Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Փետրուար 1965)

Փետրուար 25, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրի Ետին

Ստալին օր մը Քրեմլինի իր գրասենեակը կը հրաւիրէ բոլոր նախարարները եւ կուսակցութեան ղեկավար դէմքերը, որոնց մէջ` նաեւ Խրուշչեւը: Սեղանին վրայ դրուած հսկայ թղթածրար մը ցոյց տալով անոնց` կ՛ըսէ.

– Տնտեսական յառաջիկայ տարուան նախահաշիւն է ասիկա: Ձեր մէջ առարկութիւն ունեցող կա՞յ:

Քար լռութիւն կը տիրէ:

Ստալին խօսքը շարունակելով` կը հարցնէ.

– Ո՞վ համաձայն է այս նախահաշիւին:

Բոլոր ներկաները ձեռք կը բարձրացնեն:

Պեխին տակէն ժպտելով` Ստալին կ՛ըսէ.

– Շա՛տ լաւ: Նախահաշիւը վաւերացուեցաւ:

Ապա շուրջը նայելով` կ՛աւելցնէ.

– Հիմա սինեմա երթանք:

Սանդուխներէն վար իջնելու ատեն Խրուշչեւի թեւէն կը բռնէ եւ ականջին կը փսփսայ.

– Ցոյց տուած թղթածրարս նախահաշիւը չէր, այլ նետուելիք անպէտք թուղթերու ծրար մը: – Ու կը սկսի քահ-քահ խնդալ:

* * *

ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի շէնքի միջանցքին մէջ ամերիկացի եւ ռուս լրագրող մը կը զրուցեն:

Ամերիկացին կ՛ըսէ.

– Աշխարհի ոչ մէկ երկրի մէջ Ամերիկայի չափ ինքնաշարժներ կան:

Ռուսը կը պատասխանէ.

– Կրնայ ըլլալ: Սակայն, պէտք է գիտնաս, թէ ինքնաշարժներու համար ամէնէն լայնարձակ եւ հանգստաւէտ տեղերը ունեցող երկիրն ալ, ամբողջ աշխարհի մէջ Ռուսիան է:

* * *

Չինացի բարձրաստիճան համայնավար մը մէկ քանի սխալներ կը գործէ եւ շնորհազրկուելով` պարզ բանուոր կը դառնայ:

Օր մը յուսահատ, մարդը գետի մը եզերքը կը նստի ու կը մտածէ: Քիչ ետք անկէ կ՛անցնի կուսակցութեան ղեկավարներէն նախկին պաշտօնակից մը եւ մօտենալով` կ՛ըսէ.

– Բարի իրիկուն, Լա՛օ:
– Բարի իրիկուն, Չա՛նկ:
– Ինչպէ՞ս ես:
– Ամէնուն պէս:
– Նոր գործէդ գո՞հ ես:
– Ամէնուն պէս:
– Ընտանիքդ ինչպէ՞ս է:
– Ամէնուն պէս:

Հոս գետին մօտ ի՞նչ կ՛ընես:

– Կը խորհիմ, թէ աւելի լաւ չէ՞, որ գետը նետուիմ ու խեղդուիմ:
– Հասկցա՜յ… Ամէնուն պէս,- կը յարէ համայնավար ղեկավարը:

* * *

Լեհաստանի վերջին ընտրութեանց ընթացքին գիւղացի մը ընտրական կեդրոնը կը մտնէ քուէարկելու համար:

Յանձնախումբին նախագահը գոց պահարան մը տալով անոր` կ՛ըսէ.

– Ահաւասիկ քուէդ: Գնա՛ եւ քուէատուփին մէջ ձգէ:
– Գիւղացին ձգելէ առաջ կը փորձէ պահարանը բանալ:
– Ի՞նչ կ՛ընես,- կը հարցնէ նախագահը:
– Պահարանը կը բանամ, որպէսզի տեսնեմ, թէ որո՛ւ պիտի տամ քուէս:
– Խենթացա՞ր, բարեկա՛մ: Չե՞ս գիտեր, որ քուէարկութիւնը գաղտնի է,- կը գոչէ նախագահը:

 

Ներքին Կեանք

 Ծովու Վրայ Ճամբայ` Պիպլոսէն Քոռնիշ

Ճափոնական ընկերութիւն մը («Փասիֆիք քոնսիւլթենաս լիմիթըտ») Պէյրութ քաղաքի մեծ  ծրագիրներու գործադիր խորհուրդին կողմէ պաշտօն ստացաւ ուսումնասիրել շինութիւնը ճամբու մը, որուն պաշտօնը պիտի ըլլայ դիւրացնել երթեւեկը մայրաքաղաքին մէջ:

Ճամբան 2500 մեթր երկայնքով եւ 40 մեթր լայնքով, պիտի մեկնի քաղաքի կեդրոնէն, «Սինեմա Պիպլոս»-ի քովէն եւ պիտի շինուի ծովուն վրայ, ծովեզերքէն 100 մեթր հեռաւորութեան մը վրայ, ու պիտի միանայ «Փարիզ» պողոտային, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քով: Այս ծրագիրը պիտի արժէ 14 միլիոն տոլար:

Խօսակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Պէյրութ քաղաքի մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդի նախագահ Ճորճ Նաքքաշի եւ ճափոնական մասնագէտ ընկերութեան մը միջեւ` այս ծրագրին նիւթական մասին հոգացման ու գործադրման համար: Հաւանական է, որ երկար ժամանակով փոխառութիւն մը ըլլայ այս ծրագրին համար:

Ուսուցչական Պաշտօնաթերթ

Լիբանանահայ ուսուցչական միութեան պաշտօնաթերթ «Մշակ»-ի հրատարակման առթիւ Ժ. Միրիճեան Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»-ի մէջ, կը գրէ.-

Արտաքին եւ ներքին պայմաններու բերումով Լիբանան ընդհանրապէս եւ Պէյրութ յատկապէս ներկայիս եկած են փոխարինելու երբեմնի հայկական Թիֆլիսն ու Պոլիսը, Վիեննան ու Վենետիկը, աւելի հին  շրջանի Մատրասն ու Նոր Ջուղան: Ազգային եռուն կեանք մը հաստատուած է, որ օր ըստ օրէ կը ծաղկի. միջերկրականեան այդ փոքրիկ երկրին մէջ:

Արդարեւ, իր կրթական օճախներով` մանկապարտէզներէ մինչեւ ճեմարաններ, մշակութային, կրօնական, երիտասարդական եւ մարզական  կազմակերպութիւններով, հրատարակութիւններով, եւ լայն ցանց հաստատած մամուլով Լիբանան այժմ դարձած է հայկականութեան հնոց մը, որ օրէ օր ա՛լ աւելի կարեւոր դիրք ու կշիռք կը գրաւէ մեր արտերկրի իրականութեան մէջ:

Հայ ուսուցիչը, որ թէ՛ անցեալին ու թէ՛ ներկային մեծ դեր խաղաց ու կը շարունակէ խաղալ հայկականութիւն կերտելու եւ պահելու մեր հաւաքական ճիգին մէջ, ցարդ Լիբանանի մէջ չունէր իր կազմակերպուած կեանքը: Հայ ուսուցիչին ձայնը լսելի էր միայն վարժարաններու շրջափակին մէջ` իբրեւ կրթական մշակ մը, որ իր նուիրումին եւ աշխատանքին փոխարէն,  կոշկոռ կապած մտայնութեան մը իբրեւ հետեւանք, պարտաւոր էր լռել եւ ապրիլ աննախանձելի պայմաններու մէջ:

Ազգային իշխանութեան նախաձեռնութեամբ, անցեալ տարի, մարտին, հիմը դրուեցաւ Լիբանանի Հայ ազգային վարժարաններու ուսուցչական միութեան, որուն պաշտօնաթերթին` «Մշակ»-ի առաջին թիւը լոյս տեսաւ քանի մը ամիս առաջ Պէյրութի մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նախագահ Սարգիսի Հրաժարելու Տրամադրութիւնը Եւ Արաբական Զսպիչ Ուժերու Ապահովութեան Նոր Ծրագիրը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In