Ազգային Ժողով Անթիլիասի Մէջ
Համերաշխ Եւ Միասնական Մթնոլորտի Մէջ
Որոշուեցաւ Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակը
Ոգեկոչել Փառաշուք Հանդիսութեամբ
Կազմուեցաւ Կեդրոնական Յանձնախումբ Մը
Երէկ` ուրբաթ, 12 փետրուար 1965, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ, Խորէն Ա. կաթողիկոսի հրաւէրով, Ազգային ժողով մը գումարուեցաւ, ուր ներկայ էին կաթողիկէ հայոց Իգնատիոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք, լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, կաթողիկէ պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեան, դպրեվանքի վերատեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս, Յովհաննէս վրդ. Մսըրլեան, Հայ Աւետարանական համայնքի հոգեւոր պետ, վերապատուելի Ահարոնեան, վեր. Թիլքեան, պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան, մեթր Ժոզեֆ Չատեր, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, ՀՅ Դաշնակցութեան, ՍԴ Հնչակեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երեք համայնքները ներկայացնող երեւելի ազգայիններ, ընդամէնը` 35 հոգի:
Ժողովը բացուեցաւ յոտնկայս, Խորէն Ա. կաթողիկոսի աղօթքով, որ հոգւոց արտասանեց Մեծ եղեռնի մէկ միլիոն նահատակներու յիշատակին: Ապա բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, թէ այս ժողովին նպատակն է որոշում տալ, եկեղեցական եւ ազգային գետնի վրայ, փառաշուք կերպով կազմակերպելու համար Մեծ եղեռնի յիսնամեակի հանդիսութիւնները:
Համերաշխ մթնոլորտի մէջ եւ կատարեալ միասնականութեամբ, ժողովականներ դրական արտայայտութիւններ ունեցան եւ գործնական առաջարկներ ըրին:
Ժողովը համաձայն գտնուեցաւ հոգեւոր պետերու կողմէ նշանակելի կեդրոնական յանձնախումբ մը կազմելու վեհափառ հօր առաջարկին:
Հոգեւոր պետերը մօտ տասը վայրկեան առանձնանալէ ետք վեհափառի գրասենեակին մէջ, վերադարձան դահլիճ եւ յայտարարեցին Կեդրոնական յանձնախումբին նշանակուած անդամներուն անունները: Ժողովը գոհունակութեամբ եւ ծափահարութեամբ իր հաւանութիւնը տուաւ:
Յանձնախումբին անդամներն են` տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան, մեթր Հրաչ Սեդրակեան, Յարութիւն Ճէրէճեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան, տոքթ. Լեւոն Ահարոնեան, տոքթ. Դանիէլ Ոսկեան, Վահէ Սէթեան, տոքթ. Երուանդ Ճիտեճեան եւ Փասքալ Փապուճեան: Յանձնախումբին պիտի նախագահեն երեք հոգեւոր պետերը:
Յանձնախումբը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ երկուշաբթի, 15 փետրուար, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ` որոշումներ տալու եւ ճշդելու համար հանդիսութեանց օրերը:
Մասնաւոր հաղորդագրութիւններ պիտի տրուին մամուլին:
Քանի մը շաբաթէն Ազգային ժողովը կրկին պիտի գումարուի` լսելու համար Կեդրոնական յանձնախումբին տեղեկագիրը:
Մարաշի Աղէտին Տարեդարձը
Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը, ըստ իր սովորութեան, տօնեց Մարաշի աղէտին 45-րդ տարեդարձը` յարգելու համար յիշատակը իր հազարաւոր անթաղ նահատակներուն:
Ամիս մը ամբողջ հերոսաբար կռուելէ ետք իրենց ուժէն շատ աւելի գերադաս ուժի մը դէմ` մարաշցիները կը պարտաւորուէին թողուլ իրենց պապենական դարաւոր շէն օճախներն ու կալուածները ու ակամայ կը հետեւէին Մարաշէն գաղտնաբար հեռացող ֆրանսական բանակին:
Հազարաւոր ողջ-ողջ հրկիզեալներ ձգելով Մարաշի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ` անոնք բռնած էին գաղթի ճամբան: Մարաշէն մինչեւ Ատանա երկարող այդ գողգոթայի ճամբուն վրայ, բնութիւնն ալ, իր կարգին, կատաղած ու բորբոքած վրիժառու թշնամիի մը պէս կը յարձակէր անպաշտպան եւ անպատսպար մնացած մարաշցիներու վրայ` թաղելով անոնցմէ հազարներ ձիւնի ու սառնամանիքի տակ:
Ահա այդ հրկիզեալներուն եւ աղէտեալներուն անթառամ յիշատակն է, որ յարգուեցաւ յունուար 31-ի կիրակի օրը:
Այս առթիւ, տեղի ունեցան պատարագներ, հոգեհանգստեան արարողութիւններ եւ պաշտամունք` Պուրճ Համուտի երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ:
Կէսօրին տեղի ունեցաւ հոգեճաշ` միութեան ակումբը, որուն ներկայ էին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեան, Յունաստանի առաջնորդ Սահակ արք. Այվազեան, Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Մանուէլ վրդ. Պաթաքեան, Մխիթարեան միաբանութենէն Աւետիք վրդ. Թալաթինեան, Պուրճ Համուտի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Աբրահամ Ճիզմէճեան, քահանայ հայրեր, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մարաշցի երեւելի ազգայիններ, նաեւ` ամերիկահայ մարաշցի, գիտնական Աւետիս Այնթապլեան:
Օրուան թամատան էր միութեան վարչականներէն Ալպեր Մոմճեան: Բարի գալուստի խօսքն ու միութեան տարեկան տեղեկագիրը կարդաց վարչութեան քարտուղար Նազարէթ Սէֆէրեան: Ապա խօսք առին շատ մը ազգայիններ, որոնց կարգին` Մեսրոպ եպս. Թերզեան, Սահակ արքեպիսկոպոս: Փակման խօսքը ըրաւ լիբանանահայ թեմի առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:
Բոլոր խօսողներն ալ գնահատեցին Մարաշի հայրենակցական միութեան կատարած ազգօգուտ գործունէութիւնը: Տեղի ունեցան նաեւ շինիչ առաջարկներ եւ խօսակցութիւններ` ազգային համագործակցութեան շուրջ: Մեներգեց տոքթ. Էմմանուէլ Էլմաճեան, ապա ներկաները խմբերգեցին «Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ…»` ի յիշատակ լուսահոգի Զարեհ Ա. կաթողիկոս Փայասլեանի, որմէ ետք առաջնորդ սրբազան հօր աղօթքով փակուեցաւ հոգեճաշը:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ