Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Փետրուար 1965)

Փետրուար 18, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Փետրուար 18

Քառասունեւչորս տարիներ անցած են այն օրէն երբ հայ ժողովուրդը, Հայաստանի քաղաքաներուն եւ գիւղերուն մէջ, մէկ մարդու նման ոտքի կանգնեցաւ ծառանալու համար պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ, որ իբրեւ նուազագոյն չարիք ընդունուելէ ետք հայ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդի կողմէ, հուրի եւ սուրի մատնած էր Հայաստանի բնակչութիւնը, բանտերը լեցուցած քաղաքական, զինուորական եւ մշակութային անուանի գործիչներով:

Վայրագութեան եւ ամբողջական բռնատիրութեան ճամբով պոլշեւիզմը անշնչելի դարձուցած էր կացութիւնը մեր հայրենիքին մէջ, ուր եկած էր ներքին ինքնավարութեան խոստումով եւ բռնակալ կամ անարդար որեւէ քայլ չառնելու ապահովութիւնը տալէ ետք:

Հազիւ ոտք դրած Երեւան դրժած էր սակայն իր բոլոր խոստումները եւ հասարակաց սպանդանոցի վերածած երկիրը, կացինահարելով, բանտարկելով, աքսորելով, կողոպտելով եւ խեղդակապ անցընելով կենսունակ եւ խաղաղատենչ ժողովուրդի մը վզին:

Այս պայմաններուն տակ պոռթկած հայ ժողովուրդը: Տարերային թափով մը, որ կը մերժէ տրամաբանութեան եւ ընկալեալ դիւանագիտական դատողութեան ամէն փորձ` ծառացաւ արիւնարբու գազաններու դէմ, փրկելու համար նախ` իր հազարաւոր ընտրեալ զաւակները, ապա` ազգային իր արժանապատուութիւնը որ լլկուած էր խարդախ եւ նենգ իշխանութեան կողմէ:

Անկասկած, կ՛արժէ վերլուծել համաժողովրդային այս ապստամբութեան ներքին, ենթակայական եւ հոգեբանական պատճառները, ինչպէս` իր բոլոր ճախրերուն եւ խիզախումներուն, նաեւ փետրուար 18-ի ծառացման մէջ հայ ժողովուրդը դուրս է քաղաքական մտածողութեան ամէն հակակշռէ: Յաղթանակ եւ պարտութիւն նկատի չունի: Ուժերու կշիռը եւ չարաչար ենթարկումի մը հեռանկարը չեն զբաղեցներ իր միտքը: Ճնշուած է եւ անպատուըւած: Անիրաւուած է եւ վիրաւորուած` իր արժանապատուութեան մէջ: Չի կրնար շնչել: Չի կնար տոկալ: Եւ կ՛ընդվզի:

1921 Փետրուար 18-ի ապստամբութիւնը անկիւնադարձ մըն է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ: Խեղդուած անկախութենէ մը ետք, բռնութեան թաթին տակ, հայը հոգեկան եւ գաղափարական հակազդեցութեամբ, կը զգացնէր մարդկային հոգիի յաւիտենական ձգտումին անայլայլ ներկայութիւնը իր մէջ:

Այսօ՛ր ալ, 1921-էն 44 տարի ետք, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան յետին ծայրագաւառ, հայ ժողովուրդը գիտակ է ազատութեան իր իրաւունքին ու նո՛յն սրբազան տենչով կը ձգտի հայրենիքը ազատագրուած տեսնել ամէն կարգի ճնշումէ եւ բռնութենէ:

Պատմութիւնը ամէնէն ուղիղ եւ ապահով ճանապարհն է անցեալը լուսաւորելու եւ ապագան յստակօրէն գուշակելու համար:

Հայաստանի խորրդայնացումը անշուշտ պարտադրանք մըն էր մեզի համար, թուրքեւխորհրդային սիրալիր գործակցութեան այդ օրերուն, երբ Քրեմլինի նոր իշխանաւորները, յատկապէս հակաբրիտանական իրենց քաղաքականութեան եւ այդ քաղաքականութենէն թելադրուող մրցակցութեան մղումով, «Եղբայր ու սրտակից դարձան քեմալական կառավարութեան եւ միասնաբար ծրագրեցին ջնջումը բոլոր այն անկախ պետութիւններուն, որոնք կը գտնուէին իրենց ճանապարհին վրայ:

Տասնեակ տարիներ հայ ժողովուրդը, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, չհաշտուեցաւ այս պարտադրանքին հետ: Պահանջեց կատարուած անարդարութեան հատուցումը: Հիմա Հայաստանի, ղեկավարութիւնն ալ կ՛ուզէ, որ վերջ տրուի «խայտառակութեան», ակնարկելով թուրքեւխորհրդային սերտակցութեան զոհ գացած մեր հայրենիքին:

Փետրուար 18 այդ «Խայտառակութեան» դէմ հայ ժողովուրդի առաջին պոռթկումն է, որ կը շարունակուի նաեւ այսօր` արդարութեան պահանջի նոյն թափով:

Երեւոյթները արդար արտայայտութիւնն են ժողովուրդի մը պատմականօրէն հաստատուած նկարագրին եւ էութեան, չեն կրնար խաբել մեզ: Ու այդ երեւոյթները աւելի քան պերճախօս են Հայաստանի ժողովուրդին մօտ ներկայիս տիրող ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարին առնչութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Արեւելեան Պէյրութի Եւ Արուարձաններու Ռմբակոծումները Եւ Փաղանգաւոր Արաբական Զսպիչ Ուժերու Կռիւները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?