Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ
Տօնակատարութիւնը
Երէկ` կիրակի, 14 փետրուար 1965-ին, մեծ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուան տօնակատարութիւնը:
Շաբաթ երեկոյեան, խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ոչխարներ զենուեցան, եւ սկսաւ աւանդական հարիսայի պատրաստութիւնը:
Կիրակի, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, առաւելաբար սիսեցի, եկեղեցի փութաց` ներկայ գտնուելու հանդիսաւոր արարողութեանց:
Հրաւիրեալներու շարքին ներկայ գտնուեցան Խադ արք. Աջապահեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան եւ երեւելի ազգայիններ:
Սրբազան արարողութեանց նախագահեց եւ մատաղօրհնութիւնը կատարեց լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք.:
Պատարագիչն էր դպրեվանքի վերատեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս:
«Հայր Մեր»-էն առաջ պատարագիչ սրբազանը իր հոգեշունչ եւ հոյակապ քարոզով առաւել ամրացուց հաւատքը ներկաներուն` հանդէպ Հայց. Ս. եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին, որ հաւատքի ճամբով գոյատեւած է մինչեւ այսօր եւ պիտի շարունակէ գոյատեւել նաեւ ասկէ ետք:
Քարոզէն ետք առաջնորդ սրբազանը իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց պատարագիչ սրբազան հօր Թաղական խորհուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը ծառայեն եկեղեցւոյ պայծառութեան, եւ օրհնեց բոլոր ներկաները:
Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` հին ու նոր բոլոր ննջեցեալ սիսեցիներու հոգւոյն համար:
Ապա առաջնորդ ու պատարագիչ սրբազանները թափօրով առաջնորդուեցան հարիսայի կաթսաներուն մօտ, ուր տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն:
Կէսօրին Արշակունի Ռաֆայէլեանի տան մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ` ի պատիւ սրբազաններուն եւ հրաւիրեալ ազգայիններու:
Ճաշկերոյթը անցաւ ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ:
Հայերը Վրաստանի Մէջ
Կէս Միլիոն Հայութիւն Կայ
Վրաստանի Մէջ, 250 Հազարը` Թիֆլիս
Չորս Եկեղեցի Միայն Կայ
Վրաստանի հայոց առաջնորդ Կոմիտաս եպս. Տէր Ստեփանեան, Գահիրէի մէջ, մասնաւոր ժամադրութեամբ տեսակցութիւն մը ունեցած է «Յուսաբեր»-ի թղթակիցին հետ: Պատասխանելով տրորած հարցումներու` հետեւեալ տեղեկութիւնները տուած է Վրաստանի հայութեան մասին.-
Վրաստանի հայութիւնը, ըստ 1959-ի մարդահամարին, մօտ կէս միլիոն է, մօտաւորապէս հետեւեալ բաժանումներով.
Թիֆլիս` 250,000, Պաթում` 20,000, Սոչի, Սոխում, Կակրա, սեւծովեան շրջան` 70,000, Ախալքալաք եւ Ախալցխա` 120,000, եւ այլ շրջաններ` 40,000:
Թիֆլիսի բնակչութեան ընդհ. թիւն է 800,000, այնպէս որ, ներկայ հայութիւնը Թիֆլիս քաղաքի բնակչութեան աւելի քան մէկ երրորդն է:
Որոշ է, որ վերջին մարդահամարէն ասդին հինգ տարի անցած է եւ այդ թիւը բարձրացած է:
Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի շրջանները ունին մէկական եկեղեցի: Միւս շրջանները եկեղեցի չունին: Ժողովուրդին վերաբերումը եկեղեցիին հանդէպ այն չէ, ինչ որ էր անցեալին: Պարզ է, որ կիրակի օրերը մեր եկեղեցիները լեցուն չեն ըլլար, սակայն տօնական օրերուն անոնք նեղ կու գան հաւատացեալներու բազմութեան:
Ներկայիս որոշ պատճառներով հարսանիքներուն մեծ մասը մեր եկեղեցիներուն մէջ չեն կատարուիր, սակայն երեխաներու իննսուն առ հարիւրը կը մկրտուի եկեղեցիներու մէջ:
Արեւելահայութեան «պանթէոն»-ը նկատուող Թիֆլիսի Խոջավանքի գերեզմանը, ուր թաղուած են ամէն դասի պատկանող մեծ դէմքերը, քանդուած է, սակայն այդ գերեզմանատան մէկ մասը դեռ կը մնայ, ուր փոխադրուած են քանդուած մասին մէջ թաղուած 38 մեծանուն հայերու աճիւնները, եւ որ վերածուած է «Պանթէոն»-ի: Վերջերս այնտեղ թաղուեցան Վրաստանի հայութեան մեծանուն դէմքերէն ժողովրդային դերասաններ Փիրումեան եւ Լուսինեան:
Խոջավանքի գերեզմանատան քանդումի ընթացքին մասնաւոր կերպով Մէյտանի Ս. Գէորգ եկեղեցին փոխադրուեցան աճիւնները հայ մեծ զինուորականներ Լորիս Մելիքովի, Տէր Ղուկասովի, Շելկովնիկովի եւ Լազարովի:
Թիֆլիսը առանձին առնելով ունի տասնմէկամեայ 13 վարժարաններ` շուրջ 15,000 աշակերտներով: Մինչեւ վեցերորդ դասարան դասաւանդութիւնը զուտ հայերէն է: Եօթներորդ դասարանէն կը սկսին աւանդուիլ վրացերէն եւ ռուսերէն լեզուները: Այդ վարժարաններէն վկայական ստացող աշակերտներէն շատեր Երեւանի համալսարանը կ՛երթան իրենց ուսումը շարունակելու համար:
Վրաստանի հայութիւնը է ու կը մնայ մէկ անանջատելի մասը բովանդակ հայութեան:
Մեր ազգային բոլոր հարցերուն հանդէպ նոյն մտահոգութիւնները եւ բաղձանքները ունին:
Այս շրջագիծին մէջ աւելորդ է ըսել, որ ան իր ամբողջ հոգիով կը զգայ եւ կ՛ապրի Ապրիլեան եղեռնը:
Անոր յիսնամեակի ոգեկոչումին պիտի մասնակցի անկասկած: Սակայն նկատի ունենալով մեր պայմանները, կը կարծեմ, թէ ան ցուցական բնոյթ պիտի չկրէ: