Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (26 Փետրուար 1965)

Փետրուար 26, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Վարդանանց Տօնը
Լիբանանի Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 25 փետրուար 1965, Ս. Վարդանանց ազգային տօնը ոգեկոչուեցաւ համազգային յարգանքով:

Բոլոր հայ վարժարանները, վաճառատուներն ու գործատեղիները փակ էին: Պետական եւ օտար հաստատութիւններու ու ընկերութիւններու հայ պաշտօնեաները անխտիր արձակուրդի մէջ էին:

Ամբողջ շուկան տօնական օրերու երեւոյթ ունէր: Սովորական առեւտուրի եռուզեռը գրեթէ դադրած էր:

Բոլոր եկեղեցիներու մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ Ս. պատարագ, աւուր պատշաճի քարոզ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, 1514 տարիներ առաջ, Աւարայրի դիւցազնամարտին մէջ, հայրենիքի եւ հաւատքի համար նահատակուած 1036 հերոսներու յիշատակին համար:

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ սրբազան արարողութիւններուն նախագահեց Խորէն Ա. կաթողիկոս: Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր: Պատարագեց եւ քարոզեց Մեսրոպ վրդ. Աշճեան:

Յաւարտ Ս. պատարագի, վեհարանի դահլիճին մէջ դպրեվանքի վերատեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս վեհափառ հայրապետին անուան տարեդարձը շնորհաւորող ուղերձ մը կարդաց:

Ապա վեհափառ հօր շնորհակալութեան եւ հայրական օրհնութեան խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ շնորհաւորական աջահամբոյր:

Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը նոյնպէս տեղի ունեցաւ հանդիսաւորապէս: Արարողութեանց նախագահեց եւ քարոզեց լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Պատարագիչն էր Սուրէն վրդ. Գաթարոյեան:

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Բաբգէն վրդ. Թոփճեան:

Կէսօրէ ետք եւ երեկոյեան տեղի ունեցան յիշատակի շքեղ հանդիսութիւններ:

Ս. Նշան եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան վարչութեան կազմակերպած Վարդանանց շքեղ տօնակատարութիւնը, առաջնորդ սրբազան հօր նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ պետական երաժշտանոցի սրահին մէջ (մանրամասնութիւնները` մեր վաղուան թիւով):

Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի բարձրագոյն կարգերու աշակերտութեան նախաձեռնութեամբ, ներկայացուեցաւ Աւետիս Ահարոնեանի «Արիւնոտ թթխմոր»-ը, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ:

Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը երկրորդ անգամ ըլլալով ներկայացուց «Վարդանանց դիւցազնամարտը»:

Իսկ երեկոյեան Վարդանանց յիշատակին նուիրուած հայկական յատուկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ պատկերասփիւռէն:

 

Մեծ Եղեռնի 50-Ամեակը
Լիբանանեան Մամուլին Մէջ

Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ հայ ժողովուրդը, միասնական ճակատով, քաղաքական բոլոր հոսանքներու մասնակցութեամբ, կը պատրաստուի Մեծ տարողութեամբ ոգեկոչելու ապրիլեան Մեծ եղեռնի յիսնամեակը:

Գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ ալ բոլոր շրջանակները համակրանքով կ՛անդրադառնան հայ ժողովուրդի արդար Դատին եւ կ՛ընդգծեն հատուցման անհրաժեշտութիւնը:

«Լ՛Օրիան»-ի երէկուան թիւին մէջ, «Հայերը յառաջիկայ ապրիլին պիտի ոգեկոչեն Թուրքիայէն իրենց բռնագաղթին յիսնամեակը» խորագրով, հրատարակուած է հետեւեալ համակրական տեղեկատուութիւնը.-

Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքը որոշեց նշել Թուրքիայէն իր բռնագաղթին եւ օսմանցիներու կողմէ հայ ժողովուրդի ջարդին յիսնամեակը:

Այս ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 24-ին Պէյրութի մէջ եւ ժողովրդային բնոյթ պիտի ունենայ: Լիբանանի եւ Սուրիոյ բոլոր հայ քաղաքական կուսակցութիւնները պիտի մասնակցին: Ճառեր պիտի խօսուին` հատուցում պահանջելու համար Թուրքիայէն` այն կալուածներուն համար, որ հայերը հարկադրուեցան լքել այդ երկրին մէջ:

Կ՛իմանանք նաեւ, որ լիբանանեան խորհրդարանի հայ երեսփոխանները նախագահ Համատէէն պիտի պահանջեն խորհրդարանին առջեւ ոգեկոչել 1915-ի դէպքերը եւ հայերու դէմ թուրքերու կատարած ցեղասպանութիւնը:

 

Իսկ այսօրուան թիւով «Լ՛Օրիան» մասնաւոր խմբագրական մը յատկացուցած է Հայկական դատին, յիսնամեակի առիթով, խմբագիրը Ռընէ Աժիուրի, որ մասնագէտ մըն է միջինարեւելեան հարցերու, Հայ դատը կը դիտէ Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր կացութեան հոլովոյթին ընդմէջէն: Վաղուան թիւով պիտի տանք այդ շահեկան գրութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Այտա Գույումճեան. «Երկու Գետերու Միջեւ»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In