Գ. Չաթալպաշեանի Ազնուական Նուիրատուութիւնը
Գ. Չաթալպաշեան Յանձն Առած Է
Փառաւոր Վեհարանի Մը Շինութեան
Բարերարութիւնը
Հետեւեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը ստացած ենք կաթողիկոսարանէն.-
Ուրախութեամբ կը ծանուցենք մեր պատուական հայ ժողովուրդին, որ պէյրութահայ սիրուած եւ յարգուած յայտնի ազգայիններէն Գէորգ Չաթալպաշեան, ընդառաջելով Սուրբ Աթոռիս վեհափառ հայրապետ Խորէն Ա. կաթողիկոսի խնդրանքին, յանձն առած է կաթողիկոսարանիս խնդրանքին, յանձն առած է կաթողիկոսարանիս համար նոր եւ փառաւոր վեհարանի մը շինութեան բարերարութիւնը:
Ազնուամեծար Գէորգ Չաթալպաշեան իր 20 փետրուար 1965 թուակիր նամակովը նախ յայտնելէ ետք իր երախտագիտութիւնը վեհափառ հայրապետին կողմէ իրեն վերապահուած այս պատիւին համար` կ՛ըսէ.-
«Քաջալերուած Ձեր հայրական յորդորներէն եւ զգալով կարիքը եւ անհրաժեշտութիւնը նման կարեւոր շինութեան մը կաթողիկոսարանին մէջ, սիրով կ՛ընդառաջեմ Ձեր խնդրանքին եւ այսու գրով կը յայտնեմ Ձերդ Վեհափառութեան, թէ կը ստանձնեմ Ձեր առաջադրած վեհարանի կառուցման բոլոր ծախքերը»:
Կը ծանուցենք նաեւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ փութով պիտի ձեռնարկուի յատակագծերու պատրաստութեան, որպէսզի յարմարագոյն ժամանակին սկսին շինութեան աշխատանքները:
Այս առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնս հրապարակաւ կը յայտնէ իր անհուն շնորհակալութիւնները եւ երախտագիտութիւնը յարգելի բարերարին Գէորգ Չաթալպաշեանին, որ իր այս ազնուական վերաբերմունքովը եւ իշխանական նուիրատուութեամբը կը գրաւէ իր պատուոյ տեղը հայ ազգի մեծանուն բարերարներուն շարքին մէջ:
Վեհափառ հայրապետը կ՛օրհնէ Չաթալպաշեան բարեհամբաւ գերդաստանը եւ ազնուահոգի բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանին եւ իր շնորհափայլ տիկնոջ, ինչպէս նաեւ իր սիրելի զաւակներուն ի բոլոր սրտէ կը մաղթէ քաջառողջ եւ երջանկալից երկար կեանք` լի յաջողութեամբ եւ աստուածային օրհնութեամբ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
22 փետրուար 1965
Անթիլիաս
Եօթը Օր Ետք Առաջին Օթոպիւսները
Ֆըրն Շըպպէք-Մանարա Գծին Վրայ
Ֆըրն Շըպպէք-Մանարա գիծին հանրակառքերը կ՛ապրին իրենց վերջին օրերը: Կիրակի, 28 փետրուար, կէս գիշերին, վերջին հանրակառքը պիտի դադրի գործելէ:
Հետեւեալ օր` երկուշաբթի, մարտ 1-ին, Ֆըրն Շըպպէք-Մանարա գիծին յաճախորդները պիտի նստին առաջին օթոպիւսները: Առաջին օթոպիւսը Սեն Միշելի կայանէն դուրս պիտի ելլէ առտուան ժամը 5:10-ին: Ֆըրն Շըպպէքի վէրջակէտը պիտի հասնի ժամը 5:30-ին, պիտի մեկնի գծին առաջին կայարանէն, ճամբորդներու իր առաջին խումբով:
Երկաթուղիներու եւ հանրակառքերու գրասենեակը տենդագին կերպով կը զբաղի վերջին պատրաստութիւններով:
Քառասուն օթոպիւսներ պիտի շրջագային թիւ 1 գիծին վրայ, որ Ֆըրն Շըպպէք – Պեն Միլիթեր անունով մկրտուեցաւ: Մէկ կայարանէն միւսը` երկուքէն երեք վայրկեան պիտի առնէ:
Թիւ 1 գիծը հետեւեալ կանգառները ունի.-
ԵՐԹԻՆ` Ֆըրն Շըպպէք – հանրակառքերու մթերանոց – թանգարան – Շայլայի դաշտ – Իսհաք Պըն Մընէյն – Նասրա – Քարաքոլ Ապըտ – Տեպպաս հրապարակ – Պուրճի հրապարակ – Սինեմա Ռիվոլի – Պապ Իտրիս – Սթարքօ – Ակրիփա – Տաուք փողոց – Կրահամ – Ամերիկեան հիւանդանոց – Ամերիկեան համալսարան – Սատաթ – Փարոս – Պեն Միլիթեր:
ԴԱՐՁԻՆ` Պեն Միլիթեր – Մանարա – Սիտանի – Ժան տ՛Արք – Ապտել Ազիզ – Ամերիկեան հիւանդանոց – Ֆրանսական դեսպանատուն – Ժիւսթիանիէն – Գեր. Շըպլի – Ֆրանսա փողոց – Պապ Իտրիս – նամակատուն – Ռիատ Սոլհ հրապարակ – Պեշարա Խուրի փողոց – Ֆուատ Շեհապ – Տաուտ Ամմուն – Օմար Պըն Աաս, Նասրա – Իսհակ Պըն Հընէյն – Ֆաքիւլթէ – պաշտպանութեան նախարարութիւն – Պատարօ – Ֆըրն Շըպպէք:
Կատարուած փորձերուն համաձայն, այս շրջանը պիտի կատարուի 40 վայրկեանէն:
Փոխադրութեան Սակերը
Փոխադրութեան սակերը վաւերացուած են կառավարութեան կողմէ: Սակը պիտի գանձուի ըստ հատուածի: Ֆըրն Շըպպէք – Պեն Միլիթեր գիծը ունի երկու հատուած երթին ու երկու հատուած դարձին:
Առաջին հատուածը կը սկսի Ֆըրն Շըպպէք ու կ՛երկարի մինչեւ Պուրճ (Սինեմա Ռիվոլի): Երկրորդ հատուածը` Ռիվոլիէն մինչեւ Պեն Միլիթեր: Վերադարձին, առաջին հատուածը կը սկսի Պեն Միլիթերէն ու կ՛երկարի մինչեւ Պըշարա Խուրի փողոց: Երկրորդ հատուածը` Պըշարա Խուրիէն մինչեւ Ֆըրն Շըպպէք:
Երկրորդ դասակարգի սակերն են`
Մէկ հատուած` 15 լ. դահեկան
Երկու հատուած` 25 լ. դահեկան
Այն ճամբորդները, որոնք երկու հատուած պիտի երթան կամ երկու հատուածներու երկու մասնիկներ` 25 լ. դահեկան պիտի չվճարեն, այլ 20:
Առաջին դասակարգի սակերն են
Մէկ հատուած` 25 լ. դահեկան
Երկու հատուած` 45 լ. դահեկան:
Սակայն, երկու դասակարգերու պարագային ալ, բազմաթիւ դիւրութիւններ ընծայուած են կանոնաւոր յաճախորդներու:
Երկրորդ դասակարգի, բացի պարզ տոմսակէն, նախատեսուած են հինգ այլ տոմսակներ:
1) Մասնաւոր տոմսակներ` համազգեստաւոր զինուորներու եւ ոստիկաններու համար.
Մէկ հատուած` 10 լ. դահեկան
Երկու հատուած` 15 լ. դահեկան
2) «Նախավճարում»-ի տետրակներ, որոնք կրնան գնուիլ օթոպիւսին մէջ կամ Ֆըրն Շըպպէքի մթերանոցէն:
Երկու տեսակ նախավճարումի տետրակներ կան.
ա) 10 տոմսակնոց տետրակ` մէկ հատուածի 10 ճամբորդներու համար: Տետրակին գինը` 120 լ. դահեկան:
բ) 10 տոմսակնոց տետրակներ` երկու հատուածի ճամբորդութեանց համար: Տետրակի գինը` 200 լ. դահեկան:
Ուստի այս երկու տետրակներն ալ կը ծախուին 20 առ հարիւր զեղչով:
3) Փոխադրական հետեւեալ տետրակները կը ծախուին Ֆըրն Շըպպէք մթերանոցին մէջ:
Այս շաբաթական տետրակը, որ աշխատանքի տետակ» կը կոչուի, օրուան որոշ ժամերուն նոյն ճամբան կտրող ճամբորդին համար է: Այն տետրակը, որ անջատուող կտրօններ ունի, 12 ճամբորդներու համար է, շաբաթը 6 երթ եւ 6 դարձ:
4) Ամսական կամ եռամսեայ բաժնեգին` 25 առ հարիւր զեղչով: Ամսական բաժնեգին` 22 լ.ոսկի 50:
Եռամսեայ` 67 լ. ոսկի 50:
5) Ուսանողական տետրակներ, երկուշաբթիէն մինչեւ կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 1, 50 առ հարիւր զեղչով: Եռամսեայ տետրակը` 27 լ.ոսկիի:
Առաջին դասակարգի մէջ նախավճարումի տասը տոմսակին համար` 220 լ. դահեկան, իսկ երկու հատուածի պարագային` 400 լ. դահեկան: