Վազգէն Ա.ի Հոգեշունչ Խօսքերը
Փարիզի Մէջ
Ինչպէս հաղորդած էինք մեր նախորդ թիւով, Ամենայն Հայոց հայրապետ Վազգէն Ա. Ատիս Ապեպայէն յունուար 31-ին անցած էր Փարիզ եւ` շաբաթ մը մնացած հոն: Վեհափառը, ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթի մը ընթացքին Փարիզի «Լիւթեսիա» պանդոկին մէջ, հոգեշունչ ճառ մը խօսած է, որուն կարեւոր մասերը կու տանք ստորեւ.-
«Երրորդ այցելութիւնս է ձեզի, եւ եթէ չեմ սխալիր` նոյն այս սրահին մէջ: Եւ երրորդ անգամ ըլլալով` ձեզ կը գտնեմ նոյնքան խանդավառ, նոյնքան սիրով եւ յարգանքով լեցուն դէպի Ս. Էջմիածինը: Դիտելով ձեր բարի ու պայծառ դէմքերը, կարդալով ձեր աչքերուն մէջ ձեր բարի հոգիները, լսելով ձեր քաղցր խօսքերը եւ հաստատելով ձեր գործունէութիւնը` եկեղեցական, ազգային եւ մշակութային մարզերու մէջ, իբրեւ Ամենայն Հայոց հայրապետ` իմ սիրտս կը լեցուի խորունկ գոհունակութեամբ եւ մխիթարութեամբ, որովհետեւ այս բոլորը ցոյց կու տան, որ մեր ժողովուրդը կենդանի է, կ՛ապրի այնքան, որքան հնարաւոր է ձեր պանդուխտի այս պայմաններուն մէջ:
Այս բոլորին համար ես նախ երախտագիտութեան խօսք ունիմ ասպետական եւ հիւրընկալ Ֆրանսային, որ Ա. Աշխարհամարտէն ետք իր դռները լայն բացաւ ցիր ու ցան եղած հայութեան առջեւ եւ ապաստան տուաւ, եւ որոնք այսօր կ՛ապրին ազատ, բարգաւաճ եւ խաղաղ կեանք մը: (Ծափահարութիւններ)
Սիրելինե՛ր, հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանեայց եկեղեցին այս տարի կը գտնուին բացառիկ հոգեվիճակի մը մէջ: Այս տարի ամբողջ հայութիւնը կը պատրաստուի ոգեկոչել ապրիլեան եղեռնի տխուր յիսնամեակը: Այս ամբողջ տարուան ընթացքին պիտի սգա՛նք մեր զոհերը, աղօթե՛նք անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար, զօրացնենք մեր հոգիներու մէջ անոնց ուխտը եւ պիտի դիմենք դէպի աւելի պայծառ ապագայ մը:
Ամէն տեղ հայ ժողովուրդը այս մտածումներով ոգեւորուած է: Կ՛ուզէի ձեզի վկայել մանաւանդ հայրենի ժողովուրդի մասին, որ նոյն ապրումներուն եւ մտածումներուն մէջ կը գտնուի: Բառերը տկար են բնորոշելու համար հայաստանցիներու հոգիներուն մէջ բորբոքած ապրումները` մտաւորականներէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն պարզ մարդը: Եւ արուեստի մարդիկ` նկարիչներ, երաժիշտներ, արձանագործներ, իրենց գործերով պիտի արտայայտեն իրենց ապրումներն ու մտածումները: Իսկ գիտնականները կը պատրաստեն պատմական հատորներ, որոնցմէ շատեր արդէն լոյս տեսնելու վրայ են:
«Երբեմն արտասահմանի մէջ անարդարութիւն կ՛ըլլայ Հայաստանի մտաւորականներու նկատմամբ: Արտասահմանի հայութիւնը երբեմն կը մեղադրէ, որ Հայաստանի մէջ ազգային զգացումը տկարացած է կամ կը տկարանայ: Ասիկա ճշմարտապէս խորունկ եւ մեծ անարդարութիւն մըն է, որովհետեւ կարելի չէ, որ մարդ Երեւանի մէջ ապրի, ամէն օր Արարատը դիտէ եւ լաւ հայ չըլլայ»:
«Խօսքս պիտի վերջացնեմ «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպին հերոս` Գաբրիէլ Բագարատեանի օրինակով: Գաբրիէլ Բագարատեան, որ օտար երկինքներու տակ գրեթէ կորսնցուցած էր իր ազգային զգացումը, երբ օր մը, ճակատագրի բերումով, ինքզինք վերագտաւ հայրենի հողին վրայ եւ դարձաւ ճշմարտապէս հայ եւ եղաւ ղեկավարը ամբողջ հերոսամարտին: Ասիկա կրնայ օրինակ ծառայել արտասահմանի ամէն մէկ հայուն եւ մասնաւորաբար երիտասարդներուն, որոնք թերեւս կը գտնուին Գաբրիէլ Բագարատեանի վիճակին մէջ:
Այս առիթով ձեզի հրաւէր կ՛ուղղեմ պայծառ տեսնել հայոց ապագան: Ամէն մարդ իր խօսքով եւ իր գործով պէտք է ինքզինք դնէ ազգանուէր եւ հայրենասէր ճամբուն մէջ:
Ամէն անգամ որ արտասահմանէն Էջմիածին կը վերադառնամ, Հայաստանի ժողովուրդը, մասնաւորաբար ուսանողները, Մայր Աթոռ կու գան եւ անձկագին հարցումներ կ՛ընեն արտասահմանի հայութեան մասին, «Ո՞նց են, դպրոց ունե՞ն, եկեղեցի ունե՞ն»:
Եւ այս անգամ, երբ կրկին Մայր Աթոռ վերադառնամ, ատոնցմէ ոչ ոք պիտի հարցնէ Ատիս Ապեպայի ժողովի մասին: Շատ քիչեր պիտի ընեն այդ հարցումները: Բոլորն ալ պիտի հարցնեն, թէ արտասահմանի հայերը ի՞նչ կը մտածեն ընել Ապրիլեան եղեռնի 50-ամեակին առթիւ: Դուք եւ ձեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնէք սեպուհ հարցերու շուրջ:
Ու պիտի գայ ժամանակը, երբ մեր բոլոր արդար իղձերը արդարութեամբ պիտի պսակուին` ի մխիթարութիւն համայն հայ ժողովրդեան:
Լիբանանահայ Ազգային Վարժարաններու
Ուսուցչական Միութեան Տան
Բացման Հանդիսութիւնը
Լիբանանահայ ազգային վարժարաններու Ուսուցչական միութեան տան բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 7 փետրուար 1965, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Մարաշի իր նոր վարձած յարկաբաժինի սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ եւ Ազգ. Ուսումնական խորհուրդի նախագահ Տաճատ արքեպիսկոպոսի:
Հրաւիրեալներու շարքին ներկայ էին` Մեթնի պետական երեսփոխան Անտրէ Թապուրեան, Համազգային մշակութային ընկերակցութեան կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սիմոն Վրացեան, ամերիկահայ ազգային Յակոբ Խաշմանեան, Ազգային Ուսումնական խորհուրդի անդամներ, ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմիններու եւ թաղականութեանց ներկայացուցիչներ եւ ազգային վարժարաններու տնօրէններ:
Ներկաները բոլորուեցան սեղաններու շուրջ եւ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Միութեան վարչութեան կողմէ բացման խօսքը ըրաւ Գրիգոր Նգրուրեան:
Յակոբ Կիւլոյեան հրաւիրուեցաւ վարելու հաւաքոյթին թամատայութիւնը:
Յաջորդաբար խօսք առին ազգային վարժարաններու կրթական քննիչ Յակոբ Իսկենտերեան, Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի խնամակալ մարմինի ատենապետ տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան, Մեթնի պետական երեսփոխան Անտրէ Թապուրեան, ամերիկահայ ազգային Յակոբ Խաշմանեան, Ազգային Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Գառնիկ Բանեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սիմոն Վրացեան:
Խօսք առնողները իրենց արտայայտութեանց մէջ շեշտեցին լիբանանահայ ազգային վարժարաններու Ուսուցչական միութեան անհրաժեշտութիւնը:
Միութեան վարչութիւնը արդէն իսկ գնահատելի գործունէութեան մը ձեռնարկած է` հրատարակելով «Մշակ» պարբերագիրքը եւ կատարելով իր սեփական տան բացումը, որուն համար Ուսումնական խորհուրդը տրամադրած է 2000 լիբ. ոսկի:
Քաջալերելու համար միութիւնը, իր նոր տան բացման առթիւ տեղւոյն վրայ եղան հետեւեալ սրտաբուխ նուիրատուութիւնները.
Անտրէ Թապուրեան 500 լ.ո., Համազգայինի Կեդր. վարչութիւն 500 լ.ո., Ուսումնական խորհուրդ 500 լ.ո., տոքթ. Զաւէն Լուռեան 400 լ.ո., Կիւլոյեան եղբարք 200 լ.ո., Երջանիկ Չեքմէեան 200 լ.ո., Համազգային Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ 100 լ.ո., Համազգային Էշրեֆիէի մասնաճիւղ 100 լ.ո., ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ 100 լ.ո., Ս. Յովհաննու-Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդ 100 լ.ո., Մուսա Լերան Ուսումնասիրաց միութիւն 100 լ.ո., Աքսոր Գասարճեան վարժարանի հոգաբարձութիւն 100 լ.ո., Յարութիւն Առաքելեան 100 լ.ո., Եդուարդ Էլոյեան 25 լ.ո., Տրդատ Գարաճեան 25 լ.ո., Խաչեր Եահնիեան 25 լ.ո.: Ընդհանուր գումար 3075 լ.ո.:
Նուիրատուութիւններու այս շարքը կը շարունակուի:
Տեղւոյն վրայ գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Եղան մեներգներ եւ արտասանութիւն:
Վերջին խօսքը տրուեցաւ առաջնորդ սրբազանին, եւ հանդիսութիւնը վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով: