Տոքթ. Բ. Փափազեան Կը Խօսի
Հայ Դատի Էութեան Մասին
Հինգշաբթի, 11 փետրուար 1965, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Նաւասարդ» ընկերակցութեան Հայաշէնի մասնաճիւղի կողմէ կազմակերպուած էր Հայ դատի նուիրուած երեկոյ մը, որուն համար հրաւիրուած էր ծանօթ մտաւորական տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան վարժարանի սրահին մէջ հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր, երբ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան առաւ առաջին խօսքը` կատարելով հանդիսութեան բացումը: Ան շատ կարճ եւ հատու կերպով ամբողջապէս տուաւ իմաստը այս հանդիսութիւններու շարքին` ըսելով, թէ 50-ամեակի այս շարժումը պէտք չէ նկատել Հայ դատի սկզբնաւորումը, քանի որ անիկա գոյութիւն ունի իր ծնունդէն ի վեր, սակայն յիսնամեակի այս հանդիսութիւնները միասնական ոգեկոչումի, միասնական վերանորոգումի իմաստը կրեն իրենց մէջ: Ան բերաւ այն գեղեցիկ օրինակը գերեզմանին, որուն մարդիկ կը մօտենան որպէս իրենց պապենական դրոշմը կրող սրբութիւնը եւ այս պատկերը տարածեց հայրենիքի հողի իրականութեան վրայ, ուր կայ մեր մեռելներուն յիշատակը, մեր ներկայի ընդվզումը ու նաեւ` մեր ապագայի տեսլականը: Ապա ժողովուրդին ներկայացուց օրուան բանախօսը` որպէս պատրաստուած եւ հմուտ անձնաւորութիւն եւ փնտռուած մտաւորական:
Տոքթ. Փափազեան անմիջապէս որ բեմ բարձրացաւ, մատնանշեց եւ ընդգծեց ամենակարեւոր իրողութիւնը Հայաստանի աշխարհագրական դիրքին, որմէ ծնունդ առաւ Հայ դատը, եւ նաեւ որմէ Հայ դատի լուծումը պիտի մեծ նպաստ ստանայ:
Ան շատ գիտական եւ իրապաշտ մեկնութիւնը տուաւ մեր երկրի դիրքին, բացատրեց մեր լեռնաշխարհի դրութիւնը: Ըսաւ, թէ մեր բարձրաւանդակին վրայ արմաւենին չկրցաւ արմատ նետել, ուրիշ բոյսեր ալ չկրցան, ու նաեւ չկրցան բոլոր արշաւող պետութիւնները, որոնք ուզեցին տիրել:
Տոքթորը մատնանշեց այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի դիրքը քառուղի մը կազմելով Արեւելքի, Արեւմուտքի, Հիւսիսի եւ Հարաւի կեդրոնը, երբ զօրաւոր պետութիւն մը ըլլայ անոր տէրը, կրնայ իշխել եւ տիրապետել իր շրջակայքը, բայց եթէ տկար պետութիւն մը ըլլայ անոր տէրը, կռուախնձոր կը դառնայ շրջակայ պետութիւններու միջեւ:
Յետոյ հակիրճ պատմականը ընելով Հայ դատին` ընդգծեց եւ որոշապէս յստակացուց հանդիսականներու մտքին մէջ, թէ Հայ դատը եթէ այսօր առաւելապէս կ՛արծարծուի թրքական ջարդերու առնչութեամբ, իր էութեան մէջ, սակայն, կը կրէ ազատագրումը եւ միացումը մեր բաժան-բաժան եղած հողերուն եւ ժողովուրդին:
Հայ դատի նկատմամբ տիրող կարծիքները խորհրդանշելով` տոքթորը ըսաւ, որ այժմ մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունին երեք գաղափարներ. Պահպանողականները, որոնք կը պնդեն, որ եթէ Հայաստանի մէջ հայ դպրոց կամ հայ լեզու առ այժմ վտանգի մէջ չեն ենթարկուած, հարկ չկայ գրգռելու հիւսիսը: «Բայց,- շարունակեց տոքթորը,- այս ձեւի մտածողները կը մոռնան այն հիմնական իրողութիւնը, որ ինչո՞ւ այդքան կը մտահոգուին հայ դպրոցով եւ հայ լեզուով…
Կայ համամարդկային գաղափարներով տարուած, ազգայինը անտեսող տարրը, որ ջնջած է պատմութիւն, հող եւ ազգային ժողովուրդ, ու կը ճանչնայ միայն մէկ դասակարգ:
Ու վերջապէս կայ հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կազմող անոր ճշմարիտ հայելին հանդիսացող այն գաղափարականը, որ հայ ժողովուրդի Դատը կը հետապնդէ իր ամբողջական էութեան մէջ` որպէս ազատագրումը մեր հայրենիքին:
Ապա իր իսկ իրատես եւ պայծառատես դատումով` տոքթորը մեզ տարաւ Հայ դատի լուծումի յաջողութեան ճանապարհներէն: Առ այդ, ամէնէն առաջ շեշտեց, որ Հայ դատի լուծումը քաղաքական դիրքորոշումով է, որ կ՛ամրապնդուի: Ապագայ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանը, ըսաւ ան, պէտք է ըլլայ չէզոք քաղաքականութիւն վարող երկիր մը, որ բարի դրացնութեան կապերով կապուած ըլլայ հարաւէն` մեր արաբ եղբայրներուն, հիւսիսէն` ռուսերուն, որոնց հետ հայ ժողովուրդը միշտ բարեացակամ գտնուած է, ու նաեւ, մի՛ զարմանաք… թուրքերուն: Այո՛, թուրքերուն, բայց միայն այն ժամանակ, երբ թուրքը արդարօրէն վարձահատոյց ըլլայ մեզի եւ ճանչնայ մեր անկախ գոյութիւնը»:
Բայց, խօսքը ուղղելով ժողովուրդին, ըսաւ տոքթորը, պիտի հարց տաք, թէ ե՞րբ պիտի պատահին ասոնք: Քաղաքական պատմութեան մէջ չենք կրնար գալիքը որոշակի թուականով մը հաստատել, բայց կրնանք հաւաստիացնել, որ անիկա անխուսափելիօրէն պիտի պատահի, որովհետեւ իրենք` մեզ շրջապատող միւս ազգերը պիտի ընդունին վերջապէս, թէ այս հողը կարելի չէ իր արդար տիրոջ ձեռքերէն առնել եւ իրենք է, որ քաղաքական նպաստաւոր մէկ օր պիտի ստեղծեն կարելիութիւնը Ազատ, Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի կենդանացման:
Բուռն եւ երկարատեւ ծափերու տակ տոքթ. Փափազեանը այսպէս վերջացուց իր այնքան գիտական, այնքան դաստիարակիչ եւ հաղորդական բանախօսութիւնը:
Փակման խօսքը կատարեց Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը, որ հաւաստիացուց տոքթորին բոլոր ըսածները, եթէ հայ ժողովուրդը հաւատքով փարի իր իտէալին, որ է` Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարականը:
Ապա տէր հօր «Պահպանիչ»-ով փակուեցաւ սոյն շահեկան երեկոն:
Ա. Ա.