Հայկական Հարցը Այսօր
Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակը լայնօրէն կ՛արծարծուի հայ մամուլին մէջ, եւ որպէս բնական հետեւանք` Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող հողերու ազատագրումի խնդիրը կը դրուի սեղանին վրայ:
Հայրենի հողերու վերադարձը հայութեան, այս պարագային, կը կապուի այդ ճամբուն վրայ զոհուող մէկ միլիոն նահատակներու յիսնամեակին: Նահատակներու ոգեկոչումը եւ հայութեան անճիտման պատմական իրողութիւնը վերապրող ամբողջ հայ ժողովուրդը իրաւատէրը կը դարձնէ անոր դատին:
Պահանջատէրը հայ ժողովուրդն է, իսկ ոճրապարտ պարտականը` Թուրքիան:
Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակի առիթով բազմաթիւ արտայայտութիւններու կը հանդիպինք հայ մամուլի մէջ, ըլլան անոնք համամիտ թէ հակադիր մամուլ, որոնք երբեմն Հայ դատը իր ամբողջական ծաւալով կը քննեն, ոմանք ալ յաճախ կը սահմանափակուին յիսնամեակի ընձեռած պահանջներով:
Շատերու համար Հայ դատի հետապնդումը կարծես նոր սկսուած գործ մըն է, եւ հետեւաբար նոր ծրագիրներ կ՛առաջարկեն հետեւողական աշխատանքներ կատարելու յառաջիկայ
հինգամեակին կամ տասնամեակին: Մինչդեռ Հայկական հարցը Արեւելեան խնդրի հետ զուգահեռ քալած է դարէ մը աւելի ու 1878-ին Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագրերով միջազգային բնոյթ մը ստացած է:
Այդ թուականէն սկսեալ բազմաթիւ փուլերէ անցաւ Հայկական հարցը: Ատեն ատեն լուծումներ գտաւ, բայց քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով, չգործադրուեցաւ, կամ գործադրութեան սկսուած աշխատանքները կէս ճամբան մնացին:
Պերլինի խորհրդաժողովին բանաձեւած 61-րդ յօդուածը Կարմիր Սուլթանին օրերուն մեռեալ տարր մնաց, եւ Թուրքիան օգտուեցաւ մեծ պետութիւններու հակամարտութիւններէն եւ փորձեց անճիտել հայ ժողովուրդը, որուն զոհ գացին կէս միլիոն հայեր` 1895-1896 թուականներուն:
Ապա` 1908-ին, Թուրքիոյ մէջ հռչակուած սահմանադրութեան շրջանին հայերը յոյս ունեցան, թէ սահմանադրական Թուրքիան բարենորոգումներ պիտի մտցնէ հայկական նահանգներուն մէջ եւ տեղական ինքնավարութիւն պիտի տայ հայերուն եւ պիտի դարմանէ ներքին ազգամիջեան վէրքը, որ Թուրքիոյ մեծագոյն տկարութիւնը եղաւ: Բայց թուրքերը այդ ուղղութիւնը չորդեգրեցին սահմանադրութեան առաջին չորս տարիներուն:
Պալքանեան պատերազմը պայթեցաւ 1912-ին:
Յունաստան, Պուլկարիա, Ռումանիա եւ Սերպիա միացեալ ճակատով ջախջախիչ հարուած տուին թրքական բանակներուն, եւ Թորքիան քշուեցաւ եւրոպական իր եօթը նահանգներէն:
Պալքանեան բանակները հասած էին Չատալճա, Պոլսոյ դռներէն քսանհինգ քիլոմեթր հեռու: Ջախջախուած Թուրքիան ստիպուեցաւ հաշտութիւն կնքել եւ բացի Էտիրնէի նահանգի մէկ մասէն` հրաժարեցաւ պալքանեան իր եօթը նահանգներէն:
Պալքանեան պատերազմի կարգադրութեան ժամանակ Պոլսոյ դեսպանական ժողովի եւ Լոնտոնի խորհրդաժողովի ընթացքին, 1913-ին, հրապարակ եկաւ նաեւ Հայկական հարցը, այս անգամ պետութիւնները համաձայնեցան եւ պարտադրեցին Թուրքիոյ ընդունիլ այն վարչական ինքնավարութիւնը, որ կը տարուէր Հայաստանի եօթը նահանգներուն մէջ:
Այս նահանգները կը բաժնուին երկու մեծ շրջանակներու. Տրապիզոն, Խարբերդ, Սեբաստիա, եւ Տիգրանակերը կը կազմէին մէկ միաւոր: Իսկ Էրզրում, Վան եւ Պիթլիս (Մուշ-Սասուն)` երկրորդ միաւորը: Եւրոպացի երկու լիազօր նահանգապետներ նշանակուեցան Հայաստանի այս երկու ինքնավար շրջանները կազմակերպելու եւ բարենորոգելու: Նշանակուած քննիչներն էին` հոլանտացի Վեսթենենք եւ դանիացի Հոֆ:
1914 յուլիսին յիշեալ քննիչները հասան Թուրքիա: Հոֆ մեկնեցաւ Վան եւ արդէն գործի ձեռնարկեց, բայց քիչ յետոյ պայթեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմը: Թուրքիան այդ պատերազմին մտաւ 1914 հոկտեմբերին եւ իր ձեռքերը ազատ զգալով` Թուրքիայէն հեռացուց եւրոպական քննիչները եւ նախամտածեց ցեղասպանութեան ենթարկել հայ ժողովուրդը` ընդմիշտ ազատուելու համար Հայկական հարցէն:
1915-ը եղաւ Ապրիլեան եղեռնի տարին: Մէկ միլիոն հայեր նահատակուեցան եւ մէկ միլիոն հայ տեղահանուեցաւ դէպի աւազուտ անապատները: Այս ողբերգութիւնը ծանօթ է ամէն մէկ հայուն եւ ահա այս տարի հայութիւնը միակամ զգացումներով ոգեկոչումը պիտի ընէ իր նահատակներուն եւ պիտի պահանջէ իր հայրենի հողերը, որոնք պատմականօրէն հայ ժողովուրդին կը պատկանին եւ միջազգային բազմաթիւ որոշումներով հայութեան յատկացուած են:
Վերապրող հայութիւնը, հակառակ իր կրած մեծ հարուածին, ազգային կորովն ունեցաւ վերահաւաքելու իր ուժերը, ինքնապաշտպանութեան դիմելու եւ գերագոյն ճիգով կրցաւ թշնամիին դիմադրել Վանի, Տարօնի եւ վերագրաւուած Էրզրումի նահանգներուն մէջ: Ապա թրքական արշաւանքներուն դէմ ծառացաւ ազգովին եւ կրցաւ 1918-ին հիմնել ազատ եւ անկախ հայկական հանրապետութիւնը:
Պատմական այդ մեծագործութիւնը աշխարհքին ցոյց տուաւ, թէ ջղակոտոր հայ ժողովուրդը ապրելու կամք ունի, եւ թէ` թրքական ցեղասպանութիւնը իր վերջնական նպատակին հասած չէ:
Կեանքի ու մահուան իր ճգնաժամը անցընելէ վերջ հայկական հանրապետութիւն նկատուեցաւ փոքրիկ դաշնակիցը յաղթական մեծ պետութիւններու եւ 1920-ին ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը` Թուրքիոյ դաշնակից տասը պետութիւններու հետ, որով միջազգային այդ ժողովը Տրապիզոնի, Էրզրումի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգները կը վերադարձնէր հայ ժողովուրդին: Նոյն ժողովի որոշումով եւ խնդրանքով Մ. Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն կը նշանակուէր սահմանները գծող իրաւարար եւ Ամերիկայի նախագահը արդարութեամբ կը վճռէր վերջնականօրէն այս սահմանները, որուն քարտէսը ծանօթ է բոլորին:
Այս փուլերէն անցնելէ ետք, միջազգային հակադիր ուժերու դասաւորութեան բերումով, Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը ինքնապաշտպանութեան պատերազմ մղեց հիւսիսէն յառաջացող խորհրդային Կարմիր բանակին եւ միւս կողմէ թրքական բանակներուն դէմ, որոնք հիւսիսէն ու հարաւէն կը ներխուժէին դէպի Հայաստան:
Հայաստան կորսնցուց իր անկախութիւնը: Հայաստանի մէկ մասը, երեսուն հազար քիլոմեթր տարածութեամբ հռչակուեցաւ Խորհրդային Հայաստան, իսկ միւս մասերը գրաւուեցան Թուրքիոյ կողմէ:
Այդ թուականէն ասդին Հայ դատը իր ամբողջ ծաւալով կը մնայ առկախ եւ կը սպասէ իր լուծումին:
Այս ընդհանուր պատկերը տուինք, որպէսզի հասկնալի ըլլայ Հայ դատի բարդ խնդիրը:
Հայ ժողովուրդը իր անկախութեան տիրանալէն ետք իրեն նշանաբան ընդունեց միացեալ եւ անկախ Հայաստանի կառուցումը` հայրենի հողերու ամբողջացումով եւ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներու մէկտեղումով:
Հայութեան այս արդար իրաւունքը միջազգայնօրէն ընդունուած, մօտ 44 տարիներէ ի վեր կը բախի դժուարութիւններու եւ կը մնայ անլոյծ` հակադիր մեծ պետութիւններու քաղաքական բախումներուն պատճառով:
Հայ ժողովուրդը 1965-ին Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակի վերակոչումով կը շարունակէ պահանջատէրը մնալ հայ հողերուն, որոնք պէտք է ազատագրուին թրքական լուծէն:
Քաղաքական ի՞նչ ուղիներ պիտի որդեգրեն հայերը, ի սփիւռս աշխարհին, աստիճանաբար իրենց նպատակին հասնելու համար:
Կ՛անդրադառնանք այդ խնդիրներուն:
Կ. ՍԱՍՈՒՆԻ