Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պետ
Բասիլիոս Եւգինէոս Ա. Կաթողիկոսին
Անթիլիաս Այցելութիւնը
Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Բասիլիոս Եւգինիէոս Ա. կաթողիկոս Ատիս Ապեպայի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու համագումարին իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք, դէպի Հնդկաստան վերադարձի ճամբուն վրայ, կիրակի, 31 յունուար 1965-ին Պէյրութ եկաւ:
Յանուն Խորէն Ա. կաթողիկոսի, նորին սրբութիւնը Խալտէի օդակայանը դիմաւորելու գացին յունահայոց առաջնորդ Սահակ արքեպիսկոպոս, դպրեվանքի վերատեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս եւ Սուրէն վարդապետ:
Յաջորդ օր, երկուշաբթի առաւօտուն, Տ. Տ. Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, Գարեգին եպիսկոպոսի եւ գաւազանակիր Եզնիկ վարդապետի, այցելութիւն մը տուաւ նորին սրբութեան` ասորիներու առաջնորդարանին մէջ:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Բասիլիոս կաթողիկոս իր շքախումբով Անթիլիասի կաթողիկոսարան այցելեց:
Նորին սրբութեան Անթիլիաս մուտքը ողջունուեցաւ հանդիսական զանգահարումով: Տաճատ, Սահակ եւ Գարեգին սրբազաններ եւ միաբան վարդապետներ հիւրը դիմաւորեցին կաթողիկոսարանի բակին մէջ:
Բասիլիոս կաթողիկոս դպրեվանքի սարկաւանգներուն եւ ժառանգաւորներուն զոյգ շարքերուն մէջէն յառաջացաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար` բուրվառակիր եւ քշոցակիր տիրացուներու առաջնորդութեամբ:
Մայր տաճարի մուտքին Խորէն Ա. կաթողիկոս ողջագուրուեցաւ իր հիւրին հետ եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դաս, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական արարողութիւն, որուն յաջորդեց ասորերէն շարականներու երգեցողութիւնը:
Ապա նորին սրբութիւնը առաջնորդուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն:
Յանուն Խորէն Ա. կաթողիկոսի, Գարեգին եպիսկոպոս բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ողջունեց նորին սրբութեան բարեբաստիկ այցելութիւնը Կիլիկիոյ Ս. աթոռին:
Իր պատասխանին մէջ նորին սրբութիւնը ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնեց կատարուած բացառիկ ընդունելութեան համար եւ օրհնեց Կիլիկեան Աթոռը, միաբանութիւնը եւ ուսանողութիւնը:
Տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, եւ ընդունելութիւնը վերջ գտաւ աջահամբոյրով, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը ի պատիւ Բասիլիոս կաթողիկոսին ճաշկերոյթ մը տուաւ վեհարանին մէջ:
Գիշերուան ժամը 10:30-ին նորին սրբութիւնը իր հետեւորդներով հրաժեշտ առաւ վեհափառ հայրապետէն` գոհ տպաւորութեամբ:
Բասիլիոս կաթողիկոս Պէյրութէն Հնդկաստան (Մալապար) մեկնեցաւ չորեքշաբթի, 3 փետրուարին:
Հայաստան
Ղարաբաղցիներու
Երկարակեցութիւնը
Լեռնային Ղարաբաղի Օրատաղ գիւղի բնակիչներէն 103 տարեկան հայրապետ Պոզեանի ընտանիքէն սերած բժիշկները կրնան ամբողջ փոլիքլինիք մը վարել:
Արդարեւ, գիւղացիին երկու զաւակները` Խորէն եւ Ռուբէն, որոնք բժշկութիւն ուսած էին, տասնեակներով հիւանդներ փրկած են: Ռուբէն Պոզեան վարպետ վիրաբուժ մը դարձած եւ երկար տան աշխատելով` մեծ փորձառութիւն ձեռք բերած է:
Հայրապետ Պոզեանի աղջիկները` Էլենա, Թամար եւ Յասմիկ, իրենց եղբայրներուն օրինակին հետեւեցան եւ այժմ որպէս բժիշկ կ՛աշխատին Ստեփանակերտի, Պաքուի եւ Աշխապատի հիւանդանոցներուն մէջ:
Պոզեաններու երկրորդ սերունդն ալ ընտանեկան աւանդութեան հետեւեցաւ: Վերջերս հայրապետին թոռները` Եուրի, Սլաւա եւ Բուբիկ, նոյնպէս բժշկական ճիւղ աւարտեցին: Եւ սակայն իր ընտանիքին մէջ բժիշկ հաշուող ծերունի գիւղացին հազուադէպօրէն անոնց օգնութեան կը դիմէ: Ամէն օր ժամերով կ՛աշխատի իր պարտէզին մէջ: Աշնան ու գարնան, դաշտային աշխատանքներու օրերուն, հայրապետ կոլտնտեսութեան կ՛օգնէ, թէեւ իր 87 տարեկան կնոջ պէս ինքն ալ հանգստեան թոշակ կը ստանայ:
Հայրապետ Պոզեան միակ անձը չէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հարիւր տարիքը անցած է: Եւ բոլոր հարիւրամեայ ծերունիներն ալ կը շարունակեն աշխատիլ:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հարիւր հազար բնակիչի վրայ 144 անձեր կան, որոնք հարիւր տարիէն աւելի ապրած են: