Խմբագրական
Բուժարանի Օր
Ազգային բուժարանը, Ազունիէի դալար բլուրին վրայ, մէկն է այն նուիրական հաստատութիւններէն, որոնք իրենց բազմամեայ արդիւնաւոր գործունէութեամբ համազգային գնահատանքի եւ գուրգուրանքի արժանացած են:
Հայ ժողովուրդը, իր բոլոր խաւերով եւ հոսանքներով, տարիներէ ի վեր տէր ու թիկունք կանգնած է այս հաստատութեան, որ ազգին լումաներով շինուեցաւ ու բարգաւաճեցաւ եւ դարձեալ ազգային նուիրաբերութեամբ կը պահպանուի այսօր:
Բուժարանը, իբրեւ շքեղ իրագործումներէն մէկը մեր գաղութին, պատիւ կը բերէ Լիբանանի հայութեան, որ գիտցաւ առաջին իսկ օրէն ըմբռնել կարեւորութիւնը այդ հաստատութեան, որ պիտի կոչուէր նախախնամական դեր մը խաղալու ոչ միայն մեր գաղութի, այլ նաեւ հարեւան գաղութներու համար, ուրկէ բազմաթիւ դժբախտ հայրենակիցներ կու գան բուժուելու եւ դարմանուելու այս հաստատութեան յարկին ներքեւ:
Հիմնուած աւելի քան երեսուն տարի առաջ` Ազգային բուժարանը հպարտառիթ հաստատութիւն մըն է այսօր` իբրեւ կենդանի վկայութիւնը մեր գաղութի շինարարական ոգիին: Տարուէ տարի զարգանալով ու բարգաւաճելով, բուժարանը հասած է այսօրուան նախանձելի վիճակին` շնորհիւ անոր հանդէպ հայ ժողովուրդին ցոյց տուած անսակարկ զոհաբերութեան, որուն արտայայտութիւնը ամէն օր կը տեսնենք մեր թերթերուն մէջ:
Վաղը` կիրակի, 28 փետրուար, Բարեկենդանի տօնին առթիւ, տեղի պիտի ունենայ բուժարանի տարեկան հանգանակութիւնը, որ այլեւս դարձած է աւանդական ձեռնարկ մը եւ իր քաջալերական արդիւնքով կը հանդիսանայ փաստը այն հոգածութեան, որուն արժանի է այս հաստատութիւնը:
Վստահ ենք, որ վաղուան հանգանակութիւնը, նախորդ տարիներուն նման, պիտի տայ քաջալերական արդիւնք` անգամ մը եւս հաստատելով այն իրողութիւնը, որ հայ ժողովուրդը գիտէ խորապէս գնահատել արժէքաւոր ձեռնարկները:
Տոմսեր
Նրբաերշիկ Եւ… Ռեսպուբլիկա
– Ստալինի արձանը Երեւանում տեսնւում էր ամէն անկիւնից, էնքա՜ն մեծ էր…: Կարող եմ ասել, որ աւելի մեծը չկար ո՛չ մի տեղ… Մեր տնից էլ էր տեսնւում… Մի առաւօտ, սակայն, լուսամուտի փեղկը բաց արեցի… Մէկ էլ ի՞նչ տեսնեմ` արձանը չկար, կորել էր…
– Երեւի մշուշ կար եւ…
– Ո՛չ, ո՛չ… Յետոյ իմացանք` գիշերով քանդել էին…
– Ի՞նչ լաւ ըրեր են… Տարոսը միւսին…
Այս զրոյցը տեղի կ՛ունենար այն ընտանեկան յարկին տակ, ուր երեւանցի անուշիկ աղջիկը եւ մենք հիւր էինք:
Խե՜ղճ աղջիկը ի՞նչ քաշեց մեր ձեռքէն` հարցում հարցումի ետեւէ, իրարու հետ կապ չունեցող հարցումներ, որոնց կը պատասխանէր այս կրթուած ու շնորհալի հայուհին` համբերութեամբ եւ իմաստութեամբ:
Յանկարծ խօսք բացուեցաւ Շիրազի մասին:
– Սիրուա՞ծ էր…
– Օ՜հ, շատ են սիրում նրան… Ժողովրդի սրտից է խօսում,… Երբ դահլիճ է մտնում, ժողովուրդը բղաւում է` «Շիրազին ենք ուզում, բեմ հրաւիրեցէք»… Որոշ մարդկանց դուս չեն գալիս նրա հայրենաշունչ գրուածքները… Յիշում եմ` մի օր շատ էր նեղուել… Սրճարանում հանդիպեցինք ընկերուհիներով… Շատ է խմում, շատ է հայհոյում… Ու մեզ ասաց` «Երեխէն իրա մօրն է սիրում, իրա մայրն է կանչում, չեն բողոքում… Ես էլ ի՛մ մօրն եմ սիրում, իմ Հայաստանին եմ սիրում, իմ հողերն եմ ետ պահանջում, ինչո՞ւ են ինձ քննադատում…»:
– Կեցցե՛ս, Շիրազ…
– Ամերիկայի մասի՞ն ինչ կարծիք ունին Երեւանի մէջ,- հարցուց երիտասարդ մը:
– Որոշ ծանօթութիւններ ունին, ի հարկէ եւ գիտեն, որ սա մի շատ հարուստ երկիր է… Շատ էին սիրում ձեր նախագահին… Ձեզ մի զարմանալի բան ասեմ… Երբ Ստալինը մահացաւ, մենք Երեւանի փողոցներով անցնում էինք` մեր կրծքին վրայ մի-մի քոքարթ, որի մէջ կար նրա նկարը… Երբ Քենետին սպաննուեց, մենք նորից քոքարթներ էինք կրում, բայց էս անգամ նրանց մէջ երեւում էր Քենետու նկարը…
* * *
Տանտիկինը մեզ թէյի սեղանը հրաւիրեց:
Երբ մարդիկ սեղանին բոլորտիքը բազմին, գիտուն կը կտրին, գրագէտ կը կտրին, քաղաքագէտ կը կտրին: Ու հեղինակաւոր կարծիքներ կը յայտնեն պանիրի տեսակներուն մասին, Մոցարթի արուեստին մասին, Կլետըսթընի մասին:
Բայց ամէնէն բանուկ նիւթը սեղան բերուած ուտելիքներուն հայերէնն է: Մէկը կը պատգամէ` «Ատոր հայերէնը չկայ»: Միւսը կը բողոքէ.- «Կա՛յ»: Ո՛չ «չկայ» ըսողը հայերէն գիտէ, ո՛չ ալ «կայ» ըսողը: Եւ ահա կը բռնեն քիչ-շատ հայերէն գիտցողին օձիքէն:
Այդ իրիկունը, հայագիտակա՞ն այդ մրցումին ընթացքին էր, որ երեւանցի աղջիկը յանկարծ բերնէն փախցուց «նրբաերշիկ» բառը:
Ներկաներէն աչքը բաց մէկը անմիջապէս բացատրեց:
– Ֆրանսական սոսիսոնին եւ անգլեւամերիկեան սոսիճին հայերէնը ըլլալու է.. Սիրուն բառ է, «նուրբ» բառ է, բայց երեւանցին այդ աստիճան… նրբանալու պէտք ունէ՞ր… Այն երեւանցին, որ յամառօրէն կը գրէ պրեսիտենդ, տերիտորիա, պարտիա, ագենտ եւ Սովետական Սոցիալիստական Հայկական Ռեսպուբլիկա… Մէկ ծայրայեղութենէն միւսը…
– Մի՛ մտահոգուէք, Երեւանում հիմի մեծ ճիգ են թափում մեր լեզուից դուրս շպրտելու օտար բառերին… Հաւատացէ՛ք:
Ի՜նչ անուշ հնչեց մեր ականջին ա՛յս հաւաստիքը ա՛յս աղջկան, որ օտար աշխարհ կը բերէր Հայաստանի արեւէն ճառագայթ մը:
ԵՒՐՈՊԱՑԻ