Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Փետրուար 1965)

Փետրուար 5, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոյն Կրակով Ու Ճրագով

… Այս ճամբաներէն անցան անոնք, հազար ու հազար, անհամար բազմութիւններ: Առաւելապէս` կին ու աղջիկ եւ մանուկներ: Այս փողոցներէն, այս խաներէն, այս նեղլիկ սուքերէն` քշուելով դէպի սպանդանոց:

Առեւտուր էր սարքուած հրապարակներու վրայ,  փողոցներու մէջ. «Հայ աղջիկ, հայ կին կամ տղայ, հատը քսան ղրուշ…»:

Անասնական, վայրագ ու վաւաշոտ նայուածքներ կը հալեցնէին զոհերը:

Անոնք հազիւ շապիկ մը ունէին: Իրենց բոպիկ ոտքերը կոշկոռ կապած էին օրերու տաժանքէն: Իրենց դէմքն ու կռնակը խանձած էին արեւէն: Եւ յաճախորդները վայրենօրէն կը հրմշտկէին զանոնք` լաւագոյնը զատելու համար, իբրեւ թէ մսացու ոչխարներ ըլլային:

Քիչ անդին անապատն էր, եւ հազարներ կ՛իյնային ուժասպառ, անօթի-ծարաւ, հիւանդ կամ թոպամահ:

Կարաւաններ արիւնաքամ, դիակներ լեռնակուտակ: Ճարապլուս, Ռաքքա, Ռաս Ուլ Այն, Պումպուճ, Տէր Զօր, Եփրատ… Ցիրուցան հարիւրեակներ իրարու խառնուած` Բարձր Հայքէն, սեւ ծովու ափերէն, Փոքր Հայքէն, հեռաւոր Բիւթանիայէն, Թրակիայէն:

Իսկ այսքան տարի վերջը` վերածնունդ հրաշապատում, Լիբանանէն մինչեւ Սուրիա եւ Իրաք, պատմական Միջագետքի ամբողջ տարածութեան վրայ:

Ինչ որ աքսորվավայր կամ նոգթա կը կոչուէր երէկ, դարձեր է վարդաստան:

Վերանորոգութեան տենդը, յարատեւ աշխատանքը, շինարար գործունէութիւնը լեռներ սարսած, գիւղեր, աւաններ ստեղծեր, քաղաքներ շէնցուցեր են: Երբեմնի «արեւելեան նահանգներ»-ու շարունակութիւնը` դէպի հարաւ: Հեռու` հայրենի հողերէն, բայց` նոյնքան հարազատ: Մանաւանդ ազատ` դպրոցէն մինչեւ փողոցը:

Ահաւասիկ` աչքերուդ առջեւ սերունդը հայաշունչ:

Մանչեր ու աղջիկներ` սեւուլիկ աչքերով, ուշիմ եւ աշխուժ: Հարիւրներ, հազարներ, որոնք մայրենի կրթութիւն կը ստանան անկաշկանդ:

Անդին, լուսաւոր այլ համայնակուլ պողոտաներու վրայ, հարթիչ գլանն է, որ կը գործէ, անխնայ եւ սրընթաց:

Ամբարտակներ ունինք մենք ալ, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններ, դասընթացքներ եւ ուրիշ ձեռնարկներ:

Բայց ուրիշ է պատկերը այստեղ, խորապէս կազդուրիչ:

Անհուն սարսուռ մը կը համակէ անցորդը, փողոցին թէ դպրոցին մէջ: Կ՛ըմբռնես, կը հաստատես, որ ամուլ չեն կատարուած աշխատանքները: Եւ դուն ալ տենչ մը կ՛ունենաս` տրամադրելու ծառայութիւնդ:

Անզօր են բառերը բացատրելու համար այն, ինչ որ հայնոց կը կոչուի այս ափերուն վրայ, տժգոյն բացատրութեամբ մը:

Որքան հրահանգիչ պատկեր` մեր «ուսումնական», այլ մանաւանդ ինքնահաւան շքախումբին համար:

Եթէ բարեհաճէին գալ տեսնել: Եւ կամ գոնէ` հետաքրքրուիլ, պրպտել, ըմբռնել:

Ուրիշներ պիտի ըսէին «Բոցավառ ողջոյն»: Ինչպէս կ՛ըսեն օրն ի բուն, զանազան առիթներով:

Մեր սրտէն կը բխի աղաղակ մը` շատ աւելի խոր եւ ուժգին:

– Ողջոյ՛ն մեր աչքերու բոցին, ձեր երակներու կրակին, ձեր բազուկին զօրութեան: Ողջո՛յն ձեր պայծառատեսութեան եւ անսասան հաւատքին:

Տաք եւ պաղ օրեր շատ ունեցաք տարագրութենէն ետք ալ, երբ նոր բոյներ կը հաստատէինք: Աղի-լեղի խօսքեր լսեցիք ներսէն իսկ: Բթամիտ եւ նենգամիտ մարդիկ արիւն պղտորեցին անճոռնի թիւրիմացութիւններով:

Այդ բոլորը պէտք է պատմութեան անցնին ի տես վերածնութեան այն ճիգին, որ կը շարունակուի անընդհատ:

Եթէ բաւական չեն այնքան դառն փորձութիւններ` սթափելու զգաստանալու եւ դարձ մը փորձելու համար, յիշեցէք, որ այս փողոցներէն, այս խաներէն, այս խճուղիներէն անցան մահուան կարաւանները 33 տարի առաջ:

Իսկ եթէ բթացեր է ձեր յիշողութիւնը, նայեցէք սա մանուկներուն, որ օրն ի բուն կը ճլուըլան ձեր շուրջը, որ դպրոց կ՛երթան հազարներով:

Անոնց պայծառ եւ կրակոտ աչքերը պիտի խոցոտեն ձեր սիրտը, ամէն անգամ որ վրիպումներ ունենաք:

Անոնց նայուածքը պիտի դառնայ անէծք մը ձեր գլխուն. վասնզի դուք, որ ողջ մնացեր էք, անոնց տարիքն ունէիք, երբ մայրիկը, մամիկը կամ քուրիկ մը կ՛ազատէր ձեզ արեան ճապաղիքներուն մէջ` զոհելով ամէն բան, որպէսզի ճրագ մը փրկուի այս կամ այն տունէն:

Բոլորիս հիմնական ուղեգիծը` արդար աշխատանք, նոյն վառ կրակով ու ճրագով:

Ինչ որ պիտի կարենանք պահել իբրեւ իրական համրանք, իբրեւ կենդանի դրամագլուխ վաղուան համար, կախում ունի մեր հաւաքական գործունէութենէն: Մանաւանդ` այս ափերուն վրայ, ուր արեւմտեան Հայաստանի եւ Տաւրոսի շունչն է, որ կը սաւառնի երկնքի կապոյտով եւ լեռներու հովերով:

Շ. ՄԻՍԱՔԵԱՆ

Հալէպ, 20 յունուար 1948

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նորաձեւութիւն Ուլեանա Սերկէյէնքոյի «Փարաճանովեան» Մոթիֆներով Հաւաքածոն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In