէ մղուած պայքարը թուլնայ, հիւանդութիւնը նորէն գլուխ կը ցցէ: Պէտք է միշտ աչալուրջ հսկել եւ պայքարը շարունակել»:

Տեղեկագրէն յայտնի եղաւ նաեւ, թէ խնամակալութիւնը ձեռնարկած է ներքին բարեկարգութեան ծրագրի մը իրագործման:

Արդէն իսկ հաղորդագրութեամբ խնամակալութիւնը պիտի ներկայացնէ բուժարանին ներկայ կացութիւնը:

Խնամակալութեան անդամներէն տոքթ. Մ. Էպլիղաթեան մանրամասն զեկուցումով մը ներկայացուց Ազգային բուժարանը, որ 1105 մեթր բարձր է ծովէն եւ ունի 192 հազար քառակուսի մեթր տարածութիւն:

Բուժարանը կը բաղկանայ վեց շէնքերէ: Մայր շէնքը, Լոս Անճելըսի հայոց շէնքը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի գիտական հետազօտութեան շէնքը: Սէմէրճեան ապաքինարան շէնքը, Քէքլիկեան բժիշկներու շէնքը եւ մատուռը: Ունի բացօթեայ թատերաբեմ եւ մեծ ջրամբար մը: Ծրագրուած է բուժարանը շրջապատել ցանկապատով եւ անցընել երկաթէ դարպաս մը:

Մինչեւ 250 հիւանդներ կրնան ընդունուիլ բուժարանին մէջ: Ներկայիս կը բուժուին 85 հիւանդներ, որոնց 43-ը հայ եւ 42-ը օտար: 21 հայեր բոլորովին ձրի ընդունուած են: Հիւանդներուն 59-ը ուղարկուած են լիբանանեան կառավարութեան կողմէ, անշուշտ` վճարովի, որոնց մէջ հայեր ալ կան: Միայն 5 հիւանդներ ինքնավճար են:

Բուժարանի տարեկան ելքն է 350.000 լ. ոսկի, մուտքը` 340.000 լ. ոսկի, 10.000 լ. ոսկիի բաց մը ունի:

Ասուլիսի ընթացքին խօսք առնողները, բոլորն ալ, գնահատանքով արտայայտուեցան բուժարանին կատարած մարդասիրական գործին մասին, որ արժանի է անվերապահ քաջալերանքի ու գուրգուրանքի:

Արդարեւ, Ազունիէի Ազգային բուժարանը, համագաղութային օժանդակութեան արժանացած հաստատութիւն մըն է: Այլ երկիրներու մէջ գտնուող մասնաճիւղերու օժանդակ յանձնախումբեր, յատկապէս` Ամերիկայի մասնաճիւղը եւ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, իրենց գնահատելի գործունէութեամբ կարեւոր յատկացումներ կ՛ընեն բուժարանին:

Ասուլիսի փակման խօսքը ըրաւ առաջնորդ սրբազանը: Օրհնեց յիշատակը հաստատութեան հիմնադիրներուն: Օրհնեց նաեւ խնամակալութեան, Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի, բժշկական յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու անդամները, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նուիրական պարտականութեամբ մը կանգուն կը պահեն հայ ժողովուրդի պարծանքը եղող այս մեծ հաստատութիւնը:

«Հայ ժողովուրդը,- ըսաւ սրբազան հայրը- միշտ գնահատած է իր բարեսիրական հաստատութիւնները եւ տուած է սրտաբուխ, գիտակցութեամբ ու պիտի շարունակէ տալ նաեւ ասկէ ետք»:

Ասուլիսը վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով:

Ազգային բուժարանը, հայ ժողովուրդի նուէրներով սկսած, այսօր դարձած է պատկառելի հիւանդանոց մը, համազգային գնահատանքի ու գուրգուրանքի արժանացած նուիրական հաստատութիւն մը, որ կը գնահատուի շուրջ չորս միլիոն լ. ոսկի:

Աւելի քան երեսուն տարիներէ ի վեր նախախնամական դեր կը կատարէ:

28 փետրուար Բուն Բարեկենդանի կիրակին Բուժարանի հանգանակութեան օրն է: Արդէն իսկ աւանդական ձեռնարկ դարձած, այս տարի յատկապէս, հանգանակութեան գումարը պէտք է գերազանցէ նախորդ տարիներու քաջալերական արդիւնքները:

Պէտք է ցոյց տրուի, որ հայ ժողովուրդը կը գիտակցի եւ խորապէս կը գնահատէ մարդասիրական բնոյթ ունեցող այս պատուաբեր ձեռնարկը:

Պարտաւոր ենք գիտակցիլ, թէ ինչ որ պիտի տանք, ինչ որ կու տանք, անիկա գոհացում պատճառող սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը ըլլալէ աւելի, կենսական դեր մը ունի կատարելիք: Պէտք է տանք ոչ միայն զգացումով, այլ` գիտակցութեամբ, ազգապահպանման ծառայող մեծ պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու գիտակցութեամբ: ՊԷտք է տանք նաեւ առաւելագոյն կարելիութիւններու չափով, որպէսզի` խնամակալութիւնը, նիւթական մտահոգութիւններէ հեռու, կարենայ իրագործել իր այնքան էական նոր ծրագիրները:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վարդան` Տիպարը Հայ Հաւատացեալին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?