50 Տարի Առաջ (4 Փետրուար 1965)
Անարգանքը` Պատմութեան Դէմ Մեծ եղեռնի յիսնամեակի տարեդարձի մեր աշխատանքներուն ընթացքին անմոռանալի օրեր պիտի մնան ապահովաբար, յունուարի այս վերջին նահատակներուն յիշատակութիւնը Մեծ եղեռնի մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակութիւնը տեղի ունեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին մէջ: Բարոյական յաջողութիւն մը կը նկատենք այս իրողութիւնը, որովհետեւ, դժբախտաբար, այնքան դիւրին հարց չէ ազգերու այդ մեծ Արիսպագոսին ներկայացնել արդար դատ մը, կամ` յիշատակել մարդկութեան դէմ ոճիրներ, եթէ չունիք պետական ազդու միջոցներ` իրաւունքէն առաջ... Այս իսկ պատճառով հայութիւնը երախտապարտ է փոքրիկ Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին նախարար Քիփրիանուին, որ իր երկրին արդար դատին պաշտպանութեան առթիւ յիշեց նաեւ թուրքերու վայրագութիւնը հայ ժողովուրդին հանդէպ, 1915-ի Հայկական կոտորածները, որոնք կը կազմեն...
Կարդալ ԱւելինDetails