50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (25 Մարտ 1965)

Մարդկութիւնը... Եւ Թուրք Ախոռը Այն դժոխային մտածումը, զոր թուրք ցեղասպաններ յղացած էին իրենց սադայէլական ուղեղներուն մէջ, կրկին յիշուեցաւ վերջերս մեր անխոնջ աշխատակից Հայկազն Գ. Ղազարեանի յօդուածաշարքերով, որոնք կը ներկայացնէին թուրք ոճրագործ կազմակերպութեան` Իթթիհատի ղեկավարներուն դաւադրութիւնը եւ ամբողջական ոճիրը` հայ ժողովուրդին դէմ: Տոքթ. Նազըմ, Պ. Շաքիր կամ Թալէաթ կոչուած այդ հրէշները, մարդկային ամէն երեւակայութիւն գերազանցող սառնասրտութեամբ, իրենց ժողովներու ընթացքին, մանրամասն բացատրած են իրենց յղացումները, եւ մինչեւ յետին կէտերը ճշդած` «Հայ երեխաներ, ծերեր, այրեր, կիներ, հիւանդներ», ամէնքը բնաջնջելու իրենց ընդհանուր ծրագիրը: Հ. Ղազարեան այդ մահաբոյր ժողովներուն ամբողջ մանրամասնութիւնները ներկայացուց` տարիներու աշխատանքով իր հաւաքած վաւերաթուղթերու, վստահելի յուշերու եւ այլ փաստաթուղթերու մէջ կատարած պրպտումներով,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Ապրիլ 1965)

Հերթը Մերն Է Հա՛յ ժողովուրդ, Դարաւոր քո կեանքի պատմութիւնը, որ յեղափոխութեան մը արձանագրութեամբ սկսած է, եւ որ տեւական պայքարներուդ ու մանաւանդ տեւական մարտիրոսագրութեանդ պատմութիւնը եղաւ, լեցուն է ողբի ու նահատակումի արձանագրութեանց յատկացուած կարմիր էջերով. բայց 1915-ի արհաւիրքին յատկացուած ծաւալուն էջը, այդ կարմիր էջերուն ամէնէն բոսորն ու ամէնէն սարսռազդեցիկն է: Այդ թուականին էր, որ Մոնկոլիոյ տափաստաններէն դարեր առաջ ճամբայ ելած բարբարոս ու անարի ցեղի մը արնածարաւ ժառանգորդները մեր ազգին «մէկ կէսը միւս կէսին յուղարկաւորները դարձուցին»: Այդ սեւ թուականն էր, որ թուրքը կարծեց, թէ կրնայ փիւնիկը գլխատելով ու անոր բոյնը քանդելով` վերջնականապէս խաչ դնել անոր գոյութեան վրայ: Այդ թուականին էր, որ նախապէս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Մարտ 1965)

Փաստերը Կը Դատապարտեն Հայկ. Ջարդերու Ականատեսները Կը Վկայեն Հայկական ջարդերու մասին օտար ականատեսներու յուշերէն եւ ուսումնասիրութիւններէն քաղելով` ստորեւ կը ներկայացնենք կարգ մը վկայութիւններ. Անգլիացի ականաւոր պատմաբան միջազգայնագէտ Առնոլտ Թոյնպի կը գրէ. «Օսմանեան կառավարութիւնը չի կրնար իր յանցագործութիւնը քողարկել նախազգուշական միջոցառումներու անուան տակ... նման արդարացում մը ամբողջովին կը հակասէ փաստերուն: «Այդ հայերը պատերազմական գօտիի մէջ չէին բնակեր: Ոչ մէկը այդ քաղաքներէն ու գիւղերէն, ուրկէ անոնք պարբերաբր դէպի մահ կը քշուէին, պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմին մօտ կը գտնուէր: Անոնց բոլորը Անատոլուի խորերը կը գտնուէին, հաւասարապէս հեռու Կովկասի սահմաններէն եւ Տարտանալէն: «Հայերը հնարաւորութիւն չունէին համագործակցելու դաշնակից բանակներու հետ. նոյնքան անհնար էր անոնց համար ապստամբութիւն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1965)

Խմբագրական Նոր Յաղթանակի Մը Համար Երեք տարի առաջ, Լ. Շանթի «Հին աստուածներ»-ու ներկայացման առիթով, Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը հրապարակ կու գար յստակ առաջադրութեամբ մը` անպայման ունենալ սեփական թատերասրահ մը, որ այլեւս անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն դարձած է Պէյրութի նման հայահոծ եւ հանրային ու մշակութային տեսակէտէն մեծ կարեւորութիւն ստացած գաղութի մը համար: Խօսքէն գործի անցնելով, նոյն տարին իսկ, Համազգայինի թատերասէրները առաջին քայլերը կ՛առնէին նման բազմածախս ձեռնարկի մը` քաջալերուած այն ընդունելութենէն, որ իրենց ձեռնարկը կը գտնէր սեփական թատրոնի մը անհրաժեշտութեան գիտակցող լայն շրջանակներու մօտ: Այժմ գլխաւոր դժուարութիւնը հարթուած է: Սրահը, ուր կարելի պիտի ըլլար արդիական թատրոնի մը բոլոր պայմանները լրացնող թատրոն մը յարդարել,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Մարտ 1965)

Խմբագրական Ուխտաւորները Լիբանանի հայութիւնը խանդավառութեամբ կը պատրաստուի մայիս 30-ի կիրակիին, երբ Անթիլիասի մէջ տեղի պիտի ունենայ միւռոնօրհնութեան հոգեպարար արարողութիւնը` Հայաստանեայց եկեղեցւոյ յատուկ աւանդական ծէսով եւ ժողովրդային բազմամբոխ մասնակցութեամբ: Խանդավառութեան այս ալիքը կը ծաւալի ամէնուրեք, մանաւանդ` ներկայութեամբը ուխտաւորներու, որոնք Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր ափերէն կը ժամանեն Պէյրութ` ներկայ գտնուելու համար հայադրոշմ եւ բազմախորհուրդ այս արարողութեան: Իսկապէս բացառիկ երեւոյթ մըն է ուխտաւորներու այս ալիքը, որ արհամարհելով ամէն հեռաւորութիւն, Ատլանտեանի ափերէն կը հոսի դէպի Լիբանան` բերելով բազմահարիւր հայեր, որոնք անմոռանալի պահեր ապրելու ներքին մղումով, սրտապնդիչ երկիւղածութեամբ մը իրենց որդիական հաւատարմութիւնը կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին: Չենք խօսիր այլ գաղութներէ գալիք ուխտաւորներու մասին, որոնք...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Մարտ 1965)

Յիսնամեակի Յուշատօնը Սեն Ժոզեֆ Համալսարանին Մէջ Չորեքշաբթի, մայիս 19-ին, երեկոյեան տեղի ունեցաւ ապրիլեան յուշատօնը` նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայ համալսարանականներու ընկերակցութեան, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հանդիսասրահին մէջ: Ծայրէ ծայր լեցուն էր սրահը` օտար եւ հայ հասարակութեամբ: Ժամը 7:00-ին, տօնակատարութիւնը բացուեցաւ Շոփէնի մահերգով, որ ունկնդրուեցաւ խոր լռութեան մէջ: Ուսանողներու միութեան անունով Հրայր Արզումանեանի ֆրանսերէն լեզուով բացման խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսներէն հայր Մորիս Թալլոն: Յարգելի բանախօսը մօտ կէս ժամ խօսեցաւ 1915 ապրիլ 24-ին ձերբակալուած եւ վայրագօրէն սպաննուած հայ մտաւորականներուն մասին` յիշելով Զոհրապը, Վարդգէսը, տոքթ. Տաղաւարեանը եւ այլն: Ապա կարդաց այն երկու հեռագիրները, որոնք ղրկուած էին Թալէաթին կողմէ Հալէպի կուսակալին` հրամայելով անխնայօրէն սպաննել բոլոր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Ապրիլ 1965)

Նահատակաց Ոգեկոչումը Հալէպի Մէջ Հաղորդագրութիւն Հալէպի Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական երեք համայնքներու պետերուն հրաւէրով, 10 փետրուար 1965-ին գումարուեցաւ միջյարանուանական խորհրդակցական ժողով մը, Ազգ. առաջնորդարանի դահլիճին մէջ: Ժողովը որոշեց միասնական ոգիով եւ համահայկական տարողութեամբ ոգեկոչել մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն անմոռանալի յիշատակը: Նշանակուեցաւ կեդրոնական մարմին մը` կազմակերպելու համար ոգեկոչումի սգատօները: Կեդրոնական մարմինը եւ իրմէ բխած ենթայանձնախումբերը պատրաստեցին աւուր պատշաճի յայտագիր, որ պիտի գործադրուի հետեւեալ ձեւով. Ա.- Ապրիլ 24, շաբաթ կէսօրէ առաջ, Ս. Քառասնից Մանկանց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: Բ.- Ապրիլ 24, շաբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Մէյտանի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ բակին մէջ, Կաթողիկէ Հայոց Ս. պատարագէն վերջ:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1965)

Եղեռնի Յիսնամեակը Արաբական Մամուլին Մէջ Պէյրութի «Ժարիտա» ամէնէն տարածուն եւ ազդեցիկ արաբատառ թերթի 14, մարտ 1965-ի թիւին մէջ, «Հերոսներու ոգեկոչում» խորագիրով, Ճեմիլ Ալուֆ ստորագրութեամբ հրատարակուած է գեղեցիկ յօդուած մը, որուն ամփոփումը կու տանք ստորեւ. Բարեկամս Սերոբ սուգի մէջ է... Սերոբ հայորդին, բեռնակիրներու փիլիսոփան, արդէն թեւակոխած է 109 տարին, կ՛ապրի Զահլէ եւ միշտ ուսին կը կրէ հնամաշ տոպրակը, որ կը ծառայէ ապահովելու անհրաժեշտ ծխախոտն ու շիշ մը օղին: Բարեկամս Սերոբ սգաւոր է... Կէս դարու տխուր յիշատակներ կ՛ալեկոծեն իր հոգին: Վերջերս իր զրոյցները անցեալէն են միշտ: Մէկ ձեռքը հաշմանդամ այս մարդը, կը զգաս, որ մաս կը կազմէ ազնուական ժողովուրդի մը, որ ազատութեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1965)

Մուսա Լերան Ուսումնասիրաց Միութեան Ընտանեկան Խրախճանքը Պէյրութաբնակ Մուսա Լերան Ուսումնասիրաց միութեան կազմակերպած ընտանեկան խրախճանքը տեղի ունեցաւ 6 մարտ 1965, շաբաթ գիշեր, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան մէջ, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին տոքթ. Գեղարդ Մաթոսեանի: Նկատելով, որ ձեռնարկը կը զուգադիպի Մուսա Լերան հերոսամարտին եւ հայ ժողովուրդի տարագրութեան եւ նախճիրի յիսնամեակին, միութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանը կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ ներկայ խրախճանքը ըլլայ որպէս բողոք` ընդդէմ բռնակալութեան մը, որ փորձեց մարել Արեւելքի լոյսը: Ապա հրաւիրեց յարգելի նախագահը, որ կուռ խօսքերով ոգեկոչումը ըրաւ մեր հերոսամարտերուն եւ բիւրաւոր նահատակներուն: Խրախճանքի թամատա Յովհաննէս Պէրպէրեանը իւրայատուկ ոճով մը հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեց: Մէջընդմէջ խօսք տուաւ Սարգիս Զէյթլեանին, Պօղոս Սնապեանին,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Մարտ 1965)

Հայ Կեանքը Թրիփոլիի Մէջ (Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Անցնող փետրուար ամիսը Թրիփոլիի ազգային կեանքին համար եղաւ յիշատակելի ամիս մը` իր տուած շարք մը ձեռնարկներով, որոնք յատկացուած էին ազգային պատմական յիշատակներու վերակոչման եւ կամ մշակութային հաստատութեանց բարեզարդման: Շարունակաբար հանրութեան հրամցուեցան չորս ձեռնարկներ` հետեւեալ կարգով. Առաջին.- Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ներկայացումը` «Հարցաքննիչ»-ը: Ազգային Խրիմեան-Նուպարեան վարժարանին ի նպաստ եւ կրթական մարմինին նախաձեռնութեամբ ու հրաւէրով, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը Ազգային թատերասրահին մէջ ներկայացուց «Հարցաքննիչ»-ը ղեկավարութեամբ  եւ մասնակցութեամբ որակեալ դերուսոյց-դերասան Ժորժ Սարգիսեանի: Յունուար 30-ի շաբաթ երեկոյեան գրեթէ ամբողջ Թրիփոլիի հայ համայնքին ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ներկայացումը: Երեքուկէս ժամ լարուած ուշադրութեամբ շարունակուող խաղարկութիւնը արժանի գնահատանքով ծափահարութիւններ խլեց հանդիսականներէն որպէս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Մարտ 1965)

Խմբագրական Միշտ Նոյն Թուրքը Թուրքերը սկսան հին տետրակներ քրքրել իրենց մասին համայն աշխարհի մէջ կազմուած ընդհանրական կարծիքը փարատելու ծիծաղելի փորձերով: Ասկէ առաջ ալ այդ ճիգերը կը թափէին. փաթթոցը հանեցին` գլխարկ դրին, իբր թէ եւրոպականացան: Արաբերէն տառերը լատիներէնով փոխարինելու տղայամտութիւնը գործեցին` նոր մշակոյթ եւ գրականութիւն ստեղծելու ունայնամտութեամբ, իբր թէ արաբական երկիրները նոյն այդ տառերով պատկառազդու եւ հնադարեան մշակոյթ մը ստեղծած չըլլային: Բայց այդ բոլորը բաւական չեղան դարերու արատը ջնջելու համար, անհամար ջարդերու եւ ցեղասպանութեանց խարանը սրբելու համար իրենց ճակատէն: Իրենց պապենական հողերէն քշուած տարագիր բազմութիւններ, միլիոնաւոր զոհեր տալէ ետք կենդանի վկայութիւնը կը հանդիսանային Թուրքիոյ վայրագութիւններուն: Հարկ էր այդ վկայութիւնն ալ անհետացնել,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Մարտ 1965)

Հալէպահայ Կեանք Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսի դիմումին ընդառաջելով` սուրիական ձայնասփիւռի տնօրէնութիւնը արտօնեց ձայնասփռումը Ս. Ծննդեան կրօնական յայտագիրը եւ քարոզը, որ տեղի ունեցաւ յունուար 6, չորեքշաբթի երեկոյ, ժամը 10:30-ին: Ս. Ծննդեան շարականներ եւ Ս. պատարագի մասեր քառաձայն ձայնասփռուեցան Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Զուարթնոց» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ դպրապետ Գէորգ Սէրայտարեանի, սրբազան հօր հայերէն քարոզին արաբերէն թարգմանութիւնը անմիջապէս կատարուեցաւ` խոր տպաւորութիւն ձգելով բոլոր ունկնդիրներուն վրայ: Փետրուար 14.- Կիրակի, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ Մարաշի, Զէյթունի եւ շրջակայից նահատակներուն հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, որ իր քարոզով օրհնեց յիշատակը նահատակներուն: Փետրուար 23.- Երեքշաբթի, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայական տօնին առիթով...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Մարտ 1965)

Պաշտօնական Հաղորդագրութիւն Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակի Տօնակատարութեան Կեդրոնական Գործադիր Յանձնախումբի Ա) Այսու կը տեղեկագրենք ի գիտութիւն համայն հայ ժողովրդեան, որ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու հոգեւոր պետերու` Նորին Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Խորէն Ա. կաթողիկոսի, Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքի եւ վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեանի միասնական հրաւէրով եւ նախագահութեամբ, 12 փետրուար 1965, ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ կայացաւ համազգային տարողութեամբ եւ խորհրդակցական բնոյթով ժողով, որուն կը մասնակցէին. ա.- Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչները բ.- Պետական հայ հինգ երեսփոխանները գ.- Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու (Հ Յ Դաշնակցութեան, Ս. Դ. Հնչակեան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Մարտ 1965)

Կեանքը Խորհրդային Հայաստանի Մէջ Ժողովուրդի մը հետաքրքրութիւնը իր հայրենիքին հանդէպ, պարզ խնդիր մը չէ անտարակոյս, այլ` բարդ հարց մը, ուր բազմաթիւ ազդակներ դեր կը կատարեն: Նախ գոյութիւն ունի անշուշտ զգացական հետաքրքրութիւնը, սէրը, որ ընդհանրական է, իսկ մասնաւորաբար մեր ժողովուրդին նման արտասովոր եւ դժխեմ բախտի ենթարկուած հաւաքականութեան համար երբեմն առաջնահերթ դեր կը կատարէ, «մեր միակ յոյսն է, մեր փրկութեան ապաւէնն է, վերջապէս մեր հողն է» արդարացումներով, որոնք շատ բան կը ծածկեն աչքերէն կամ դատողութենէն այն մարդոց մանաւանդ, որոնք այդ «փրկութեան» շրջանին մէջ չեն ապրիր եւ ոչ ալ մտադրած են «փրկուիլ»: Կան քաղաքական նկատառումներ, որոնք մեր Դատին իրագործման համար անհրաժեշտ կը գտնեն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Մարտ 1965)

Ճեպել Տրիւզի Հայ Գաղութը Նախ քանի մը հակիրճ ամփոփ տեղեկութիւններ` տիւրզիներու մասին: Տրիւզցիք կը վերագրեն իրենց ծագումը Ֆաթիմեանց, որոնք Եգիպտոսի վրայ իշխեցին Պենի Թուլունի տիրապետութենէն ետք: Ֆաթիմեանց ամէնէն մեծ ու հռչակաւոր արքան եղաւ Ապութամիմ Մուրատ, որ գահը բարձրացաւ 969-ին, նուաճեց Եգիպտոսը, իր մայրաքաղաքը Գահիրէն ըրաւ` հիմնելով` ֆաթիմեանց իշխանութիւնը, որոնք իրենց անունը փոխ առին իսլամաց մարգարէին Ֆաթիմա դուստրէն: Տիւրզի աղանդին առաջին հիմնադիրը եղաւ Ֆաթիմեանց երրորդ թագաւորը` Մանուր-Ալ-Օպէյտի` Ալհաքեմ-Պի Ամրիհի մականուածը: Ասիկա 996-ին գահը ելաւ մետասնամեայ հասակին մէջ` իշխելով մինչեւ 1020: Իր գլխաւոր առաքեալն եղաւ պարսիկ մը` Մոհամետ-Պին-Իսմայէլ-Ալ-Տիւրզին, որ իր անունը տուաւ տիւրզիներուն: Ճեպել Տրիւզ կը գտնուի Դամասկոսի հարաւ-արեւելքը: Ճեպել Տրիւզի հիւսիս-արեւմուտքը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Մարտ 1965)

Համազգային Մշակութային Ընկերակցութեան Պէյրութի Մասնաճիւղ «Սփիւռք Եւ Հայրենիք» (Սիմոն Վրացեանի Դասախօսութիւնը) Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հրապարակային դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 4 մարտ 1965, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ: Ընտիր հասարակութիւն մը ծայրէ ծայրէ լեցուցած էր սրահը: Վարչութեան ատենապետ փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան բեմ հրաւիրեց Ս. Վրացեանը` դասախօսելու «Սփիւռք եւ հայրենիք» նիւթին շուրջ: Ս. Վրացեան ընդհանուր վերլուծումով ներկայացուց 1914-էն առաջ եւ ետքը, հայութեան գոյավիճակը եւ հետապնդած քաղաքական նպատակները: Հայութիւնը, չորս միլիոնէն ոչ շատ աւելի, բաժնուած էր երկու հատուածներու: Մէկ մասը` Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ, ուրոյն հոգեբանութեամբ, ապրելակերպով եւ ձգտումներով: Միւս մասը` ռուսական կայսրութեան սահմաններուն մէջ, նոյնպէս ուրոյն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Մարտ 1965)

Խմբագրական «Կտակն Էր Նահատակներուն» Համազգային մշակութային ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ ամիս մը առաջ Պէյրութի մէջ լոյս տեսան Արշաւիր Շիրակեանի յուշերը` վերածուած գեղեցիկ հատորի մը, որ կը կրէ շատ յատկանշական խորագիր մը` «Կտակն էր նահատակներուն»: Գիրքին յառաջաբանը գրած է Կարօ Սասունի, իսկ Սիմոն Վրացեան ակնարկ մը նետած է ահաբեկիչներու գործին վրայ: Ներածական այս բաժինը կ՛աւարտի ապրիլեան Եղեռնի պատմականով, զոր կատարած է Երուանդ Փամպուքեան: Այս հերոսաշունչ եւ հետաքրքրական գրքին հրատարակութիւնը կը զուգադիպի Եղեռնի յիսնամեակին` նպատակայարմար կարգադրութեամբ մը, որուն համար շնորհաւորելի է հրատարակչական մարմինը: Արդարեւ, Արշաւիր Շիրակեանի գիրքին ընդմէջէն կը տրուի ոչ միայն դիւցազնական յանդգնութիւնը մեր աննման ահաբեկիչներուն, այլ նաեւ` ահաւորութիւնը այն ոճիրին, որ յիսուն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Մարտ 1965)

Նշանաւոր Հայեր Ամերիկայի Մէջ Հայ Մը Իր Հայրենիքին Մանրանկարը Կը Պատրաստէ 64 տարու հայ մը, որ Ամերիկա գացած է 41 տարի առաջ, ներկայիս կ՛օգտագործէ իր հանգստեան թանկագին ժամերը իր հայրենիքին սրբազան մասունքներու մանրանկարները կառուցելով իր պարտէզին մէջ: 1950-էն ի վեր, բնիկ վանեցի Ենովք Տէր Յակոբեան իր ժամանակը տրամադրած է յաւիտենականութեան յանձնելու հայ քրիստոնեայ եկեղեցիի ճարտարապետական գոհարները, որոնք կը ներկայացնեն քրիստոնէական պատմութեան ամենահարուստ եւ ամենախնկելի աւանդութիւններէն մէկը: Այս ձեւով ան վերստեղծած է հայկական վեց եկեղեցիներ ու վանքեր: Այս եկեղեցիները ճշգրիտ կրկնանկարներն են իրականներուն, ուր կը տեսնուին բոլոր մանրամասնութիւնները, սիւները, զանգակատուները, կամարները, խաչերը, դռները եւ ապակեայ պատուհանները: Ներկայիս ճերմակահեր ծերունին կ՛աշխատի 10-րդ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Մարտ 1965)

Հայկական Հարցը Փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեանի Նամակը «Լ՛Օրիան»-ի Պէյրութի ֆրանսատառ թերթերէն «Լ՛Օրիան» փետրուար 26-ի իր թիւով հրատարակած էր խմբագրական մը, որ լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանար Հայկական հարցին, սակայն` քաղաքական այնպիսի տեսանկիւնէն մը, որ տեղ տալով հանդերձ հայ ժողովուրդի մասին նպաստաւոր արտայայտութիւններու, դժբախտաբար կը յանգէր կարգ մը սխալ եզրակացութիւններու` համայնքային բնոյթ տալով զուտ ազգային դատի մը: Նոյն թերթը մարտ 1-ի իր թիւով, հրատարակած է նամակ մը, որ խմբագրութեան ղրկուած է փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեանի կողմէ եւ այդ առթիւ կատարած է ճշդում մը, որ ամբողջովին կը փարատէ թիւրիմացութիւնները: Ստորեւ կու տանք այդ նամակն ու «Լ՛Օրիան»-ի խմբագիր Ռընէ Աժիուրիի ճշդումը.- «Սիրելի՛ պարոն. «Ձեր հաւատարիմ ընթերցողներէն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Մարտ 1965)

Հ Մ Ը Մ (16-րդ Պատգամաւորական Ժողովին Առթիւ) Անցեալ փետրուար 27-ին եւ 28-ին Պէյրութի մասնաճիւղի նորակառոյց շքեղ ակումբին մէջ գումարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի 16-րդ Պատգամաւորական ժողովը` մասնակցութեամբ շրջաններէ եկած աւելի քան 40 պատգամաւորներու: Երկօրեայ նիստերու ընթացքին պատգամաւորները հանգամանօրէն քննելով օրակարգի բոլոր հարցերը` ուրախութեամբ հաստատեցին, թէ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին մեր իրականութեան մէջ գործող մարզական մեծագոյն միութիւնը արձանագրած է յարաճուն վերելք մը, ոչ միայն բոլոր ճիւղերու, այլ նաեւ հիմնական այն նպատակին գծով, որ կը ձգտի նորահաս սերունդներու բարոյական ամուր նկարագրի կազմութեան: Պատգամաւորական ժողովին եւ այդ առթիւ ներկայացուած Շրջանային վարչութեան տեղեկագրին ընդմէջէն կարելի եղաւ նկատել այն մեծ դերը, որ այս երիտասարդական  մեծ կազմակերպութիւնը կոչուած...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 66 of 69 1 65 66 67 69

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?