Խմբագրական
Երկու Տարի Ետք
(Զարեհ Կաթողիկոսի Յիշատակին)
Երկու տարի անցած է այն չարաշուք օրէն, երբ դաւադիր մահը անպատում սուգի կը մատնէր Հայաստանեայց եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը` անժամանակ խլելով առաքելատիպ գահակալը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահին:
Երկու տարի՜, որոնց ընթացքին պատմութեան անիւը թաւալեցաւ հայ կեանքին վրայէն` անցեալին մէջ թաղելով այն բոլոր տխուր դէպքերը, որոնք երջանկայիշատակ Զարեհ կաթողիկոսի գահակալութեան եօթը տարիներու ընթացքին թունաւորած էին հանրային մթնոլորտը` անշահ ու արուեստական պայքարներով:
Մահը անկաշառ դատաւորն է բոլո՛ր կեանքերուն: Մահուան փոսը այն անծայրածիր անջրպետն է, որ մարդիկը կը բաժնէ փոքրէն, նսեմէն, հաշիւէն, բանալով լայն հորիզոնները Մեծին, Վսեմին ու Արժէքին, տալով կշիռը Գործին, որ անկորնչելի է:
Տակաւին մտքերու մէջ թարմ է այն անսովոր ալեկոծութիւնը, որուն մատնուեցաւ համայն հայութիւնը` խոր վշտաբեկումի եւ անմխիթար ցաւի ներքին տառապանքով:
Երկրորդ տարելիցն է այսօր Մեծ Հովուապետի մը, որ գարուն հասակին փակեց աչքերը յաւիտենապէս, իր ժողովուրդի ծո՜վ արցունքներուն մէջ, սուգի սեւ քողը նետելով Իր Աթոռին ու մեր կեանքին վրայ, որ իրմով կը հպարտանար, իրմով կը պարծենար, իր անձին ու հմայքին կապած էր գեղեցիկ երազները ապագային, որ պիտի ըլլար անպայմանօրէն լուսաշող, անպայմանօրէն պայծառ ու արփաւէտ:
Ու ցաւը եղաւ այնքան մեծ, որքան գեղեցիկ էին այդ երազները, ափսոսանքը` այնքան խոր, որքան զօրաւոր էին այդ յոյսերը, որոնք կը տարածուէին հայ կեանքին վրայ, հոս թէ այլուր, գաղթաշխարհի մէկ ծայրէն միւսը:
Երանաշնորհ հայրապետին գահակալութեան եօթը փոթորկալի տարիները եղան վերաշինութեան, զարգացման շրջան մը, որ ընդգրկեց կաթողիկոսութեան թեմերու ազգային-եկեղեցական կեանքի բոլոր կալուածները: Տեւական եւ գեղեցիկ իրագործումներու լայն հորիզոններ բացուեցան, անձնուէր ու անխոնջ ծառայութեամբը միաբանութեան, որուն կորովի անդամները, իրենց հոգեւոր առաջնորդին անձնական օրինակով, ու անոր շունչով ու ոգիով, լծուեցան աստուածահաճոյ գործի մը` ի խնդիր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան:
Այսօր, երբ խաղաղաւէտ կեանքի մը պայմանները ստեղծուած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար` շնորհիւ բարենպաստ պայմաններու ու նաեւ Մեծ Հովուապետի արժանաւոր յաջորդ Խորէն Ա. կաթողիկոսի անխոնջ ջանքերուն, Զարեհ կաթողիկոսի դէմքը աւելի պայծառութիւն մը ստացած է, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան իր պատգամով:
Հայաստանեայց եկեղեցին ու հայ ժողովուրդը կարծէք թէ պէտք ունէին նոր օրերու նահատակի մը, սուրբի մը` իրենց ներքին անդորրութիւնը վերագտնելու համար: Ու երանաշնորհ հայրապետը եղաւ այդ նահատակը, եղաւ այդ սուրբը, որ իր մահով ցնցեց հոգիները, այլափոխեց զանոնք, Մեծ Տառապանքին մէջ միաձուլելով բոլորը:
Անբասիր հայրապետին օրինակելի կեանքը հոգեկան անբաւ գանձի մը ժառանգութիւնը կ՛ընծայէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որ այսօր աւելի քան երբեք հարստացած է տարաբախտ վեհափառին խնկաբոյր յիշատակով:
Այդ յիշատակը, որ անթառամ կը մնայ բոլորի սրտին մէջ, ներշնչումի աղբիւր դարձած է այլեւս, ոգի ու հոգեկան արժէք` նուիրեալներու փաղանգին համար, որուն պէտք ունի Հայաստանեայց եկեղեցին` իր առաքելական կոչումի ծառայելութեան ճամբուն մէջ:
Այդ ճամբուն վրայ լուսաւոր հանգրուան մը կը կազմեն Զարեհ կաթողիկոսին կարճատեւ գահակալութեան տարիները: